image

Հրանդ Տինք՝ պատգամիդ հետ, յիշատակիդ աղաւնիին.Տիգրան Գաբոյեան

Հրանդ Տինք՝  պատգամիդ հետ, յիշատակիդ աղաւնիին.Տիգրան Գաբոյեան

Յատուկ ՝ «Արեւելք»ին

 

Այո՛ ծանր է Ցեղասպանութեան բեռը եւ ինչքան այդ բեռը  մեզի քաղաքական ու բարոյական իմաստներով յանձնարարէ մնալ իր տակ,յաճախ ակամայ հասկնալի ընդվզում մըն ալ կը պարզէ ինքզինք՝ մինչեւ ե՞րբ եւ ինչու՞ այս պայքարն ու արշաւը:
Ե՞րբ է վերջնական հանգրուանի ժամանումը հայկական ինքնութեան համահունչ համարուող Ցեղասպանութեան հարցին,ո՞րն է մեր կայացած պատկերը:Այս բոլորը կը հարթուի՞ն,կը լուծուի՞ն Թուրքիոյ պաշտօնական ճանաչմամբ, թէ չէ  հայկական ցեղասպանական վերքը վերջանականապէս կը բուժուի,  միայն հատուցմամբ:
Չարչրկուած բոլոր քաղաքական ,ընկերային ու մշակութային բաւիղներէն ու լուծումներէն վեր կը կանգնինք նորէն՝ մինակ ենք կամ ոչ,տառապանքը կը ցանցառի կամ ոչ,սերունդները կը յամենան իրենց երազներով կամ ոչ,չունինք պատասխաններ:
Այո կ'արժէ կրկնել օրն ի բուն,  որ ամէն մարդկային անհատական եւ հաւաքական փորձ իւրայատուկ է եւ այդպէս պիտ մնայ միշտ,իսկ մենք երկնայիններս կեանք կ'ուզենք,հարստութիւն կ'ուզենք եւ սէր առանց մնալու մինակ:
Մտածելով աս բոլորին մասին, բնականաբար կ՝առերեսուինք  Թուրքիոյ եւ թուրքերուն հետ մեր կապի ու յարաբերութիւններուն մասին,անոնք արդէն մեր ինքնութեան բացայատման մասնիկներն են եւ պեղուած ըլլալու-չըլլալու աստիճանով. շատ մը անգամներ կը ձեւաւորեն մեր անհատական եւ հաւաքական վարքն ու բնաւորութիւնը:
Այո՛ այդպէս են միջազգային յարաբերութիւնները եւ կը մնան անվերծանելի եւ այս պարագային՝ մենք եւ թուրքերը եւ նոյնքան կարեւոր բաղադրութեամբ կամ մետաղի միւս մարդկային ճակատագրականութեամբ-թուրքերը եւ մենք- չենք  տարբերուիր ու կը մնանք  հաղորդակցութեան ու կապի առաքելութեան կազման այս  մարդկային մեծ ջանքին կամակատար եւ ինչքան բան կայ հոս խօսելու,գրելու,պեղելու,ստեղծելու եւ կատարելագործելու:
Միշտ մինակ չէ որեւէ ոճիր,այո ան ունի երկու կողմ եւ մշտապէս անոր ճիշդ հասկնալն է կարեւորը, որ վերածուի ոճիրը դասաւանդութեան,վերածուի կեանքի, ինչպէս որեւէ  մշակոյթ մինակ չի գործեր բնաւ, եւ ան իր կողքինի «հատուցող,ընկալող»ի լինելութեամբ  ու գնահատմամբ  կը կայանայ վերջնականապէս:Եթէ Ֆրանսան Անգլիական մշակոյթը չգնահատեր եւ փոխադարձաբար հակառակը,երկուքն ալ իրենց վաւերականութիւնէն շատ բան կը կորսնցնէին:
Եւ կոչը պարզ ու մեկին կու գայ հիմա, այսօր ալ իր խաչէն եւ մահիկէն իջնելով,կը հասնի անգամ մը եւս,օր մը եւս,ժամ մը եւս թուրքին՝ ախբարիկ ու չատելի թուրքին կամ «չախբարիկ» ու ատելի թուրքին,հայու աչքերէն առանց ժպիտի կամ Հայու «չաչքերէն» բայց ժպիտով:Որքա՞ն սէր ու ատելութիւն վատնել,որքան մարդկայնութիւն ու վերամբարձութիւն ճարել հասկնալու մենք մեզ,յետոյ զիրար ու միասին աս աշխարհը:

Կ՝արժէ յիշել որ մեր հոգիի խորքերը թրքական երանգապնակներով ալ յաճախ կը ներկուին , ինչպէս համահաւասարաբար թուրքերու հոգիին խորքերը հայկական խազերով ալ երբեմն կը գունաւորուին  եւ այդ ոճիրի-պատիժի,կեանքի-մահուան,ըլլալ-չըլլալու ամենացայտուն հարցերէն է մեզի ու թուրքին եւ բոլոր մարդկութեան համար:
Երբ հակառակորդին,թշնամիին,մրցակիցին,նուաճողին, բարեկամին (ինչ արտայայտութեամբ ալ ըլլայ) ցաւը,հարցը,գոյութենականութիւնը,եւ իրմէ քեզի պարգեւուելիք կոչումը քուկդ է, ինչքան որ դուն ես-դուն քեզի տուածիդ չափ կոչումը-եւ ինչքան որ -ուղղակի շրջուած մարմնացմամբ-դուն ես դիմացինիդ արժեւորման ու ինքնութեան կերտիչներէն մէկը,այնքան ժամանակի առատութեամբ  կը զգաս մարդկայնութեան լեղի թուացող բայց իրական առաքելութիւնը, ազգայինի, տեղականի,բնածինի եւ արտածինի շերտերը հաւաքող ու համադրող:

Այսօր , ինչպէս ընդմիշտ սիրելի Հրանդ Տինք մահուան յիշատակիդ հետ քալող աս միտքերն ու մղումը կը մնան ներշնչուած մազերովդ,կօշիկովդ եւ պոլսահայ հայերէնովդ,որը թրքական երաժշտականութիւն ունի իր մէջ,կամ ալ մենք հին ըլլալով քու եւ մեր տուած երաժշտականութեան մոռցուած պարգեւներով. թուրքերէնէն ետ վերադարձուած հայերէն ունի իր մէջ,Սինանի հաճելի շինարարութեան պէս: Աս բացած ճամբադ  խորտուբորտ է բայց առինքող,դժուար է բայց լուսաւոր,երկար է բայց մաքառեցնող,հին է բայց ջամբող. մեր բոլոր բարդոյթներու խտութեամբ,մեր հայ-թուրք բոլոր տգեղութիւններով եւ անբնականութեամբ, բայց միաժամանակ յանկարծակի եւ ինչու չէ ընտրելի անուշութեամբ ու յոյսով մը:Աս ճամբան որը մեր գոյութեան մարդկային ու ազգային աստիճանականացման կը տանի,որը կը հասնի հազարաւոր ազգերու ու ժողովուրդներու ընբռման ,աս ճամբան ինչքան ալ ըլլայ մեր պատմութեան քարուղիներու բոլոր ներդաշնակութիւններով յագեցած, ամենակարեւորը ան դէպի վեհութիւն ու ազնուացում տանող մեր ու թուրքերուն ոգեղենութեամբ,քաղաքակիրթ անքաղաքակիրթի բոլոր ցաւերը պարփակող ճամբան է միակ:
Տինք՝
Վարուժանի,Սիամանթոյի լեզուով աղաւնիդ շատ պիտի ըսէր՝  հայերը հին են պէտք է ներեն, թուրքերը շատ են պէտք է ներողութիւն խնդրեն, իսկ հիմա այսօր,մահաուանդ յիշատակիդ օրը նորէն կը տեսնենք  որ անջրպետներուն,ինքնին երկուութեան,ինքնին ինքնութեան,մարդկայնութեան մէջ եղած ,ստեղծուած ,վերստեղծող եւ տեսիլքներ ու պայծառութիւն բացող հոգիդ հոս է մեր մէջ:

Տիգրան Գաբոյեան