image

Անգարան Անհանգիստ է.Թուրքիոյ Համար Նոր Հանգրուան Մը Կրնայ Բացուիլ. Սագօ Արեան

Անգարան Անհանգիստ է.Թուրքիոյ Համար Նոր Հանգրուան Մը Կրնայ Բացուիլ. Սագօ Արեան

Թուրքիոյ    հարաւ- արեւելեան        քաղաքներուն  մէջ    զինուորական     թէժ   գործողութիւններ   տեղի կ'ունենան: Անցեալ  Յունիսէն  ի վեր  Թուրքիան   մտած է    նոր փուլ մը, ուր   ամէնէն բարձր  խօսքը   բռնութեանն է:    Էրտողանի  իշխանութիւնը, որ փորձեց ամէն գնով    նոյնիսկ ընտրութիւնները   կրկնելով ապահովել իր   իշխանութեան  օրինականութիւնը, այսօր տագնապահար է:      1 Նոյեմբերին կայացած ընտրութիւններէն ետք ճիշդ է, որ       «Արդարութիւն  եւ զարգացում» կուսակցութիւնը    կարողացաւ  առանձինն նոր կառավարութիւն  կազմել, բայց  եւ այնպէս    Թուրքիան   դարձաւ բաւականին  անհանգիստ երկիր: Ներքին  ճակատին վրայ     արագ   եւ վճռական  քայլեր  կատարելու անզօրութիւնէն բացի  նաեւ արտաքին  ճակատին վրայ       մասնաւորապէս  Էրտողանի  անզիջող  դիրքերը    կը   տանէին   դէպի  շատ աւելի   մեծ սխալներու հանգրուան մը:

 Նէօ-օսմանիզմի   հանդերձանքով  երեւացող     երկրին համար պատերազմական  դրութիւնը  լաւագոյն  առիթ էր մաքրելու    ոչ միայն  PKK-ի  (Քրտական աշխատաւորական  կուսակցութիւն)  հետ անցեալէն ժառանգուած  հաշիւները, այլ հարուածելու  նաեւ    Սուրիոյ  սահմանային հատուածներուն  մէջ եղող եւ  սուրիական պատերազմի այս հանգրուանին  կարեւոր     դիրքեր ունեցող    PYD-ն (Ժողովրդային  պաշտպանութեան  ջոկատներ): Այս  երկու    ծրագիրները  սակայն      զարնուեցան       մեծ  արգելքներու: Նախ  այն, որ          վերջին  երեք  ամիսներուն  Թուրքիոյ բանակը  չկարողացաւ         իր տիրապետող ներկայութիւնը տարածել     Տիարպէքիրի,  Ճիզրէի, Սիլոբիի, Նուսայպիի եւ այլ շրջաններու մէջ,  այլ      ցայսօր կը տանի մահ ու կենաց պայքար: Նոյն        լարուածութիւնը  երեւելի է նաեւ    քաղաքական  հարթակին վրայ  ու  հակառակ    գործադիր իշխանութեան   ամբողջական լծակներուն          Քրտամէտ  HDP-ն կը  փորձէ ամէն գնով  հակազդել  ստեղծուած   ծանր իրավիճակին: Տագնապին  մէջ  նաեւ կարեւոր հանգամանք ունի   տնտեսական  երեսը եւ յատկապէս   Ռուսական  կործանիչին խոցումէն  ասդին      Թուրքիոյ  զբօսաշրջային ոլորտը   ծանր  կորուստներ  կը  գրանցէ:   Գաղտնիք ալ չէ, որ եթէ  այս  իրավիճակը    երկար տեւէ,  լուրջ վնասներ կրնայ կրել  թրքական  լիրան:    Էրտողանի  իշխանութեանց համար  ամէնէն  անսպասելի  քաղաքական  ապտակը  կու գար  ՆԱԹՕ-էն:   Ռուսիոյ հետ  անոր ունեցած  հակամարտութեան  ֆոնին  Էրտողան ոչ միայն չկարողացաւ   իր     ամենամօտիկ դաշնակիցներուն նեցուկը  ստանալ, այլ մէկէ  աւելի  ՆԱԹՕ-ի պատասխանատուներ  բարձրաձայնեցին այն  միտքը, որ Թուրքիան   այլեւս մեզի  տալիք մը չունի հաստատելով, թէ «ժամը հասած է Թուրքիայէն  ձերբազատուելու»:     Բացորոշ է, որ  սուրիացի գաղթականներուն  դիմաց    մեծ   մտավախութիւններ ունեցող Եւրոպային համար  այսօր   կարեւոր է մէկ բան՝ հեռու  պահել գաղթականներու  ներհոսքը  դէպի եւրոպական ափեր: Այստեղ  Էրտողան   յաջողեցաւ  դրամական  կարեւոր    մուտքեր ապահովել՝ միշտ    Եւրոպայի դէմքին ճօճելով     գաղթականները  ծովով ու ցամաքով դէպի  Եւրոպական  քաղաքներ  ուղարկելու  դրօշը: Սակայն այս կէտէն բացի   Էրտողան  ձախողեցաւ համոզել    արեւմուտքը (նաեւ Միացեալ Նահանգները),  որպէսզի  պատրաստուին    մտնել նոր ճակատումի մը, որուն գլխաւոր  խորագիրը  պիտի ըլլար Սուրիան:  Մէկ կողմէ առնուած որոշումները, միւս կողմէ սուրիական գետնի վրայ   գրանցուող  դէպքերը  անանհանգիստ  դարձուցին Թուրքիան: Բացի  ատկէ,       երկրին մէջ  Էրտողանի դէմ          օրէ- օր  աճող        քննադատութիւնները   եւ դժգոհութիւնը   բնականաբար կը պատրաստէին  նոր  հանգրուան մը, որ   լարուած ուժանակի  ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ:   Այսպէս  այս  ընդհանուր  պատկերին դիմաց       Պոլսոյ Սուլթան Ահմէտ  շրջանին   մէջ (12  Յունուար)  եւ գլխաւորաբար    Թուրքիա  այցելող  զբօսաշրջիկներուն դէմ   կատարուած   ահաբեկչութիւնէն  ետք       17 Փետրուարին       կը գրանցուէր  Անգարայի պայթումը:

Երկրի բանակի օդային   զօրաբաժինի սպաներու կեդրոնատեղիին մէջ եղած  պաթումը     բնականաբար կու գար խառնելու բոլոր խաղաքարտերը: Այստեղ պէտք է շեշտադրել երկու հիմնական կէտ՝ առաջին, որ  պայթումը  տեղի  կ'ունենար  երկրի   մայրաքաղաքին ամէնէն անվտանգ համարուած    կէտին մէջ եւ երկրորդ, որ պայթումը կազմակերպողները  թիրախ կ'ընտրէին  բանակին օդաչուները:          Պայթումին  իբրեւ հետեւանք կը սպաննուէին 28  օդաչու սպաներ, ու  երկրի պատմութեան մէջ    այս տրամադիք դէպքը      բազմապիսի պատգամներ  կը յղէր մինչ այդ   ապահով    եւ անվտանգ  վիճակի մը  մէջ եղող իշխանական վերնախաւին:  Տեղին է նշել, որ  Անգարայի  մէջ  տեղի ունեցած  այս  պայթումը  երկրորդն էր,  10 Հոկտեմբեր 2015-ին     տեղի ունեցած եւ HDP-ի (հետեւաբար քիւրտերուն)   խաղաղութեան  մէկ երթը    թիրախ դարձուցած պայթումէն ետք:

Եթէ պատահի, որ  Անգարայի վերջին  պայթումը    կրկնուի,   այդ  կը նշանակէ, որ այսօր Թուրքիոյ մէջ   ընդհանուր դերերը փոխուած են: Անգարայի պայթումէն  ետք մէկէ  աւելի կողմեր շտապեցին   յայտարարել   պայթումը ստանձնելու մասին: Յայտարութիւնները  կը   ստեղծէին   ընդհանուր շփոթ մը: Ատկէ ետք կարելի էր հասկնալ, որ  Էրտողանի  ու AKP-ին համար     ապրող բոլոր  «սատանաները»,       իրարու ձեռք կը մեկնէին հարուածելու համար Անգարայի սիրտը:  Տիարպէքիրի ամէնէն խուլ անկիւններէն մինչեւ Ահզէզ, Իրպիլ,  Սինճար եւ Քանտիլի լեռներ,   քիւրտերը կը  դառնային  մէկ  «բռունցք»: Բնական  է, որ այս  մօտեցումը      նախ եւ առաջ ենթակայական մօտեցում էր, որովհետեւ գետնի վրայ   կը գործէին բացայայտ  «կարմիր գիծեր» եւ այդ գիծերը  բնական է, որ պիտի չթողէին,  որ քրտական  գործօնը  դառնար մէկ եւ ամբողջական: Ի վերջոյ գերտէրութեանց հաշիւներուն մէջ  ալ չկար քրտական նոր պետութեան մը ստեղծման օրակարգը: Բայց եւ այնպէս Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն   կը շտապէին ամէն մէկը իր ազդեցութեան   գօտիներուն մէջ  գործի դնել եւ  շահագործել քրտական     հին- նոր գործօնը:   Քիւրտերուն     հետ  այսօր պատահած դէպքերը  բնական է, որ  շատերուն պիտի յուշեն մեր ժողովուրդին  դէմ եղած       ամէնէն  անմարդկային   պատկերներով  գործուած    ցեղասպանութիւնը, որուն   հանդէպ  նոյնիսկ  այսօրուան քիւրտերուն  շատ մեծ  տոկոսը  յստակ դատապարտում մը չէ կատարած:  Այս  այլ հաշիւ,  սակայն   այսօր  Թուրքիոյ եւ   Արեւմտահայաստանի     տարածքներուն վրայ  գրանցուող  դէպքերը ցոյց կու տան, որ  Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթուրքի           իտէալներուն  ուղիով       մեծ քարտէզի մը մէջ պարփակուած Թուրքիան կը շարունակէ մնալ անհանգիստ ու նոյնիսկ անկառավարելի տարածք մը: Հէքիաթ   պիտի չըլլայ, եթէ   ըսենք, որ պատմական անարդարութիւններու եւ տարբեր  ժողովուրդներու արեան վրայ գոյացած այս երկիրը    շատ   հեռու է բոլոր  ժողովուրդներուն համար   խաղաղ եւ ապահով   հայրենիք մը ըլլալու ընթացքէն:  Այսօր մեծ ընկճում ապրող  Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք   է անդրադառնան, որ սեղանին   վրայ եղող   եւ   երկիրը ամէն պահու     տագնապի տանելու ուժ ունեցող քրտական  խնդիրը      պատմական հիմքեր ունի եւ այդ հիմքերուն մասին  խօսիլը  պատանեկան      երգի կրնայ նմանիլ  այնքան ատեն, որ  հիմնական պահանջատէրին կողմէ բարձրացուելիք        հարցերուն  դիմաց  թուրք ղեկավարներուն ականջները կը շարունակեն մնալ փակ:

Թուրքիոյ  վերջին զարգացումներուն հետ կապուած     համոզիչ դերով հանդէս  կու գայ Հայաստանի    հանրապետութիւնը, որ ցարդ ոչ  մէկ ձեւով  կ'արձագանքէ  տեղի ունեցած   դէպքերուն: Նոյնը կ'ընէ Սփիւռքը,  այն պարզ համոզումով, որ ներկայիս   Թուրքիոյ մէջ  ընթացող   զարգացումներուն մէջ  մենք   ոչ մէկ դերակատարութիւն  չպէտք է ունենանք:  Վարչապետ Տաւութօղլուի    քիւրտերը հայերուն  նմանցնելու փորձերը  եւս  պէտք է հանգիստ      հայացքով  ընդունիլ, որովհետեւ այս բոլորը արդիւնք  են ներքին տագնապի մը:

Մեզի   այս հանգրուանին կը մնայ սպասել, մինչեւ որ ընթացող  գործընթացները        յստակ   ճանապարհի մը առաջնորդեն:   Կարեւոր է նաեւ,   հասկնալ, որ   այսօր  այս հանգրուանին   հասած քիւրտերուն համար  դժուար թէ ետդարձ մը   գոյութիւն ունենայ: Թէ ինչ  իրավիճակ պիտի ստեղծուի յառաջիկայ  օրերուն, ցարդ յստակ  չէ, միայն, թէ յստակ է մէկ  բան, որ      մարտ ամիսը պիտի ըլլայ ծանր  կշիռներու եւ բաւական տրամաթիք  իրավիճակներու  ամիս:

Քիւրտերը   նոր  գետին պիտի ուզեն  ստեղծել: Անոնք չեն յոգնած  ռազմերէն: Անոնց թիւը ստուար է ու     պատրաստ են բոլոր ընտրանքներուն: Միւս կողմէ  իշխանութիւնները պիտի փորձեն դուրս գալ նուազագոյն   կորուստներով, որովհետեւ արտաքին ճակատին վրայ  գրանցուած  մեծ անկումներէն ետք     ներքին ճակատին վրայ, որեւէ    նահանջ  կը նշանակէ, որ Էրտողանի  ուժով   կառավարուող Թուրքիան   պիտի մտնէ նոր հանգրուան մը, որուն  մեծագոյն բացական  կրնայ նոյնինքն Ռէժէփ Թայէպ Էրտողանը  ըլլալ:

 

 Սագօ Արեան

                                                                                                                             «Արարատ»