Օրեր առաջ ամերիկեան ուժերուն պատկանող երկու ուղղաթիռներ զինուորական գործողութիւն մը կը կատարէին Սուրիոյ- Իրաք սահմանային հատուածին մերձ գտնուող «Պու Քամալ» շրջանին մէջ: Գործողութեան թիրախը Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումն էր եւ եղած յարձակման հետեւանքով կը սպաննուէին Տահէշի անդամ ութ զինեալներ: Դէպքին մասին յատուկ հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը կը յայտարարէր, թէ տեղի ունեցած գրոհը երկարաժամկէտ յարձակումներու նախասկիզբ է եւ այդ գործողութիւնները կը միտին լայնցընել «Ալ Թանաֆ» շրջանին մէջ եղող ամերիկեան խարիսխին շուրջ առկայ ապահովական գօտին:
Ամերիկեան այս «նախաձեռնութիւն»ը կը կատարուի բնականաբար ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար ՝ Ռէքս Թիլըրսընի Մոսկուա տուած այցէն ետք ( 11 մայիս) , ուր Թիլըրսըն իր ռուս պաշտօնակիցին ՝ Սէրկէյ Լավրովին հետ քննարկած էր Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակը եւ այդտեղ երկու գեր- ուժերուն միջեւ համագործակցութեան մը ընդհանուր եզրերը:
Այստեղ պէտք է նշել, որ նախքան այդ զինուորական «ցամաքահանում»ը ամերիկեան ուժեր հարուածած էին սուրիական բանակի մէկ շառաւիղը, որ կ'անցնէր «Թանաֆ» տանող ճանապարհէն: Այդ քայլը, որ կը կատարուէր որպէս կանխազգուշացում եւ կը մնար որբ քայլ մը: Տարբեր մակարդակներու վրայ սուրիական կողմը բաւական զգուշաւոր ոճով «կ'արձագանքէր» եղածին ու երկրի արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Ալ Մուալլէմ մամլոյ ասուլիսի մը պահուն կը յայտարարէր, որ եթէ «Միջազգային դաշինք»ի ուժեր («Տահէշ»ի դէմ կազմուած ուժերը այդպէս կը կոչուին Խմբ. Ս.Ա.) սուրիական բանակի դիրքերը հարուածեն , ապա իրենք ձեռնածալ պիտի չմնան: Մուալլէմի կողմէ քաղաքավարական ոճով տրուած պատասխանը շեշտը կը դնէր ռուս-ամերիկեան փոխ համաձայնութեան մը ընդհանուր պարունակին ու յատկապէս ամերիկեան կողմին հմար Մոսկուայի կողմէ «գծուած» կարմիր գիծերը յարգելուն վրայ:
Այս գործողութիւններու լոյսին տակ կը բացայայտուէր նաեւ, որ ամերիկեան կողմը բաւական «աշխուժ» կերպով կը զինէ, որ միայն քրտական ջոկատները, այլ նաեւ «Սուրիոյ ազատ բանակ»ի այն ջոկատները, որոնք այսօր վերակազմուած են եւ իրենց ուսերուն վերցուցած են յատուկ նպատակ- առաքելութիւն մը:
Ու հակառակ անոր, որ վերջին ամիսներուն լրատուական ծառայութիւններ տեղեկութիւններ կը տարածէին այն մասին, որ միջազգային դաշինքին համար առաջնակարգ նպատակ է «Տահէշ»ը ծունկի բերել Ռաքքայի մէջ, սակայն այսօր բացայայտ կերպով կը մարմնաւորուի Սուրիոյ անապատային «Ալ Պատիյա» շրջանին մէջ ռազմական գործողութիւններուն սկիզբ մը եւ ճակատագրական մարտեր սկսելու իրականութիւնը:
«Պատիյաթ Ալ Շամ»ի կարեւորութիւնը
Սուրիոյ հարաւ արեւելեան հատուածին մէջ ինկող «Պատիյաթ ալ շամ» անապատային շրջանը կը համարուի մինչեւ Սէուտական Արաբիա երկարող հատուած մը, որ տարբեր իմասներով ալ կը համարուի ռազմավարական կարեւոր յենարան շրջանին մէջ պատերազմող բոլոր կողմերուն համար:
Այս բոլորէն անդին կայ «Ալ Թանաֆ» շրջանին մէջ եղող ամերիկեան խարիսխը, որուն համար է նաեւ, որ ամերիկացիք կարեւոր բոլոր միջոցառումները կը գործադրեն: Իրաքին կռնակ տուող «Թանաֆ» շրջանը կարեւոր արժէք ունի, որովհետեւ հոնկէ է նաեւ, որ ամերիկացիք պիտի փորձեն տիրութիւն ընել Իրաքի մէջ գտնուող իրենց զինուորական խարիսխներուն վրայ: Գալիք ռազմական գործողութիւնները կրնան սաստկանալ յատկապէս, եթէ ամերիկացիք ուզեն տիրապետել «Պու Քամալ» շրջանին կից եղող Սուրիա- Իրաք սահմանային հատուածին: Ու այդ քայլին երթալով անոնք կտրած պիտի ըլլան կապը մէկ կողմէ իրաքեան սահմաններուն վրայ մեծ ձեռքբերումներու հասած «Ալ Հաշտ ալ շահպի»ին եւ միւս կողմէ Սուրիական բանակին միջեւ:
Օրեր առաջ Ապու Մահտի Ալ Մուհանտէսի կատարած յայտարարութիւնները պատահական չեն: Ու այդտեղ է նաեւ, յստակ կը դառնայ, որ զինեալ շիիթ խմբաւորումը պատրաստ է, ոչ միայն պահպանելու Իրաքի սահմանները, այլ եթէ կարիք ըլլայ օժանդակութեան ձեռք երկարել սուրիական բանակին:
«Ալ Հաշտ Ալ Շահպի»ին բուն նպատակը «Տահէշ»ը չէզոքացնելն է, սակայն գետնի վրայ ընթացող մարտերը այդ նպատակէն բացի ունին ինքնահաստատուելու հեռաւոր նպատակներ ու այդ առումով է նաեւ, որ այդ ուժերէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ իր ծրագիրը առաջ քաշել:
«Ալ Հաշտ Ալ Շահպի» կամ Իրաքի նոր ուժը
2016 թուականին Իրաքի մէջ ի յայտ կու գար զինուորական նոր ուժ մը, որուն հարիւր հազարի հասնող զինեալներուն մեծամասնութիւնը շիիթներ են: «Ալ Հաշտ Ալ Շահպի»ն (հայերէնով ՝«Ժողովրդային խմբաւրում» խմբ. Ս. Ա.) Իրաքի խորհրդարանին մէջ օրինականութիւն ստացած զինուորական ուժ է, որուն նպատակն կռուիլ «Տահէշ»ին դէմ եւ շրջանին մէջ ստեղծել հաւասարկշռութիւններու նոր օրինաչափութիւն մը կերտող շարժում մը: Դաւանական հաւատալիքներու վրայ հիմնադրուած այս խմբաւորման համակիրներու թիւը կը հասնի երեք միլիոնի եւ անոր համակիրները, որեւէ պահու պատրաստ են արձագանքելու շիիթ բարձրագոյն կրօնական ատեաններուն կողմէ արձակուած կոչերուն:
Մուսուլի պատերազմին սկիզբէն առաջ իրաքեան դէպքերուն հետեւողներուն համար տակաւին յստակ չէր, որ գետնի վրայ կռուող հիմնական ուժը, իրաքեան բանակի կողքին պիտի դառնայ «Ժողովրդային խմբաւորում»զինեալ ջոկատը եւ այսօր տեղի ունեցած զարգացումները եւ յատկապէս Մուսուլ քաղաքը «Տահէշ»ի լուծէն ազատագրելու գլխաւոր հարցը դրուած է «Հաշտ Ալ Շահպի»ի ուսերուն:
Այստեղ տեղին է նշել, որ այդ ջոկատին քատրային, զինամթերքի լոճիսթիք եւ այլ տիպի խնդիրները կարգի կը բերուին Թեհրանի ուղղակի ազդեցութեամբ կամ խորհուրդներով: «Հաշտ Ալ Շահպի»ի այսօրուան առաջնորդը, (Ապու Մահտի Ալ Մուհանտէս) նոյնպէս Իրանի մտերիմ դաշնակիցն է եւ անոր անմիջական ներկայութիւնը եւ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն վերհսկումը զինեալ խմբաւորումը կը դարձնեն շրջանին մէջ ամէնէն շատ կազմակերպուած ուժ համարուող զինեալ միլից մը:
Վերադառնալով գլխաւոր նիւթին այսօր արդէն սկսած է յստակ դառնալ, որ յառաջիկայ օրերուն շատ բան պիտի յստականայ Սուրիոյ «Ալ Պատիայ» անունը կրող հատուածին մէջ: Այն իմաստով, որ հոն եղած զարգացումները առաջին նախանշանը պիտի տան այդ շրջանին մէջ գոյացուելիք նոր բաժանումներուն:
Սուրիոյ տագնապին մասին խօսելու ատեն, երբ բաժանում բառը կ'օգտագործուի այդ անպայման չի նշանակեր, որ բաժանումը տուեալ պարագային վերջնական վիճակ մըն է, այլ կը նշանակէ ուժերու եւ դերերու նոր տեղաբաշխում, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ քաղաքական լուծումներուն վերաբերեալ սկիզբ առնելիք ընդհանուր գործընթացի կամ գործընթացներու պատրաստութիւն:
Ու այս առումով, երբ խօսքը կը վերաբերի Սուրիա- իրաք սահմանային գօտիին ապա յստակ կը դառնայ նաեւ, որ ամերիկեան ուժերուն այդ շրջանին մէջ ներկայութիւնը կարեւոր նախադրեալ մըն է գալիք զարգացումներուն համար:
Հարցումը, որ կը հնչեցուի կապ ունի շիիթ «Հաշտ Ալ Շապհի»ին յառաջիկայ քայլերուն հետ, մանաւանդ որ Մուսուլի մէջ իր արեան մկրտութիւնը ստացած այս խմբաւորումը պիտի կարողանայ իր ունեցած օրինականութիւնը ամրագրել ու ամերիկացիներուն հետ բախումի չերթալով դառնալ կարեւոր բանալի մը այդ շրջանին ապահովութեան ամրագրման տեսակէտէն:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/ Պոլիս