image
Հրատապ լուրեր:

Հայերէնը կը զուարճանայ (26)

Հայերէնը կը զուարճանայ (26)

Գնահատել

Մեր արդի բառարանները այս բառին կու տան երկու հիմնական նշանակութիւն.

ա) Բուն իմաստով՝ գին մը տալ կամ  կտրել, արժէքը որոշել որեւէ առարկայի:

բ)  Փոխաբերական իմաստով՝ գովել, դրուատել,  արժեւորել առարկայ մը:

Առարկայ ըսելով պէտք է հասկնալ ամէն  գոյակ՝ անձ, անասուն, իր թէ երեւոյթ:

Ստորեւ պիտի փորձենք, վեր ելլելով  այս  ծանօթ նշանակութիւններու ծիրէն, քիչ մը աւելի խորանալ անոր ծննդաբանութեան եւ իմաստաբանութեան մէջ:


*    *   *         

Սկսելու համար ըսենք, որ գրաբարը չէ ունեցած այս բառը,− «Նոր հայկազեան»-ի մէջ (1836) չկայ ան,− զայն չենք գտներ միջին հայերէնի  բառարաններուն մէջ եւս: Կարելի է, ուրեմն, եզրակացնել,  թէ ան յառաջացած է աշխարհաբարի մէջ: Մեր պայմաններուն մէջ քիչ մը դժուար է երեւան հանել, թէ ճիշդ ե՛րբ եւ ո՛վ առաջին անգամ գործածեց այս բառը:

Որքա՜ն նախանձելի են անգլերէնը սերտողները, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունին բառարաններ,-- օրինակ՝ Webster’s-ը,-- որոնք կը նշեն ագլերէն իւրաքանչիւր բառի առաջին գործածութեան աղբիւրը, տարին եւ զայն ընդգրկող բնագրային նախադասութիւնը: Այսուհանդերձ կատարենք նախնական, բոլորովին մօտաւոր  փորձ մը եւ գոհանանք մեր գտածով եւ ունեցածով:

«Նայիրի»-ի տրամադրած բառարաններէն  հնագոյն վկայութիւնը կը գտնեմ հայր Մանուէլ  Ջախջախեանի Հայ-իտալերէն բառարանին մէջ (1837), ուր՝

---իտալերէն estimatore բառին դիմաց դրուած է գնահատ՝ «գին հատանող, գին կտրող» իմաստով: Սա ուրոյն մասնագիտութիւն մըն էր, որ կը  կիրարկուէր շուկայական միջավայրի մէջ եւ կը կայանար ապրանքի մը գինը որոշելու մէջ: Թրքերէն՝ tahmin,  արաբերէն ` تَخْمِين :

---իտալերէն համապատասխան բայն է stimare, որ ֆրանսերէն estimer  է եւ հայերէն տուած է գնահատել: Նոյն տեղը, իբրեւ բացատրութիւն կը գտնենք «stabilire  il prezzo», որ ֆրանսերէն կը թարգմանուի «établir le prix», այսինքն՝ «հաստատել գինը»:

Ինչպէս կը նկատենք, ան փոխաբերական ոչ մէկ նշանակութիւն ունի տակաւին եւ բոլորովին կը մնայ  առեւտրական բառամթերքի ծիրէն ներս, որ է վերը բերուած երկու սահմանումներէն առաջինը՝ գնահատել=գինը կտրել:

1907-ին է միայն, որ Պետրոս Զէքի Կարապետեանի «Հայերէն-օսմաներէն» բառարանին մէջ շատ լայն տեղ տրուած է անոր՝ գնահատ, գնահատական, գնահատել, գնահատեալ, գնահատելի, գնահատութիւն, գնահատում, գնահատիչ, որոնք կ’ընդգրկեն բայիս զոյգ իմաստները հաւասարապէս՝ իրենց բոլոր նրբութիւններով: Անշուշտ  Կարապետեան ինք չհնարեց այս բոլորը, այլ քաղեց զանոնք օրուան մամուլէն ու գրականութենէն:        

Այժմ յաջորդ հարցը,  որ կը յառաջանայ, հետեւեալն է. ինչո՞ւ, ի՞նչ թելադրանքով առարկայի մը արժէքին կամ գինին որոշումին մէջ դերակատար է կտրել բայը. ո՞ւր է կապը, ինչո՞ւ կտրել հոն, ուր կտրուող ոչինչ կայ:


*   *   *        

Վերը ըսինք, որ գրաբարը չէ ունեցած գնահատել բայը, սակայն ան ունէր  «հատանել գին» յարադրական բարդութիւնը, որ թարգմանուած է «որոշել զգին» (էջ 552բ), այսինքն՝  «գին մը որոշել, սահմանել, դնել»: Այլ խօսքով՝ սա բոլորովին կը նոյնանայ աշխարհաբարի գնահատել բայի ա. նշանակութեան հետ: Ուրեմն աշխարհաբարը այդ յարադրական  բայը պարզապէս վերածած է համադրականի՝ հատանել զգին> գնահատել:

Աստուածաշունչը 128 անգամ կիրարկած է հատանել բայը, որոնց մի՛այն մէկը «գին հատանել» է. «Ընդ վաճառականս՝ անձանց նոցա գինս հատանէր» (Բ. Մակաբայեցւոց, Ը/14),− այսինքն՝ «Վաճառականներուն հետ՝ անոնց անձերուն գինը կ’որոշէր»,− այլ խօսքով՝ «կը գնահատէր զանոնք»: Հատուածը կ’ակնարկէ  հազարամեակներու հնութիւն ունեցող մարդավաճառութեան, որ այլուր նշուած է «գերեվաճառութիւն» անունին տակ եւ   միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է: Մարդավաճառութիւնը Ռուսիոյ եւ Ամերիկայի մէջ գոյատեւած է մինչեւ Ժթ. դարու կէսերը, իսկ Թուրքիոյ մէջ՝ մինչեւ Համաշխարհային առաջին պատերազմը: Թող որ ոչինչ կը հաստատէ, թէ ան բոլորովին չքացած ըլլայ ներկայիս, ուր Ափրիկէի (մի՞այն) մէջ անչափահաս աղջիկներ կը վաճառուին քանի մը այծի կամ  լաւագոյն պարագային ուղտի մը փոխարէն՝ յետ սակարկութեան...

Ուրեմն աշխարհաբարի գնահատել բայը, իր ա. իմաստով, բոլորովին պատճէնուած է գրաբարի   գին հատանել բառակապակցութեան վրայ:

Նոյն  գաբարին բոլորովին անծանօթ է բայիս փոխաբերական բ. նշանակութիւնը, որ, ինչպէս տեսանք, յառաջացած է աշխարհաբարի մէջ: Միւս կողմէ՝ «Նոր հայկազեան»-ը որեւէ  տուեալ չի հայթայթեր, մէկ կողմէ՝  հատանել բայի եւ միւս կողմէ՝ առարկայի մը գինը, նիւթական արժէքը որոշելու միջեւ  գտնուող առնչութեան:

Այդ կապը գտնելու  համար պէտք է խորանալ պատմութեան մէջ:

                                                                               *    *    *

Ընդհուպ՝ հազարամեակներ ետ երթալ՝ հասնելու համար այն վաղնջկան ժանակներուն, ուր տակաւին դրամ ըսուածը գոյութիւն չունէր որեւէ ձեւի տակ՝  ո՛չ թղթադրամ, ո՛չ մետաղադրամ: Սակայն ծանօթ էին կարգ մը թանկագին մետաղներ, ինչպէս՝ ոսկին, արծաթը,  պղինձը, եւ առեւտուրը տեղի կ’ունենար ասոնցմով[1]: Գործառնութիւնը կը սկսէր «սակ արկանել»-ով,  այսինքն՝ գին մը դնելով, նշանակելով, մենք կ’ըսենք՝ սակարկել: Որուն կը յաջորդէր գնահատումը, որ է որոշուած  գինին համեմատ  տուեալ մետաղի մէկ մասին հատումը, կտրումը: Սա իսկական հատում մըն էր. գնորդին ունեցած մետաղի մէկ մասին հատումը՝ ըստ սակարկութեամբ որոշուած գինին:

Հատանել բայը հետագային ստացած է ուրիշ կիրարկութիւններ՝ շարունակելով մնալ բուն նշանակութեան ծիրէն ներս. օրինակ՝ դրամ կամ ոսկի հատանել, որ էր արքաներու կամ տիրակալներու ոսկեդրամ ձուլելը,այսինքն՝ անոնց ունեցած ոսկիի զանգուածէն՝ փոքր միաւորներու ձեւաւորումը: Թղթադրամ տպելը այսօր ալ կը կոչուի «դրամ կտրել»:

Աշխարհաբարի մէջ ալ յառաջացած է «ոսկի կտրել» ասոյթը, ուր  հատանել փոխարինուած է կտրել-ով եւ   հոմանիշ է բարգաւաճ գործ ունենալու, այլ խօսքով՝ շատ դրամ շահելու. «Թորոսը ամբողջ օրը ոսկի կը կտրէ կոր»,_ Ռամսէս պիտի ըսէր...աճ ուճա: 

 

             Մրցոյթ 19.  Լուծում.

            ***Համաճարակի հետեւանքով թռիչքները առկախուեցան:

            ***Նախընտրութիւնը տրուած է Արաբական Էմիրութեանց:

      ***Արգելքի որոշումը տրուած է, երբ Անգարա «Պայրաքտար» վաճառած է Ուքաինիոյ:

            ***Միջադէպին  հետեւանքով մարմնական վնասուածք կրած են կողմերը:

          ***Կը թուի, թէ Մոսկուա կացութիւնը հանգուցալուծելու նպատակ չունի:

 

Ճիշդ պատասխանած են՝   Գէորգ Եազըճեան (8), Ալին Գոճակէօզեան (6), Վահէ Աբէլեան (4), Յարութիւն Կոպէլ (7),  Գրիգոր Դաւիթեան (8), Ռաֆֆի Ստեփանեան (6), Մանուէլ Ֆարաճեան (10), Յովիկ Աթոքեան (6), Արմէն Պաղտոյեան ( 4), Համբարձում Յարթունեան (6), Ցոլակ Ապտալեան(5), Գրիգոր Սիմոնեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (10), Համո Ապտալեան (2),  Դանիէլ Թիւֆենքճեան(7),  Եփրեմ Թոքճեան (9):

            Մրցոյթ 20.

          ***Կ’արտադրենք պղինձ, որ անգամներով աւելի թանկ է քան հանքաքարը:

            ***Խաղաղութեան մէջ որդիները կը թաղեն իրենց հայրերը, իսկ…(լրացնել ասոյթը):

            ***Տօնական օրերուն մաքուր զգեստներ կը հագուէինք,  կը լոգնայինք, կը սափրուէինք:

        ***Մաղթելի է կառուցումը ոչ միայն պոլսական, այլ համաթրքահայ  դրամատան մը:

            ***Եկեղեցին եւ պետութիւնը ունին երկու մեծ թշնամիներ՝ անարդար թագաւորը եւ տգէտ հոգեւորականը:

 

Արմենակ Եղիայեան



[1] Առեւտուրի ուրիշ ձեւ մըն էր փոխանակումը. գիւղացին իր որեւէ մէկ ունեցածը կու տար ուրիշին՝ ստանալու համար անկէ իր մէկ չունեցածը. օրինակ՝ հացահատիկ կու տար ու փոխարէնը արջառ կ’առնէր:  Փոխանակումը շուկայական բոլորովին անհետացած իրողութիւն չէ ներկայիս: