image
Հրատապ լուրեր:

Դրուագներ «Հռիփսիմեանցի պատմութիւնէն». Աւետիս Ռազմիկ

Դրուագներ «Հռիփսիմեանցի պատմութիւնէն». Աւետիս Ռազմիկ

Հանրածանօթ լրագրող, ՙԱրարատ՚ օրաթերթի նախկին խմբագիրներէն, հայ կաթողիկէ համայնքին մէջ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած Սարգիս Նաճարեան նոր գրքոյկով մը ընթերցողին կը ներկայանայ յուշագրող- պատմագրողի յանձնառութեամբ: ՙՀռիփսիմեանցը. դէպքեր-դէմքեր-վկայութիւններ 90-ամեայ ճանապարհին՚ 96-էջնոց գործը Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրերուն ձեռակերտը հանդիսացող վարժարանին` Հռիփսիմեանցին պատմութեան գլխաւոր դրուագներուն եւ անոր առաքելութեան անդրադարձող համառօտ ուրուագիծ մըն է:

Գրքոյկին ներածական խօսքին մէջ (ՙՙՀռիփսիմեանց՚ Այսօ՛ր... Եւ Մի՛շտ՚ խորագրեալ) Գերյ. Հ. Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան կը գրէ. ՙՙՀռիփսիմեանց՚... Ոսկեղէն դափնեպսակ լիբանանահայ կրթօճախներու պատմութեան մէջ: ՙՀռիփսիմեանց՚... Բազմահազար սերունդներուն Ճանապարհորդութիւնը դէպի աղբիւրը լոյսին՚: Որմէ ետք ՙԻնչո՞ւ Այս Պատմական Ակնարկը՚ հարցում-վերնագիրին հեղինակը կը պատասխանէ. ՙՈրովետեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Հռիփսիմեանց Երկրորդական Վարժարանին հիմնադրութեան եւ 90 տարիներու վերընթաց ճանապարհի պատմութիւնը, ինչպէս լիբանանահայ բազմաթիւ կրթական օճախներու պատմութիւնը, սերտօրէն առնչուած է լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման, զարգացման եւ ձեւաւորման հոլովոյթին հետ: Ան անշրջանցելի մէկ էջն է գաղութի տարեգրութեան՚: Ապա կը նշէ թէ սա ձօն մըն է հայ քոյրերու բոլորանուէր ծառայութեան նուիրուած: Ան ունի նաեւ մտորում մը ընտանիք-եկեղեցի-դպրոց եռոտանիին շուրջ, որոնք գրաւականներն են ցեղասպանուած ազգի մը վերածնունդին:

Հետաքրքրական եւ արժէքաւոր հատուածը պատմական ակնարկն է Հռիփսիմեանցի անցած ուղիին, որ կը սկսի Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հիմնադրմամբ` 1847-ին` Պոլիս: Էջ 12-56 երկարող համապարփակ ուսումնասիրութիւնը ընթերցողը լուսաբանող եւ լիբանանահայ գաղութի պատմութեան կարգ մը իրողութիւնները արձանագրող դէպքերու վկայութիւններ են: Արդարեւ, միաբանութիւնը կը հիմնուի Ծիրանաւոր Անտոն Պետրոս Թ. Հասունեան Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ. նպատակը` հայ որբուհիներու, դեռատի աղջկանց հոգեմտաւոր դաստիարակութիւնը եղած է, ինչպէս նաեւ քրիստնէավայել եւ ազգանուէր հայուհիներու պատրաստութիւնը: Անոր հետ սերտօրէն կը գործակցի առաջին Մայրը` Սրբուհի Հաճի Անտոնեան, իսկ հիմնադրման բնակարանը կը կոչուի Մայր Տուն:

Մեծ Եղեռնի արհաւիրքին կը նահատակուին 13 քոյրեր, մինչ 55 ուրիշներ կþաքսորուին: Ապա անոնք Պոլիսէն կը փոխադրուին Հռոմ. այս փրկարար տեղափոխութիւնը կ'իրագործուի Հռոմի Պիոս ԺԱ. Պապին բարեխնամ միջամըտութեամբ: 500 որբուհիներ կը միանան միաբանութեան քոյրերուն:

Պէյրութի մէջ Անարատ Յղութեան Միաբանութեան գործունէութիւնը կը սկսի 1922-ին Լիբանանի կաթողիկէ հայոց Պատրիարքական Փոխանորդ Յակոբ ծ. վրդ. Նեսիմեանի ջանքերով: Մայր Թէոպիստէ Ալեքսանեան կ'ըլլայ առաջին մեծաւորուհին: Անոնք կը հաստատուին Տեպպաս հրապարակին վրայ գտնուող Սբ. Եղիա եկեղեցւոյ շրջափակը եւ հոն համեստ պայմաններու մէջ կը սկսին դաստիարակչական աշխատանքներու: Անոնց կ'օժանդակեն Հ. Պօղոս Արիս եւ Հ. Գաբրիէլ ծ. վրդ. Գասպարեան: Հռիփսիմեանցի առաջին սեփական շէնքը կը հաստատւի Ղանտա Էլ Ղամիի շրջանը` երբ սանուհիներուն թիւը կը բարձրանայ եւ կարիքը կը ըզգացուի յարմարաւէտ կառոյցի մը (1929-1930): Նոր մեծաւորուհին կ'ըլլայ Մայր Պէաթրիս Թաշճեան, որուն կը յաջորդեն Մայրեր Ֆլորանս Ուլուհոճեան, Էլիզ Պոյաճեան, Աննա Ռոքոսեան:

Հռիփսիմեանց վարժարանը կ'արձանագրէ նորանոր յաջողութիւններ աշակերտութեան թիւի, կրթադաստիարակչական որակի եւ քրիստոնէական բարի համբաւի առումներով: Բեղուն կ'ըլլայ Մայր Ատրինէ Փեշտիմալճեանի մեծաւորութեան ժամանակաշրջանը, որ կը վայելէ հոգածութիւնը անուանի կղերական Հայր Սահակ եպս. Կոգեանի:

1958-ի լիբանանեան ներքին ապահովական դէպքերը, Ղանտա Էլ Ղամիի ժողովրդագրական պատկերին փոփոխութիւնը պատճառ կþըլլան դպրոցին տեղափոխութեան 1963 թուականին: Շրջանի բնակչութիւնը ցաւ կը յայտնէ այս որոշումին առիթով. Ս. Նաճարեան կը գրէ. ՙՄահմետական ընտանիքներ մինչեւ իսկ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն իրենց աղջիկ զաւակները արձանագրելու Հռիփսիմեանց վարժարան եւ անոնց դաստիարակութիւնը վստահելու հայ քոյրերուն՚: Այս անգամ անոնք կը հաստատուին Ճունիի Զմմառեան Միաբանութեան շէնքին մէջ: Մինչեւ Ֆանարի վերջնական կայքին հաստատումը Հռիփսիմեանց կը գործէ Ճունիի մէջ: Այս շրջանին Մայր Ատրինէի կողքին իր ձեռնհասութեամբ եւ վճռակամութեամբ աչքի կը զարնէ քոյր Սեսիլ Քէհէեան, որուն անունը համարեա կը շաղկապուի վարժարանին հետ. ան կ'ըլլայ հեղինակաւոր ներկայութիւն Լիբանանի կրթական կեանքին մէջ: Ան կ'իրականացնէ քոյրերուն վաղեմի երազը` հեւ ի հեւ վազելով նորակառոյց շինութեան ամբողջականացման համար: Ճունիի մէջ իրենց տիրական ներկայութեամբ վարժարանին փայլք կու տան հայագիտութեան մարզին մէջ երկու կարկառուն մտաւորականներ` Գէորգ Պաղճեան (Վազգէն Այգունի) եւ Հրաչ Քաջարենց:

Ֆանարի դպրոցաշէնքի հիմնարկէքին պատմական օրը տեղի կ'ունենայ 8 Օգոստոս 1973-ին: Անոնք վերջնականապէս իրենց նոր Տունը կը փոխադրուին 31 Օգոստոս 1975-ին: Լիբանանի դէպքերուն պատճառով նոր դպրոցին բացման պատմական հանդիսութիւնը կը ձգձգուի մինչեւ 1978 Մարտ 19-ին, երբ այդ օր պետական, հոգեւոր, քաղաքական եւ ժողովրդային հոծ ներկայութեամբ կը կատարուի նորակառոյցին նշեալ արարողութիւնը: Դպրոցին հզօրացման համար կը կազմուի ծնողական վարչութիւնը 1977 Դեկտեմբեր 22-ին: Պայմաններու փոփոխութեանց հետ եւ ժամանակին համահունչ ըլլալու համար դպրոցը 1974-1975 տարեշրջանէն կը դառնայ երկսեռ: Վաստակաշատ քոյր Սեսիլին կը յաջորդէ քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան (1991-էն), իսկ 2006-էն տնօրէնութիւնը ստանձնած է քոյր Արմինէ Մակարոսեան:

Սոյն հետաքրքրական պատմական ակնարկէն ետք յուշագրութիւն մը եւ երեք ելոյթներ (յապաւուած) տեղ գտած են գրքոյկին մէջ, որոնք կþարծարծեն կրթամանկավարժական այժմէական հարցեր. առաջինը` ծնողական վարչութեան կազմութեան, երկրորդը` Հռիփսիմեանցի նորակառոյց համալիրին հանդիսաւոր բացումին, երրորդը` Հռիփսիմէի արձանին բացումին եւ չորրորդը` վարժարանին 75-ամեակին փակման հանդիսութեան: Ապա` երեք գրութիւններ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին առօրեայէն քաղուած` հետաքրքրաշարժ վրձինումով մը, ինչպէս` Գեր. Պետողլեանի մէկ հնարքը, Մալաթիոյ հայ սուրբին (Սուրբ Առաքել) հրաշագործութիւնը: Շատ խորիմաստ է վերջին գրութիւնը` ՙԴպրոցը պարտէզ մըն է, աշակերտները` ծաղիկներ՚...: Իսկ փոխան վերջաբանի` ՙՀայկական Մանկապարտէզը` Յուսալի Ապագայի Մը Գրաւական՚:

Այս գործը պատրաստուած էր Հռիփսիմեանց վարժարանին 90-ամեակին առիթով (2012), սակայն լոյսին եկած է 2015-ին: Նաեւ աշխատանքը կը զուգադիպէր ծնողական վարչութեան կազմութեան 35-ամեակին: Գիրքին լոյսընծայման աջակցած են Միհրան եւ Ժոէլ Նաճարեաններ: Հեղինակը շնորհակալութիւններ կը յայտնէ քոյր Արմինէ Մակարոսեանին, Արամ Գարատաղլեանին եւ Ռաֆֆի Պէրպէրեանին (Ֆօթօ Ռաֆֆի): Գրքոյկը ճոխացած է արխիւային լուսանկարներով:

Գրքոյկը դասական առումով յուշամատեան մը չէ կամ խորազնին պատմական ուսումնասիրութիւն մը, բայց քարոզչութեան եւ դպրոցին ծանօթացման նպաստող ներդրում մը: Երանի՜ բոլոր հայ կրթօճախները ունենան նման մատչելի գրքոյկներ` փրկելու համար հարուստ պատմութեան մը պատուաբեր էջերը, որոնք կրնան օր մը չքանալ ժամանակի փոշիին ծանրութեան տակ: Անոր համար գործին ատակ նուիրեալներ են պէտք. կա՞ն նման նուիրեալներ:

 

Աւետիս Ռազմիկ/ Արարատ Պէյրութ