image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի Դարպասը՝ Զանգեզուր. Գէորգ Հալէպլեան

Հայաստանի Դարպասը՝ Զանգեզուր. Գէորգ Հալէպլեան

« Հայաստանի դիմադրութիւնը կոտրելու, հայ ժողովրդի միասնութիւնը ջլատելու եւ ազատամարտը պառակտելու դիտաւորութեամբ Մոսկուան 1920 թ. Նոյեմբեր 30-ին Ադրբէջանի կոմունիստ իշխանութեան անունից սուտ յայտարարութեամբ՝ Նախիջեւանն ու Զանգեզուրը հռչակեց Հայաստանի անբաժան մաս։ Վերջնականապէս համոզուելով, որ Զանգեզուրը չի կարողանում բռնակցել Ադրբէջանին, Ռուսաստանը ստիպուած եղաւ Հայաստանի ղեկավարութեան անունից 1921թ. Յունիսի 12-ին յայտարարել, որ Զանգեզուրը Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան անբաժանելի մասն է» Գրեգին Նժդեհ։

Հայաստանի Հանրապետութեան զօրքերու եւ Նժդեհի  ջոկատներու շնորհիւ ազատագրուած Արցախը 1920 թ. գարնան, կը միանայ Հայաստանին, Դրօն Շուշիի մէջ կը կազմէ ժամանակաւոր կառավարչութիւն։ Սակայն պոլշեւիկեան ճնշումներուն չդիմանալով ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը ստիպուած կ՚ըլլայ Դրօին հրահանգել 1920 թ. Մայիս 25-ին զօրքերը դուրս բերել Արցախէն։ Զօրքերը դուրս բերելու դիմաց, ռուսերը կը խոստանային «հայերուն պաշտպանել մահմետականներու յարձակումներէն», որ ի հարկէ Արցախ-Զանգեզուր-Նախիջեւանը Ազրպէյճանին միացնելու, ըստ Լենին-Աթաթուրք գաղտնի գործարքի, իրենց գործողութիւնները քօղարկելու նպատակ ունէր։ Իրականութեան մէջ, հայոց զօրքերը Շուշիէն դուրս գալէն անմիջապէս յետոյ ազրպէյճանցիները ռուսական զօրքերու հետ միասին սկսան «հակայեղափոխական» հայերու կոտորածներն ու կողոպուտը։

Բայց Շուշին պարպելէ մէկ օր առաջ, Դրօ խորհրդակցութեան կը հրաւիրէ Նժդեհին,  յայտնելու Հայաստանի կառավարութեան համաձայնութիւնը հայկական զօրքի դուրսբերումը Արցախէն ։ Նժդեհ կտրականապէս դէմ կ՚արտայայտուի Դրօի գաղափարին եւ այստեղ խիստ ընդհանրում մը տեղի կ՚ունենայ Նժդեհի եւ Դրօի միջեւ, նոյնիսկ Նժդեհ զէնքը կը շպրտէ Դրօին եւ կ՚ըսէ.- « Դերասան շան որդի, եթէ ուզում ես խփել ինձ, առ քեզ»։

Համատարած դժգոհութիւնը իշխանութիւններուն կ՚ըստիպէ Գորիսի մէջ հրաւիրել բազմամարդ խորհրդակցութիւն մը, որ Նժդեհէն եւ Դրօէն բացի կը մասնակցին Սերկէյ Մելիք-Եոլչեան, Գերասիմ Բալայեան, ՀՀ խորհրդարանի անդամներ ՝ Արշակ Շիրինեան, Վահան Խորէնի, Զաքար Եոլեան եւ ուրիշներ։ Օրակարգի հիմնական  հարցը Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութիւնը շարունակելու խնդիրն էր։ Խորհրդակցական մասնակիցներու մեծ մասը կը պահանջէր ամէն ձեւով խուսափիլ ռուսական զօրքերու հետ բախումներէ եւ Զանգեզուրը յանձնել պոլշեւիկներուն։ Ժողովի նախագահը խօսքը կու տայ Նժդեհին, որ հագած էր Դաւիթ-Բեկեան պատմական տարազը, կրակ ժայթկող բերանէն ՝ կ՚ըսէ հետեւեալը.- «Հայրենիքը ոչ ոք իրաւունք չունի առանց կռուի զիջելու սովետներին, որոնց միացած է Ատրպէյճանը։ Սուտ են նրանց շռայլած խոստումները, սուտ են նրանց ոյժի մասին չափազանցուած լուրերը։ Նրանք մեզ կը պարտադրեն ընդունիլ Ատրպէյճանի գերիշխանութիւնը, նրանք Զանգեզուրը կը մատնեն սովի ու թեռորի, մասսայական կոտորածի։ Հայակեր մուսավաթական ղեկավարները, մէկ օրում ղեկավար պոլշեւիկներ դարձած, եկել են ռուսական զօրքերի հետ...Զանգեզուրը, որ կռուի դաշտում, ամէնից աննպաստ պայմաններում անգամ միշտ յաղթանակեց, այսօր երկընտրանքի մէջ է եւ յուսալքուած՝ ղեկավարների երերուն ընթացքի պատճառով։ Բայց կանգուն է Կապանը՝ իմ հրամանատարական շրջանը։ Ես վերադառնում եմ այնտեղ եւ պատրաստ սպասելու եկող նոր ջարդարարներին»։

Ռուս-թուրքական բանակը առաջադրանք ստացած էր Արցախէն յետոյ գրաւել նաեւ Զանգեզուրը, ուստի 1920 թ. Յունիսի վերջերուն, 11-րդ կարմիր բանակի 32-րդ ջոկատը Արցախէն շարժուեցաւ դէպի Զանգեզուր։ Նժդեհը 1920 թ. Մայիս-Յունիս ամիսներուն բազմաթիւ նամակներ կը յղէ ՀՀ եւ Դաշնակցութեան ղեկավարութեան որպէսզի գոնէ 500 զինուորով օգնէին Նժդեհին, սակայն անոր օգնութեան բոլոր կանչերը ոչ միայն անարձագանգ մնացին, այլեւ աւելին՝ 1920 թ. Յուլիս 4-ին Գորիսի Ազգային Խորհուրդը Դրոյի առաջարկով կ՚որոշէ Զանգեզուրը առանց կռիւի յանձնել թշնամիին։ Դրօն յաջորդ օրն իսկ կը պարպէ Գորիսը, որմէ ետք ռուս-թուրքական զօրքերը 1920 թ. Յուլիս 5-10 կը գրաւեն Զանգեզուրի մեծ մասը։

Գորիսի անկումէն յետոյ Զանգեզուրի զինուորական ու քաղաքացիական գրեթէ բոլոր ղեկավարները հետագայ դիմադրութիւնը կը համարէին անհնար ու անիմաստ։ Ահա ճիշդ այդ համատարած պարտուողական մթնոլորտին մէջ Նժդեհ 1920 թ. Յուլիսի 6-ին Կապանի մէջ հրաւիրեց Կապարգողթի 37 գիւղերու ներկայացուցիչներու ժողով, ուր որոշուեցաւ կռուիլ մինչեւ վերջին փամփուշտը։ Կարմիր բանակը, որ գրաւած էր նաեւ Կապանի գիւղերու մեծ մասը, Յուլիս 10-ին վերջնագիր կը ներկայացնէ Նժդեհին ՝ Կապանը յանձնելու եւ ճանապարհ տալ Մեղրիի վրայով անցնիլ Օրդուբադ-Ջուղա։ Գիտակցելով ստեղծուած վտանգաւոր վիճակը, Նժդեհ Յուլիս 12-ին Առաջաձոր գիւղին մէջ կը հրաւիրէ Կապանի երկրորդ արտակարգ ներկայացուցչական ժողով, ուր Նժդեհ ելոյթ կ՚ունենայ հետեւեալ խօսքերով.- «Կապանցիներ, եկայ ՝ ձեր վերջին խօսքը լսելէ առաջ, իմ վերջին խօսքը ըսելու ձեզ։ Չէ, ալ ոչինչ չունիմ ըսելու ձեզ։ Միայն մի խնդիր ունիմ որ չէք կրնար չկատարել։ Վաղուց է ինչ կը կռուիմ ձեր երկրին մէջ ձեզի համար։ Որպէս բարոյական վարձատրութիւն, կ՚ուզէի որ հանէիք իմ աչքերը, կուրացնէիք ինձ, որ անբախտութիւն չունենայի ձեր գլխուն զուլումը տեսնելու»։

Նոյն օրը Նժդեհ հետեւեալ վերջնագիրը կը ներկայացնէ թշնամիին.-« Ամսոյս 13-ին, մինչեւ ժամը 7-ը թողնել Կապանի սահմանները, հակառակ դէպքում ստիպուած կ՚ըլլամ անցնելու յարձակողականի եւ զինուժով վանելու ձեզ»։ Եւ այսպէս, Նժդեհի վերջնագիրի ժամկէտը չաւարտած ՝ պոլշեւիկներ խուճապահար  կը փախչին դէպի Գորիս եւ կը սկսի Զանգեզուրեան գոյամարտի երկրորդ փուլը, որ կը տեւէ 70 օր։

ՀՀ զօրքերու նահանջէն յետոյ, ռուս-թուրքական ոյժերը ժողովուրդի աչքը վախցնելու եւ անոր պայքարի ոգին թուլացնելու դիտաւորութեամբ կը դիմեն ծայրայեղ բարբարոսութիւններու։ ՀՀ ղեկավարները Զանգեզուրին օգնութիւն հասցնելու փոխարէն, Նժդեհին կ՚ուղարկեն երկիրը լքելու, Երեւան վերադառնալու յորդորներ։ Այդ յորդորները աւելի վճռական կը դրսեւորուին երբ ՀՀ կառավարութիւնը չդիմանալով Ռուսաստանի ճնշումներուն, ստիպուած կ՚ըլլայ 1920 թ. Օգոստոս 10-ին Թիֆլիսի մէջ կնքել հայ-ռուսական համաձայնագիր՝ Արցախը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը «վիճելի տարածքներ» անուան տակ յանձնել ռուսերուն, այսինքն ըստ էութեան զիջիլ Ազրպէյճանին։

Այստեղ անհրաժեշտ է նշել, որ երբ Ռուսաստանը ՀՀ-ի հետ կը կնքէր Օգոստոսի 10-ի պայմանագիրը, Մոսկուայի մէջ կը շարունակուէին Յուլիս 24-էն ընթացող ռուս-թուրքական գաղտնի բանակցութիւնները, որոնց նպատակը՝ «ամենակարճ ժամկէտի մէջ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տարծքային անընդհատ կապ հաստատելն էր»։

Օգոստոս 30-ին ՀՀ ռազմական նախարար Ռուբէն Տէր-Մինասեանին ուղղուած նամակով, Նժդեհ կը հիմնաւորէ Կապարգողթի ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւնը ոչ միայն Զանգեզուրի, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ 1920 թ. Սեպտեմբերի 23-ին Նժդեհին ուղղուած նամակով Ռուբէն անվերապահօրէն կը համաձայնի Զանգեզուրի ազատամարտը շարունակելու անոր պահանջին ու հետեւեալը կ՚ըսէ.- «Համաձայն ենք, որ Ձեր դուրս գալուց յետոյ Կապան-Գողթանը ձեռքից կը գնայ եւ նրանք սրի-հրի կը մատնուին եւ նրանց համար կը ստեղծուի աւելի վատթար վիճակ, համաձայն ենք նաեւ որ Դուք դուրս պիտի չգաք եւ պիտի զբաղուէք ինքնապաշտպանութեամբ յանուն Կապանի փրկութեան, մի յուսահատուիք, եղէք ժողովրդի հետ եւ նահատակուէք նրա հետ մինչեւ վերջ»։

Օգոստոսի վերջին ռուսական զօրամիաւորումներ կը շարժին դէպի Կապան եւ Մեղրի,  նաեւ Նախիջեւանէն եւ Օրդուբադէն Կարջեւանի միջոցաւ, նաեւ Ճէպրայիլէն Շիւանձորի միջոցաւ, իսկ երկրորդ կողմէն մէկ ուրիշ զօրամաս կը շրջապատէ Կալեր գիւղի ուղղութեամբ եղած տարածութիւնը։ 70- օրեայ կռիւներուն թշնամիին հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուին Դաւիթ-Բէկ, Քաջարան, Շիշկերտ, Մազրայ գիւղերը։ Սեպտեմբեր 7-ին Նժդեհ կը հասնի Շիւանձոր, տեղի եկեղեցիին մէջ հաւաքուած գիւղացիներուն ոգեւորիչ խօսքերով անոնց կ՚առաջնորդէ դէպի ինքնապաշտպանութիւն։ Իսկ Սեպտեմբեր 8-ին ռուսերը Կարճեւանցիներուն վերջնագիր տուած էին՝ «անմիջապէս մաքրել Արաքսի ափի վրայ ձգուած խճուղին եւ հնարաւորութիւն տալ Խորհրդային Ատրպէյճանին միանալու Նախիջեւանին»։ Իսկ Նժդեհ իր կարգին վերջնագիր ուղարկեց ռուսերուն հետեւեալ գրութեամբ.- «Եթէ չէք ուզում գերեզման գտնել ձորերում՝ թողէք Բաղաբերդը։ Երկու ժամ ժամանակ ունէք փրկուելու»։ Սոյն վերջնագիրէն ետք, կարմիր զօրքը կը սկսի նահանջել։ Սեպտեմբերի 10-13 Նժդեհ կը գրաւէ Շիւանձորը։ Իսկ 1920 թ. Նոյեմբեր 24-ին Զանգեզուրի գիւղացիական ներկայացուցիչ Աշոտ Մելիք-Մուսեան ՀՀ կառավարութեան հետեւեալ նամակը կ՚ուղարկէ.-« Պոլշեւիկները թէեւ Սեպտեմբեր 8-ին ժամանակաւորապէս յաջողութիւն ունեցան Կապանում, մուտք գործեցին Զանգեզուր, բայց նրանց չյաջողուեց փաստօրէն տիրել Կապանին։ Զինուած երիտասարդութիւնը քաշուեց լեռները եւ իր սիստեմատիկ յարձակումներով Հոկտեմբեր 9-ին քշեց թշնամուն։ Հոկտեմբեր 19-ին Կապանին միացաւ նաեւ Սիսիանը, որը նոյնպէս մաքրեց իր սահմանները թշնամու ոյժերից»։

1920 թ. Դեկտեմբեր 25-27 Տաթեւի վանքին մէջ գումարուած «համազանգեզուրեան առաջին համագումարը»  Սիւնիքը կը հռչակէ ինքնավար։ 1921 թ. Նժդեհ 11-րդ բանակի հրամանատարին  ուղղած իր նամակին մէջ հետեւեալը կ՚ըսէ.- «Հայաստանի բանտերից ազատել ազգային գործիչներին, քեմալականների կողմից գրաւուած հայկական տարածքները մաքրել, հրաժարուել Զանգեզուրի հայութեան մէջ քայքայիչ գործունէութիւն կատարելուց»։ 1921 թ. Փետրուարին Զանգեզուրեան ոյժերու հրամանատար Եապոնի միջոցով Սիւնիքին կը միացուի Վայոց Ձորը, կը չէզոքացուի Արեւիքի վրայ յարձակած թշնամին եւ կը հպատակեցուին Բարգուշատի թաթարները։ 1921 թ. Փետրուար 28-Մարտ 8, Նժդեհ կ՚ազատագրէ Դիզակ եւ Արցախի մեծ մասը եւ կը միացնէ Լեռնահայաստանին։ 1921 թ. Յունիս 7-ին նամակ կը յղէ Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան ՝ Սիւնիքը պարպելու դիմաց պահանջելով Լեռնահայաստանի՝ Զանգեզուր, Լեռնային Ղարաբաղ, Վայոց Ձոր եւ Նախիջեւան միացումը Խորհրդային Հայաստանին։

 

Գէորգ Հալէպլեան