image

Յեղափոխութիւնն ու Եագուպեան շէնքը

Յեղափոխութիւնն ու Եագուպեան շէնքը

Տասը տարի առաջ, յունուար ամսուն, Եգիպտոսի կառավարութիւնը երկրին մէջ ժամանակաւորապէս արգելափակեց հեռաձայնային հաղորդագրութիւններու ծառայութիւններն ու համացանցը, այդպիսով դարձաւ առաջին երկիրը, որ ժամանակաւորապէս արգելափակած է համացանցը ամբողջութեամբ: Ատկէ ետք եղան ուրիշ երկիրներ եւս, որ զանազան առիթներով, ժամանակի մը համար, իրենց երկիրներէն ներս արգելափակեցին ժամանակակից հաղորդակցութեան միջոցները, բայց Եգիպտոսի 2011 թուականի յեղափոխութեան ժամանակ էր, որ առաջին անգամ գործի դրուեցաւ այս արգելքը:

Այս տարի կը նշուի Եգիպտոսի յեղափոխութեան 10-ամեակը. յեղափոխութիւն մը, որ ըստ մասնագիտական վերլուծութիւններու, սկիզբ դրաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ուրիշ յեղափոխութիւններու եւ առհասարակ, տարածքաշրջանին համար նոր մարտահրաւէրներու դուռ բացաւ…

Եգիպտոսի յունուար-փետրուարեան յեղափոխութենէն առաջ եւ զուգընթաց կարգ մը արաբական երկիրներու մէջ սկիզբ առած «Արաբական գարուն», «Արաբական գարուն եւ ձմեռ», «Արաբական զարթօնք», «Համաարաբական յեղափոխութիւն» եւ այլ անուանումներով ի յայտ եկած շարժումները աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրեցին արաբական աշխարհին վրայ: Մինչեւ այսօր արաբական աշխարհը եւ անոր մերձակայ երկիրները իրենց անհանգիստ վիճակով աշխարհի գերտերութիւններուն եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան ներքոյ են:

Յեղափոխութիւնները ոմանց համար երջանկութեան, ոմանց համար դժբախտութեան ապրումներու առիթ են: Սակայն, ինչ որ կ՚ուղեկցի արիւնով, ցնցումով, տակնուվրայութեամբ, դժուար թէ երջանկութեան առիթ ըլլայ, որքան ալ որ փոփոխութիւնը, նոր շունչը ցանկալի է հասարակութիւններէն ներս…

Տասը տարի առաջ տարածքաշրջանին մէջ սկսած պայքարները տակաւին չեն աւարտած: Տակաւին առկայ է ահաբեկչութեան վտանգը. կարգ մը երկիրներու մէջ բռնապետութիւնները միայն արտաքուստ չքացած են, չկայ ընկերային արդարութիւն, տնտեսական տագնապն ու ուրիշ տագնապներ աւելցած են յետյեղափոխական հասարակութիւններուն համար… Մարդկութիւնը այսօր թեւակոխած է անորոշութիւններով լեցուն ժամանակաշրջան մը եւ մեծ յոյսեր կը կապէ ամէն եկող տարուան հետ:

Ինչ որ տեսանք տասը տարի առաջ Եգիպտոսի մէջ, գրեթէ նոյնը, աւելի կամ նուազ վնասներով, բեմագրութեամբ կըրկնուեցաւ ուրիշ երկիրներու մէջ…

Փողոցային ցոյցերու, բողոքներու, քաղաքացիական անհնազանդութեան պատկերները, անցնող տասը տարուան ընթացքին, պարբերաբար կրկնուած են եւ հասած մինչեւ Հայաստան:

25 յունուար 2011 թուականին Եգիպտոսի մէջ սկսած ցոյցերն ու խռովութիւնները կազմակերպող ցուցարարներուն բողոքները եւ դժգոհութիւնները կեդրոնացած էին իրաւական, քաղաքական եւ տնտեսական հարցերուն վրայ: Ցուցարարները կը մատնանշէին ոստիկանութեան դաժանութիւնը, արտակարգ դրութեան օրէնքները, ազատ ընտրութիւններու բացակայութիւնը, երկրին մէջ կաշառակերութիւնն ու քաղաքական փտածութիւնը, խօսքի ազատութեան սահմանափակումները, գործազրկութեան բարձր մակարդակը, ցած ամսականները, կեանքի վատ պայմանները: Ցոյցի կազմակերպիչները կը պահանջէին ազատութեան եւ արդարութեան իրաւունքներ, նախագահ Հիւսնիւ Միւպարէքի վարչախումբի հեռացում եւ նոր կառավարութեան կազմում, որ պիտի ներկայացնէր եգիպտացի ժողովուրդին շահերը:

25 յունուար 2011 թուականին Եգիպտոսի մէջ բռնկած էր ցոյցերէն ամենամեծը, որ ընդդիմադիր խումբերու կողմէ կոչուած է «Զայրոյթի օր» ու այսօր ալ կը նշուի իբրեւ գլխաւոր ցոյցի օր: Այդ օրուան ցոյցը ամենամեծն էր Եգիպտոսի մէջ՝ 1977 թուականին եղած հացի խռովութիւններէն ի վեր առաջին անգամն էր, որ զանազան ընկերային խաւերէ բազմաթիւ եգիպտացիներ, անկախ իրենց կրօնական դաւանանքներէ, միասին փողոց ելած էին: Ցոյցերուն ընթացքին զոհուած են հարիւրաւոր ցուցարարներ, տասնեակ ոստիկաններ, վիրաւորներուն թիւը գերազանցած է 3 հազարը։ Մայրաքաղաք Գահիրէն այդ օրերուն կը նկարագրուէր որպէս «պատերազմի դաշտ»: Եգիպտական կառավարութիւնը, փորձելով ճնշել ցոյցերը, գործածած է վահաններ, ձգախէժով եւ իրական փամփուշտներ, մահակներ, ջրային «թնդանօթներ», արցունքաբեր կազ եւ այլն: Համացանցի արգելափակումէն զատ երկրին մէջ նաեւ պարետային ժամի դրութիւն սահմանուած էր:

10 փետրուար 2011 թուականի ուշ երեկոյեան նախագահ Միւպարէքը իր լիազօրութիւնները յանձնած է Եգիպտոսի փոխ-նախագահին եւ յաջորդ օրը հրաժարական տուած՝ իշխանութիւնը փոխանցելով զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդին: Ըստ «Պի.Պի.Սի.»ի եւ «Ալ Ճազիրա»ի ներկայացուցած տուեալներու, Գահիրէի Թահրիր հրապարակին մէջ հաւաքուած էր 15 հազար ցուցարար։ 30 յունուարին ցուցարարներուն թիւը հասած էր 50 հազարի, իսկ 31 յունուարին՝ 250 հազարի։ 1 փետրուարին Թահրիր հրապարակին վրայ հաւաքուած էր մէկ միլիոն ցուցարար:     

Միջազգային արձագանգը ցոյցերուն հանդէպ ընդհանրապէս աջակցական եղած է, եւ երկիրներու կառավարութիւններուն ու միջազգային կազմակերպութիւններուն մեծամասնութիւնը երկու կողմերուն կոչ ըրած են ոչ բռնի պատասխաններու դիմել եւ խաղաղ ճանապարհով ընթանալ դէպի բարեփոխումներ։ Այս բողոքի ցոյցերը գրաւած են ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը Ֆէյսպուքի, Եութուպի, Թուիթըրի եւ ընկերային այլ ցանցերու շնորհիւ: Երկրին մէջ, ցոյցէն օրեր ետք, կարճ հաղորդագրութիւններու արգելքը վերացած է, իսկ համացանցը մասամբ վերականգնած է փետրուարի 2-ին:

Հակառակ որ պնդումներ կան, թէ ընկերային ցանցերը մինչ յեղափոխութիւնը մեծ ազդեցութիւն ձգած են փողոց ելած մարդոց վրայ, սակայն կայ նաեւ հաստատում այն մասին, որ եգիպտական յեղափոխութիւնը իրականութիւն դարձած է նաեւ այդ երկրի ժամանակակից գրականութեան շնորհիւ: Մասնաւորապէս եգիպտացի ժամանակակից ու ինքնատիպ գրողներէն մէկը, «Քիֆայա» քաղաքական շարժման հիմնադիրներէն Ալաա ալ-Ասուանին ըսած է, որ 2011-ի յեղափոխութեան օրերուն, փողոցը մարդիկ կը մօտենային իրեն եւ կ՚ըսէին, որ կարդացած են իր «Եագուպեան շէնք» գիրքը եւ ատկէ ոգեշնչուած: Ամերիկեան «Foreign Policy» ամսագիրը գրած է, որ Եգիպտոսի յեղափոխութիւնը Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ իրականացուցած են «Եագուպեան» շէնքը բնակող եւ աշխատող տարբեր խաւերու պատկանող եգիպտացիները, որոնք այդ շէնքին մէջ տեսած են ամէն ինչ եւ փողոց ելած: Ամսագիրը շէնքին կեանքը կը համարէ Եգիպտոսի ճշգրիտ մանրապատկերը, ուր սիրոյ, նուիրումի, աշխատասիրութեան ու ազնուութեան կողքին կը բարգաւաճին ահաբեկչութիւնը, կաշառակերութիւնը, դաւաճանութիւնն ու մեծ ու փոքր կիրքերը:

