image

Հայաստանի ղեկավարները պատերազմէն առաջ անտեսած են ներդրողի՝ զրահամեքենաներ արտադրելու առաջարկը

Հայաստանի ղեկավարները պատերազմէն առաջ անտեսած են ներդրողի՝ զրահամեքենաներ արտադրելու առաջարկը

Հայաստանի ներկայ ղեկավարները կը մեղադրեն նախկինները, երբ երկրին մէջ սխալ բան մը պատահի: Պատերազմը պարտուելուն մէջ եւս մեղադրեցին նախկին նախագահները։ Անոնք ոչ մէկ պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն իրենց սեփական թերութիւններուն համար, հակառակ անոր, որ արդէն երեք տարիէ ի վեր իշխանութեան ղեկը իրենց ձեռքն է։ Թէեւ նախկին ղեկավարները կարելի է մեղադրել բազմաթիւ անօրինականութիւններու համար, բայց այսօրուան ղեկավարները եւս ունին թերութիւններու իրենց բաժինը։

Ահա՛ փայլուն օրինակ մը, թէ ինչպէ՞ս ներկայ ղեկավարները ամբողջովին սխալ վարուած են ազգային ապահովութեան կարեւորագոյն նախագիծին հանդէպ, որուն համար անոնք լիովին մեղաւոր են: Այսպիսի օրինակներ շատ-շատ են։

Արտակ Թովմասեան անունով հայ գործարար մը ունէր համապատասխան կապեր եւ փայլուն գաղափար մը՝ Հայաստանի մէջ գերժամանակակից զրահամեքենաներ արտադրելու, ապա անոնց մէկ մասը Հայաստանի կառավարութեան նուիրելու: Կը թուէր, թէ Հայաստանի պաշտօնեաները կ՛ողջունեն այդպիսի արժէքաւոր առաջարկ մը եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն՝ նպաստելու համար ներդրումային այս կարեւոր հնարաւորութեան, որ մեծ նշանակութիւն ունի ազգային  ապահովութեան  առումով։ Ասիկա անհաւանական պատմութիւն մըն է Հայաստանի մէջ ապաշնորհ եւ անտարբեր պետական ​​բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասին, որոնք չկրցան օգտուիլ այս եզակի առաջարկէն։

2018ին,  Հայաստանի  վարչապետի  պաշտօնին  Նիկոլ  Փաշինեանի   իշխանութեան  գալէն անմիջապէս ետք Թովմասեան տեսակցեցաւ անոր հետ եւ առաջարկեց միլիոնաւոր տոլարներ ներդնել Հայաստանի մէջ` 30 տարուան փորձ ունեցող զրահամեքենաներու յայտնի արտադրող, քանատական Streit Groupին հետ, որ գործարաններ ունի աշխարհի հինգ երկիրներու՝   Քանատայի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յորդանանի, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի մէջ: Վեցերորդ նման գործարան մը պիտի հիմնուէր  Հայաստանի մէջ։ Ներդրումներու ընդհանուր գումարը կրնար հասնիլ 20 միլիոն տոլարի՝ ներառելով ռազմական ոլորտի կապուած այլ ներդրողներ եւս: Նախագիծը նաեւ աշխատանքի հարիւրաւոր կարելիութիւն պիտի ստեղծէր:

2018ին, վարչապետ Փաշինեան հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց նախագիծին նկատմամբ եւ ըսաւ իր օգնականներուն, որ հետամուտ ըլլան այս ծրագրին: Ցաւալի է, որ Փաշինեանի ընտրած պաշտօնեաներուն անգործունեայ ըլլալուն եւ անփութութեան պատճառով, երեք տարի ետք նոյնիսկ, ցարդ ոչ մէկ յառաջընթաց արձանագրուած է այս կարեւոր նախագիծին ուղղութեամբ, հակառակ վարչապետին հետ Թովմասեանի ունեցած հետագայ քանի մը  հանդիպումներուն: Այս զրահամեքենաները շատ օգտակար կ՛ըլլային անցեալ տարուան Ատրպէյճանի հետ պատերազմին՝ փրկելով հայ զինուորներու անհամար կեանքեր: Ցաւօք, հայ պաշտօնեաները անուշադրութեան մատնեցին այս նախագիծը՝ ինչպէս պատերազմէն առաջ, ընթացքին եւ անկէ ետք:

Թովմասեանի առաջարկը՝ յառաջիկայ 10 տարիներու ընթացքին եւ աստիճանաբար, մօտաւորապէս 1300 զրահամեքենայ արտադրել, իսկ անոնց 130ը հայկական զինուած ուժերուն ձրի նուիրելն էր: 450 հազար տոլար կամ աւելի արժողութեամբ իւրաքանչիւր մեքենայի պարագային, նուիրուած զինական արհեստագիտութեան  ընդհանուր արժէքը պիտի կազմէր աւելի քան 60 միլիոն տոլար:

Իր կարգին, Թովմասեան Հայաստանի կառավարութենէն խնդրեց, որ իրեն տրամադրէ անհրաժեշտ  հողատարածք  այս  արտադրական  գործարանը  ազատ  արդիւնաբերական գօտիի մէջ հիմնելու համար: Պատահաբար, ան տեղեկացուած էր Երեւանի ծայրամասը գտնուող՝ չօգտագործուած  դատարկ  հողամասի մը մասին, որ կը պատկանէր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան: Նախագիծը չիրականացուելու պարագային, ներդրողը պարտաւոր էր նուիրուած հողատարածքը Հայաստանի կառավարութեան վերադարձնել:

Քովս են վերջին երեք տարիներու ընթացքին  Թովմասեանի  ընկերութեան («Առաջին արդիւնաբերական գօտի») կողմէ հայ պաշտօնեաներուն յղուած մէկ տասնեակէ աւելի նամակները՝ ուր կը խնդրուի  հաստատել Թովմասեանի առաջարկած նախագիծը: Այսուամենայնիւ, հակառակ պատասխան մը ստանալու համար բազմիցս կատարուած խնդրանքներուն՝ Հայաստանի կառավարութիւնը չէ պատասխանած Թովմասեանի:

Հայաստանի կառավարութիւնը Թովմասեանի առաջարկը փոխանցեց միջ-գերատեսչական յանձնախումբին՝ յանձնարարելով քննարկել նախագիծը։ Միջ-գերատեսչական յանձնախումբին մէջ ընդգրկուած են Հայաստանի տնտեսութեան, ելեւմուտքի, բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու, արդարադատութեան նախարարութիւններու, պետական եկամուտներու կոմիտէի, քաղաքաշինութեան կոմիտէի, առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի, արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան ներկայացուցիչներ։ Զարմանալի է, որ միջ-գերատեսչական յանձնախումբին մէջ ոչ ոք ընդգրկուած էր պաշտպանութեան նախարարութենէն՝ ռազմական նախագիծը պատշաճ գնահատելու համար: Միջ-գերատեսչական յանձնախումբի ուղեցոյցները կը պահանջեն, որ անիկա աշխատանքային քսան օրուան ընթացքին քննարկէ եւ կառավարութեան ներկայացնէ  սեղան եկած որեւէ առաջարկ: Սակայն, այդ վերջնական ժամկէտը շատոնց անցած է՝ հակառակ կատարուած քանի մը յիշեցումներու:

Այս պատմութեան ամէնէն զարմանալի մասը 6 Մարտ 2021ին, ֆէյսպուքեան անսպասելի գրառումն էր տնտեսութեան նորանշանակ նախարար Վահան Քերոբեանի, որ ուսողութեան (Mathematics) ճիւղը աւարտած է, սակայն անտեղեակ է տնտեսագիտութենէն:

Նախարար Քերոբեան ամբարտաւանօրէն գրեց. «Իրականութեան մէջ, ես կասեցուցած եմ այս արդիւնաբերական գօտիին կապուած նախագիծի որոշման կայացումը, որովհետեւ այդ մէկը ծիծաղելիօրէն կ՛արհամարհէր Հայաստանի քաղաքացիներուն շահերը»։ Իրականութիւնը այն է, որ նախարար Քերոբեան ի վիճակի չէր կասեցնելու այս նախագիծը երկու պատճառով. 1) Իբրեւ վերջերս նշանակուած նախարար, ան նոյնիսկ ներկայ չէր հոն, երբ այս նախագիծը ներկայացուեցաւ վարչապետին եւ այնուհետեւ յղուեցաւ միջ-գերատեսչական յանձնախումբ։  2) Այս նախագիծը հաստատելու կամ մերժելու մասին որոշումը միայն կրնան  կայացնել միջ-գերատեսչական յանձնախումբը եւ վարչապետը:

Այսուհանդերձ, Նախարար Քերոբեան շարունակեց աւելի տարօրինակ պահանջներ ներկայացնել: Ան գրեց․ թող Թովմասեան «երկու շաբթուան ընթացքին ծրագիրը ներկայացնէ կառավարութեան՝ առ ի  հաստատում, իսկ եթէ 9 հեքթար հողակտորը Երեւանի մէջ կ՛ուզէ վերցնել իր կողմէ եղած չնչին ներդրման խոստումին դիմաց, ապա ես կը մնամ կարծիքիս վրայ՝ ըսելով որ ասիկա ոչ թէ ներդրումային ծրագիր է, այլ Հայաստանի քաղաքացիներու կողոպուտ։ Մենք նաեւ առաջարկած ենք այս գործարքը իրենց պայմաններով եւ հարկային արտօնութիւններով իրագործել Երեւանէն տարբեր այլ քաղաքի մը մէջ, բայց, անհասկնալիօրէն,  Երեւանի նոյն այդ թանկարժէք հողակտորն է, որ  իրենց պէտք է, արտադրական այս գօտիին համար»։

Նախարար Քերոբեան մոլորութեան մէջ կը ձգէ հասարակութիւնը: Թէեւ քանի մը տարիէ ի վեր Հայաստանի կառավարութիւնը չէ արձանագրած առաջարկին, սակայն կը պնդէ, որ պիտի պատասխանէ երկու շաբթուան ընթացքին: Ինչո՞ւ չէ արձագանգած այս առաջարկին, անցեալ տարուան Նոյեմբերին նշանակուելէն ի վեր: Փաստը այն է, որ կառավարութիւնը երբեք հակադարձ առաջարկ չէ ըրած եւ զայն երբեք չէ քննարկած ներդրողին հետ։ Ի դէպ, նոյնինքն պաշտպանութեան նախարարութիւնն է, որ Թովմասեանի առաջարկած է հողակտոր Երեւանի ծայրամասը, ոչ թէ անվճար, այլ՝ գնելու համար։

Վերջապէս, Քերոբեանի կողմէ խիստ ոչ մասնագիտական է ֆէյսպուքեան գրառմամբ արձագանգել բազմամիլիոն արժողութեամբ ռազմական արտադրանքի ներգրաւման լուրջ առաջարկին: Ցաւօք, այս մէկը կ՛արտացոլէ նախարարին ստանձնած աշխատանքի որակաւորման բացակայութիւնը:

Ամփոփելով, Հայաստանը պատերազմի մէջ պարտուեցաւ շատ մը պատճառներով, բայց այսպիսի վարքագիծ ոչ որակեալ նախարարի մը եւ անտեղեակ կառավարութեան մը կողմէ վստահութիւն չի ներշնչեր, որ անիկա կրնայ շուտով ներդրողներ ներգրաւել եւ բարելաւել երկրին տնտեսական ողբալի վիճակը:

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան