image

Կերտենք Միասին Վալանսի Ամէնօրեայ Դպրոցը

Կերտենք Միասին Վալանսի Ամէնօրեայ Դպրոցը

ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ

 

Աւելի քան տարիէ մը ի վեր, վալանսահայ գաղութին մէջ կը խմորուէր ամէնօրեայ վարժարան մը ունենալու գաղափարը: Այս օրերուն այս գաղափարը կը սկսի մարմնաւորուելու: Խումբ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ հիմնեցին արդէն ապագայ վարժարանի մատակարարման միութիւնը: Իսկ «Վալանսի հայ մշակոյթի կեդրոն» միութիւնը, որ կը վայելէ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեանի աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդութեան հովանաւորութիւնը, կը նախաձեռնէ շինարարական աշխատանքներուն, Վալանսի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հողատարածքին վրայ:

Ճարտարապետական նախագիծերը՝ խնամքով պատրաստուած «Քոլոմպ» եւ Պետրոսեան ճարտարապետներուն կողմէ պիտի տայ նոր տեսք մը եկեղեցւոյ կից գտնուող շէնքերուն:

Այս ծրագիրին կ՛օժանդակէ Ֆրանսայի հայ մշակոյթի զարգացման ընկերակցութիւնը (APCAF), որ միջնորդ կը հանդիսանայ դպրոցաշէն ազգային բարերար պարոն Գէորգ Արապեանի մօտ, որուն 600,000 եուրոյի իշխանական նուիրատուութեամբ ուժ կը ստանայ գործին նախաձեռնութիւնը:

Նախնական տուեալներով, ծրագիրին իրագործումը պիտի արժէ աւելի քան 1,500,000 եուրօ:

Բարերարը, նկատելով Դպրոցասէրի լիսէի շէնքին կիսաւարտ եւ տխուր վիճակը, որ կը տեւէ տասը տարիէ ի վեր, ապահովութեան համար պայման կը դնէ գումարը փոխանցել այն ատեն երբ նախաձեռնող մարմինը ի վիճակի ըլլայ հանգանակելու առնուազն 500,000 եուրօ:

Այս առթիւ, «Վալանսի հայ մշակութային կեդրոն» միութիւնը կոչ կ՛ընէ դպրոցի առաքելութեան հաւատացող հասարակութեան, փութով իր մասնակցութիւնը բերելու, որպէսզի շատ շուտով բացուի գործադաշտը, եւ 2019ի Սեպտեմբերին հայ աշակերտները իրենց առաջին քայլերը նետեն Գէորգ Արապեան նորաստեղծ վարժարանի յարկէն ներս:

«Վալանսի հայ մշակութային կեդրոն» միութիւնը կ՛առաջարկէ ծանօթ տարազ մը՝ «հազար նուիրատուներ՝ 500ական եուրոյի մասնակցութեամբ», որմէ արդէն կը գոյանայ 500,000ի նախնական գումարը:

Այստեղ, տեղին է յիշատակել Վալանսի Հայ առաքելական ծուխին դերը՝ գլխաւորութեամբ ժրաջան հոգեւոր հովիւ Անդրանիկ քհնյ. Մալճեանի, որ ընդառաջեց եւ խրախուսեց՝ թիկունք կանգնելով երիտասարդներուն, որպէսզի անոնց սիրտին մէջ հայկական պայծառացեալ ջահը երբեք չմարի:

Թեմիս առաջնորդ Վահան սրբազան, Վալանսի եկեղեցւոյ տարեկան մատաղօրհնութեան առթիւ, յառաջիկայ Նոյեմբեր 26ին հանդերձեալ է Վալանսի մէջ սուրբ պատարագ մատուցանելու, որմէ ետք պիտի կատարէ ամէնօրեայ վարժարանի առաջին քարի օրհնութիւնը: Մինչ այդ, Ռոմանի երաժշտանոցի նախկին տնօրէն Ալեքսանդր Սիրանոսեան եւ իր կինը՝ Մարօ Սիրանոսեան 5000 եուրոյի գումար մը կը նուիրեն, շնորհիւ որուն ժողովրդային հանգանակութիւնը բացուած կը յայտարարուի: Անոնց կը հետեւին տիրամայր Սիրվարդ Մալճեան՝ 1000 եուրօ, Հերմինէ Քէշիշեան՝ 500 եուրօ, Փաթրիսիա Աբրահամեան՝ 500 եուրօ, Էօժէնի Փիլիպպոսօղլու՝ 500 եուրօ, Ռընէ եւ Ռոզէթ Թնկըրեան քոյրեր՝ 1000 եուրօ, Անայիս Քիրազեան՝ 100 եուրօ:

Եթէ սէր կայ, սէրը կը յաղթէ: Կը սիրէ՞ք հայոց լեզուն… դպրոցի երազը շօշափելի իրականութիւն դարձուցէ՛ք:

ԿԵՐՏԵ՛ՆՔ ՄԻԱՍԻՆ յանուն հայ լեզուի «վարդահեղեղ արշալոյս»ին: