image
Հրատապ լուրեր:

Եղիշէ Թադէոսեան - 150

Եղիշէ Թադէոսեան - 150

ԿՈՄԻՏԱՍ ԵՒ ԹԱԴԷՈՍԵԱՆ

Այսօր հայ գեղանկարչութեան դասականներէն մէկուն՝ բնանկարչութեան եւ դիմանկարչութեան վարպետ Եղիշէ Թադէոսեանին 150-ամեակն է: Անոր 150-ամեակի նիւթին կարելի է սկսիլ Կոմիտասի մասին յիշատակումով, քանի որ վերջին կտաւը, որ Թադէոսեան նկարած է, Կոմիտասը պատկերող նշանաւոր կտաւն է:

Յատկանշական է, որ այս օրերուն կ՚աւարտի Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակի յոբելենական տարին եւ կը սկսի այլ մեծի մը՝ Եղիշէ Թադէոսեանի 150-ամեակի տարին: Կոմիտաս եւ Թադէոսեան մտերիմներ եղած են, անոնց մտերմութիւնը սկիզբ առած է Էջմածինէն: Հայ գեղանկարչութեան մէջ շատեր Կոմիտասը նկարած են, բայց անոնցմէ գլուխ-գործոց կարելի է նկատել հինգ մեծ նկարիչներու պատկերած «Կոմիտասները» (Թերլեմեզեան, Սարեան, Գրիգոր Խանճեան, Սարգիս Մուրատեան) եւ անոնց մէջ՝ Թադէոսեանի այս նկարը: 

Նկարիչը այս մեծադիր կտաւը ստեղծած է 1936 թուականին, բնօրինակ ունենալով 1903 թուականին Բիւրականի մէջ իր կատարած «Կոմիտաս» ճեպանկարը: Բուն կտաւն ու ճեպանկարը կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ եւ, անշուշտ, մեր ազգային հարստութեան մաս կը կազմեն: 

Նկարիչը նշանաւոր երաժիշտը նկատած է մարդկային կատարեալ տիպար եւ այդպէս ալ փորձած է պատկերել զայն: Այս նկարին մէջ Կոմիտաս ամբողջ մարմնով յենած է ծառին, ոտքերը ամուր՝ հայրենի հողին վրայ: Արուեստաբանները պատահական չեն նկատած ճերմակ հագուստով, ծառին յենած եւ ոտքերը հողին ամուր դրած Կոմիտասի այս կերպարը: Այս մէկը երաժիշտին՝ մայր հողին եւ հայրենիքին կառչած ըլլալու ուժն ու կամքն է, իսկ ճերմակը յոյսի եւ լաւատեսութեան խորհրդանիշն է, եւ այս բոլորը մէկ կտաւի մէջ լաւագոյն կերպով արտացոլուած է:

Առհասարակ, հայ կերպարուեստին մէջ Կոմիտասը առաջին անգամ կ՚երեւի Եղիշէ Թադէոսեանի արուեստին մէջ: Ասկէ առաջ նկարիչը ստեղծած է Կոմիտասի ուրիշ նկար մը՝ Կոմիտասը մտազբաղ նստած Էջմիածինի լիճի ափին: Հրաշալի է լիճին եւ անոր ափին խոհերով տարուած երաժիշտին տեսարանը:

Թադէոսեան ծնունդով Էջմիածինէն էր, դուրսը ուսանելու ժամանակ, արձակուրդներուն հայրենի քաղաք կը վերադառնար. այդ արձակուրդներէն մէկուն ընթացքին ան ծանօթացած է Կոմիտասին, այդ ծանօթութիւնը վերածուած է ամուր բարեկամութեան: 

«Կոմիտասը լիճի ափին» նկարը Թադէոսեան նկարած է 1894 թուականին, նոյն տարին ալ, ինչպէս յայտնի է, երաժիշտը Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ կը ձեռնադրուի աբեղայ՝ Կոմիտաս անունով: Ծանօթանալով Կոմիտասի կենսագրութեան էջմիածնական շրջանին, կարելի է տեսնել, որ այս նկարին մէջ Կոմիտաս պատկերուած է իր այդ օրերու մտասոյզ վիճակին մէջ: Կոմիտաս այդ ժամանակ հազիւ քսանհինգ տարեկան էր եւ նշանակուած՝ Էջմիածինի Հոգեւոր ճեմարանի երգի ուսուցիչ, փոխարինելով Քրիստափոր Քարա-Մուրզային. վերջինիս, իր ազատ համոզումներուն պատճառով, վերջ տուած էին աշխատանքին: Կոմիտասը ինքն ալ արդէն սկսած էր կանխազգալ Էջմիածինի յետադիմական հոգեւորականութեան հետ իր սպասուելիք բախումը եւ հաւանաբար Թադէոսեանի հետ մտերմութեան ժամանակ արտայայտած է այդ մէկը: Կտաւին մէջ այդպիսի տրամադրութիւն մը կայ եւ Թադէոսեան, Կոմիտասի հասակակիցը ըլլալով, չէր կրնար անտարբեր մնալ անոր ապրումներուն: Թադէոսեան եւս Մոսկուայի գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանը նոր աւարտած էր, նկարչութիւն կը դասաւանդէր Էջմիածինի ճեմարանին մէջ, իսկ կտաւը, որպէս արուեստի գործ, իսկապէս կատարեալ է: Նկարիչը ընտրած է այնպիսի պահ մը, երբ լիճը շրջապատող ծառերը իրենց գեղեցիկ ստուերները նետած են ջուրին վրայ, նոյնիսկ անոնց անդրադարձները նկարիչը գունաւոր պատկերած է, իսկ Կոմիտաս, նստած սալաքարերուն, կարծես միաձուլուած է այդ գեղեցիկ պատկերին: Այս նկարը եւս կը պահպանուի Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ եւ վստահաբար, մեր ազգային արժէքներէն է:

 

ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Եղիշէ Թադէոսեանի արուեստը համամարդկային է: Ան ապրած եւ ուսանած է զանազան վայրերու մէջ, շատ ճամբորդած եւ կրցած է մարդը յուզող արուեստ ստեղծել: Նկարիչը ծնած է 1870 թուականին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայր Էջմիածնին մէջ: Մանուկ տարիքէն սիրած է նկարներ դիտել, հիանալ անոնց գոյներով:

1879-1894 թուականներուն ուսանած է Թիֆլիզի Տէր-Յակոբեան մասնաւոր դպրոց-կացարանին, ապա Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանին մէջ եւ նոյն քաղաքի Գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանէն ներս։

Ուսման տարիներուն, ամրան արձակուրդներուն, ապագայ նկարիչը շրջագայութիւններ կատարած է Հայաստան, Խրիմ, Ռուսաստանի զանազան վայրեր՝ իրեն հետ ունենալով նկարակալ, գործիքներ: Ան ճեպանկարներ կատարած է այդ ճանապարհներուն, որոնց հիման վրայ յետագային ստեղծած է իր գլուխ-գործոց կտաւները: Այդ ընթացքին նկարիչին մօտ զարգացած է բնութեան գունային զգացողութիւններուն տիրապետելու ունակութիւնը, որ նկատելի է իր արուեստին մէջ: Թադէոսեան Մոսկուայի ուսումնարանը աւարտելէ ետք վերադարձած է հայրենի քաղաք եւ 1894-1895 թուականներուն դասաւանդած Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, ապա կրկին մեկնած Մոսկուա, ուր մասնակցած է կարեւոր ցուցահանդէսի մը, իսկ 1898 թուականին Մոսկուայի արուեստագէտներու ընկերութեան մրցոյթին իր «Կէսօրեայ ճաշ» (1896) եւ «Քարոզ ուղղադաւաններուն» (1896) կտաւները արժանացած են մրցանակներու։ 1894 թուականին Թադէոսեան նկարած է նաեւ «Վանքի դպրոցը», որուն ճակատագիրը, ի դէպ, անյայտ է, ինչպէս նաեւ՝ «Արարատը Էջմիածինէն», «Ս. Ստեփանոսի խորանը Էջմիածինի մէջ» խորագրով գործերը, ճեպանկարներ ստեղծած է «Քրիստոսի փորձութիւնը» նիւթով:

1898 թուականին Եղիշէ Թադէոսեան իր ուսուցիչին՝ ռուս նկարիչ Վասիլի Փոլենովին հետ մեկնած է Պաղեստին: Ան գրեթէ ամէն տարի ճամբորդած է Մերձաւոր Արեւելքի ու Եւրոպայի երկիրները (մինչեւ 1914 թուականը): Ռուսաստանի եւ Հայաստանի մէջ ստեղծած է կարգ մը գործեր: 1901 թուականին նկարիչը բնակած է Թիֆլիզ եւ մասնակցած է տեղւոյն եւ ռուսաստանեան ցուցահանդէսներու։ 1916 թուականին ան Թիֆլիզի մէջ աջակցած է Հայ արուեստագէտներու միութեան ստեղծման, ընտրուած է նախագահ. 1921 թուականին Երեւանի մէջ կազմակերպած է միութեան ցուցահանդէսը, մասնակցած է Թիֆլիզի «Հայարտտուն» մշակութային կեդրոնի աշխատանքներուն։ Վրաստանի Գեղարուեստի ակադեմիայի հիմնադիրներէն եւ առաջին դասախօսներէն էր։

Նկարիչը աշխատած է կերպարուեստի գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ, ստեղծած է գծանկարչական, կիրառական ար-ւեստի, բեմանկարչական գործեր, խճանկարներ, մանրաքանդակներ։ Բոլորին մէջ կը նկատուին իր կատարման բարձր մակարդակը: Իր անցած ճանապարհն ու իր գործերն են, որ Թադէոսեանը դասած են հայ դասական նկարիչներու կարգին: Միաժամանակ, արուեստաբանները նկատած են, որ անոր որոշ գործերուն մէջ («Դէպի պանդխտութիւն», 1895, «Երկրպագութիւն խաչին», 1901 եւ այլն) կը զգացուի այլ դասական նկարիչի մը՝ Վարդգէս Սուրէնեանցի արուեստին ազդեցութիւնը։ Անոր արուեստին մէջ կարեւոր տեղ ունին հայ գիւղը, կենցաղը, գեղջկական կերպարները՝ «Հովիւն ու ոչխարները» (1895), «Խնձոր ունեմ խածած է» (1930) եւ այլն։

Թադէոսեան իր գործերուն մէջ նաեւ հայերու կոտորածներուն ու պանդխտութեան նիւթերուն անդրադարձած է, մեծ տեղ տուած է հայ ժողովուրդի անցեալին եւ աւանդոյթներուն. ստեղծած է նկարաշար՝ «Հոգեհաց. Արտաշէսի մահը» (1910), «Տորք Անգեղ» (1910), «Արշակ եւ Փառանձեմ» (1921), «11-րդ դարու աղջիկը» (1921), նաեւ կերտած է հին հայկական յուշարձանները պատկերող բազմաթիւ բնանկարներ։ Յատկանշական են անոր կատարած դիմանկարները. հայ քանի մը գրողի դիմանկար ստեղծելէ զատ Թադէոսեան վրձնած է նաեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսներու՝ Գէորգ Դ.-ի եւ Մկրտիչ Խրիմեանի դիմանկարները (հաւանաբար հիմնուելով պատմական նկարագրութիւններու վրայ), որոնք կը պահուին Էջմիածինի կաթողիկոսարանը:

Նկարիչին միւս գործերէն այսօր կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի, Մոսկուայի Արեւելքի ժողովուրդներու արուեստի պետական եւ այլ թանգարաններու մէջ։ Արուեստագէտը մահացած է 1936 թուականին, Թիֆլիզ. յուղարկաւորուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան մեծերուն շիրմատունը:

2015 թուականին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, նկարիչին 145-ամեակին առթիւ, բացուած է անոր ցուցահանդէսը, ուր կը ցուցադրուէին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի եւ անհատ հաւաքորդ Վահագն Գրիգորեանի հաւաքածոներէն կարգ մը գործեր: Հայաստանի մէջ նաեւ յետմահու տուրք մատուցած են նկարիչին՝ Երեւանի մէջ փողոց մը, իսկ Էջմիածինի մէջ Գեղարուեստի դպրոց մը կոչելով անոր անունով: 2015 թուականին Երեւանի Շէնգաւիթ վարչական համայնքին մէջ տեղադրուած է գեղանկարիչին կիսանդրին:

 

ԺԻՒՍՏԻՆ ՆԷՖ

Եղիշէ Թադէոսեանի կեանքին մէջ 1901 թուականին տեղի ունեցած է կարեւոր փոփոխութիւն. ան Մոսկուայի մէջ ծանօթացած եւ ամուսնացած է զուիցերացի կնոջ մը՝ Ժիւստին Նէֆի հետ: Այդ կինը, ըստ ժամանակակիցներուն, հրեշտակի դեր կատարած է արուեստագէտին կեանքին մէջ, դարձած է անոր անբաժան ու անփոխարինելի ընկերը՝ ողջ կեանքին ընթացքին, ամէն ինչով նպաստած տաղանդաւոր ամուսինին յառաջընթացին: Ամուսնութենէն ետք Ժիւստին այլեւս հայրենիք չէ վերադարձած, ամուսինին հետ մեկնած է Թիֆլիզ եւ հոն ապրած՝ մինչեւ կեանքին վերջը:

Թադէոսեանի մահէն ետք կինը ամուսինին ողջ ժառանգութիւնը նուիրաբերած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, ատոնց մէջ նաեւ իրեն՝ Ժիւստինին դիմանկարները, զորս նկարած է Թադէոսեան: Եղիշէ Թադէոսեանի «Ընթերցող կինը» կտաւին մէջ պատկերուած է իր կինը, որ նկարիչը նկարած է Բիւրականի մէջ՝ 1903 թուականին: Եղիշէ Թադէոսեանի դասական արուեստի նմոյշներ նկատուող գործերուն կողքին փառաւոր տեղ ունի այս նկարը՝ նկարիչին լաւագոյն կտաւներէն մէկը, որուն մէջ կ՚երեւի կնոջ հանդէպ տածած անոր ողջ սէրն ու ջերմութիւնը: 

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս