image

Յո՞ երթաս, ազգ իմ սիրելի

Յո՞ երթաս, ազգ իմ սիրելի

Անցնող   օրերը բաւական ծանր օրեր էին մեր Հայրենիքին համար, մտաւոր, բարոյական եւ քաղաքակրթութեան առումներով:

 Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան Նախարարը, երկրի ամէնէն բարձրագոյն ամպիոնէն իրեն այնպիսի արտայայտութիւններ կատարելու իրաւունք տուաւ, որ իւրաքանչիւր առողջ մտածելակերպի տէր մարդու համար ապշեցուցիչ եւ ահաւոր տպաւորութիւն ձգեցին: Յարգարժան Նախարարը կարծէք պահ մը մոռցած էր, որ ինք պետական այր է եւ պետութիւն կը ներկայացնէ, աւելին՝ Պետութեան ամէնէն կարեւոր ոլորտներէն մէկու մը ղեկավարն է, մեր սերունդները դաստիարակելու նուիրական գործին ղեկավարն է… Պրն. Նախարար, եթէ դուք այդքան գիտակցութիւն չունիք թէ ի՛նչ կառոյցի ղեկավար էք, աւելի լաւ է ձեր հրաժարականը տաք եւ լուռ հեռանաք, քաղաքավարութիւն ըսուած բանը լաւ է… Ձեր անձնական հաշիւները, ձեր Կրթութեան Նախարարի ո՛չ յարիր երէկուան արտայայտութիւնները Ազգային Ժողովի ամպիոնէն պարզպէս ամօթանք ու անպատուութիւն են նախ եւ առաջ Ազգային Ժողովին եւ ապա մեր ժողովուրդին համար…

Աւելի շշմեցուցիչը ան էր, որ այսօր երկրի Վարչապետը իր դիմատետրին վրայ գրութիւնով մը սատար կանգնեցաւ Կրթութեան Նախարարին… Պարզ է, որ նոյն առուակէն ջուր խմողները իրարմէ պիտի չտարբերէին, բայց պարոնայք, սթափեցէ՛ք, պահ մը կանգ առէք եւ գիտակցեցէք ձեր ունեցած պաշտօններուն… Ամօթն ալ լաւ բան է: Պահ մը դուք ձեզ նայեցէ՛ք. ինչո՞վ կը տարբերիք նախկիններէն, ինչո՞վ կը տարբերիք ձեր խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիրներէն, որոնք վայել ու անվայել ձեւերով կը փորձեն ձեխոտել ձեզ [եւ յաճախ իրաւացի են…] Դուք պետական այրեր էք՝ մեր Պետութեան ներկայացուցիչները, ձեր բարձրութեան վրայ մնացէք եւ աժանագին խաղերու մէջ մի՛ մտնէք դուք ձեզ արժէզրկելով ու նսեմացնելով:

Եւ ի վերջոյ գիտակցեցէք, որ ժողովուրդը ձեր խաղալիքը չէ, որ ի՛նչ ուզէք, ի՛նչ անցնի ձեր միտքով կատարէք, կռուան ունենալով ան իրողութիւնը, որ այս ժողովուրդն է, որ ձեզ իշխանութեան բերած է՝ իր վստահութեան քուէն տալով ձեզի. մի՛ մոռնաք, որ երբ պահը գայ, նոյն այդ ժողովուրդը շատ աւելի յարմար ու պատշաճ ձեւով ձեզ պատմութեան աղբամանը կը նետէ…

Աւելի չեմ ուզեր երկարել, պարզապէս ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնեմ Գարեգին Նժդեհի ազգի մը առաջնորդի մասին ունեցած պատկերացումները, եւ ընթերցողը ի՛նք թող համեմատէ մեր ունեցածին ու Նժդեհի պատկերացուցածին միջեւ եղող ծով տարբերութիւնները…

Այսպէս, Նժդեհ կը գրէ.

«Եթէ յաճախ ժողուվրդների մեծութիւնը վերջ է գտնում կատարեալ առաջնորդի մահուամբ, աւաղ, նրանց դժբախտութիւնը չի վերջանում ձախաւեր առաջնորդի հետ: Դժբախտ է սխալ եւ անզօրապէս առաջնորդուող ժողովուրդը, որպիսին է մերը: Վա՜յ այն ժողովրդին, որի առաջնորդը կատարեալ չէ՝ ապագան բազում խաչեր ունի պահած նրա համար: Խե՛ղճ է ժողովուրդը, երբ նրա առաջնորդն աւելի փառասէր է, քան հանճարեղ, երբ նրա առաջնորդին պակասում է մշակոյթը՝ սրտի եւ մտքի, երբ բռնուած նախանձի չար դեւով՝ նա տառապում է բարոյական դեղնութեամբ, երբ նա դաւանում է անձնական երջանկութիւն խոստացող այս կամ այն գահավիժող վարդապետութիւնը, երբ տկարութիւն ունի մեծ թուալու փանաքի գործերի մէջ, եւ փոքրիկ հանդիսանալու մեծ գործերում: Երիցս խղճալի է ժողովուրդը, եթէ նրա ռազմիկները խոր համոզմամբ չեն կրկնում թէ “ամենաանառիկ համարուած բերդերն իսկ կառուցուած են գրաւուելու համար”:

Անէծք է առաջնորդի տգիտութիւնը, եսականութիւնը, նախանձը: Չի՛ եղել աւելի զարհուրելի թոյն, քան վատ օրինակը առաջնորդի, որ միշտ էլ վարակիչ է: Ազդում է նրա ամէն մի խօսքը, շարժուձեւը, ակնարկը: Երբ վատ է, վատթարագոյն են դառնում այն բոլորը, որոնք դժբախտութիւն են ունեցել նրա առաջնորդութեան յանձնուելու:

Եսակա՞ն է՝ անասնանում են նրա հետ առնչուողները:

Ծո՞յլ է մտաւորապէս՝ հոգեւոր հնավաճառներ են դառնում նրան շրջապատողները:

Անհայրենապա՞շտ է՝ հակահայրենիք հրէշներ են վխտում նրա շուրջը:

Իսկ երբ անարի է՝ զզուելիօրէն երկչոտ են դառնում նրա իշխանութիւնը վայելողները»:

 

Վարանդ Քորթմոսեան

17 Սեպտեմբեր 2020

Վաղարշապատ