image

Նոր ժամանակները ստեղծելու պահանջով .Խմբագրական «Ազատ օր»ի

Նոր ժամանակները ստեղծելու պահանջով .Խմբագրական «Ազատ օր»ի

Ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ի­րա­կա­նու­թեան մը առ­ջեւ կանգ­նած է ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը։ Ար­ցա­խեան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մի պար­տու­թեան եւ հո­ղա­տո­ւու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը հիմ­նո­վին ցնցե­ցին այն ար­ժե­հա­մա­կար­գը, որ­մէ սնունդ ստա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դը վեր­ջին ե­րե­սուն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին։

 
9 ­Նո­յեմ­բե­րի զի­նա­դա­դա­րի ա­մօ­թա­լի հա­մա­ձայ­նա­գի­րէն ետք, հայ մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սած բազ­մա­թիւ վեր­լու­ծում­ներ կը փոր­ձեն բա­ցատ­րել մեր պար­տու­թեան պատ­ճառ­նե­րը, ա­նոնց թե­լը եր­կա­րե­լով նոյ­նիսկ վեր­ջին ե­րե­սուն տա­րի­նե­րու քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն մէջ։

 
­Յաղ­թա­նա­կի կամ պար­տու­թեան մը ար­դիւն­քը միայն տո­ւեալ պատ­մա­կան պա­հու ե­ղե­լու­թիւն­նե­րուն ազ­դե­ցու­թեան տակ չէ որ յա­ռաջ կու գայ, այլ ազ­գի մը ապ­րած ժա­մա­նակ­նե­րու ի­րե­րա­յա­ջորդ քա­ղա­քա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ ռազ­մա­կան ընտրանք­նե­րուն, կեն­սա­կեր­պին, ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան ըմբռ­նում­նե­րուն ու ա­նոնց գոր­ծադ­րու­թեան շղթա­յի մը օ­ղակ­ներն են, ո­րոնք մէ­կը միւ­սին ե­տե­ւէն կը յատ­կան­շեն ժո­ղո­վուր­դի մը ընտ­րած ու­ղին եւ ա­նոր սպա­սում­նե­րը։


­Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու քա­ղա­քա­կան կար­գա­խօ­սը՝ «Երբ խա­ղա­ղու­թիւն կ­՚ու­զես, պատ­րաս­տո­ւիր պա­տե­րազ­մի հա­մար» տի­րա­կան դար­ձած է, յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն ցոյց տա­լով, թէ այ­սօ­րո­ւան աշ­խար­հին մէջ իսկ խա­ղաղ հա­մա­կե­ցու­թեան, ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րօր կե­նակ­ցու­թեան ու գոր­ծակ­ցու­թեան լո­զունգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ ի­մաս­տա­զուրկ, որ­քան ժա­մա­նակ խե­լա­գա­րո­ւած մե­նա­տէ­րեր կ­՚ա­ռաջ­նոր­դո­ւին աշ­խար­հա­կա­լա­կան այն­պի­սի ե­րազ­նե­րով, ո­րոնց պատ­ճա­ռով ցե­ղա­յին զտում­նե­րու եւ միա­ցու­լում­նե­րու, աշ­խար­հա­կան գրա­ւում­նե­րու, քա­ղա­քակրթու­թեանց գե­տին հա­ւա­սա­րեց­ման վտան­գա­ւոր գա­ղա­փար­նե­րը են­թա­հող եւ գոր­ծադ­րու­թեան ճամ­բայ կը գտնեն զա­նա­զան տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րու մէջ։
20-րդ ­դա­րու հա­մաշ­խար­հա­յին մեծ ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու կող­քին, հայ ժո­ղո­վուր­դը իր մոր­թին վրայ զգած ու ճա­շա­կեց փան­թուր­քիզ­մի ա­հա­ւոր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը, իսկ այ­սօր եւս այն ջիղ ու միս ստա­ցած է Էր­տո­ղա­նի, ցե­ղա­կից Ա­լիե­ւի ու ի­րենց հե­տե­ւորդ­նե­րու խե­լա­գար ե­րա­զանք­նե­րուն պատ­ճա­ռով։ Ալ չխօ­սիլ «քա­ղա­քա­կիրթ» աշ­խար­հի մեղ­սակ­ցու­թեան հա­մար, որ զէն­քե­րու մա­տա­կա­րա­րու­մէն մին­չեւ ան­տար­բեր սու­լե­լու վար­քա­գի­ծը, միայն մա­հա­ցու հա­րուած պատ­ճա­ռեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ազ­նիւ սպա­սում­նե­րուն։


­Նո՛յնն էր 100 տա­րի ա­ռաջ, երբ հա­յու­թեան ան­կա­խու­թեան պա­տո­ւան­դա­նը փուլ ե­կաւ, նո՛յն պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու կրկնու­մով այ­սօր ­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը կը դառ­նան ան­դա­մա­հա­տո­ւած, իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դը՝ բա­րո­յազր­կո­ւած։


Աշ­խար­հա­կա­լա­կան նկրտում­նե­րուն կող­քին, ի­րա­ւա­ցի է նաեւ այն հա­մո­զու­մը, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը, հա­կա­ռակ ա­տե­նին Ար­ցա­խի մէջ ու­նե­ցած ազ­գա­յին, ռազ­մա­կան ու բա­րո­յա­կան մեծ յաղ­թա­նա­կին, հա­կա­ռակ ­Հայ դա­տի կնճռոտ ու­ղիին վրայ նուա­ճած ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն, չկա­րո­ղա­ցաւ դրա­մագ­լու­խի վե­րա­ծել մեր հայ­րե­նի­քը տնտե­սա­պէս եւ ռազ­մա­կա­նօ­րէն ա­ճեց­նե­լու, զայն զար­գաց­նե­լու ի­րա­կան ա­ռա­ջադ­րան­քը։


Ազ­գո­վին չկա­րո­ղա­ցանք հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը դուրս բե­րել խորհր­դա­յին օ­րե­րէն ար­մա­տա­ւո­րո­ւած «հանգստա­ւէտ» դիւ­րին մա­տու­ցում­նե­րու հո­գե­բա­նու­թե­նէն, Ս­փիւռք կո­չո­ւած դրա­մագ­լու­խը չներդ­րո­ւե­ցաւ հայ­րե­նի­քի գան­ձա­նա­կին մէջ, ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիի ստեղ­ծա­գործ ու­ղե­ղը մնաց ար­գե­լա­փա­կո­ւած՝ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ պե­տա­կան ան­յա­րիր ու վնա­սա­կար ընտ­րանք­նե­րու մութ սե­նեակ­նե­րու մէջ։


­Փո­խա­նակ ազ­գի ի­րա­կան վե­րել­քին, ա­նոր քա­ղա­քա­կան, ռազ­մա­կան ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ծաղ­կու­մին՝ ու­նե­ցանք ար­տա­գաղթ, փտած հա­մա­կար­գեր, հա­շո­ւար­կում­նե­րու եւ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան վրայ հիմ­նուած յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց վրայ բար­դո­ւե­ցաւ հա­յու ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծէն մեր­կա­ցումն ու ար­ժեզր­կու­մը, որ ա­ռաջ­նոր­դե­ցին ազ­գի յատ­կա­նիշ­նե­րու գու­նա­թափ­ման՝ որ­պէս ող­բեր­գա­կան հե­տե­ւանք ­Հա­յաս­տա­նի այժ­մու իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու ա­պի­կար, ան­հե­ռա­տես ու ա­մօ­թա­լի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ընտ­րանք­նե­րուն։


­Պէտք է ըն­դու­նիլ, որ Ար­ցա­խեան պար­տու­թեան պատ­ճա­ռով, երբ ­Հա­յաս­տա­նը մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ մե­կու­սա­ցած կը շա­րու­նա­կէ մնալ, այ­լեւս կը փա­կո­ւի պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը, որ այ­սու­հե­տեւ կրկնու­թիւն չի կրնար ու­նե­նալ, պէտք չէ՛ ու­նե­նայ։


Ե­թէ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը չկա­րո­ղա­նայ հա­ւա­քա­բար ինք­զինք նո­րո­գել, ազ­գա­յին ար­ժե­մա­հա­կար­գի նոր ե­րան­գա­ւո­րում­նե­րով ճամ­բայ ել­լել, ազ­գո­վին մատ­նո­ւած պի­տի ըլ­լանք դառ­նա­ղէտ նոր ճա­կա­տա­գի­րի մը տնօ­րի­նու­մին, որ խեղ­դա­մահ պի­տի ը­նէ ա­մէն տե­սա­կի ե­րա­զանք ու ա­պա­գա­յա­տե­սիլ ձգտում։ Ազ­գա­յին մեծ ցնցում­նե­րու հո­լո­վոյ­թին տակ, մա­նա­ւանդ երբ ա­նոնք ռազ­մա­կան ու քա­ղա­քա­կան պար­տու­թիւն­նե­րու կ­՚ա­ռաջ­նոր­դեն, անհ­րա­ժեշտ կը դառ­նայ վե­րա­նա­յիլ ու վե­րա­նո­րո­գել այն բո­լոր կա­ղա­պա­րո­ւած ըմբռ­նում­նե­րը, ո­րոնք սխալ ու­ղի­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դե­ցին։


­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին հա­մա­կար­գը կը կա­րօ­տին վե­րըն­ձիւղ­ման, ո­րուն գլխա­ւոր ե­րաշ­խի­քը պէտք է ըլ­լայ ինք՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը, այն­քան պա­հան­ջա­տէր, որ­քան եւ խիստ իր սպա­սում­նե­րուն մէջ։


­Ժո­ղո­վուր­դի մը բա­րո­յա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւնն է մնալ ինք­նա­մաքրման պա­հան­ջը մարմ­նա­ւո­րե­լու իր բարձր դե­րին վրայ։ Իսկ այ­սօր, այն կը պակ­սի ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, երբ այժ­մու իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն հան­դէպ հան­դուր­ժող կը մնանք, լուռ ցա­սու­մի մը մրմուն­ջին տակ կը սպա­սենք ի­րե­րու զար­գաց­ման, ա­ռանց ժո­ղովր­դա­յին ու­ժի ի­րա­կան ձեռք­բեր­ման ու ծա­ւա­լու­մին։


­Պա­տե­րազմն ու ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան սխալ ընտ­րանք­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դե­ցին ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ամ­բողջ սե­րուն­դի մը կորս­տեան, ստեղ­ծա­րար սքան­չե­լի շեր­տի մը խո­ցու­մին, որ այ­սօր չկայ մեր մօտ կամ քա­մո­ւած պի­տի մնայ մահ­ճա­կալ­նե­րու վրայ։


Ինչ­պէ՞ս պի­տի կա­րո­ղա­նանք փո­խա­րի­նել ու վե­րա­նո­րո­գել կոր­սո­ւած սե­րուն­դի մը այն­քան հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս։ ­Ֆի­զի­քա­կան աճ­ման ա­ռըն­թեր, նոյն­քան եւ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր կը մնայ մեր ազ­գի ար­ժե­հա­մա­կար­գի վե­րա­նո­րո­գու­մը։ Այն­պի­սի ար­ժէք­նե­րու ստեղ­ծում՝ ո­րոնք ի­րենց մէջ պի­տի ընդգր­կեն պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան, քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, ար­հես­տա­գի­տա­կան, ըն­կե­րա­յին, մշա­կու­թա­յին ու մա­նա­ւանդ ռազ­մա­կան վե­րա­զարթ­նու­մի հրա­մա­յա­կա­նը, ե­րաշ­խա­ւո­րե­լով ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ծաղ­կուն ա­պա­գան մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քէն եւ մա­նա­ւանդ՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։


­Հայ քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հը պէտք է իր վրա­յէն թօ­թա­փէ ներ­կա­յի ձա­խո­ղու­թիւն­նե­րու ու­րո­ւա­կա­նը, թռիչք ու ե­րազ ներշն­չէ ամ­բողջ հա­յու­թեան։
­Նոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ վե­րաճշդո­ւե­լիք ու­ղիի հու­նա­ւո­րու­մը դիւ­րաւ ըմբռ­նե­լի գործ չէ։ Վս­տա­հա­բար, մե­զի պար­տու­թեան եւ կոր­ծա­նու­մի տա­րած իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը տեղ չեն կրնար ու­նե­նալ նոր մեկ­նար­կին մէջ։ Ա­նոնք քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ցամ­քած ու ար­ժեզր­կո­ւած են։ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեա­նի դի­պուկ ախ­տա­ճա­նա­չու­մով՝ «Ա­ռաջ­նորդ­ներ պէտք են, ոչ թէ՝ փրկիչ»։


Ս­փիւռքն ալ, այ­լեւս, չի կրնար ան­մասն մնալ վե­րա­զարթ­նու­մի գոր­ծըն­թա­ցէն։ ­Վեր­ջին 100 տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց տո­ւած է, որ պատ­մա­կան զա­նա­զան ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն մէջ Ս­փիւռ­քը իր ան­փո­խա­րի­նե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ յա­ճախ ու­ղի բա­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի առ­ջեւ։ ­Կը բա­ւէ, որ ա­ռողջ մտա­ծող հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը զայն ըմբռնէ եւ շօ­շա­փե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով ընդ­միշտ ի­րա­րու ա­մուր կա­պած պա­հէ հայ­րե­նի­քի եւ Ս­փիւռ­քի ձեռ­քե­րը։


Ս­փիւռ­քեան հա­րուստ կեն­սա­փոր­ձով եւ հայ­րե­նի­քի մէջ քա­ղա­քա­կան ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէու­թեամբ, Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ հա­մա­հայ­կա­կան ա­ռու­մով մնալ ա­մէ­նէն վստա­հե­լի գոր­ծօ­նը, ո­րուն վե­րա­պա­հո­ւած է նե­րազ­դե­ցիկ ու­ժը դառ­նա­լու դե­րը հայ­կա­կան նոր ռազ­մա­վա­րու­թեան մը ճշդու­մի գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։


* * *

2021-ին պի­տի նշենք հա­յոց ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի 30-ա­մեայ ի­րա­գործ­ման տա­րե­դար­ձը։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար այս ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին խաչ­մե­րու­կին վրայ, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քի պար­տա­կա­նու­թիւնն է ազ­գա­յին լի­նե­լու­թեան ո­գին շա­ղախ դառձնել ար­մե­նեան հո­ղին վրայ կառ­չած մնա­ցող ստեղ­ծա­գործ հա­յու հո­գեմ­տա­յին աշ­խար­հին ու ձգտում­նե­րուն հետ։ ­Միայն այն ա­տեն պի­տի կա­րո­ղա­նանք վե­րագտ­նել այն նե­րու­ժը, որ­պէս­զի ­Չա­րեն­ցի պատ­գա­մով ամ­րագ­րո­ւած հա­յու­թեան սպա­սում­նե­րը յան­գին կե­նա­գործ վե­րա­զարթ­նու­մին։ Ազ­գա­յին եւ հո­ղա­յին։