image

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դարձեալ դատ կը բանայ Թուրքիոյ դէմ

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դարձեալ դատ կը բանայ Թուրքիոյ դէմ

2015ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը (կեդրոնը՝ Լիբանան, Անթիլիաս) դատական հայց ներկայացուց Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ՝ վերջինէս պահանջելով՝ իրաւատիրոջ վերադարձնել կաթողիկոսութեան պատմական նստավայրը, որ կը գտնուի Թուրքիոյ Սիս քաղաքին  մէջ  (ներկայիս՝  Ատանայի  նահանգի  Քոզան  շրջանը) եւ  որ  բռնագրաւուած  էր 1921ին:

Կաթողիկոսութիւնը ի սկզբանէ իր հայցը ներկայացուցած էր ուղղակի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան, քանի որ այս դատը կը բարձրացնէր պատմական սեփականութեան իրաւունքի հարցեր, որոնց վերաբերեալ ստորին ատեանի դատարանները իրաւասութիւններ չունէին: Արդարադատութեան նախարարութեան պահանջով՝ Սահմանադրական դատարանը իրեն ներկայացուած դիմումը փոխանցեց աւելի ստորին ատեանի դատարան:  Սակայն, 2016ին, Կաթողիկոսութիւնը այս վճիռին դէմ բողոքեց Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ: Եւրոպական դատարանը, 2017ին, մերժեց Կաթողիկոսարանի 900 էջնոց դիմումը՝ զայն համարելով անընդունելի, որովհետեւ անիկա մինչ այդ չէր ներկայացուած տեղւոյն իրաւական բոլոր միջոցներուն, օրինակ՝ Թուրքիոյ ստորին ատեանի դատարաններուն:

Այնուհետեւ, Կաթողիկոսութիւնը դարձեալ դիմում ներկայացուց 2019ին, այս անգամ Քոզանի (Սիս) թրքական աւելի ստորին ատեանի դատարանին: Քորոնա ժահրի համավարակին պատճառով՝ յաջորդական երկու յետաձգումներէ ետք, Քոզանի քաղաքացիական դատարանին մէջ 30 Մարտ 2021ին վերջապէս տեղի ունեցաւ նախաքննական դատական նիստ՝ որոշում կայացնելու համար, թէ արդեօք կա՞յ հիմնաւոր պատճառ դատաքննութիւնը սկսելու համար:

Քոզանի քաղաքապետարանին եւ Թուրքիոյ կառավարութեան գանձապետարանին դէմ Կաթողիկոսութեան դիմումը կը պաշտպանեն միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու խումբ մը, թուրք փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլուն եւ թրքահայ փաստաբան Սեդրակ Տաւութհանը՝ իբրեւ խորհրդատու։

Սթամպուլի մէջ լոյս տեսնող «Ժամանակ» հայկական թերթը վերջերս հաղորդեց, որ ըստ փաստաբան Սոֆուօղլուի, 30 Մարտին տեղի ունեցած դատական նիստը նպատակ ունեցած է յստակացնել դիմում ներկայացնողին հանգամանքները, լիազօրութիւնները եւ հարցին ժամկէտը անցած ըլլալու հաւանականութիւնը: Քոզանի քաղաքապետարանը եւ գանձապետարանը ներկայացուցած են իրենց հակափաստարկները՝ պնդելով, որ դիմում տուողը չունի պաշտօնական կարգավիճակ (իրաւաբանական անձ մը չէ) եւ օտարերկրացի տարր մըն է։ Պատասխանողները նաեւ նշած են, որ  դատական  նիստը սկսելէ առաջ, դիմում ներկայացնողը՝ իբրեւ արտասահմանեան տարր, պէտք է որ իր պահանջածին 15 առ հարիւրի չափով գրաւոր երաշխիք ցոյց տայ դատարանին՝ ըստ Թուրքիոյ իրաւական համակարգին։ Այս մասին «Ժամանակ» թերթը մէջբերած է նաեւ դատաւորին ուղղուած Սոֆուօղլուի խօսքը, որով կը պարզուի, որ Կաթողիկոսութիւնը արդէն դատարան ներկայացուցած է պահանջուած փաստաթուղթերը: Ասոր հիմամբ՝ դատաւորը համաձայն գտնուեցաւ ընթացք տալու եւ քննարկելու հայցադիմումին բովանդակութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ, որ դատարանը մերժեց քաղաքապետարանի եւ գանձապետարանի կողմէ բարձրացուած առարկութիւնները եւ որոշեց, որ դատական գործընթացը կրնայ վերջնականօրէն շարունակուիլ: Դատական յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 6 Մայիս 2021ին: Սոֆուօղլուի գնահատմամբ՝ այս մէկը կը համարուի շատ դրական զարգացում:

Այժմ դատավարութիւնը պիտի գործադրուի ենթադրեալ քանի մը փուլերով։ Սոֆուօղլու կը նախատեսէ, որ դատարանը նախ պիտի հաւաքէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցած փաստերը: Այս նպատակով համապատասխան աշխատանք պիտի տարուի պաշտօնական արխիւներու եւ կալուածային արձանագրութիւններու պետական մարմիններու հետ։ Փաստերու հաւաքագրման պիտի յաջորդէ հետազօտա-հետախուզական փուլը։ Ըստ Սոֆուօղլուի՝ դատարանը, ամենայն հաւանականութեամբ, աւելի ուշ կրնայ եզրակացնել, որ այս հարցը գլուխ հանելու համար անհրաժեշտ է նշանակել մասնագէտ մը: Նման մասնագէտներ սովորաբար կ՛ընտրուին Ատանայի շրջանի համալսարաններու ակադեմական շրջանակներէն։ Թէեւ դատարանները միշտ լիազօրութիւնը ունին այս աշխատանքը ինքնուրոյն իրականացնելու, սակայն կը նախընտրեն նշանակել մասնագէտ մը։

Վերջաւորութեան, եթէ Կաթողիկոսութեան հայցը մերժուի, ինչպէս որ կ՛ակնկալուի Թուրքիոյ ստորին ատեանի դատարանին կողմէ, ապա այդ մերժումին դէմ բողոք կը բարձրացուի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մէջ եւ հոն եւս հնարաւոր մերժումէ ետք Կաթողիկոսարանը կրնայ նոր, այս անգամ պատշաճ բողոքի հայց ներկայացնել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան, ուր, յոյսով ենք, որ չեն մերժեր դիմումը՝ թեքնիք պատճառներէ մղուած:

Թէեւ այս հայցը ներկայացուած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ՝ իր պատմական նստավայրին վերատիրանալու նպատակով, սակայն անիկա, իրականութեան մէջ, շատ աւելի նշանակալի է, քան իբրեւ առանձին գործ։ Հայցը կապուած է հայ ժողովուրդի աւելի մեծ ջանքերուն՝ հետապնդելու իր իրաւական պահանջները, որպէսզի վերատիրանայ 1915էն 1923 թուականներուն, Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ բռնագրաւուած իր բոլոր սեփականութիւններուն եւ ունեցուածքներուն։  Որքան ճիշդ նշած է Արամ Ա. կաթողիկոս՝ ըսելով. «Ասիկա այն պահն է, երբ մենք (Ցեղասպանութեան) ճանաչման փուլէն կ՛անցնինք հատուցման փուլ»: Իսկ Մայիս 2015ին, ան «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին հետեւեալ պատասխանը տուած է․ «100 տարի անց մտածեցի, որ ժամանակն է, որ մենք շեշտը դնենք հատուցման վրայ․․․: Ասիկա իրաւական առաջին քայլն է: Ասոր պիտի յաջորդէ մեր դիմումը՝ վերատիրանալու համար բոլոր հայկական եկեղեցիներուն, վանքերուն, եկեղեցւոյ հետ կապուած ունեցուածքներուն եւ, վերջապէս, անհատական սեփականութիւններուն»։

 

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան