image

Զինադադա՞ր, թէ՞ անձնատուութիւն․ Արցախեան համաձայնագիրը պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի

Զինադադա՞ր, թէ՞ անձնատուութիւն․ Արցախեան համաձայնագիրը պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի

Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի ու Ռուսիոյ նախագահներու համատեղ յայտարարութիւնը, որ հրապարակուեցաւ 9 Նոյեմբեր 2020ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ներկայացուեցաւ իբրեւ զինադադարի փաստաթուղթ եւ ոչ թէ Արցախի հարցի վերջնական լուծում:

Թէեւ այս համաձայնագիրը վերջ դրաւ շարունակուող պատերազմին, սակայն իրականութեան մէջ անիկա աւելին էր, քան զինադադարը: Անիկա կը ներառէր 1990ական թուականներուն հայերու կողմէ ազատագրուած տարածքներու մեծ մասի վերադարձը Ատրպէյճանին: Անիկա Ատրպէյճանին նաեւ այլ զիջումներ ըրաւ, որոնք Արցախի հետ կապ չունին: Հետեւաբար, այս փաստաթուղթը անձնատուութիւն է Հայաստանի համար:

Այս «Յայտարարութիւնը» անորոշ կերպով կազմուած փաստաթուղթ մըն է, որ լուրջ ճշգրտումի, եթէ չըսենք  վերստին  բանակցելու  եւ  լուրջ  պարզաբանման  կարիքը  ունի: Ես կը մեկնաբանեմ այս «Յայտարարութեան» բոլոր ինը կէտերը.

Այս «Յայտարարութեան» առաջին արտասովոր կէտը այն է, որ թէեւ երեք ղեկավարները պայմանաւորուեցան դադրեցնելու մարտերը «ներկայիս գտնուած իրենց դիրքերուն մէջ» (կէտ 1), հայկական կողմը պարտաւոր է վերադարձնելու այն հողերը, զորս Ատրպէյճան չէր նուաճած: Կրակի դադրեցման պայմանը  ընդհանրապէս  կը մատնանշէ  կրակի  դադրեցում  շփման  կէտին վրայ, եւ կողմերու միջեւ եղած տարակարծութիւններու հետագայ կարգաւորումը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Ահա թէ ինչո՛ւ ես այս համաձայնագիրը կը կոչեմ անձնատուութիւն, այլ ոչ թէ զինադադար:

Երկրորդ դիտարկումս այն է, որ «Յայտարարութիւն»ը կոչ կ՛ընէ Աղտամի շրջանը վերադարձնելու Ատրպէյճանին, առանց այդ տարածքը վերադարձնող հայկական կողմին անունը  նշելու (կէտ 2): Այսուամենայնիւ, «Յայտարարութեան» 6րդ կէտին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նշուի իբրեւ կողմ, որ Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջանները պարտաւոր է վերադարձնելու Ատրպէյճանին։ Ասիկա լուրջ սխալ է Հայաստանի կողմէ, քանի որ Արցախի եւ յարակից տարածքներու ազատագրումը մշտապէս ներկայացուած է Արցախի հայկական ուժերու կողմէ կատարուած, այլ ոչ թէ Հայաստանի։ «Յայտարարութեան» մէջ նշուած այս նախադասութեամբ Հայաստան կ՛ընդունի, որ ինք գրաւած է այդ տարածքները, այսպիսով ստանձնելով  իրաւական  պատասխանատուութիւն՝ միջազգային դատարանի կողմէ նշանակուած որեւէ փոխ հատուցման համար Ատրպէյճանին: Յղումը՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան», պէտք է փոխարինուի «հայկական ուժերով»:

«Յայտարարութեան» 3րդ կէտ. Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու թիւը կը նշուի 1960: Սակայն, կան տեղեկութիւններ, որ հոն հիմա աւելի շատ ռուսական զօրք կայ, եւ կրնայ ըլլալ, որ ապագային շատ աւելի ըլլայ: Ասիկա շեղում է «Յայտարարութենէն», ինչ որ կը  նշանակէ, որ այս համաձայնագրին մէջ կարելի է նաեւ ուրիշ փոփոխութիւններ կատարել:

 «Յայտարարութեան» 4րդ կէտ. ռուս խաղաղապահներուն յանձնարարուած է հինգ տարի մնալ երկու կողմերու միջեւ, եթէ Հայաստան կամ Ատրպէյճան անոնցմէ չպահանջեն հեռանալ՝ հինգ տարիէն վեց ամիս առաջ: Թէեւ հասկնալի է, որ ոչ մէկ խաղաղապահ կրնայ յաւերժ մնալ, այս դրոյթը պէտք է անհանգստացնէ հայերը, որովհետեւ նախագահ Ալիեւ յայտարարած է, որ Ատրպէյճան կ՛ուզէ վերադարձնել ամբողջ Արցախը, ոչ թէ միայն անոր մէկ մասը: Ուստի, ամենայն հաւանականութեամբ, Ատրպէյճան Ռուսիայէն կը պահանջէ իր զօրքերը դուրս բերել 4․5 տարի անց՝ դուռ բանալով ատրպէյճանական կողմէ Արցախի ամբողջական գրաւման: Նոյնիսկ աւելի վատ, ռուսական զօրքերը կրնան շատ աւելի շուտ դուրս գալ, եթէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմ սկսի:

«Յայտարարութեան» 5րդ կէտին մէջ կը նշուի, որ «կրակի դադրեցման վերահսկողութեան համար պէտք է ստեղծուի «խաղաղապահ կեդրոն»՝ առանց նշելու, թէ ո՞վ պիտի ղեկավարէ նման կեդրոն մը: Այս «Յայտարարութեան» ստորագրումէն քանի մը օր անց յայտնի դարձաւ, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ զօրքերը միասին պիտի կառավարեն այս կեդրոնը, որ պէտք է տեղակայուի Ատրպէյճանի տարածքին մէջ՝ Արցախէն դուրս: Ասիկա, հաւանաբար, նախագահ Փութինի կողմէ զիջում էր Թուրքիոյ՝ թրքական զօրքերուն թոյլ չտալու համար, որ միանան ռուս խաղաղապահներուն:

 «Յայտարարութեան» 6րդ կէտը Հայաստանէն կը պահանջէ 15 Նոյեմբեր 2020ին Քելբաջարը վերադարձնել Ատրպէյճանի: Այս ամսաթիւը հետագային փոխուեցաւ 25 Նոյեմբերի։ Ասիկա մէկ անգամ եւս ցոյց  կու տայ, որ կարելի է փոփոխութեան ենթարկել «Յայտարարութեան» պայմանները: 6րդ կէտը նաեւ կոչ կ՛ընէ կառուցելու նոր երթուղի «յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին»`Արցախը Հայաստանի հետ կապելու համար` շրջանցելով Շուշին, որ ներկայիս գրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ:

«Յայտարարութեան» 7րդ կէտը կը նախատեսէ, որ «ներքին տեղահանուած մարդիկ եւ գաղթականներ պէտք է վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից տարածքներ` ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի վերահսկողութեան տակ»: Կ՛ենթադրուի, որ ինչպէս ատրպէյճանցի, այդպէս ալ հայ գաղթականները իրաւունք կ՛ունենան վերադառնալու իրենց տուները Արցախի մէջ եւ յարակից տարածքներ: Կասկածելի է, որ հայերը կ՛ուզեն վերադառնալ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ: Յստակ չի նշուիր, թէ արդեօք ատրպէյճանցի գաղթականները իրաւունք ունի՞ն վերադառնալու Արցախի կողմէ վերահսկուող հայկական տարածք, ինչ որ կրնայ բախումներ յառաջացնել երկու համայնքներու միջեւ:

«Յայտարարութեան» 8րդ կէտը կը պահանջէ «փոխանակել ռազմագերիները, պատանդները եւ կալանաւորուած  այլ  մարդիկ  եւ  դիակները»:  Այսուամենայնիւ, վերջնական  ժամկէտ  չէ սահմանուած նման փոխանակման համար:  Քանի  որ  շատ  աւելի  հայ,  քան ատրպէյճանցի գերիներ կան, ասիկա լուրջ հարց պիտի ստեղծէ մեր գերեվարուածներու ընտանիքներուն համար, որոնց զաւակները Ատրպէյճանի կողմէ կ՛ենթարկուին բարբարոսական վերաբերումի:

«Յայտարարութեան» 9րդ կէտը ամէնէն կարեւորն ու ամէնէն վտանգաւորն է Հայաստանի ապագային համար: Անիկա կոչ կ՛ընէ միջանցք ստեղծել Ատրպէյճանի հիմնական տարածքի եւ Նախիջեւանի միջեւ՝ Հայաստանի հարաւային հատուածով՝ Իրանի սահմանի մօտակայքը: Ասիկա կարմիր գիծ է, որ Հայաստանի ոչ մէկ ղեկավար իրաւունք ունէր հատելու: Ասիկա կը վտանգէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը: Նման միջանցք մը եղած է փանթուրանական վաղեմի երազանք՝ ցամաքային ճանապարհով Թուրքիան միացնելու Ատրպէյճանին եւ անկէ ետք Կեդրոնական Ասիոյ մնացած թրքական հանրապետութիւններուն: Ասիկա կէտ մըն է, որ Փաշինեան պէտք էր կտրականապէս մերժէր ընդունիլ: Յոյսով եմ, որ շատ ուշ չէ փոխելու այս դաւաճանական դրոյթը: Կարելիութիւններէն մէկը այն է, որ եթէ Ատրպէյճան խախտէ «Յայտարարութեան» որեւէ կէտ, Հայաստան այնուհետեւ անվաւեր կը համարէ համաձայնագրի 9րդ կէտը: Օրինակ, եթէ ատրպէյճանական ուժերը յարձակուին Արցախի ներկայիս հայաբնակ հատուածին վրայ կամ փակեն Լաչինի նոր միջանցքը, ապա Հայաստան կրնայ փակել Հայաստանի հարաւը գտնուող ատրպէյճանական միջանցքը:  Մէկ  այլ հնարաւորութիւն կրնայ ըլլալ հինգ տարի անց, եթէ Ատրպէյճան պահանջէ ռուս խաղաղապահներէն լքել Արցախը: Ատկէ ետք Հայաստան կրնայ փակել իր տարածքը հատող ատրպէյճանական միջանցքը, քանի որ «Յայտարարութիւնը» կը պահանջէ, որ ռուսական զօրքերը  երաշխաւորեն  այս  միջանցքի  անվտանգութիւնը:  Փաշինեանի  բացատրութիւնը,  որ այս դրոյթը թոյլ կու տայ Հայաստանի՝ օգտագործել Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի մէջով գոյութիւն ունեցող երկաթուղագիծը՝ բեռներ Ռուսիա տեղափոխելու համար, երազանք է: Ոչ մէկ հայկական բեռի թոյլ կու տան, որ անցնի Նախիջեւանով կամ Ատրպէյճանով: Աւելին, այս միջանցքը կը մեկուսացնէ Հայաստանը Իրանէն, որ Հայաստանի համար կարեւոր սահման է: Հայաստանի եւ Իրանի համար իրավիճակը աւելի վատթարացնելու համար, Ատրպէյճան կը նախատեսէ կազատար եւ երկաթուղային գիծեր կառուցել այս միջանցքով` այդպիսով շրջանցելով Իրանի տարածքը, ինչ որ Իրանը կը զրկէ շահութաբեր եկամուտներէ:

Ամէնէն զարմանալին այն է, որ «Յայտարարութիւնը» չի նշեր Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճան բերուած ճիհատական վարձկաններու մասին:  Այս ահաբեկիչներու ներկայութիւնը միջազգային իրաւունքի խախտում է եւ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ Ռուսիոյ, Իրանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համար: Ասիկա ճիշդ այն է, ինչ որ մատնանշեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը վերջերս Հայաստան կատարած այցելութեան ատեն: Այս բացթողումը պէտք է շտկուի անմիջապէս՝ «Յայտարարութեան» մէջ նոր կէտ աւելցնելով՝ պահանջելով Ատրպէյճանէն հեռացնել սուրիացի վարձկանները իր տարածքէն։

Ի լրումն այս յատուկ կէտերուն՝ ստորագրուած «Յայտարարութիւնը» պէտք չէ համարուի իրաւական փաստաթուղթ, քանի որ ոչ Հ. Հ. Սահմանադրական դատարանը, ոչ ալ Հայաստանի խորհրդարանը հաստատած են զայն:  Փաշինեան իրաւունք չունի առանձինն փաստաթուղթ ստորագրելու Հայաստանի Հանրապետութեան անունով՝ առանց համապատասխան մարմիններու համաձայնութեան, ինչպէս կը պահանջէ Սահմանադրութիւնը:

Հայաստան այժմ առաւելագոյնը հինգ տարի ժամանակ ունի ռազմական հզօրացման համար՝ ստեղծելով կամ ձեռք բերելով ժամանակակից զինական համակարգեր, որպէսզի կարենայ ետ մղել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նոր յարձակումը Արցախի կամ Հայաստանի վրայ: Ինչպէս նշուած է նախապէս, Հայաստան պէտք է անյապաղ ճանչնայ Արցախը կա՛մ որպէս անկախ պետութիւն, կա՛մ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան մաս, այդ ճանաչումը որպէս սակարկութեան քարտ օգտագործելով՝ Ատրպէյճանի հետ  բարելաւելու համար համաձայնագիրը բանակցութիւններու մէջ:

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան