
Ամէն տարի, երբ 19 յունուարը ըլլար, ուրախութեամբ ու հիացմունքով կը յիշատակէի Հրանդ Տինքի ձգած հսկայ ժառանգութիւնը:
Ժառանգութիւն մը, որուն նպատակն էր միացնել Թուրքիոյ մէջ ապրող ժողովուրդները առանց կրօնական, դաւանական կամ ազգային խտրութեան՝ յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական արդարութեան վերականգման: Ժառանգութիւն մը, որուն նպատակն էր թրքական հասարակութեան մէջ մէկդի դնել ցեղապաշտութիւնը, ազգայնամոլութիւնն ու ծայրայեղութիւնը ու անոնց փոխարէն հաստատել` աստիճանական արդար հաշտութիւն մը:
Ժառանգութիւն մըն էր, զոր ամէն անհատ, հայ թէ թուրք, Հայաստան թէ Թուրքիա բնակող, Եւրոպա թէ Ամերիկա գաղթած, կրնար շօշափել, կարդալով թրքական մամուլը՝ Քեմալական ուղղութենէն մինչեւ ձախակողմեանը, կամ հեռուստաընկերութեանց կայաններէն տեսնելով հարիւր հազար ցուցարարներ Պոլսոյ հրապարակը հաւաքուած, որոնք մէկ ձայնով կ'աղաղակէին «Բոլորս հայ ենք, բոլորս Հրանդ ենք»:
Սակա՛յն, 2020 սեպտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներուն պատահած պատերազմի ընթացքին, թրքական կառավարութեան, ազգայնամոլ մամուլի եւ նոյնիսկ ընդդիմադիր շերտերուն ցուցաբերած ոչ թէ միայն համակրանքը ատրպէյճանական յարձակման, այլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ ապրող Հայ բնակչութեան դէմ ցեղապաշտ ու ատելութեան խօսքերը՝ մահաթմբիրի (coma) մէջ ձգեցին Տինքի երազն ու տեսլականը:
Այս տարի, Թուրքիոյ մէջ ինչպէ՞ս պիտի յիշուի Տինքի նահատակութեան յիշատակը, ի՞նչ համարձակութեամբ պիտի աղաղակուի «Բոլորս Հայ ենք, բոլորս Հրանդ ենք»ը, ի՞նչ խղճով թրքական մամուլը պիտի անդրադառնայ «հաւասարութիւն» եզրին, ի՞նչ երեսով թուրք քաղաքական գործիչ մը իր ընկերային ցանցի անձնական էջին վրայ պիտի տեղադրէ Տինքի յիշատակին առթիւ խօսք մը, նկար մը...:
Ո՞ւր էին «Բոլորս Հայ ենք, բոլորս Հրանդ ենք» պոռացողները երբ Թուրքիան ուղղակիօրէն ոչ միայն քաջալերեց այլ նաեւ դիւանագիտական եւ ռազմականօրէն թիկունք կանգնեցաւ Ատրպէյճանին: Ո՞ւր էր Թրքական մամուլը երբ Ատրպէյճան պատերազմի ժամանակ անմարդկայնօրէն՝ անխիղճ ռազմական յանցագործութիւններ կը գործադրէր Արցախի Հայ բնակչութեան նկատմամբ: Ո՞ւր էին թուրք քաղաքական գործիչները, երբ իրենց գործընկերները, ազգայնամոլ ազգային շարժում կուսակցութեան ղեկավարները պատերազմի օրերուն, կը տեղադրէին փանթուրքական քարտէսներու նկարներ ընկերային ցանցերու վրայ:
Թրքական մամուլը, կուսակցութիւններն ու մտաւորականութիւնը, որոնք լուռ մնացին Ատրպէյճանի յանցագործութիւններուն նկատմամբ (քաջալերուած թրքական կառավարութեան կողմէ), անոնց կեցուածքը կը համապատասխանէր Հարաւային Ափրիկէի սեւամորթներու իրաւունքները պաշտպանող՝ Տէսմընտ Թութուի խօսքին.- «Եթէ անարդարութեան ժամանակ չէզոք կեցուածք ցուցաբերես, ապա ընտրած կ'ըլլաս ճնշողի կողմը»:
Բոլոր անոնք, որոնք յանցագործութիւններու դէմ լուռ մնացին, իսկ ամէն տարի 19 յունուարին կը յիշեն Տինքը, անոր յիշատակը մառախուղով շրջապատուած ձգեցին:
Պատմական արդարութեան, հակացեղապաշտութեան եւ աստիճանական արդար հաշտութեան փոխարէն՝ հասակ առին փանթուրքական, ազգայնամոլ ու ծայրայեղ ծիլերը:
Փոխանակ Պոլիս աճէր համախմբութեամբ ու լայնամտութեամբ, աճեցաւ՝ հասարակական բեւեռացմամբ ու անլայնամտութեամբ:
Պոլսոյ հրապարակները, փոխանակ զարդարուէին «Բոլորս Հայ ենք, բոլորս Հրանդ ենք» պաստառներով, զարդարուեցան՝ Ատրպէյճանի դրօշակներով:
Արդեօք, արեւի ճառագայթները կրնա՞ն յաղթահարել մառախուղը Պոլսոյ երկնքին վրայ:
Միայն ու միայն այն ժամանակ, երբ հակացեղապաշտութիւնը դառնայ mainstream լրատուամիջոցներու առաջնահերթութիւնը. երբ թրքական մամուլը հակադարձէ ազգայնական շարժում կուսակցութեան ցեղապաշտ ու ատելութիւն սերմանող յայտարարութիւններուն, ինչպէս որ Միացեալ Նահանգներու մամուլը արձագանգեց Քաբիթոլի գրոհման. երբ թուրք պատմագէտներն ու Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի պատգամաւորները դիտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ինչպէս որ Գերմանիոյ խորհրդարանի պատգամաւորը ամչկոտութեամբ կը դիտարկէ Հրէական Հոլոքոստը. երբ թրքական օրինագիրքին մէջ նոյնքան յանցագործութիւն դառնայ հակահայութիւնը որքան արեւմտեան աշխարհին մէջ յանցագործութիւն է հակասեմականութիւնը:
Միայն ու միայն վերոյիշեալ փափաքներով է, որ Տինքի հակացեղապաշտ, պատմութեան արդարութեան վերականգման եւ աստիճանական արդար հաշտութեան երազը իրականացած կ'ըլլայ:
Միայն ու միայն յիշեալ կէտերը իրականացնելով է, որ արեւու ճառագայթները կը ծագին Պոլսոյ երկնքին վրայ ու կը յաղթեն 106 տարուայ ծածկող մառախուղին:
Նաթան Պետրոսեան


















