image

Հաւաքական Աշխատանքով Եւ Կամքով

Հաւաքական Աշխատանքով Եւ Կամքով

Գաղտնիք չէ, որ այսօր լիբանանահայութիւնը կը դիմագրաւէ աննախընթաց ծանր ճգնաժամ: Հաստատ իրողութիւն է, որ տեղ մը նաեւ կայ յուսահատութեան եւ կացութիւնները յաղթահարելու անկարողութեան զգացում: Անհատական ու հաւաքական մակարդակներու վրայ առկայ են տագնապեցնող ու ցաւցնող իրողութիւններ, որոնց մեծամասնութեան լուծումը կախեալ չէ մեզմէ:

Այս բոլորով հանդերձ, այս ճգնաժամային կացութեան մրճահարումը եւ մթնոլորտի արմատացումը կը կաշկանդեն ու կը սահմանափակեն մեր միտքն ու դատողութիւնը: Եկէք հաստատենք, որ ինչքա՛ն ալ վտանգաւոր ու ծանրակշիռ ըլլան հարուածները, հոսանքն ի վեր թիավարելու եւ դժուարութիւնները շրջանցելու աշխատանքին մէջ պիտի մնանք բոլորս:

Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ինչքա՛ն ալ ծանր ըլլան արգելքներն ու անել վիճակները, մարդ անհատը բնազդաբար, այս փուլին կը փորձէ իր կարելին ի գործ դնել ու կառչիլ կեանքին:

Բայց դժբախտաբար ակամայ մրցավազք մը կայ` տժգոյն իրավիճակը զանազան արտայայտութիւններով ու պատկերներով եւ չափազանցուած գնահատումներով ներկայացնելու: Վասն ինչի՞ այս մաշեցնող աշխատանքը, երբ պարզապէս պիտի ստեղծէ բարոյահոգեբանական ճնշող մթնոլորտ եւ իր ժխտական անդրադարձը պիտի  ունենայ մեր բոլորին գործին ու աշխատունակութեան վրայ, ինչպէս նաեւ պիտի վնասէ մեր հաւաքական կամքի դրսեւորման:

Պատերազմ մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ այսօր, եւ պատերազմի դաշտին վրայ կը գիտակցինք, որ կայ միայն պայքար, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմադրել եւ նուազագոյն վնասներով դուրս գալ կեանքի եւ գոյութեան այս ճակատամարտէն: Հետեւաբար, կը խորհիմ, որ քանի մը կէտերու շեշտադրումը եւ յստակացումը կարեւոր է այս փուլին:

Ա.- Այսօր ժամանակը չէ ներկայ ճգնաժամին մէջ կատարելու վերլուծումներ լիբանանահայ գաղութի ապագային մասին, երբ համավարակը իր ճիրաններուն տակ առած է ամբողջ աշխարհի բնակչութիւնը, եւ տարբեր ցամաքամասերու վրայ օրական դրութեամբ կ՛արձանագրուին հազարաւոր զոհեր:

Բ.- Ի՞նչ տրամաբանութեամբ կարելի է խօսիլ այսօր լիբանանահայ գաղութի հայաթափման մասին: Բնական է, որ իւրաքանչիւր ցնցումէ ետք համայնքին մէջ արտագաղթի ալիք կրնայ ստեղծուիլ, եւ նախընթացները կան, բայց համայնքը մի՛շտ ալ կը վերակազմակերպէ ինքզինք եւ կը հունաւորէ իր երթը: Լիբանան մնալու կամ Լիբանանէն արտագաղթելու երեւոյթը կախեալ չէ զեղումնային վերլուծութիւններէ: Քաջ կը գիտակցինք, որ անհատական որոշումի խնդիր է մնալն ու չմնալը: Այս պարագային նման զգացական ու զեղումնային գրառումներ կը տկարացնեն համայնքի հաւաքական դիմադրողականութեան ոգին` մղուող պայքարին տալով ինքնանպատակ պիտակաւորում:

Գ.- Արտասահմանի ցուցաբերած օրինակելի զօրակցութիւնը այս համայնքի վերականգնումի աշխատանքներուն պէտք է վերածել այն հարազատ ու վաւերական վկայութեան արտայայտութեան, որ համահայկական մեր երթին մէջ տակաւին ան իր տեղն ու դերակատարութիւնը ունենալէն չէ զիջած:

Դ.- Երբ կը խօսինք լիբանանահայ գաղութին մասին, պէտք է նկատի ունենանք նաեւ այն հանգամանքը, որ սփիւռքեան համահայկական, ազգային, եկեղեցական եւ միութենական բազմաթիւ  կառոյցներու եւ հաստատութիւններու կեդրոնը Լիբանանն է,  եւ մեր մտածումներուն եւ մտահոգութիւններուն  արծարծման մէջ կարելի չէ մտահան ընել այս երեւոյթը ու անցնիլ ժամանակակորուստ պարզացումներու:

Ե.- Հաւաքական կեանքի տագնապները եւ դժուարութիւնները եթէ անխոհեմ եւ միամիտ ու սահմանափակ մտածելակերպով հրապարակայնացուին, կու գան իրենց կարգին ծանրացնելու իրավիճակը եւ կրկնապատկելու նոյն այդ տագնապն ու դժուարութիւնը` յառաջացնելով անշրջանցելի անել:

Այսօր պահը գործի պահ է: Գործով գօտեպնդուելու ու հաւաքական աշխատանքով համայնքին սպառնացող վտանգները յաղթահարելու մեր ցուցաբերած վճռակամութիւնը անպայման այս համանքին նկատմամբ վստահութիւնը պիտի պահէ անխախտ: Մեզի պարտադրուած այս պատերազմը արժանապատիւ կերպով շարունակելու պատմադրոշմ իրականութեան դիմաց կը գտնուինք: Եւ արդէն հաւաքաբար պատնէշի վրայ ենք` հաւաքական այս չարիքները դիմակալելու համար: Կը մնայ մէկդի դնել ժամանակի պահանջներուն անյարիր մտածումներու դրսեւորումները, կամ ալ այդ բոլորին դիմաց ականջները ամուր փակել եւ շարունակել հաւաքական աշխատանքը:

Անփորձանք օրեր բոլորին եւ արագ ապաքինում բոլոր վարակակիրներուն:

 

  Նիւթը ՝«Ազդակ»էն