Հայու Եագուպեան մականունը խորագրին մէջ ունեցող այս գիրքը ոչ մէկ կապ ունի հայութեան հետ, հայ է միայն այն շէնքին սեփականատէրը՝ անցեալի հայ վաճառական Յակոբ Եագուպեանը: Շէնքին մէջ, բազում արհեստաւորներու, բժիշկներու, ուրիշ մասնագիտութեան տէր մարդոց հետ վարձակալ է նաեւ գիրքին հեղինակը՝ եգիպտացի ժամանակակից գրող Ալաա ալ-Ասուանին, որ այդ շէնքին մէջ իբրեւ ատամնաբոյժ կ՚աշխատի: Սիւլէյման Փաշայի փողոցին վրայ 1934 թուականին կառուցուած այդ շէնքին մէջ ժամանակին ապրած են մեծահարուստներ, ազնուականներ, նշանաւոր ընտանիքներ, սակայն 1952 թուականի յեղափոխութենէն յետոյ անոնց մեծ մասը գաղթած է: Բնակարանները մնացած են Եգիպտոսի իշխող խաւերէն մէկուն՝ զինուորականութեան: Անոնք յետագային վարձու տուած են մեծ ու պզտիկ տուները, որոնք լեցուած են Գահիրէի մէջ աշխատանք որոնող գիւղացիներով: Անոնք բնակարանի վերածած են նոյնիսկ շէնքի խորդանոցները, նկուղները, պահեստի մասերը, տանիքը: Այդտեղ աշխատող Ալաա ալ-Ասուանին ականատեսը դարձած է շէնքի բնակիչներու կեանքին:

Ինչ կը վերաբերի գրող Ալաա ալ-Ասուանիին, ապա անոր անունը ընդգրկուած է աշխարհի 500 ամենաազդեցիկ իսլամներու եւ 2011 թուականի աշխարհի 100 մեծ մտածողներու շարքին:

Մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ, բայց զբաղումով գրող Ալաա ալ-Ասուանի 21-րդ դարու արաբական գրականութեան ամենաընթերցուող եւ շատ վաճառուած ու տարածուած երկու վէպերուն՝ «Եագուպեան շէնքը» եւ «Շիքակօ» գործերուն հեղինակն է: Ծնած եւ մեծցած է Գահիրէ՝ գրող Ապպաս ալ-Ասուանիի ընտանիքին մէջ։ Աւարտած է ֆրանսական լիսէն, ապա ընդունուած է Գահիրէի համալսարանի ատամնաբուժական բաժինը, զոր աւարտած է 1980 թուականին: 1985 թուականին աւարտած է նաեւ Շիքակոյի Իլլինոյս համալսարանը։ Մինչ օրս ան Գահիրէի մէջ որպէս ատամնաբոյժ կ՚աշխատի: Կը տիրապետէ արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն լեզուներուն։ Ոմանք նկատած են, որ Ալաա ալ-Ասուանիի գրականութիւնը ներշնչուած է սպանական գրականութենէն: Գրողը նաեւ սպանական գրականութիւն ուսումնասիրած է Մատրիտի մէջ: Եթէ «Եագուպեան շէնքը» վէպը Գահիրէի այդ շէնքին մէջ ապրող մարդոց կեանքը կը նկարագրէ, ապա «Շիքակօ» վէպին մէջ, հեղինակը կը նկարագրէ Շիքակօ ապրած իր տարիները: Գրաքննադատները կ՚ըսեն, որ արաբ գրողին «Եագուպեան շէնքը» վէպը օրին երկու մասի բաժնած էր Եգիպտոսը. երիտասարդներն ու ազատ մտածողութեամբ եգիպտացիները ոգեւորութեամբ ընդունած էին Ալաա ալ-Ասուանիի այս գիրքը, որ թարմ շունչ տարածած էր երկրին մէջ, կար նաեւ մեծ զանգուած մը, որ անթոյլատրելի կը նկատէր գիրքին մէջ նկարագրուած բաց տեսարաններն ու եգիպտական հասարակութեան համար անընդունելի երեւոյթներն ու ազատութեան անսպասելի ձգտումը:

Գիրքին հերոսները մարդկութեան ամենալաւ եւ ամենավատ երեւոյթները իրենց մէջ կրող մարդիկն են, անոնք կը սիրեն, ինչպէս բոլորը, միեւնոյն ատեն դաւեր կը նիւթեն, կը նախանձին, կը ձգտին իշխանութեան, ուժ եւ բռնութիւն կը գործադրեն…

Եագուպեան շէնքը այսօր ալ կանգուն է, անոր վրայ բացի լատինատառէն նաեւ արաբերէնով գրուած է երբեմնի հայ տիրոջ մականունը՝ «Պինայէթ Եագուպեան» (Եագուպեան շէնք):

«Եագուպեան շէնքը» թարգմանուած է աւելի քան երեսուն լեզուներու, այդ կարգին՝ հայերէնի: 2006-ին, վէպին հիման վրայ նկարահանուած է նոյնանուն գեղարուեստական ժապաւէնը՝ եգիպտական շարժապատկերի համար աննախադէպ պիւտճէով՝ 20 միլիոն եգիպտական ֆունտ (3.5 միլիոն ամերիկեան տոլար)։ 2007-ին Եգիպտոսի մէջ նկարահանուած է նոյնանուն տեսաշարը, որ ցուցադրուած է արաբական աւելի քան քսան երկիրներու պատկերասփիւռի կայաններով:

Յեղափոխութեան նպաստած շէնքը հայութեան հետ կապ չունի, բայց այն հանգամանքը, որ Գահիրէի մէջ կայ հայու անունը կրող այդպիսի շէնք մը, որ յետագային վէպի եւ շարժանկարի նիւթ դարձած է, արդէն իսկ հարազատութիւն եւ մտերմութիւն կը ստեղծէ վէպին եւ հայ ընթերցողին միջեւ։ Մենք կը տեսնենք, որ եգիպտահայ համայնքի երբեմնի երեւելի դէմքերէն մէկուն կառուցած շէնքը դարձած է Եգիպտոսի պատմութեան ականատեսն ու ժամանակագիրը։

 

ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐ ՎԷՊԷՆ

- Ան համոզուած էր, որ բոլոր տղամարդիկ, որքան ալ պատկառելի երեւէին եւ որքան ալ նշանակալի դիրք ունենային, չափազանց տկար էին գեղեցիկ կնոջ առջեւ։

- Դուն երեխաներու պէս կը մտածես. բարիները կը պատկերացնես ժպտուն ու ուրախ, իսկ չարերը՝ տգեղ դէմքերով ու խոժոռ, ցաքուցրիւ յօնքերով։ Կեանքին ամենամեծ բարդութիւնը այն է, որ շատ չարութիւն գոյութիւն ունի նաեւ լաւ մարդոց մէջ, նաեւ մեր հարազատներուն մէջ։

- Մարդոց անձնական կեանքին գաղտագողի հետեւիլը գռեհիկութիւն է:

«Մարդոց հանդէպ կարեկցանքը կորսնցուցած էր, զգացմունքներուն շուրջը անտարբերութեան հաստ կեղեւ մը բռնած էր: Այս անտարբերութիւնը կը վարակէր դեռահասները, յուսահատները, մոլորածներն ու կ՚արգիլէր համակրիլ ուրիշներուն:

- Շարժապատկերի սրահին մէջ շարժանկար կը դիտես, կը խորասուզուիս շարժանկարին մէջ, կը յուզուիս: Աւարտին լոյսերը կը վառին ու դուն կը վերադառնաս իրականութիւն: Սրահէն դուրս կու գաս, քեզ կ՚այրէ փողոցին սառն օդը, փողոցը լի է անցորդներով ու ինքնաշարժներով եւ ամէն ինչ կը սկսի բնական չափերուն վերադառնալ ու դուն կը յիշես, թէ այն ամէն ինչը, որ տեղի ունեցած էր, պարզապէս շարժանկար մըն էր, ներկայացում ներկայացումի մէջ:

- Բառերը յարմար են պարզ ուրախութիւններն ու տխրութիւնները նկարագրելու համար, իսկ երջանկութեան այն մեծագոյն րոպէները անկարելի է գրիչով նկարագրել:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս