image

Պիտի յաղթենք.

Պիտի յաղթենք.

Մօտ մէկ ամիս է արդէն եւ թշնամին գրեթէ ամէն օր կը զինուորական հարուածներ կը հասցնէ Արցախին, առանց տարբերութիւն դնելու ռազմական կէտերուն կամ խաղաղ բնակավայրերուն:

Մօտ մէկ ամիս է ի՜նչ-ինչ լրատուականներ ու լրագրողներ իրավիճակը կը ներկայացնեն այնպէս՝ ինչպէս կայ, առանց սուտերու, առանց կեղծիքի, առանց չափազանցութիւններու:

Այս բոլոր հանդերձ սակայն, մօտ մէկ ամիս է, ինչպէս՝ անցնող 105 տարիները, «քաղաքակիրթ» եւ այսպէս կոչուած «քրիստոնեայ» զարգացած երկիրները, որոնք բոլոր լծակները ունին վայրկեան առաջ արիւնահեղութիւններն ու աւերները կանգնեցնելու, ատոր փոխարէն սակայն կը շարունակեն լռել եւ լռել... եւ ո՛չ միայն լռել. այլ հաւատալ արիւանարբու բռնակալի զառանցանքներուն ու ստապատիր պատմութիւններուն:

Այս բոլորին լոյսին տակ, մեզի կը մնայ Խրիմեան Հայրիկին եկաթեան շերեփը ձեռք առնել ու հետեւիլ Չարենցի կոչին՝ «ո՜վ հայ ժողովուրդ, քու միակ փրկութիւնդ հաւաքական ոյժիդ մէջ է». եւ այդ ոյժով խօսիլ ոյժի լեզուէն հասկցող աշխարհին հետ, այլ ճանապարհ չունինք:

Չմոռնանք նաեւ, որ մանաւանդ այս հանգրուանին Արեւմուտքին վստահիլ պէտք չէ, Արեւմուտքը ոչինչով պիտի օգնէ մեզի այս հանգրուանին բացի կոչերէ եւ սին ու պատիր խոտումներէ: Միւս կողմէ, այս հանգրուանը լաւագոյն առիթն է մեր յարաբերութիւնները վերանայելու, վերամշակելու եւ ճիշդ հունին մէջ դնելու մեր դարաւոր դաշնակիցին հետ:

Այո՛, արդէն դժուար ու ծանր է, հազարին հասնող կեանքեր դրուեցան մեր գոյատեւութեան զոհասեղանին, բայց յանուն այդ մատղաշ կեանքերուն մենք պարտաւոր ենք զօրաւոր ըլլալ, տոկուն մնալ, զգաստ եւ սթափ մնալ, մինչեւ հասնինք մօտալուտ մեր փառապանծ յաղթանակին:

 

Փառք մեր հերոսներուն:

 

#Պիտի #յաղթենք

 

Վարանդ Քորթմոսեան

25 Հոկտեմբեր 2020

Վաղարշապատ