image

Թուրքիա 2.6 միլիոն տոլար կը ծախսէ՝ լոպիիստական եւ PR-ի նոր ընկերութիւններ վարձելու համար

Թուրքիա 2.6 միլիոն տոլար կը ծախսէ՝ լոպիիստական եւ PR-ի նոր ընկերութիւններ վարձելու համար

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Անցեալ շաբաթ գրած էի թրքական կառավարութեան կողմէ վարձուած տասնեակէ մը աւելի հանրային կապերու եւ լոպիիստական ընկերութիւններու մասին: Վերջին շաբաթներուն Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը անոնց թիւը աւելցուց երկու նոր՝ Ballard Partners եւ Burson-Marsteller ընկերութիւններով:

 

Թուրք պաշտօեաները կարծես թէ չեն գիտակցիր, որ տասնեակէ մը աւելի լոպիիստական ​​ընկերութիւններ ունենալը ոչ միայն դրամներու վատնում է աւելորդ կրկնօրինակման պատճառով, այլեւ թանկարժէք ժամանակի անիմաստ կորուստ՝ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առանձին պաշտօնեաներու, որոնք ամէն օր իրենց ժամանակը կը վատնեն այդ լոպիիստական ընկերութիւններուն մանրամասն հրահանգներ տալով, անոնց զեկոյցները կարդալով եւ մեկնաբանելով, անոնց հետ հանդիպումներ ունենալով, անոնց զեկոյցները ծաւալուն բացատրութիւններով արտաքին գործոց նախարարութիւն փոխանցելով եւ Անգարայի արձագանգին հիման վրայ փոփոխութիւններ ընելով: Թիւով այդքան շատ լոպիիստական ընկերութիւններու հետ աշխատելով, առանց եռանդուն եւ լուրջ ջանքեր գործադրելու, թուրք պաշտօնեաները պարզապէս կը վատնեն իրենց երկրին դրամները…

 

Ես ուրախ եմ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշած է աւելի գումարներ վատնել՝ համաձայնելով վճարել 1.5 միլիոն տոլար Պրայան Պալարտի ընկերութեան, 2017 Մայիս 15էն մինչեւ 2018 Մայիս 14 ինկած ժամանակահատուածի համար: Ըստ արդարադատութեան նախարարութեան մէջ Պալարտի արձանագրութեան՝ ընկերութիւնը թրքական կառավարութեան կը տրամադրէ «շահերու պաշտպանութեան ծառայութիւններ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ»: Լոպիիստական գործունէութիւնը կը ներառէ «իրազեկում, խորհրդատուութիւն եւ օժանդակութիւն [Թուրքիոյ]՝ Միացեալ Նահանգներու պետական պաշտօնեաներու հետ կապերու մէջ» եւ յարաբերութիւններու պահպանում ՆԱԹՕ-ի այս կարեւոր գործընկերոջ հետ»:

 

Պրայան Պալարտ եղած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի երկար տարիներու լոպիիստը՝ իբրեւ Թրամփի կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Թալահասի մէջ, Ֆլորիտա: Ան հաւաքած է 16 միլիոն տոլար Թրամփի նախագահական ընտրարշաւին համար, երբ կը ծառայէր որպէս անոր նահանգային ֆինանսներու նախագահ, իսկ հետագային՝ որպէս նախագահի երդմնակալութեան յանձնախումբի փոխնախագահ: Պալարտ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ պնդելով, որ ինք «դեռ նախկինին պէս կը խօսի Թրամփի հետ»: Սիւզի Ուիլս, որուն Պալարտ Թրամփի ներկայացուցած էր ընտրարշաւի ժամանակ, կ՛աշխատէր որպէս Թրամփի Ֆլորիտայի նախընտրական խումբի ղեկավար: Ան այժմ կ՛աշխատի Ballard Partners-ի համար: Պալարտ նաեւ վարձած է նախկին գոնկրեսական Ռապըրթ Ուեքսլըրը (դեմոկրատ, Ֆլորիտա)՝ տնօրինելու համար թրքական լոպիիստական հաշիւը: Որպէս Գոնկրեսի մէջ Թուրքիոյ աջակցութեան խումբի համանախագահ, գոնկրեսական Ուեքսլըր աշխուժօրէն քարոզած եւ դէմ քուէարկած է 2007 Հոկտեմբեր 10ին Ներկայացուցիչներու Պալատի առաջարկած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին: Ուեքսլըրի նոր աշխատանքը հատուցումն է իր յամառ ջանքերուն՝ երկար տարիներ Գոնկրեսի մէջ Թուրքիոյ աջակցելու ուղղութեամբ...

 

Ինչպէս կը յայտնէ Tampa Bay Times, Պալարտի առաջին գործակցութիւնը Թրամփի հետ տեղի ունեցած է քանի մը տարի առաջ, երբ ան նամակ գրած էր Թրամփի, վերջինիս «Գործարքներ Կնքելու Արուեստը» գիրքը կարդալէ ետք, եւ Թրամփ պատասխանած էր անոր: Իր պատասխան-նամակին մէջ Պալարտ նշած էր՝ «Ֆլորիտայի մէջ որեւէ հարց ունենալու պարագային, կը խնդրեմ, որ առանց երկմտելու հեռաձայնէք ինծի»: Թրամփ Պալարտի հեռաձայնած էր 1985ին, Mar-a-Largo-ն գնելէ ետք եւ անոր վճարած՝ առնուազն 460 հազար տոլար, 2013-2015 կատարած լոպիիստական աշխատանքի համար: Թրամփ անձամբ հեռաձայնած էր Պալարտի՝ խնդրելով անոր օգնութիւնը իր նախընտրական քարոզարշաւը սկսելու ժամանակ: Պալարտ ներկայիս Թրամփի համար կը կազմակերպէ դրամահաւաք-ճաշկերոյթ, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիս 28ին: Իւրաքանչիւր անձի համար սակ ճշդուած է 35 հազար տոլար, իսկ հիւրընկալող յանձնախումբին միանալու համար՝ 100 հազար տոլար:

 

Պալարտ չի թաքցներ նախագահ Թրամփի հետ ունեցած իր յատուկ կապերը: Ան Tampa Bay Times-ի ըսած է. «Ես չեմ պատկերացներ, որ հոս կ՛ըլլայի, եթէ ընտրուէր Հիլըրի Քլինթընը»: Պալարտ ըսած է, թէ «ինք չի քննարկեր, թէ ինչպես կ՛աշխատի կամ ինչպէս կը  շփուի նախագահին հետ: Այսուհանդերձ ինք երեւցած է Սպիտակ Տան մէջ, եւ Թրամփ կը պահպանէ հեռախօսային կապերը իր դաշնակիցներուն հետ»:

 

Ասկէ բացի, Թուրքիոյ դեսպանատունը Ուաշինկթընի մէջ 1.1 միլիոն տոլարի պայմանագիր ստորագրած է Burson-Marsteller ընկերութեան հետ, 2017 Մայիս 1էն մինչեւ Դեկտեմբեր 31 ինկած ժամանակահատուածի համար: Զարմանալի է, որ 2012-2015 թուականներուն, Burson-Marsteller լոպիիստական աշխատանք կը կատարէր Ընդհանուր Արժէքներու Միութիւն խումբին համար, որ կապուած էր թուրք մահմետական հոգեւորական Ֆեթուլլահ Կիւլէնի  հետ, որուն Էրտողան դէմ է եւ կը ձգտի Միացեալ Նահանգներէն անոր արտայանձնման՝ Թուրքիոյ: Թուրքիոյ կառավարութիւնը սպառնացած է Burson-Marsteller-ի գործունէութեան՝ Թուրքիոյ մէջ, եթէ ընկերութիւնը շարունակէ լոպիինկ ընել Կիւլէնի համար:

 

Կը նախատեսուի, որ Burson-Marsteller կը տրամադրէ «ամբողջական հանրային կապերու ծառայութիւններ, որպէսզի աջակցի [թրքական] դեսպանատան հաղորդակցութեան նպատակներուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ: Գործունէութիւնը կը ներառէ լրատուական միջոցներու իրազեկում, հոսկողութիւն եւ վերլուծութիւն, ձեռնարկի աջակցութիւն, շահագրգիռ կողմերու ներգրաւում, ընկերային լրատուական միջոցներու խորհրդատուութիւն եւ աջակցութիւն Թուրքիոյ հիւպատոսութիւններու՝ Պասթընի, Շիքակոյի, Հիւսթընի, Լոս Անճելըսի, Մայամիի եւ Նիւ Եորքի մէջ»:

 

Ուշագրաւ է այն, որ հակառակ Թուրքիոյ կողմէ տասնեակէ մը աւելի հաշուող լոպիիստական եւ հանրային կապերու հզօր ընկերութիւններու վրայ միլիոնաւոր տոլարներ ծախսուելուն, այս վերջինները չեն կրնար հակադրուիլ մեծ թիւով շրջան ընող այն լուրերուն եւ հեռատեսիլային լուսաբանումներուն, որոնք կը քննադատեն Թուրքիոյ կառավարութիւնը՝ խաղաղ ցուցարարներու վրայ Էրտողանի թիկնապահներու յարձակման համար, Մայիս 16ին, Ուաշինկթընի մէջ, Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին դիմաց: Այս փաստը կը հաստատէ իմ այն խորին համոզումը, որ Թուրքիա տարեկան միլիոնաւոր տոլարներ կը վատնէ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր պատկերը (image) մաքրելու համար, ինչ որ աւելի եւս կը վարկաբեկուի Թուրքիոյ կառավարութեան դաժան քաղաքականութեամբ՝ երկրին թէ՛ ներսը, թէ՛ դուրսը...

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան