image

Նախապէս Ալիեւ Թուրքիոյ ղեկավարները կոչած Է «Ստախօս, խաբեբայ եւ դաւաճան»

Նախապէս Ալիեւ Թուրքիոյ ղեկավարները կոչած Է «Ստախօս, խաբեբայ եւ դաւաճան»

Անցեալ շաբաթ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած յաղթական շքերթի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց արարողութեան ներկայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի: Տասնեակ հազարաւոր ատրպէյճանցիներ դուրս եկան փողոց՝ փառաբանելով Թուրքիան եւ ծածանելով  թրքական  ու  ատրպէյճանական  դրօշներ։ Երկու նախագահները միմեանց գովեստի խօսքեր շռայլեցին՝ կրկնելով իրենց հանրայայտ կարգախօսը՝ «մէկ ժողովուրդ, երկու պետութիւն»:

Թէեւ թուրք զինուորականները եւ անոր ժամանակակից անօդաչու թռչող սարքերը վճռորոշ դեր խաղացին արցախեան վերջին պատերազմին մէջ, թէ՛ Ալիեւ, թէ՛ ​​Էրտողան բազմիցս ստած են պատերազմին Թուրքիոյ մասնակցութեան մասին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ստած են սուրիացի վարձկանները Ատրպէյճան տեղափոխելու մասին՝ հայկական զօրքերու դէմ կռուելու համար: Ատրպէյճանական, թրքական զօրքերու եւ վարձկաններու​​ մասնակցութեամբ յաջող պատերազմը ամրապնդեց Թուրքիոյ ազդեցութիւնը Ատրպէյճանի եւ անոր քաղաքականութեան վրայ: Շատ մեկնաբաններ այս իրավիճակը որակած են որպէս Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի գրաւում: Հարիւր տարի առաջ Օսմանեան բանակի կողմէ Պաքուի նուաճումէն ի վեր, ասիկա առաջին դէպքն է, որ թուրք զինուորականները կը հասնին Կասպից ծովուն ափերը: Այս իրողութիւնը կ՛ամրապնդուի Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 9 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած համաձայնագիրով, որ կը նախատեսէ Հայաստանի մէջէն անցնող երթուղի՝ Ատրպէյճանը կապելով Նախիջեւանի, ատով իսկ Թուրքիոյ ապահովելով դէպի Ատրպէյճան մուտք եւ հնարաւորութիւն՝ դուրս գալու անոր սահմաններէնէն` կապուելու համար թրքական այլ հանրապետութիւններու հետ, այսպիսով իրականացնելով փանթուրանական դարաւոր երազանքը:

Բայց ատրպէյճանա-թրքական յարաբերութիւնները միշտ չէ, որ եղած են այսքան ջերմ ու սրտբաց: 2009ին, երբ Հայաստան եւ Թուրքիա բանակցութիւններ կը վարէին իրենց ընդհանուր սահմանը բանալու վերաբերեալ արձանագրութիւններու շուրջ, Ատրպէյճան խիստ զայրացած էր, որ Թուրքիա որոշած է Հայաստանի հետ նման քայլ կատարել՝ անտեսելով Ատրպէյճանի շահերը:

 «Ուիքիլիքս» բացայայտած է Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ Պետական Բաժանմունքին ուղարկուած «Գաղտնի» հեռագիրը, որով զեկուցուած է  3 Ապրիլ 2009ին նախագահ Ալիեւի, արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամեդեարովի եւ արցախեան հիմնախնդրի Մինսքի խումբի բանակցողներու ԱՄՆ համանախագահ Մեթիւ Պրայզայի միջեւ կայացած մէկ ժամնոց հանդիպման մասին։ Հեռագիրը վերնագրուած էր՝ «Ալիեւ խելամտօրէն կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տարբերակներուն, բայց կը շարունակէ կատղած մնալ Թուրքիոյ պատճառով»:

Հեռագրի ամփոփիչ պարբերութեան մէջ կ՛ըսուէր, որ «Ալիեւ չէ թաքցուցած իր վրդովումը Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի շահերու ակնյայտ անտեսման կապակցութեամբ, եւ անոր  բուռն վարքագիծին ցուցադրութիւնը, կարծես, հաշուարկուած էր, որպէսզի ընդգծէր Թուրքիոյ հետեւանքներու լրջութիւնը, եթէ Ատրպէյճանի շահերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհաբերուին յանուն հայկական համաձայնութեան»:

Հեռագրին մէջ՝ «Անգարայի դաւաճանութեան դժգոհութիւնը» խորագրի ներքոյ կ՛ըսուէր, որ «Ալիեւ պատասխանած է Թուրքիոյ ծաւալուն եւ դառն մեղադրանքով՝ իբրեւ «ստախօս, խաբեբայ եւ դաւաճան», Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Նշելով, որ տարածաշրջանին մէջ ներկայիս անկայուն իրավիճակի հետեւանքներն անկանխատեսելի են, ան դժգոհած է, որ Ատրպէյճան լուռ կ՛աջակցի վերջին շրջանին հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման, ներառեալ Նախագահ Սարգսեանի «ֆութպոլային դիւանագիտութեան», որ երբեք չէր  կրնար երազել, որ Թուրքիան «կը խաբէր մեզ»՝ անջատելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցի յառաջընթացը այս գործընթացէն։  Թուրքիոյ նախագահ Կիւլ խոստացած էր, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի հարցի մէջ յառաջընթացի՝ ոչ մէկ դուռ կամ սահման կը բացուի Հայաստանի համար, ըսաւ Ալիեւ։ «Ան ստեց, ես այլեւս չեմ վստահիր անոր»։

Հեռագրին մէջ այնուհետեւ կ՛ըսուէր. «Ալիեւ նշեց, որ երբ Յունուարին (2009) Տաւոսի մէջ տեսակցեցաւ վարչապետ Էրտողանի հետ, Էրտողան ոչինչ ըսաւ այն քայլերուն մասին, զորս Թուրքիա մտադիր է ձեռնարկելու Հայաստանի հետ...: Տաւոսէն ետք Էրտողան արտաքին գործոց նախարար Պապաճանը ուղարկեց Պաքու՝ բացատրելու, թէ ի՛նչ կը կատարուի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման կապուած: «Պապաճան խնդրեց իմ աջակցութիւնը՝ ըսելով, որ մենք պէտք է փորձենք յառաջընթաց արձանագրել «զուգահեռաբար» Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ», բայց առանց զանոնք իրարու կապելու, ըսաւ Ալիեւ չհաւատալով։ Ալիեւ ըսաւ Պապաճանի, որ Ատրպէյճան չի սատարեր Հայաստանի հետ Թուրքիոյ քայլերը՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի հարցով յառաջընթաց արձանագրելու եւ նախանշեց «Թուրքիոյ ու այս տարածաշրջանին համար բոլոր հնարաւոր հետեւանքները», եթէ Թուրքիա ընթանայ այս ուղիով: Թուրքերը խնդրեցին Ալիեւէն գաղտնի պահել զրոյցը: Անոր  խօսքով, Ալիեւ համաձայնեցաւ, բայց ատկէ անմիջապէս ետք «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հայկական ծառայութիւնը յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը «այլեւս խոչընդոտ չէ» հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման համար: Ասիկա Ատրպէյճանի մէջ մամուլի արշաւ յառաջացուց, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր, աւելցուց Ալիեւ»: 

Հեռագրին համաձայն՝ «Ալիեւ ըսաւ, որ ինք արտաքին գործոց նախարար Արազ Ազիմովը երկու անգամ ուղարկած է Թուրքիա՝ ներկայացնելու թուրքերուն, թէ ի՞նչ պիտի ստանան եւ ի՞նչ պիտի կորսնցնեն կարգաւորումէն՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի լուծման կամ յառաջընթացին, ինչպէս նաեւ առաջարկած թուրք-ատրպէյճանական միացեալ  յայտարարութիւն այս նիւթի մասին: Ազիմով վերադարձաւ առանց արդիւնքներու, եւ այժմ Ատրպէյճան կանգնած է «իրողութեան» առաջ, որ Թուրքիա կը նախաստորագրէ, կը ստորագրէ եւ կը վաւերացնէ Հայաստանի հետ սահմանը բանալու եւ դիւանագիտական ​​յարաբերութիւններ հաստատելու մասին համաձայնագիրը»:

Հեռագրին մէջ ըսուած էր. «Ատրպէյճան նոյնպէս, այլեւս չի կրնար պահպանել իր «համբերատար լռութեան» կեցուածքը հայ-թրքական գործընթացներու վերաբերեալ, ըսած է Ալիեւ։ Ան նշած է, որ հաշուի առնելով Էրտողանի քաղաքական թուլութիւնը Թուրքիոյ մէջ կայացած վերջին ընտրութիւններու նախօրէին, Ատրպէյճան զերծ մնացած է հրապարակային յայտարարութիւններէ, որպէսզի չազդէ քուարկութեան արդիւնքներուն վրայ: Բայց «լռութիւնը բարեկամութեան նշան էր, որուն թուրքերը արժանի չեն»: Թուրքիա կը շահարկէ հասարակական կարծիքը՝ Ատրպէյճանը ներկայացնելով որպէս համակերպուող Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ, ուստի այժմ Ատրպէյճան պէտք է հրապարակաւ յստակացնէ իր դիրքորոշումը»։

Աւելին, «Թուրքիա կը պատրաստուի կատարել» պատմական լուրջ սխալ մը, որ երբեք չի մոռցուիր», պնդեց Ալիեւ։ «Մեր յարաբերութիւնները երբեք նոյնը չեն ըլլար: Մենք մէկ ազգ չենք եւ երբեք չենք ըլլար։ Մեր յարաբերութիւնները կը խաթարուին, այդ աղէտ կ՛ըլլայ բոլոր հարցերու մէջ՝ ապահովութիւն, տնտեսութիւն, ուժանիւթ», շարունակեց Ալիեւ: «Թուրքիա պէտք է որոշէ, թէ ի՛նչ պիտի շահի եւ ի՛նչ կորսնցնէ: Ան, անշուշտ, կը կորսնցնէ Ատրպէյճանը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ասիան, եւ վերջ կը դրուի թրքական համերաշխութեան», շարունակեց ան։ Եթէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան բաժնուին, հետեւանքներ կ՛ըլլան նաեւ Վրաստանի համար։ Անոնք ամէն բան ըրին ուժանիւթային համագործակցութիւնը խաթարելու համար», ըսաւ Ալիեւ բորբոքած։ Ապա աւելցուց, որ Թուրքիա կը թերագնահատէ իր ներքին քաղաքականութեան վրայ Ատրպէյճանի ազդեցութեան աստիճանը: Նախապէս Ատրպէյճան երբեք չէ խառնուած Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան, «բայց ատիկա ազգային մտահոգութեան տեղիք  կու տայ», նախազգուշացուց ան: Ալիեւ աւելցուց, որ ինքզինք «անձամբ դաւաճանուած» կը զգայ Կիւլի ու Էրտողանի կողմէ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներուն ուղղած իր խօսքը Ալիեւ եզրափակեց Թուրքիոյ ուղղուած նախազգուշացումով, «նշելով, որ երբ ատրպէյճանցիները հարցուցին թուրքերուն, թէ արդեօք իրենք համաձա՞յն են կարգաւորելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ եւ բանալու սահմանը, առանց Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման, թուրքերը «չեն պատասխանած», պոռթկաց Ալիեւ։ «Լռութիւնը կը նշանակէ այո... անոնք այս ըրին: Անոնք միշտ կ՛ըլլան սեւ ցուցակի վրայ»։

Այս հանդիպումէն ետք Ալիեւ կը շարունակէր ճնշել եւ սպառնալ Էրտողանի եւ Թուրքիոյ, որպէսզի անոնք չվաւերացնեն հայ-թրքական արձանագրութիւնները: Էրտողան ստիպուած էր արձանագրութիւններուն աւելցնել նոր պայման մը՝ ձգտելով Արցախէն հայկական զօրքերը դուրս բերել, ինչ որ Հայաստանի համար անընդունելի էր: Ի վերջոյ, արձանագրութիւնները տապալեցան, քանի որ Հայաստան եւ Թուրքիա կեանքի չկոչեցին անոնց վաւերացման գործընթացը իրենց խորհրդարաններու միջոցով:

Ալիեւ յաջողութեամբ կանխեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցումը։  Հիմա, երբ Ալիեւ եւ Թուրքիա ռազմական ճամբով լուծեցին Արցախի հիմնախնդրի մեծ մասը, անոնք վերսկսած են իրենց ջերմ յարաբերութիւնները՝ գոյատեւման սպառնալիք ստեղծելով ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ Հայաստանի համար:

Յուսանք, որ անսպասելի նոր զարգացումները կարենան վերակենդանացնել Ալիեւի եւ Էրտողանի հին թշնամանքը՝ խարխլելով անոնց ներկայի սերտ յարաբերութիւնները:

 

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան