image

«Միութիւն թուրքերի հետ». Համարձակութիւնը եւ բիրտ ուժը

«Միութիւն թուրքերի հետ». Համարձակութիւնը եւ բիրտ ուժը

Հայևթուրք երկխօսութեան մասին հարցումը բանավէճի դնել անոր պատմական զարգացման մասին խորհրդածելու համար թերևս անհեթեթ թուայ: Առնուազն այն օրէն երբ հայութիւնը ճանչցուեցաւ որպէս հպատակ ազգութիւն Օսմանեան Կայսրութեան կառավարական համակարգին մէջ այդ երկխօսութիւնը գոյութիւն ունեցած է ե՛ւ պաշտօնական մակարդակով, ե՛ւ, ի մասնաւորի, հասարակական ոլորտին մէջ: Կայսերական իշխանութեան հետ այն մինչև իսկ իր փառքի օրերը ապրած է Ամիրաներու ժամանակ, որ Յակոբ Պարսումեան խորապէս ուսումնասիրած է 1980-ի իր տոքթորական թէզով, որ Խաչիկ Թէօլոլեանի ներածականով հրատարակուեցաւ իր եղեռական մահէն յետոյ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի կողմէ (Hagop L. Barsoumian, The Armenian Amira Class of Istanbul, Yerevan: American University of Armenia, 2007):

Բայց հայ-թրքական յարաբերութիւնները մի՛շտ ալ եղած են տիրապետուածի և հպատակի յարաբերութիւններ, ինչպէս որ կը թելադրէր կայսերական համակարգը ընդհանրապէս և ոչ-իսլամ ազգութիւններու օրինական իրավիճակը մասնաւորաբար: Այլ խօսքով՝ բառին բուն իմաստով չկար և չէր կրնար ըլլալ բառին պարզ իմաստով «երկխօսութիւն»: Խօսողը՝ տիրապետողն էր, հպատակը միայն կ'ենթարկուէր, շատ-շատ կը խնդրէր և անպայմանօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնէր...

Միայն 19-րդ դարուն Եւրոպայի մէջ «Ժողովուրդներու Գարնան» Լուսաւորութեան գաղափարներու Օսմանեան Կայսրութիւն ներթափանցումէն և հայ ժողովուրդի Զարթօնքէն յետոյ էր, որ Կայսրութեան բարեկարգումի քաղաքական տինամիզմը իրաւունքներու պահանջի հիման վրայ հայևթուրք երկխօսութեան համարձակութիւնը հաստատագրեց Սուլթանի «հաւատարիմ հպատակ» հայութեան քաղաքական մտածողութեան մէջ:

Եւ ոչ միայն երկխօսութիւնը:

Քրիստափոր Միքայէլեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրկան Դրօշակի 1900-ի 8րդ համարին մէջ հրատարակած իր յօդուածով -«Միութիւն թուրքերի հետ»- կ'անդրադառնայ այն սպասումներուն որ հայ յեղափոխականները ունէին «միութեան» կոչով իրենց դիմած թուրք «հակահամիտականներէն»՝ ժողովուրդներու ազատ և համերաշխ համակեցութեամբ յատկանշուող համակարգի մը կերտման հեռանկարով: Կար ժամանակ, կ'ըսէ Քրիստափորը այդ յօդուածին մէջ, որ հայ յեղափոխականներն էին որ միանալու կոչով կը դիմէին սուլթանական կարգերէն դժգոհ թուրքերուն, բայց իրենց կոչը կը մնար անարձագանգ: Քսաներորդ դարու սկիզբին, սակայն, դերերը շրջուած կը թուէին. այս անգամ Երիտասարդ Թուրքերն էին որ կը դիմէին հայ յեղափոխականներուն միութեան հրաւէրով, մինչ այս վերջինները «... չնայելով մեր ամենաբուռն համակրանքը դէպի սկզբունքը, այսօր տարաբախտաբար ստիպուած ենք անվճռողական դիրքի մէջ մնալ:» (Քրիստափոր Միքայէլեան, Յեղափոխականի Մտքերը, Պէյրութ, Մատենաշար Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Թիւ 1, էջ 166) Այս «անվճռողականութեան» պատճառը, կը բացատրէ յօդուածի հետագայ էջերուն մէջ նշելով, որ  Երիտասարդ Թուրքերու մօտ դեռևս չի՛ տեսնուիր պատրաստակամութիւնը ընդունելու թուրքերու «պատմական հրէշաւոր յանցանքը, ամաչել և սոսկալ այն անօրինակ ոճիրի դիմաց, որ կատարուեց հայերիս վերաբերմամբ իրենց դժոխք երկրում և իրենց ժողովրդի աչքի առաջ» (էջ 170), հետևաբար, «ո՞ւմ հետ միանանք:» (էջ 171) Երկրորդ պատճառը, կ'ըսէ Քրիստափոր, համընդհանուր ծրագրի մը բացակայութիւնն է, ընդ որում չկայ երաշխիք որ այն միութիւնը որ կ'առաջարկուի ինքնին պիտի չյանգի հայութեան իրաւունքներու խեղդումին. «Տուէք մեզ որևէ հաւաստիք, որ միանալով ձեր հետ՝ դրանով մենք չենք ապահովի միայն ձեր հանգստութիւնը՝ թէ հայկական հարցը յաջողաբար խեղդեցիք և որ այդ հարցից այլևս վտանգ չկայ օսմանեան գերիշխանութեան և նրա վաղեմի աշխարհակալ փառքին, այլ դրանով ձեռք կը բերենք թուրք մտաւորականութեան  մի արժանահաւատ ուժ, որ կարող է բարեփոխել ժողովրդի դրութիւնը, և մենք յեղափոխականին վայել աւիւնով կը վազենք ձեր շարքերը ամրապնդելու:» (էջ 177)

Քրիստափոր Միքայէլեանէն այս երկար մէջբերումը առաջին հայեացքով կրնայ և զարմանալի թուիլ Հրանդ Տինքի սպանութեան նոր տարելիցի մը առթիւ գրուած այս յօդուածը սկսելու համար: Քսաներորդ դարու սկիզբի Օսմանեան կայսրութեան և 21-րդ դարու Թուրքիոյ պատմական ոլորտները շատ տարբեր են իրարմէ: Բայց երկու պարագաներուն ալ խնդրոյ առարկայ է հայ-թրքական յարաբերութիւնները, համակեցութիւնը և նոյնիսկ միութիւնը: Քրիստափորն ու 19-րդ դարու աւարտի և 20-րդ դարու սկիզբի հայկական յեղափոխութիւնը այդ մէկը մի՛շտ ի մտի ունեցած էին՝ ե՛ւ, ինչպէս Քրիստափոր կ'ըսէ, երբ հայկական կողմն էր որ թուրքերուն կը դիմէր միութեան համար, ե՛ւ երբ նոյն այդ կողմը հրապարակային կերպով նոյն իմաստով թրքական դիմումին նկատմամբ վերապահութիւն կը յայտնէր: «Միութիւն թուրքերի հետ» յօդուածէն մինչև Հրանդ Տինք հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ «միութեան» հարց չէր դրուած: Ոչ իսկ երկխօսութեան: Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած էր, Արևմտահայաստանի բռնակցում, ոճիրի ուրացման պետական քաղաքականութիւն Թուրքիոյ մէջ և Մեծ Լռութիւնը գոնէ մինչև 1960-ականներու կէսերուն: Ցեղասպանութեան վերապրած պոլսահայութեան պարտադրուած էր լռութիւնը և անցեալի մոռացումը. Թուրքիոյ մէջ պաշտօնական պատմագրութենէն զատ ճշմարտութիւն չկար, չէր կրնար ըլլալ: Նոյնիսկ երբ 1970-ականներուն կը ծաղկէին ձախակողմեան շարժումները հայկական հարցի մասին խօսք չկար: Ամէն պարագայի, Թուրքիոյ մէջ պետական հարուածն ու զինուորական բռնատիրութիւնը միշտ ալ այլընտրանք մըն էր:

Հրանդ Տինք համարձակեցաւ ձայն բարձրացնել ի խնդիր թուրքերու հետ նոր ձևի միութեան մը համար: Պաղ Պատերազմը աւարտած էր, ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները բարձր կը հնչէին որպէս նոր ժամանակներու կարգախօս, և նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ Արդարութիւն և Զարգացում Կուսակցութիւնը (ԱԶԿ) ազդանշանը տուած էր զինուորականներու շուքով պայմանաւորուած ժողովրդավարութիւնը իր կապանքներէն ազատելու: Տինք համարձակեցաւ ազատութեան, ժողովրդավարութեան և մարդկային իրաւունքներու մէջ տեսնել թուրքերու հետ միութեան նոր պատեհութիւն մը: Եւ եթէ այդ բոլորը ձևական պիտի չըլլային, եթէ ԱԶԿ անկեղծ էր Թուրքիոյ մէջ ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը և մարդկային իրաւունքները հաստատագրելու, ապա և չէր կրնար անտեսել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը, չէր կրնար շարունակել ոճիրի ուրացման քաղաքականութիւնը, կը տրամաբանէր Հրանդ Տինք: Իր համարձակութեան գինը վճարեց: Բիրտ ուժը եկաւ լռեցնելու իր ձայնը: Ճիշդ է, հարիւր հազարաւորներ Թուրքիոյ մէջ ոտքի ելան «ես ալ Հրանդ Տինք եմ» ըսելով: Բայց առնուազն 2016-էն ի վեր յստակ է, որ ոչ միայն բիրտ ուժը հետևողականօրէն կը ճնշէ ամէն համարձակութիւն, այլ թուրք ազգայնամոլութեան այդ բիրտ ուժը Թուրքիան արդէն վերադարձուցած է կայսերական քաղաքականութեան գիրկը:

Ինչպէս 19-րդ դարու աւարտին հայ յեղափոխականները, Հրանդ Տինքն ալ, պատմականօրէն տարբեր ոլորտի մը մէջ, թուրքերուն հետ խօսեցաւ միացեալ ծրագրի մը մասին՝ երկրին մէջ ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն և մարդկային իրաւունքներ: Իր սպանութեան այս նոր տարելիցը կու գայ Արցախի և հայ ժողովուրդի դէմ թուրքազրպէյճականան պատերազմէն յետոյ: Հրանդը սպաննող բիրտ ուժը ցոյց տուաւ թէ որքան հայատեաց կը մնայ: Թէկուզ և անիրական, այնուամենայնիւ եթէ պատահի որ թրքական կողմէ հայութեան մօտեցման որևէ քայլ առնուի, մի՛շտ անհրաժեշտ է յիշել Հրանդ Տինքը և Քրիստափորի զգուշաւոր «անվճռողականութիւնը»:

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան