image
Հրատապ լուրեր:

Զարմանազանէն՝ զարցանց

Զարմանազանէն՝ զարցանց

Կր­թա­կան ծրա­գիր մը, հա­ւա­նա­կան զօ­րու­թեամբ, մեծ յոյս կը ներշն­չէ ի­րա­կա­նու­թիւն դառ­նա­լու։ «­Նոր ­Յա­ռաջ»-ի ­Փետ­րո­ւար 9-ի թի­ւին մէջ կար­դա­ցինք ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կու­թեան յոր­ձե­ռանդն ե­րե­ւա­կա­յու­թեամբ, կրթա­կան խաղ մը հրա­պա­րակ հա­նած ըլ­լա­լուն մա­սին։ 22 ու­ղե­կից­ներ, ա­ռա­ւել՝ հա­յա­լե­զու ար­հես­տա­գի­տա­կան հար­ցե­րով զբա­ղող մաս­նա­գէտ­նե­րու խմբակ մը, մօտ 50 պա­տա­նի­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, տե­սե­րիզ­նե­րու ար­տադ­րու­թեամբ ստեղ­ծած են 96 աշ­խա­տա­նոց­ներ ան­ցեալ ա­մառ, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­կեն­դա­նաց­ման եւ գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար։ Այս նո­րու­թեան առ­թիւ հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն՝ ­Ռազ­միկ ­Փա­նո­սեան ար­տա­յայ­տո­ւած է այս­պէս.- «­Զար­ցանց 2.0-ն ս­տեղ­ծա­գոր­ծե­լու, զո­ւար­ճա­նա­լու, եւ հա­յե­րէն լե­զո­ւի գոր­ծա­ծու­թեան հան­դէպ յանձ­նա­ռու զգա­լու ե­րե­ւոյթ­նե­րու վրայ հիմ­նո­ւած էր, մե­զի տո­ւաւ ամ­բող­ջո­վին նոր հա­յե­ցա­կէտ մը եւ փոր­ձա­ռու­թիւն մը, առ­ցանց աշ­խա­տանք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ, ինչ­պէս նաեւ լե­զու սոր­վե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ա­նոր յա­ջո­ղու­թիւ­նը քա­ջա­լե­րանք պի­տի ըլ­լայ մե­զի. ա­պա­գա­յին պի­տի փոր­ձենք նե­ցուկ կանգ­նիլ նոյ­նան­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու»։

Ա­նոնք ո­րոնք կը հե­տե­ւին ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կու­թեան այս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն տա­րած կրթա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ տե­ղեակ ըլ­լա­լու են որ ­Զար­մա­նա­զան ա­նու­նով ճամ­բար մը հիմ­նո­ւած է ուր աշ­խար­հի ա­մէն կող­մե­րէն կրթա­կան մշակ­ներ կը հա­ւա­քո­ւին, միա­սին ­Հա­յոց լե­զո­ւի, ու­սու­ցիչ­նե­րու պատ­րաստ­ման, հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման հար­ցե­րով աշ­խա­տանք­ներ կը տա­նին։ Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի հա­մա­ճա­րա­կին պատ­ճա­ռաւ, ­Զար­մա­նա­զա­նը այժմ վե­րա­ծո­ւած է ­Զար­ցան­ցի։ Այ­սինքն՝ փո­խադ­րո­ւած է թո­ւա­յին հար­թա­կի վրայ։

­Զար­ցան­ցի 100 բառ պա­րու­նա­կող բա­ռա­րա­նը կը ճո­խա­նայ յա­րա­կից 600 թարգ­մա­նո­ւած բա­ռե­րով, հա­մա­կար­գը ամ­բող­ջո­վին հա­յա­լե­զու դարձ­նե­լով։

Ս­փիւռ­քի ա­րեւմ­տեան հա­տո­ւա­ծին մէջ, ուր լե­զուն օ­րէ-օր քիչ մը ա­ւե­լի կը նո­ւա­ղի, ­Զար­ցան­ցի յա­ջո­ղու­թիւ­նը, գա­լի­քի տե­սիլ­քով, յե­ղաշր­ջում մը կրնայ ըլ­լալ լե­զո­ւի վե­րա­կեն­դա­նաց­ման եւ գոր­ծա­ծու­թեան տե­սա­կէ­տէն։ Այս յա­ջո­ղու­թեամբ, ­Զար­ցանց 2.0-ն, գի­տա­կից է բա­րե­բախ­տա­բար տար­բե­րու­թիւն­նե­րու նրբու­թեան, որ կայ ար­հես­տա­կա­նօ­րէն ստեղ­ծո­ւած միաս­նու­թեան եւ ֆի­զի­քա­կան շփմամբ կեն­դա­նի ներ­կա­յու­թեան մի­ջեւ։

­Կը յու­սանք որ երբ կեան­քը բնա­կա­նոն վի­ճա­կի վե­րա­դառ­նայ, ­Զար­ցանց զանց չ­՚առ­ներ ­Զար­մա­նա­զա­նը, չի ջնջեր եւ կը վե­րա­դառ­նայ նաեւ ­Զար­մա­նա­զա­նի նախ­կին հա­րա­զատ վի­ճա­կին։ Ան­շուշտ թո­ւա­յին հար­թա­կով ու­սու­ցո­ղա­կան յա­ջո­ղու­թիւ­նը պատ­ճառ հան­դի­սա­նա­լու չէ քա­ջա­լե­րե­լով եւ ար­դա­րաց­նե­լով դպրոց փա­կե­լու հե­տա­մուտ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը կամ ան­հատ­նե­րը։ ­Թո­ւա­յի­նը չի կրնար փո­խա­րի­նել դպրո­ցը։ ­Թո­ւա­յի­նը շատ լաւ գոր­ծիք մըն է լրա­ցու­ցիչ դեր կա­տա­րե­լու ա­ռու­մով, մա­նա­ւանդ այն տե­ղե­րը ուր տեղ­ւոյն դպրոց­նե­րը յա­ճա­խող հայ ա­շա­կերտ­նե­րը կա­րե­լիու­թիւ­նը եւ մի­ջո­ցը չու­նին ո­րե­ւէ ձե­ւով հա­յե­րէն սոր­վե­լու։ ­Բա­րե­բախ­տա­բար

­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կու­թիւ­նը օգ­տա­գոր­ծե­լով ար­դի ճար­տա­րա­գի­տու­թեան ըն­ձե­ռած բա­րիք­նե­րը, Ս­փիւռ­քի մէջ, միշտ դպրո­ցա­կան

ցան­ցի ընդ­լայ­նու­մը հե­տապն­դող եւ քա­ջա­լե­րող հաս­տա­տու­թիւնն է։

Ին­չո՞ւ ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կու­թեան ­Զար­մա­նա­զա­նի կամ ­Զար­ցան­ցի այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն ման­կա­վար­ժա­կան ար­դիւն­քը, տա­կա­ւին չ­՚օգ­տա­գոր­ծո­ւիր ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րու ուս­ման ծի­րէն ներս։ Առ այժմ բա­ցա­յայտ չէ պատ­ճա­ռը։

­Շատ հա­ւա­նա­բար շա­տերս ծա­նօթ չենք ար­ձա­նագ­րո­ւած յա­ջո­ղու­թեան եւ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը տի­րէ առ այժմ որ ման­կա­վար­ժա­կան մե­թո­տը, պատ­րաս­տո­ւած փոր­ձա­գէտ կա­րող ման­կա­վարժ­նե­րու կող­մէ, կի­րար­կե­լի չի նկա­տո­ւիր ա­կա­դե­մա­կան ա­ռու­մով, դա­սա­ւան­դու­մի դա­սա­կան ծրագ­րէն ներս։ ­Ման­կա­վարժ­ներ կան ո­րոնք մե­թո­տը բա­ցա­ռիկ կը գտնեն, բայց կի­րարկ­ման տե­սա­կէ­տէն կը խոր­հին թէ ա­տի­կա գոր­ծադ­րե­լի է մաս­նա­ւոր դպրոց­նե­րու մէջ։

­Յա­մե­նայն դէպս, ըստ այդ ման­կա­վարժ­նե­րուն, սա չի նշա­նա­կեր թէ ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րէն ներս գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւանդ­ման մե­թոտ­նե­րը, խայ­տաբ­ղէտ, կա­րիք չու­նին այ­սօր վե­րա­նա­յու­մի եւ ար­դիա­կա­նաց­ման։

Ի՜նչ լաւ կ­՚ըլ­լար, վե­րա­նա­յու­մի ձանձ­րոյ­թը յանձն առ­նէր ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կու­թիւ­նը, ­Զար­ցան­ցի կամ ­Զար­մա­նա­զա­նի զու­գա­հեռ, բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րու կող­մէ ըն­դու­նո­ւած, կրթա­կան տար­րա­լու­ծա­րան ԿԵԴՐՈՆ մըն ալ հիմ­նե­լով, ուր սի­րա­յօ­ժար ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րէին դպրոց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Ա­նոնք հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման առ­կայ ի­րենց դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ դի­տար­կում­նե­րը, հոն, հե­տեր­նին բե­րէին եւ միաս­նա­բար ու­սում­նա­սի­րէին, քննար­կէին, որ­պէս­զի ան­կէ բխած դա­սա­ւան­դու­մի մե­թո­տը այ­լեւս չմեր­ժո­ւէր եւ կի­րա­րու­մը հա­ճոյ­քով ըն­դու­նո­ւէր։ Ա­սի­կա լե­զո­ւի ու­սուց­ման կա­տա­րեալ յե­ղա­փո­խու­թիւն մը ե­ղած պի­տի ըլ­լար սփիւռ­քեան մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

Այդ ­Կեդ­րո­նը ան­շուշտ վայր մը պի­տի չըլ­լայ ա­ւե­լորդ վի­ճա­բա­նու­թիւն­նե­րու, այլ վայր մը աշ­խա­տե­լու, հար­ցե­րը լու­ծե­լու։ ­Մա՛­նա­ւանդ ­Կեդ­րոն մը՝ ու­սու­ցիչ­նե­րու պատ­րաստ­ման։ ­Մեր վար­ժա­րան­նե­րուն այ­սօ­րո­ւան խնդիր­նե­րուն մե­ծա­գոյնն է ա­սի­կա։

Ան­կախ այս կա­րե­ւոր խնդրէն, նշենք դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րէն կա­րե­ւոր ու­րիշ հատ մըն ալ...

Այ­սօ­րո­ւան մեր կրթա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ա­շա­կերտ­ներ կան ո­րոնք դպրոց եր­թա­լէ ա­ռաջ հա­յա­խօս են, ինչ­պէս պա­րա­գան է վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նէն գաղ­թող­նե­րու, ա­շա­կերտ­ներ ալ կան ո­րոնք ոչ-հա­յա­խօս են։ ­Չենք գի­տեր, այս վեր­ջին­նե­րը գրել-կար­դալ սոր­վե­լո՞վ խօ­սիլ պի­տի սոր­վին, թէ ոչ՝ խօ­սիլ սոր­վե­լու այլ կերպ մը կայ որ չէ կի­րար­կո­ւած։

Ֆ­րան­սա­յի պա­րա­գա­յին հա­յե­րէն լե­զո­ւի ու­սուց­ման բա­նա­լի կէտ մըն է այս մէ­կը, որ ցարդ սեր­տո­ղու­թեան ար­ժա­նա­ցած չէ։

­Կայ ան­ցեալ դա­րու ­Պոլ­սոյ Ս. ­Խաչ Դպ­րե­վան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը այս մա­սին։ Ըստ կարգ մը նախ­կին դպրե­վա­նե­ցի­նե­րու վկա­յու­թեան, գա­ւա­ռէն ե­կած ոչ-հա­յա­խօս ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք հա­յե­րէ­նը սոր­ված են կար­դալ-գրե­լով, ձա­խո­ղած են խօ­սե­լու մէջ։ Իսկ Ֆ­րան­սա­յի պա­րա­գա­յին առ այ­սօր մեր ու­նե­ցած փոր­ձա­ռու­թիւ­նը տար­բեր չէ։

Ա­սի­կա օ­րի­նակ­նե­րէն մէկն է որ յի­շե­ցինք։ ­Կան ու­րիշ­ներ ալ, զորս յար­մար չենք սե­պեր մի առ մի թո­ւել այս յօ­դո­ւա­ծի պա­րու­նա­կին մէջ։

Ի­մա­ցա­կա­նօ­րէն Ս­փիւռ­քը կո­րուս­տի վայր չէ։ ­Բայց այդ ինչ­պէ՞ս ե­ղաւ որ փրկու­թեան վայր Ս­փիւռ­քի մէջ դար­ձանք ,ան­լե­զու ժո­ղո­վուր­դե, ինչ­պէս պի­տի ը­սէր բա­նաս­տեղ­ծը՝ Գր. ­Պըլ­տեան։

Անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն չկրցանք ընդ­հան­րա­պէս մշա­կոյ­թի եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս լե­զո­ւի վրայ հիմ­նո­ւած նե­րազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը մշա­կել եւ վա­րել, ո­րուն մէջ ա­ւա­զա­նո­ւած ըլ­լար ցրո­ւեալ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ­Մարկ Ն­շա­նեա­նի պէս գրո­ղը, չգրէր «մա­հա­ցած լե­զո­ւով» իսկ ­Միհ­րան ­Տա­պա­ղի պէս ըն­կե­րա­բանն ալ ար­դա­րա­նար «Ս­փիւռ­քը ար­դէն փրկու­թեան վայ­ր» է իր հա­մո­զու­մին մէջ։ ­Չու­նե­ցանք սփիւռ­քեան գո­յու­թե­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը փոր­ձա­ռու­թիւ­նը։ ­Հա­յու  սփիւռ­քեան ճա­կա­տա­գի­րը ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ գո­յու­թե­նա­կան է, գո­յու­թե­նա­կա­նը պայ -

մա­նա­ւո­րո­ւած է կրթա­կան, լե­զո­ւա­կան, մշա­կու­թա­յին նե­րու­ժե­րով։ Այս ա­ռու­մով ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեա­նի ­Զար­մա­նա­զան, ­Զար­ցանց ծրագ­րե­րը կրնան փրկա­րար դեր ու­նե­նալ աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն ցրո­ւեալ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան վի­ճա­կին մէջ, ներ­քին կա­պով ի­րա­րու միաց­նող աշ­խարհ մը ստեղ­ծե­լով։

Ս­փիւռ­քը կրթա­կա­նօ­րէն կազ­մա­կեր­պել, սրբա­զան ա­ռա­քե­լու­թիւն մըն է, ո­րուն նա­խա­ձեռ­նած է ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան։

 

­Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան

 

Փա­րիզ

2021 ­Փետ­րո­ւար 27