Քանի մը շաբաթ առաջ գրած էի Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի վարձած չորս լոպիիստական եւ PR ընկերութիւններու մասին: Այդ ընկերութիւններէն մէկը Tool Shed խումբն է:
Այս շաբաթ կը փափաքէի նմուշներ ներկայացնել Tool Shed խումբի կազմակերպած տպաւորիչ ձեռնարկներէն, Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան համար, որ մեծ օգուտ կը քաղէ այդ գործարքէն՝ ամսական վճարելով միայն 9 հազար տոլար՝ ատրպէյճանամէտ բոլոր աշխատանքներուն համար, որոնցմէ գրեթէ ոչ մէկը կրնար իրականանալ առանց Tool Shed խումբին:
Ընթերցողներուն մեծ մասը տեղեակ չէ, որ ամերիկեան օրէնքը՝ օտարերկրացիներու կողմէ վարձուող ամերիկեան լոպիիստական եւ PR ընկերութիւններէ կը պահանջէ ոչ միայն արձանագրել իրենց յաճախորդները Արդարադատութեան նախարարութեան մէջ, ըստ օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան արարքին, այլ նաեւ ամենայն մանրամասնութեամբ ներկայացնել յօգուտ անոնց իրականացուած ձեռնարկներուն ցանկը:
Պարզելու համար, թէ ի՞նչ աշխատանքներ կատարուած են Tool Shed խումբին կողմէ՝ ի նպաստ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան, ես ստուգեցի Արդարադատութեան նախարարութեան կայքը, ուր Tool Shed խումբը, ամսաթիւերու հիմամբ թուարկած է իրենց ամբողջ գործունէութիւնը՝ Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան համար:
Tool Shed խումբի ձեռնարկներու ցանկը կը սկսի 2009ի Ապրիլ 1էն, բայց խորհրդաւոր կերպով կ՛աւարտի 2011ի Մարտ 31ին: Սա, անկասկած, պէտք է որ Արդարադատութեան նախարարութեան պահանջներու խախտում ըլլայ եւ անհրաժեշտ է ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ուշադրութեան: Այնուամենայնիւ, երկամեայ զեկոյցը ամբողջական պատկերացում կու տայ անոնց կատարած աշխատանքին մասին. բան մը, որ ես ամփոփած եմ տասնեակ էջեր հաշուող բնագրէն եւ ներկայացուցած՝ ստորեւ.
1) Համալսարաններու ընդգրկում.
Գլխաւոր հիւպատոս Էլման Ապտուլաեւի համար հանդիպումներու կազմակերպում՝ համալսարանական հետեւեալ պաշտօնեաներու հետ. Ճոլին Քեսթըր, Քալիֆորնիոյ նահանգի համալսարան, Նորթրիճ, Քալիֆորնիա. Նիւ Մեքսիքոյի համալսարան. Ճեֆ Քոէն եւ Էտըմ Քլէյթըն, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան (USC). Չեփմընի համալսարան, Օրէնճ Քաունթի, Քալիֆորնիա. Փեփըրտայնի համալսարան, Մալիպու, Քալիֆորնիա. Լարի Կրինֆիլտ, Քլերմոնթի համալսարանի փոխնախագահ, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա. Ճէք Լուիս, փոխղեկավար, USCի Մարշըլի առեւտրագիտութեան դպրոց, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա. Կէյլ Լապիտուս, Սթենֆըրտի համալսարան, Քալիֆորնիա. Տէյվիտ Լէնտպըրկ, Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) Նանօ համակարգերու հիմնարկ. Քալիֆորնիոյ համալսարան, Ըրվայն եւ Լաս Վեկասի համալսարան, Նեւատա. դասախօսութիւններ գլխաւոր հիւպատոսի կողմէ UCLAի մէջ. Սան Ֆրանսիսքոյի համալսարան. Սան Հոզէի համալսարան, Սան Հոզէ, Քալիֆորնիա. USC. Սքրիփսի քոլէճ, Քլերմոնթ, Քալիֆորնիա. Քալիֆորնիոյ համալսարան, Սանթա Պարպարա, Քալիֆորնիա. Քալիֆորնիոյ նահանգի համալսարան, Ֆուլըրթըն, Քալիֆորնիա. Արիզոնա նահանգի համալսարան, Ֆենիքս, Արիզոնա. Արիզոնայի համալսարան, Թուսան, Արիզոնա եւ Սթենֆըրտի համալսարան, Սթենֆըրտ, Քալիֆորնիա. ելոյթ ունեցած է USCի մէջ կրօնական բազմակարծութեան վերաբերեալ համաժողովի մէջ եւ հեռակապով համաժողով գումարած է USCի հանրային դիւանագիտութեան կեդրոնի հետ՝ գլխաւոր հիւպատոսի դասախօսութիւնը քննարկելու համար:
2) Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գործիչներ.
Գլխաւոր հիւպատոսը տեսակցած է քաղաքական հետեւեալ գործիչներուն հետ. Տէրըլ Սթէյնպըրկ, նախագահ, Քալիֆորնիա նահանգի Ծերակոյտ, Սաքրամենթօ, Քալիֆորնիա. Քէրըն Պաս, խօսնակ, Քալիֆորնիա նահանգի Ներկայացուցիչներու Պալատ, Սաքրամենթօ, Քալիֆորնիա. Անէթ Փորինի, աշխատակազմի ղեկավար, նահանգային ծերակուտական Ճօ Սիմիթեան, Սաքրամենթօ, Քալիֆորնիա. Ֆելիփէ Ֆուէնտէս, Քալիֆորնիա նահանգի Ներկայացուցիչներու Պալատի անդամ, Սաքրամենթօ, Քալիֆորնիա. քաղաքապետարանի անդամ Քրիս Քէլվըրթ, Սանթա Ֆէ, Նիւ Մեքսիքօ. Նիւ Մեքսիքոյի նահանգապետ Պիլ Ռիչըրտսըն, Սանթա Ֆէ, Նիւ Մեքսիքօ. խօսնակ Պէն Լուժըն, Նիւ Մեքսիքոյի նահանգի օրէնսդիր, Սանթա Ֆէ, Նիւ Մեքսիքօ. քաղաքապետ Պապ Ֆոսթըր, Լոնկ Պիչ, Քալիֆորնիա. քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա. քոնկրեսական Տայանա Ուաթսըն. Օրէնճ Քաունթիի շերիֆ Սանտրա Հաթչինզ, Սանթա Անա, Քալիֆորնիա. Օրէնճ Քաունթիի Վերահսկիչներու Խորհուրդ. Մայք Շնայտըր, նախագահ, Նեւատա նահանգի Ծերակոյտ, Լաս Վեկաս, Նեւատա. քաղաքապետ Ասքըր Կուտմըն, Լաս Վեկաս, Նեւատա. խնդրած է քոնկրեսական Մայքըլ ՄաքՄահընէն՝ միանալ Ատրպէյճանի աջակցութեան խումբին, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա. Սան Հոզէի քաղաքապետ Չաք Ռիտ, Քալիֆորնիա. հանդիպում Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնըլտ Շվայցնեկըրի հետ՝ Ատրպէյճանէն ուղարկուած նուէրը յանձնելու համար, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա. Սանթա Ֆէի քաղաքապետ Քոս, Նիւ Մեքսիքօ. քոնկրեսական Տանա Ռորապէկըր, Հանթինկթըն Պիչ, Քալիֆորնիա եւ քաղաքային խորհուրդի անդամ Եան Փերի, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա:
3) Հրէական եւ իսրայէլեան ներկայացուցիչներ.
Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը տեսակցած է հետեւեալ մարդոց հետ. Իսրայէլի գլխաւոր հիւպատոս Ճէյքըփ Տայան, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա. Ճոն Ֆիշըլ, Լոս Անճելըսի Հրէական Միութիւն. Ռապպի Աբրահամ Քուփըր, Հանդուրժողականութեան թանգարան, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա. դասախօսութիւն Temple Judeaի մէջ, Թարզանա, Քալիֆորնիա. Ամերիկայի հրէական կոմիտէ, Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա եւ հանդիպած է Ռապպի Լէյտըրի ու փրոֆեսըր Ռեուվէն Ֆայըրսթընի հետ՝ Լոս Անճելըսի Temple Beth Amի գլխաւոր հիւպատոսի դասախօսութեան առնչութեամբ:
Կան տասնեակ այլ հանդիպումեր, զորս Tool Shed խումբի սեփականատէր Ճէյսըն Քաց կազմակերպած էր Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին համար: Պէտք է խոստովանիմ, որ Քաց շատ քիչ վարձատրուած է՝ ամսական 9 հազար տոլարի չնչին գումարով այսպիսի տարողութեամբ հասանելիութիւն ապահովելով Ատրպէյճանի համար, Միացեալ Նահանգներու տարբեր նահանգներուն մէջ. բան մը, որ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը երբեք ի զօրու չէր ըլլար առանձինն իրագործելու:
Ամերիկահայ համայնքը լոպպիստական եւ PR ընկերութիւններու բացը կը լրացնէ իր կազմակերպութիւններուն եւ անոնց անդամներուն աշխուժ աշխատանքով: Այնուամենայնիւ, արհեստավարժ լոպիիստական եւ PR ընկերութիւնները կրնան շատ բան աւելցնել ցարդ արձանագրուած յաջողութիւններուն վրայ: Ցաւօք, հայերու մեծ մասը ըստ արժանւոյն չի գնահատեր լոպիիստական եւ PR ընկերութիւններու աշխատանքը, հետեւաբար, չի հաւատար այսպիսի արժէքաւոր եւ խիստ անհրաժեշտ աշխատանքներու ֆինանսաւորման...
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգիրեան