image
Հրատապ լուրեր:

Պիտի փնտռե՛նք քեզ...

Պիտի փնտռե՛նք  քեզ...

Ստորեւ  «Արեւելք»ի ընթերցողներու ուշադրութեան  կը յանձնենք  Պէյրութի  մէջ գործող  «Վանայ  ձայն»  ռատիօկայանի տնօրէն՝ Վիգէն Աւագեանի    կատարած   գրառումը  ի  յիշատակ  օրերս մահացած  ազգային, կուսակցական եւ միութենական գործիչ ՝  Գառնիկ Մկրտիչեանի։

 

Հայ կեանքի լաւ օրերու անկրկնելի երեւոյթներէն էր Գառնիկ Մկրտիչեան։ Մէկը, որուն համար անծանօթ մը չկար իր թաղամասին, երկրին, Սփիւռքին եւ հայ աշխարհին մէջ ընդհանրապէս։

Դաշնակցական էր ան ողն ու ծուծով։ Համազգայնական էր համոզումով, Հ.Մ.Ը.Մ.ական էր ամէնօրեայ ապրումով ու կիրքով եւ, դեռ, Ազգային իշխանութեան մարմիններու անդամ էր ամենայն բարեխղճութեամբ եւ լայնասրտութեամբ։ Խօսակից բոլորին, յարգալիր՝ մեծին ու փոքրին, բոլորը համախմբող, բոլորին հայր, եղբայր ու հարազա՛տ։

Երեւոյթ էր Գառնիկ Մկրտիչեան, Պուրճ Համուտին իր ամուր կառչածութեամբ, լիբանանահայութեան հանդէպ իր ունեցած անսասան հաւատքով ու կամքով։ Այդ պատճառով ալ, ուր որ գնաց ան, ուր որ եղաւ, Պուրճ Համուտի՝ «Սարդարապատ»ի համն ու հոտը տարաւ իր հետ։

Գառնիկ Մկրտիչեան անձնական կեանքէն աւելի պատկանեցաւ հաւաքական մեր կեանքին։ Ան եղաւ ամէն տեղ. Կոմիտէի եւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, Ազգային Քառասնից Մանկանց Վարժարանի եւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճի խնամակալ, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերու անդամ։ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի երկար տարիներու անդամ։ Աւելի քան 40 տարի ան ծառայեց, գործեց, տքնեցաւ եւ դարձաւ բոլորի՛ն Գառնիկը։ Վերջին տասնամեակին ան եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջուն դեսպանը աշխարհին մէջ։ Այցելեց միութեան բոլոր մասնաճիւղերը մէկ առ մէկ, խրախուսեց բոլորը, ստեղծեց նոր մասնաճիւղեր եւ իր կեանքին մեծագոյն երազը՝ միութեան 100-ամեակը ծրագրեց, կազմակերպեց եւ իրագործեց ազգային-պետական շուքով, փառքով ու պատիւով։

Կարելի է երկար վկայել Գառնիկ Մկրտիչեան մարդուն, կուսակցականին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականին մասին, մանաւանդ որ քառորդ դարու ընկերութիւն մը մեզ դարձուցած էր անբաժանելի մտերիմներ, գործակիցներ, յաճախ գրեթէ ամէնօրեայ շփման եւ խորհրդակցութեան մէջ։ Անակնկալ կորուստին ցնցումը մեր աչքերուն դիմաց կը պարզէ անմոռանալի գործակցութեան երկա՜ր պատմութիւն մը՝ 1995-ի մեր առաջին ծանօթութենէն մինչեւ անակնկալ հրաժեշտէն քանի մը օր առաջ, երբ հեռաձայնով Նոր Տարին շնորհաւորեցինք եւ արագ ապաքինում մաղթեցինք իրեն։

Կանուխ էր ընկեր։ Տակաւին տալիք ունէիր։ Տակաւին սորվելիք ունէինք քեզմէ։ Դուն կ’երթաս միանալու «Սարդարապատ»ի սիրելի ընկերներուդ՝ Շէրիֆին (Յարութիւն Թէնքէրեան) ու Խաչիկին (Արապեան), Արային (Քէնտիրճեան) եւ միւսներուն։ Կ’երթաս նաեւ միանալու Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործակից եղբայրներուդ՝ Միհրանին (Շիմշիրեան) եւ Կարոյին (Թիւթիւնճեան), Բիւզանդին (Թորիկեան) եւ Պատրիկին (Կիւլպէնկեան)։

Պիտի կարօտնանք քեզի։

Պիտի փնտռե՛նք քեզ։