image

Թրամփի կողմնակից սեւամորթ ամերիկացիներու խումբի վիճայարոյց կապերը Թուրքիոյ հետ (Մաս 1)

Թրամփի կողմնակից սեւամորթ ամերիկացիներու խումբի վիճայարոյց կապերը Թուրքիոյ հետ (Մաս 1)

4 եւ 5 Սեպտեմբեր 2020ին, Salon.com կայքը հրապարակեց երկու մասէ բաղկացած ծաւալուն բացայայտում մը՝ սեւամորթ ամերիկացիներու խումբի մը մասին, որ փորձած է միջոցներ հայթայթել թրքական գործարքներէն՝ ի պաշտպանութիւն նախագահ Թրամփի վերընտրութեան: Յօդուածներէն մէկը վերնագրուած էր. «Ինչպէ՞ս Թրամփի կողմնակից սեւամորթներու խումբը վերածուեցաւ ոչ պաշտօնական թրքական լոպիիստական ընտրապայքար իրականացնողի․  Salonի  քննութիւնը կը բացայայտէ պատմութիւնը Թրամփի սեւամորթ աջակիցներուն, որոնք փորձած են օգտագործել թրքական միլիառները», իսկ միւսը՝ «Թրքական իրարանցում․ Թրամփի կողմնակից սեւամորթներու խումբը  ինչպէ՞ս   դարձաւ ոչ պաշտօնական լոպիիստական խումբ Էրտողանի համար․  Թրամփի  քարոզարշաւին կապուած կասկածելի ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւնը փորձած է կազմակերպել խոշոր առեւտրային գործարք»։  Յօդուածները գրած են Ռաճըր Սոլենպըրկըր եւ Քեթլին Օ’Նիլ։

Salon.com հաղորդեց, որ «2018ին  Թրամփի կողմնակից պաշտօնեաները ոչ առեւտրային «Քաղաքներու Վերածնունդի Դաշինք» (URC) անունով վիճայարոյց կազմակերպութենէն, որ վերջերս կորսնցուցած էր հարկերէ ազատ կացուցուած բարեսիրական կազմակերպութեան կարգավիճակը եւ այս տարուան սկիզբը յայտնուած թերթերու վերնագրերուն՝ սեւամորթ ընտրողներուն կասկածելի կանխիկ գումարներ բաժնելուն համար, նպաստած են ոչ պաշտօնական օտարերկրեայ ազդեցութեան քարոզարշաւին Թուրքիոյ ազդեցիկ մարդոց անունով»:

 «URCի պաշտօնեաներ Տերըլ Սքաթ եւ Քարիմ Լենիըր, երկուքն ալ Թրամփի նշանաւոր աջակիցները սեւամորթներու  համայնքին մէջ, ըստ բազմաթիւ աղբիւրներու, կազմակերպութիւնը օգտագործած են իբրեւ միջոց «նուիրատուութիւններ հաւաքելու համար», նաեւ՝ Թուրքիոյ հարուստ քաղաքացիներէն։ Այս միջնորդութիւններէն մէկ քանին յաջողած են՝ նախկին MAGA (Make America Great Again) համաշխարհային աստղ (թուրք գրող) Ռապիա Քազանի միջոցով», ըստ Salon.comի։

Աւելին, «Սքաթի եւ Լենիըրի գործընկեր Պրիւս Լեւել, Թրամփի աջակից, Գոնկրեսի նախկին թեկնածու եւ Փոքր Առեւտրական Ընկերութեան փաստաբան ... իբր թէ կանխիկ դրամ կորզած է Քազանէն, այնուհետեւ խնդրած է անկէ՝ ոչնչացնել գրառումները  Թրամփի նախկին փաստաբան Մայքըլ Քոհընի տան եւ գրասենեակին, կառավարութեան ստուգման այցերու հաղորդումներէն ետք», հաղորդած է Salon.com:

Սեւամորթ ամերիկացիներու այս ջանքերը նպատակ ունէին ձեւաւորել ամերիկեան քաղաքականութիւն՝ ակնկալելով  Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծ ներդրում  թուրք գործարարներու կողմէ: Ըստ Salon.comի՝ «ստորեւ մանրամասնօրէն նկարագրուած այս գործողութիւններէն քանի մը հատը իրաւական լուրջ հարցեր կ՛առաջացնեն, ինչպէս՝ հարկերը կարգաւորող կանոններու խախտումները եւ լոպիիստական  ​​օրէնսդրութիւնը», Salonի ըսած են փորձագէտները։ Իրաւաբանները եւ URCին ծանօթ մարդիկ Salonի յայտնած են, որ հաշուի առնելով այդ գործունէութիւնը, կազմակերպութիւնը, կարծես, իրականացուցած է կեղծ լոպիիստական եւ դրամահաւաք գործողութիւն, եւ որպէս միջնորդ հաղորդակցուած է ինչպէս Թրամփի վարչակազմի (եւ Թրամփի նախընտրական արշաւի), այնպէս ալ թրքական (Էրտողանի հետ կապուած) շահերու հետ։  Ասիկա կը պատմէ այն մասին, թէ երկրորդական խաղացողները, ներառեալ օտարերկրեայ քաղաքացիները, ինչպէ՞ս աշխատած են լոպիիստական ​​գործունէութեան, քարոզարշաւի եւ օտարերկրեայ գործակալներու օրինական սահմաններու մէջ՝ Թրամփի քաոսային նախագահութեան ժամանակ։ Անոնք շփոթած են պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական վարչական պաշտօնները կազմակերպական եւ ընտրական այլ դերակատարումներու հետ եւ գաղտնի պահած՝ միջոցներու աղբիւրն ու օգտագործումը հասարակական եւ պետական ​ ​մարմիններէն, ինչպէս՝ Ներքին Եկամուտներու Ծառայութիւնը (IRS) եւ Դաշնակցային Ընտրական Յանձնախումբը»:

Ամէն բան սկսաւ 2018ին, երբ «URCի պաշտօնեաները առաջին անգամ ֆինանսական օգնութիւն եւ ներդրումներ ապահովեցին թրքական գործարքներէն՝ կապուած Թրամփի վարչակազմին կողմէ ձեռնարկուած տնտեսական նախաձեռնութեան», յայտնած է Salon.com: Թուրք գործարար բանագնացները կ՛ապահովէին հանդիպումներ Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ՝ հասնելով մինչեւ Թրամփի պաշտօնեաներուն, Գոնկրեսի հանրապետական ​​անդամներուն եւ քարոզարշաւը փոխարինողներուն, որոնցմէ՝ Թամ Պարաք (միլիառատէր եւ Թրամփի մտերիմ ընկերը) եւ  Լարա Թրամփ (նախագահին հարսը եւ անոր նախընտրական քարոզարշաւին խորհրդականը)»:

Քանի մը միլիառ տոլար արժողութեամբ այս ծրագիրը նախատեսուած էր ամերիկեան արտադրական շուկան թրքական ընկերութիւններու առջեւ բանալու համար։ «Այն փաստը, որ այդ հանդիպումները ակնյայտօրէն ուղղուած էին ԱՄՆ պաշտօնական քաղաքականութեան վրայ ազդելուն, փորձագէտներու կարծիքով, հարցեր կը յառաջացնէ, թէ արդեօք ներգրաւուածները պէ՞տք է արձանագրուէին Արդարադատութեան նախարարութեան մէջ իբրեւ օտարերկրեայ գործակալներ», յայտնած է Salon.com:

 «URCն յայտնուեցաւ թերթերու վերնագրերուն մէջ, երբ կազմակերպեց  քարոզարշաւին նուիրուած ձեռնարկներ՝ կանխիկ գումարներ բաժնելով աղքատ համայնքներու սեւամորթ ընտրողներուն, ներառեալ 25 հազար տոլարի խաղարկութիւնը անցեալ տարուան Դեկտեմբերին, որ ինչպէս IRSին յայտնած էր կազմակերպութիւնը, տեղի պիտի չունենար։ Politico այդ վիճակախաղերը նկարագրած է իբրեւ համաժողովրդական ռազմավարութիւն՝ «սեւամորթներու համայնքներուն մէջ կազմակերպելու համար ձեռնարկներ, ուր անոնք կը փառաբանեն նախագահը՝ հազարաւոր տոլարներ նուիրաբերելով», նշած է Salon.com:

«URCի աշխատանքներուն ծանօթ բազմաթիւ մարդիկ յայտնած են Salonի, որ պարզ էր՝ Սքաթն ու Լենիըրը հիմնադրած էին կազմակերպութիւնը, որպէսզի ընէին այն, ինչ որ յաճախ կ՛ըսէին Ռապիա Քազանի, որ թոյլ չէին տար իրենց ընելու Մայքլ Քոհենի քաղաքական ուղղուածութիւն ունեցող նախորդ կազմակերպութեան՝ Ազգային բազմազանութեան դաշինքի միջոցով, որ, իրականութեան մէջ, Թրամփի նախընտրական արշաւի լծակներէն մէկն էր, այսինքն՝ դրամ առնել: Փաստաթղթային ապացոյցներ կան, որ URCն առնուազն մէկ պարագայի համար մեծ գումարներ որոնած եւ ստացած է: Անիկա ստացած է 238 հազար տոլարի դրամական պարգեւ Թրամփի կողմնակից աղտոտ դրամներու տէր America First Policies կազմակերպութենէն, որ կապուած է սուփըր PAC America First Actionի հետ: URCն դրամական պարգեւը ստացած է 2018ին՝ Քազանի ֆինանսական ներդրումներ փնտռելու գծով ուղղորդելէ քանի մը ամիս անց: Սակայն, քանի որ URCն երբեք հարկային յայտարարագիր չէ ներկայացուցած, կարելի չէ գիտնալ, թէ խումբը որքա՞ն գումար ստացած է, կամ թէ ինչպէ՞ս ծախսուած է այդ գումարը», գրած է Salon.com:

Թուրք գործարար Ալի Աքաթ, «որ քանի մը անգամ տեսակցած է Սքաթի եւ Լենիըրի հետ, ենթադրաբար քննարկած է բազմամիլիառ գումարի ներդրումներու համապարփակ ծրագիր մը, որ հնարաւորութիւն  կ՛ընձեռէր  հիմքեր  ձեռք  բերելու  արտադրութեան  եւ փաթեթաւորման համար՝ ներդրումներ կատարելով եւ ստեղծելով գործարաններ «Կարելիութեան գօտիներու մէջ», յայտնած է Salon.com: «Այս ծրագիրը պիտի օգտագործէր ամերիկեան սակագիներու մէջ առկայ բացը: Աքաթ ըսած է թրքական լրատուական միջոցին, որ թրքական առեւտուրի տէրերը կրնան խուսափիլ բարձր սակագիներէ՝ կիսաւարտ ապրանքներ արտահանելով Միացեալ Նահանգներ, ուր այդ ապրանքները կը հաւաքուին եւ կը փաթեթաւորուին, բաղձալի է՝ «Կարելիութեան գօտիներու մէջ» գտնուող թրքական ընկերութիւններու կողմէ»:

 Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան