image
Հրատապ լուրեր:

Հայրենի յուշեր (7)

Հայրենի յուշեր (7)

Երբ բաւական հանգչած էինք Լազարեան ճեմարան հասնելէ ետք, Հարպոյեան յիշեցուց, որ պէտք է երթանք ու գտնենք  Հայկական ներկայացուցչութիւնը,– տակաւին դեսպանութիւն չկար,– ու ծանօթանայինք կացութեան, գիտնայինք ի՛նչ պիտի ընէինք:

Ու չորսով ելանք ճամբայ:

Դժուար չեղաւ գտնել հասցէն, ուր շատ սիրալիր ընդունելութիւն ցոյց տուին մեզի,  ապա ցաւ յայտնեցին, որ կարելի չէր եղած օդակայանէն դիմաւորել մեզ:

–Դժուար օրեր են, էլի, խնդրում ենք հասկանալ մեզ:

Ի հարկէ կը հասկնայինք զիրենք, այլապէս կրնային օգտագործել արեւելահայուն  յատուկ՝ չքմեղանքի  յաջորդ զէնքն ալ, որ է. «Գիտէք, էլի, տառապած ազգ ենք»:

Ապա մեզի ըսուեցաւ, թէ ո՛ր օրը եւ ո՛ր օդակայանէն պիտի թռիչք առնէինք: Տուին մեր  տոմսերն ալ, որովհետեւ «այնուհետեւ այլեւս իրենց հիւրն էինք»: Քանի՞ օդակայան կրնար, ուրեմն, ունենալ այս քաղաքը:

Հազիւ քանի մը քայլ առած էինք, երբ նորէն ինք՝ Հարպոյեան  յիշեցուց.

–Տղա՛ք, պէտք է մէկ վայրկեան առաջ կարգադրենք գլխարկի հարցը, այլապէս այս ցուրտին կրնանք սառիլ: Կ’ըսեն, թէ առաջինը կը սառցակալին  քիթն ու ականջները  եւ ապակիի պէս կոտրիլ ու թափիլ:

–Թափիլ ո՞ւր,– սարսափած հարց տուի՝  չհաւատալով ականջներուս…

Իրապէս ալ այնքան ցուրտ էր, որ մեր սովորական վզնոցները չէին յաջողեր բաւականաչափ պաշտպանել մեզ, որքան ալ փաթթէինք մեր ականջներն ու գլուխը:

Ու մինչ գլխարկավաճառ  գտնելու համար հարց ու փորձ կ’ընէին օտար լեզու չխօսող տեղացիներուն,  ես շուրջս ակնդէտ կը քննէի անցորդներուն քիթերն ու ականջները, եւ ամէն անգամ որ  զանոնք անվթար  տեսնէի մարդոց վրայ, շունչ մը կ’առնէի, որ այնքան ալ  անմիջական սպառնալիք մը չէր սառցակալումի  հաւանականութիւնը:

Այսպէս կ’ուղղուէինք դէպի մեզի ցոյց տրուած ուղղութեամբ, երբ տղեկ  մը ցցուեցաւ առջեւնիս՝ ձեռքին մուշտակապատ գլխարկ մը , որ իրենք  chapka  կը կոչեն, ու առաջարկեց զայն կոտրած անգլերէնով մը:

Բախտ ըսածդ այսպէս կ’ըլլայ. մենք գլխարկ կը փնտռէինք, ու ան ոտքովը եկաւ-գտաւ  մեզ: Հարպոյեան գանձ մը գտածի պէս ինկաւ վրան ու հարցուց գինը:

Սուղ գտնելով  առաջարկը՝ «տա՛սը դոլար»  գոչեց անգլերէն՝ միաժամանակ օգնութեան կանչելով  ու լայն բանալով երկու թաթերուն մատները, այսինքն՝ տա՛սը:

Կը թուի, թէ հեռու էր  ակնկալուածէն, եւ սկսաւ սակարկութիւն մը:

Երկուստեք չէին ուզեր փախցնել այս ոսկի առիթը, մինչեւ որ գլխարկը ձեռք փոխեց ու  տղեկէն անցաւ Հարպոյեանին, որ զայն  փառաւորապէս  անցուց գլխուն՝ ականջակալներով  հանդերձ, որոնք կը  յիշեցնէին օդաչուի ծանօթ կերպարը:

Այս յաջողութենէն քաջալերուած՝ տղեկը առաջարկեց, որ պատրաստ է հայթայթելու ուրիշ գլխարկներ եւս եւ առ այդ իր բոլոր միջոցներով  կը փորձէր հասկցնել, որ քիչ մը սպասենք,  եւ ինք շուտով կու գայ[1]: Սակայն մենք շարունակեցինք ճամբանիս՝ ստացուած ցուցմունքներուն  համեմատ ու ահա մեր առջեւ գտանք անծայրածիր շուկայ մը, իւնքնուրոյն աշխարհ մը՝ բազմատեսակ յաճախորդներով. Անոր  ո՛չ պոչը յայտնի էր, ո՛չ գլուխը: Այստեղ կարելի էր գտնել աշխարհի բոլոր ապրանքները՝ երեւակայելին ու աներեւակայելին:

Ու շուտով դէմ-յանդիման եկանք  գլխարկներու ճոխ հաւաքածոյի մը՝ արական եւ իգական, որոնք,– խոստովանիմ,– այնքան ալ չէին տարբերեր իրարմէ. բոլորն ալ գործուած էին փարթամ մուշտակէ եւ հաւասարապէս օժտուած էին ականջակալներով: Անոնք կը տարբերէին, սակայն, իրենց  ոճով՝ գոհացնելու համար Միութիւնը կազմող այլազան ազգութիւններու  ճաշակները:

Յաջորդ նկատառելի կէտը՝ գիներն էին, որոնք զգալիօրէն նուազ էին, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Հարպոյեան թթուեցնէ քիթն ու բերանը:  Ամէն մէկս ինկաւ իր նախասիրութեան վրայ, ներառեալ…ինք՝ մեզմէ առաջ,  որովհետեւ  տրամադիր էր  գնելու ուրիշ մըն ալ:

Ես ընտրեցի չերքեզական  ոճը  եւ շատ ալ հաւնեցայ հետագային: Զայն կը պահեմ մինչեւ հիմա եւ տեղին համեմատ մէկն ու մէկս կ’օգտագործենք զայն:


*    *    *

Հիմա այլես ազատ էինք ու կրնայինք «վայելել» Մոսկուան:

Բայց ի՞նչը վայելէինք այս ձիւնապատ համատարած  մռայլին ու մանաւանդ դժոխային ցուրտին,   որքան ալ հիմա որեւէ վտանգ չսպառնար  մեր քիթերուն ու ականջներուն, այլեւ գլուխներուն:

Ընկերներէս ոչ մէկը նախապէս գտնուած էր այստեղ:

Ես 1965-ին, օգոստոսի կէսերուն՝  գալով Երեւանէն, երեք օր մնացած  էի Մոսկուա. իջեւանած էի Օստանկինօ կոչուած հիւրանոցը, որ պէտք է  կեդրոնական  դիրք մը ունեցած ըլլար, քանի  որ քալելով դիւրաւ  կը հասնէի Կարմիր հրապարակ, ուր  կը գտնուէր Կրեմլինի պալատը՝ իր կարմիր բարձրադիր պարիսպով եւ անոր կից՝ Լենինի պատկառազդու դամբարանը, իր բազմահարիւր, թերեւս բազմահազար  այցելուներով: Այստեղ կեանքը կ’եռար. կու գային թէ՛ օտար զբօսաշրջիկները, թէ՛ մանաւանդ խորհրդային հեռաւաոր հանրապետութիւններու քաղաքացիներ՝ իրենց ազգային խայտաբղէտ տարազներով, որոնց համար ուխտագնացութեան մը  խորհուրդը ունէր այս դամբարանը:

 

Լենինի մոմիան

Անոր մուտքին՝ երկու ծայրերուն,  արձանային անշարժութեամբ  պահակ կը կանգնէին երկու մատղաշ զինուորներ՝ անթերի հագուկապով. կարծես նոյնիսկ չէին շնչեր ու   չէին թարթեր  աչքերնին ալ:    Այս դիրքով կարելի էր  հազիւ երկու ժամ դիմանալ, որմէ ետք կու գային երկու ուրիշներ՝ փոխարինելու հոն գտնուողները:  Կ’արժէ՜ր տեսնել փոխարինումի այդ պահը՝  արարողակարգային ամբողջ շքեղութեամբ ու ակնածանքով, ինչ  որ շատ բարդ էր եւ տեղի կ’ունենար  արտասովոր   ու նուիրական կարգապահութեամբ մը:

Կարելի էր այնուհետեւ ազատօրէն  մօտենալ ապակեպատ փակ դռան ու դիտել  ներսը, հազիւ երկու մեթր անդին, բաց դագաղի մը մէջ ննջող Լենինը՝ կռնակին վրայ պառկած: Ան կը նմանէր փոքրիկ,  արուեստական,   խնամուած ու շպարուած խամաճիկի մը, որուն դէմքին վրայ  գծագրուած էր անջինջ ժպիտ մը[2]:

Հետագային իմացայ, որ մոմիան  սկսած էր կծկուիլ, բաց աստի  ան քանի մը անգամ վերամշակումի ենթարկուած էր, որովհետեւ արդի գիտութիւնը չէր յաջողեր բոլորովին անեղծ ու ապահով պահել զայն ժամանակի աւերին դէմ հոն, ուր եգիպտական մոմիաներէն  ոմանք ահա չորս հազար տարիէ աւելի  անվթար «կ’ապրին»:

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com

 

[1] Ան   ձեռքին վրայ  մէկէ աւելի վաճառելի առարկայ  կրելէ կը խուսափէր, որովհետեւ խստիւ արգիլուած էր նման առեւտուռը, մինչդեռ միայն մէկ հատ  կրելու պարագային, կրնար արդարացնել զինք բռնող ոստիկանին,– եթէ պատահէր այդպիսին,– որ կը վաճառէ իր սեփական գլխարկը: Չմոռնանք, որքան ալ խարխլած ըլլար, տակաւին իշխողը Խորհրդային կարգերն էին, որոնք կ’արգիլէին անձնական առեւտուրը, մանաւանդ երբ հրապարակաւ տեղի կ’ունեանար ան:

[2] Օրին անոր կից դրուած էր Ստալինի մոմիան եւս, սակայն  1965-ին ան արդէն հանուած էր  ու թաղուած  Կրեմլինի պարտէզին մէջ,– որ մատչելի էր զբօսաշրջիկներուն,– այլ վաստակաւոր համայնավար գործիչներու  կարգին, սակայն զգալիօրէն անշուք շիրմաքարի մը տակ, որուն վրայ  գրուած էր պարզ անուն մը ու թուական մը՝ առանց որեւէ հանգամանքի յիշատակումին:

 

Տեսնել նկարները ստորեւ՝