image

Արցախի հաւատալիքները

Արցախի հաւատալիքները

Նոյեմբեր 10-ի առաւօտը բացուեցաւ մղձաւանջային տրամադրութեամբ: Ամբողջ գիշեր ցուցարարները աղմկեցին, ջարդեցին եւ փշրեցին կառավարական վայրերուն մէջ՝ դէմ արատայայտուելով նոր իրողութեան, որուն առջեւ կեցած են Հայաստանն ու Արցախը:

Առաւօտեան խումբ մը արցախցիներ մեր փողոցին անկիւնը կեցած, ուռած, անքուն աչքերով կու լային եւ արցախեան բարբառով կը խօսէին: Անոնք ինքնաշարժի մը կը սպասէին, որ եկաւ, ինչպէս սգաւոր թափօրի մաս մը, նստան եւ գացին.. Ո՞ւր, չեմ գիտեր, բայց հաստատ Արցախ չգացին: Հաւանաբար միանալու՝ Երեւանի մէջ գտնուող ուրիշ արցախցիներու եւ միասնաբար ելք մը, սփոփանքի խօսքեր գտնելու, ընելիքը հասկնալու… Աւելի քան քառասուն օր է Հայաստանի մէջ ծուարած, կուչ եկած են տասնեակ հազարաւոր արցախցիներ եւ կը սպասեն տուն դառնալու: Անոնցմէ շատեր Հայաստան եկած են միայն հագած հագուստներով ու պայուսակով մը՝ վստահաբար գիտնալով, որ շատ արագ կրկին ետ կը դառնան եւ կը շարունակեն խաղաղ ապրիլ իրենց տուներուն մէջ, ինչպէս կ՚ապրէին մինչեւ սեպտեմբեր 27-ի չարագուշակ առաւօտը:

Արցախ դառնալը մնաց շատերուն երազը… Արցախցի մանուկները անհոգ կը խաղան Երեւանի մէջ, հեռաձայնով կը խօսին Արցախի՝ տակաւին պատերազմական գօտիին մէջ գտնուող իրենց հայրերուն հետ, որոնք պզտիկներուն խաղաղ ու ապահով Արցախ խոստացած էին… Բոլոր հեռաձայնները այլեւս ուրիշ բովանդակութիւն ունին, բոլոր խոստումները փշրուած են, սառած… Գնդակոծուած եւ վնասուած են արցախցի մանուկներուն դպրոցները, մանկապարտէզները, անոնց մէկ մասը արդէն մերը չէ, խաղավայրերը մահ եւ արիւն կը հոտին: Պաշտօնական տուեալներով, Արցախի Հանրապետութեան աւելի քան 24 հազար երեխայ զրկուած է կրթութեան իրաւունքէն: Իսկ աշխարհը լուռ է… Բոլորիս սրտերուն մէջ Արցախն է ու արցախցին: Մենք նոր իրականութեան մէջ ենք՝ գիշերային դառն երազներէն ստեղծուած մտային տագնապները կը խեղդեն բոլորիս կոկորդները…

Արցախի մասին ստորեւ տրուող նիւթերը հոգիի սփոփանք են այս ծանր օրերուն…

 

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐԸ

ՍՐԲԱԶԱՆ ՋՈՒՐ

Հին ատեն, Արցախի մէջ ջուրը սրբազան էր, արգիլուած էր անոր մէջ թքնել, ինչպէս՝ կրակին մէջ: Արցախի տարածքին բնակած հայերը աղբիւրներուն նուիրաբերութիւններ կը կատարէին, իսկ նորահարսը առաջին անգամ ջուր բերելու համար աղբիւր գացած ժամանակ իրեն հետ ցորեն կը տանէր եւ կը զոհաբերէր աղբիւրին: Սովորութիւն եղած է կիրակի օրերը մոմեր վառել սուրբ նկատուող աղբիւրներուն քով, իսկ հիւանդները, մոմեր վառելէն զատ, նաեւ աքաղաղներ կը զոհաբերէին եւ կ՚աղօթէին՝ ապաքինելու ակնկալիքով:

Արցախի մէջ բուժող յատկութեամբ աղբիւրները շատ էին՝ այդ սրբազան աղբիւրներէն էին Շոշու գիւղի ձորակի աղբիւրը, Վերին Սզնեքի «Կանաչ խաչը», Հղորդի գիւղի «Մոշ աղբիւր»ը, որուն մօտ ոչ միայն մոշենի պտուղի թուփեր կային, այլեւ կար մեծ, պաշտամունքի ծառ մը՝ կաղնին: Ըստ աւանդութեան, մարդիկ տեսած են, թէ ինչպէս Չանախչի գիւղի «Մեծ աղբիւր»ին վրայ քանի մը անգամ լոյս իջած է:

 

ՍՐԲԱԶԱՆ ԾԱՌԵՐ

Արցախի մէջ հին ատեն տարածում ունէր նաեւ ծառերու պաշտամունքը: Բոլոր գիւղերուն մէջ կային սրբազան ծառեր, որոնց առջեւ նոյնպէս մոմեր կը վառէին, աքաղաղ կամ ոչխար մատաղ կ՚ընէին եւ ծառին տերեւներով գուշակութիւններ կը կատարէին: Այդ ծառերը եւ նոյնիսկ ատոնց ճիւղերը կտրելը մեծ մեղք կը սեպուէր, մեղանչողը անմիջապէս կը պատժուէր: Ուխտաւորները լաթեր կը կապէին պաշտուող ծառերու ճիւղերուն՝ հաւատացած ըլլալով, որ այդ կերպով հոն կը ձգեն հիւանդութիւնները կամ ալ ծառէն կը խնդրէին կատարել իրենց իղձերը:

Սուրբ ծառերէն է Սխտորաշէնի հսկայական չինարի ծառը, որուն քով Համբարձման տօնին շրջակայ գիւղերէն ուխտաւորներ կ՚երթային, մոմեր կը վառէին եւ կաթնապուր կ՚եփէին ու կը բաժնէին որպէս մատաղ: Վերին Թաղաւարդի մէջ ծանօթ էր Բարեւածառ (տեղի բարբառով՝ Պըրեւածառ) ուխտատեղին: Այլ սրբազան ծառերէն ծանօթ էին Սարիբէկի երեք թեղի ծառերը, Գիւնէյ Ճարտար գիւղի մօտի «Կոհակ» կամ «Եակովիկ» կոչուող ճապկի տեսակի ծառերը, Հարաւ գիւղի «Զրաւոր» (Զօրաւոր) հսկայական կաղնիները: Սղնախ գիւղի կաղնին կը կոչուէր «Խնձորախաչ»: Ըստ աւանդութեան, ծառը առաջ խնձորենի եղած է, բայց թշնամի մարդ մը ճիպոտով զարկած է, որպէսզի խնձոր թափէ, ծառը անմիջապէս վերածուած է կաղնիի:

Կ՚ըսէին, թէ սուրբ ծառին մօտի կամ վրայի հողը եւս բուժող յատկութիւն կրնայ ունենալ: Օրինակ՝ Քերթ գիւղին մօտ կայ չորս հսկայական կաղնի, որոնց բունին մօտի հողէն կը վերցնէին, կը քսէին վէրքոտ դէմքին, որ մորթին վրայ եղած սնկախտը դարմանուի: Այս սրբատեղին նաեւ ուխտի օր ունէր՝ Աւագ չորեքշաբթի:

Կան ծառեր, որ մորթին վրայի ելունդները կը բուժէին. այդպէս, ծառի հաւատալիքով, բուժած են նաեւ յօդացաւ, ջերմ, տենդ, խլութիւն, հոգեկան հիւանդութիւններ եւ այլն:

Սուրբ ծառերը կ՚օգնէին նաեւ մարախէն ազատելու եւ այդ նպատակով մատաղ կ՚ընէին ատոնց մօտ: Չար աչքէն խուսափելու համար կարեւոր էր յատկապէս բռինչի՝ կլոր գլուխով մայիսեան վարդի ծառը, որ կը տնկէին բակը, պարտէզը, արտին մէջ: Այս ծառին փայտէն փոքր կտոր մը ուղտի բուրդի եւ աչքի ուլունքի հետ կը կարէին լաթի մը մէջ եւ կը կապէին երեխային օրօրոցէն, կամ ձիուն վիզէն:

 

ՀԱՒԿԻԹ ԵՒ ԱԼԻՒՐ

Հին ժամանակները արցախցիները հաւկիթին մոգական զօրութիւն կը վերագրէին: Հաւկիթը կը դնէին ջուրով լի թասի մէջ եւ կը զետեղէին զայն առարկային քով, որ անհրաժեշտ էր պաշտպանել չար աչքէն: Ատկէ զատ, տան դրան դիմացի պատէն կը կախէին գոյնզգոյն թելերով կամ մանր ուլունքներով նախշազարդուած հաւկիթ մը, որ կը գրաւէր ներս մտնողին ուշադրութիւնը եւ կը փրկէր չար աչքէն: Եթէ ներս մտնողը չար աչք ունենար, հաւկիթը կը ճաքէր: Գորգ ու կարպետ գործելու պահուն, հաստոցին քով նոյնպէս հաւկիթ կը դնէին:

Նոյնը կը կատարէին նաեւ հաց թխելու պահուն, որպէսզի թոնիրին չար աչք չդպչի, հացը առատ ըլլայ: Զատիկի տօնին փեսացուին մայրը, զանազան նուէրներու հետ, ներկած եւ նախշազարդ (մինչեւ հարիւր հատ) հաւկիթ կը տանէր հարսնցուին տունը:

 

ԱԼԻՒՐ ԵՒ ՀԱՑ

Արցախի մէջ գերբնական յատկութիւններ կը վերագրուէին նաեւ ալիւրին եւ հացին. ընդհանրապէս հայոց մէջ պահպանուած է հանապազօրեայ հացը իբրեւ սրբութիւն ընկալելու գաղափարը: Հարսնիքի համար ալիւր մաղողը, իւրաքանչիւր բուռ ալիւրը լեցնելով՝ կ՚ըսէր. «էս հօրս փայը, էս մօրս փայը» եւ բոլոր ննջեցեալներուն օրհնութիւնը կը հայցէր նորապսակներուն համար: Ծէսի համար թխուող հացերէն կը բաժնէին բոլոր բարեկամներուն, քանի որ հացը բարիքի, առատութեան, երջանկութեան, բարօրութեան խորհրդանիշ էր:

 

ԵՐԵԽԱՆ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐԸ

Երբ հարսը երեխայ չէր ունենար, ուխտի կ՚երթար Ս. Սարիբէկ, Ամարասի Ս. Գրիգորիս, Սարուշէնի Աւետարան, Սզնեքի Ս. Յովհաննէս եւ այլ սրբատեղիներ: Երբ տան մէջ երեխայ ծնէր, երդիքէն հաւկիթ ներս կը նետէին, որպէս կեանքի սաղմի՝ սկիզբի խորհրդանիշ: Երեւակայական չարիքները երեխայէն հեռացնելու համար օդ կը կրակէին եւ լաւ մը կ՚աղմկէին: Այնուհետեւ՝ առ Մարիամ Աստուածածին աղօթելով, տատմայրը կը լոգցնէր ծննդկանը, իսկ երբ երեխան կը լոգցնէին, աղ կը ցանէին անոր վրայ, կը փաթթէին եւ երեք անգամ խաչ կը հանէին: Հին ժամանակ արցախցիները կը հաւատային, թէ աղը կը մաքրագործէ, կը սրբագործէ եւ կը պաշտպանէ ամէն տեսակի չարէն: Շատ տարօրինակ սովորոյթ մըն ալ կար. եթէ երեխան նիհարնար կամ անվերջ լար, զայն կը լոգցնէին կատուի վրայ կամ հօր գուլպաներուն վրայ: Եթէ ատիկա ալ չօգնէր, երեխային ոտքերը կը լուային սպաննուած մարդու գերեզմանին վրայ: Անոր շուրջ քար մը կը պտտցնէին, ապա նոյն գերեզմանին մօտ, հողին մէջ հաւկիթ եւ գամ կը դնէին ու կը հեռանային: Երեխային եղունգները առաջին անգամ կը կտրէին ոսկիի կամ արծաթի վրայ, որպէսզի անոր ձեռքերը յետագային միշտ ոսկիի եւ արծաթի մէջ ըլլային: Ակռահատիկի ժամանակ, բացի երեխային գլուխին չամիչով խառնուած եփած հատիկաւորներ շաղ տալէն, անոր առջեւ կը դնէին նաեւ դանակ եւ հայելի: Եթէ պզտիկը դանակը վերցնէր, կը նշանակէր, թէ յաջորդ զաւակը տղայ պիտի ըլլար, եթէ հայելի՝ աղջիկ:

 

ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐԸ

Բնութեան պաշտամունքը յատուկ եղած է արցախցիներուն համար: Այս տեսանկիւնէն բնորոշ է Քիրս լերան պաշտամունքը, որուն շուրջ աւանդութիւններ հիւս-ւած են: Մարդիկ ծնկաչոք աղօթած են Քիրս լերան, ուր բազմաթիւ ուխտատեղիներ կային:

Ժայռերու պաշտամունքին վկայութիւններէն է Սղնախ գիւղի պաշտուող Պուկ քար կոչուող ժայռը, որ պոկուած, կեցած է այդտեղ եւ ոչ ոքի վնասած: Ամուլ կիներ անոր շուրջը թել կը փաթթէին, որմէ ետք գուլպայ կը գործէին եւ կը հագուէին, հաւատալով, որ երեխայ կ՚ունենան: Կովերը կը տանէին, կը պտտցնէին այդ ժայռին շուրջը, որպէսզի առատ կաթ տային: Տեղի բնակիչները կը պաշտէին նաեւ այն ժայռը, որմէ պոկուած էր այդ քարը: Երաշտի ժամանակ անոր մօտ մոմեր կը վառէին, կ՚աղօթէին, որպէսզի անձրեւ գար եւ կարկուտը չվնասէր դաշտերը:

Սխտորաշէն գիւղին քով կար ուրիշ, նշանաւոր ժայռ մը, որուն առջեւը՝ չորս սուրբ ծառեր, որոնց մօտ մարդիկ ուխտի կու գան, այստեղ ալ մոմեր կը վառեն, կ՚աղօթեն, պզտիկ քարեր կը վերցնեն սուրբ ժայռին քովէն եւ ատոր փոխարէն ուրիշ քարեր կը դնեն:

Քարերուն կը վերագրուէին հիւանդութիւններ բուժելու յատկութիւնը: Այսպէս՝ Սուրբ Սարիբէկի ուխտատեղիէն բարձր գտնուող ժայռը, որ անցք ունի, հաւատալիքներուն համաձայն հազ կը բուժէ: Նախապէս մոմեր կը վառեն ժայռին առջեւ, այնուհետեւ, 3 կամ 7 անգամ կ՚անցնին անցքին մէջէն, որպէսզի բուժուին:

Շուշիի մէջ կար Քամիի խաչ կոչուող քարերու կոյտ, որ կը բուժէր յօդացաւը: Նման գործառոյթ ունէր նաեւ Դռնավարզ գիւղի պաշտուող Քամիի խաչին ժայռը:

Արցախեան հաւատալիքներուն մէջ կրակի ու քարի կապին մասին կը վկայէ կայծքարը, որուն մէջ կայծակի հարուածին հետեւանքով կրակ մնացած է եւ անիկա կարելի էր հանել քարին զարնելով: Կրակի պաշտամունքը կ՚արտայայտուի նաեւ կրակով երդում կատարելու միջոցին:

Կրակը մարելուն կ՚ըսեն՝ «կրակն օրհնել», մարելէն առաջ կ՚ըսեն՝ «Յիսուս Քրիստոս»: Կրակը զարնելով չեն հանգեցներ, վրան չեն թքներ: Երեկոյեան լոգանքի ատեն, կտոր մը կրակ (ածուխ) կը նետէին ջուրին մէջ, որպէսզի չարքերը փախչէին, քանի որ կը հաւատային թէ կրակը չարահալած է:

Կրակի պաշտամունքին հետ կ՚առընչուին այն օճախները, որոնք սրբատեղիներ նկատուած են եւ պսակադրութիւնը երբեմն անոնց վրայ կատարուած է: Երբ տուեալ գիւղին մէջ եկեղեցի չէ եղած, նոյնիսկ եկեղեցի ըլլալու պարագային, պսակադրութենէն յետոյ, դհոլ զուռնայի ուղեկցութեամբ գացած, համբուրած են գիւղի հիմնադիրներուն շինած սրբազան օճախները, յետոյ միայն տուն գացած: Ընդհանրապէս կիրակի եւ տօն օրերուն նոյնպէս կ՚այցելէին այդ օճախները, մոմ եւ խունկ կը վառէին։ Չանախչի գիւղին մէջ յայտնի էր Մելիք Շահնազարենց օճախը, Ճարտարի մէջ՝ Խոջանց, Միրզաբեկանց եւ Տողցունց օճախները, Ծովատեղ գիւղին մէջ՝ Մելիք Փարսադանեաններու օճախը:

Թոնիրը սուրբ կը նկատուէր, քանի որ թոնիր շինած ատենը քահանայ կը կանչէին, որ կ՚օրհնէր եւ միւռոն կը քսէր քանի մը տեղ:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս