image
Հրատապ լուրեր:

Փոքրիկ Հայաստան (2)

Փոքրիկ Հայաստան (2)

Կոստան Զարեան: Ճեմարանը փոքրիկ Հայաստանի վերածողներուն շարքին  իր անմոռանալի  տեղը ունէր  նաեւ ծագումով արեւելահայ[1], լայն բարեկեցութիւն վայելած ընտանիքի զաւակգրագէտ Կոստան Զարեանը, որ Լիբանան արդէն ժամանած էր, երբ ես  սկսայ  աշակերտել Ճեմարանին:

Մեր շուրջը ան  գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւն էր եւ  շատ կը զանազանուէր  տեղացիներէն իր անթերի հագուկապով, թիթեռեայ վառ փողկապով,  առիւծի բաշերով,  սնդիկի շարժունակութեամբ ու  առինքնող  լայն ժպիտով՝ ըստ ամենայնի շքեղ անձնաւորութիւն մը: Շրջապատին մէջ միշտ ի՛նք էր խօսողը եւ կը լսուէր միայն  ի՛ր ձայնը՝ առողջ, բամբ, լիահագագ:

Ան հայագիտական դասընթացք մը հաստատած էր նախ Ճեմարանի մէջ՝ բարձրագոյն կարգի տղոց եւ արտադպրոցականներու համար, իսկ ատեն մը ետք սկսաւ դասախօսել նաեւ Ամերիկեան համալասարանի մէջ, ուր հիմնուեցաւ հայագիտական յատուկ ամպիոն մը, որուն  ծախսերը կը հոգար  Վահէ Սէթեանը: Անոր  Ճեմարան յաճախած երեք տարիներուն ոչ մէկ բառ փոխանակած եմ հետը, ոչ ալ արտօնութիւնը ունէինք  ունկնդրելու  իր  դասընթացքին:  Հատ ու կենտ տեղեկութիւններ  կը սպրդէին զինք հիւրընկալողներէն, իսկ երբեմն ալ  իր դասընթացքին հետեւողներէն,  որոնց մտային մակարդակէն  այնքան ալ գոհ չէր Զարեան: Այո, սա այն մնայուն հակադրութիւնն էր արեւելահայ ինտելիգենցիայի ու արեւմտահայ   հոսհոսներուն  միջեւ, իմացական  բախում մը,  որ շատ հինէն կու գայ:

*   *   *

Կոստան Զարեանը  դիմաւորելու համար օրին նաւահանգիստ գացած է  գաղութիս՝  իր ժամանակի մէկ կոկիկ ընտրանին՝ Ծառուկեան, Սնապեան, Պոյաճեան, Մուշեղ Իշխան եւ Տիգրան Ոսկունի, լաւ  սերտուած ու ճոխ  պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած բանաստեղծէ, ուսուցիչէ, հրապարակագիրէ ու խմբագիրէ: Բոլորն ալ որոշ վաստակի տէր եւ մանաւանդ իր գրիչին հիացողներ, որոնք շատ շուտ  յուսախաբած են Զարեանը եւ փոխադարձաբար շատ շուտ ալ յուսախաբուած են անկէ:


Վէպի առաջին հրատարակութեան անուանաթերթը (1943):


Այս այնպիսի ժամանակ մըն էր, ուր Զարեան կենդանի առասպել մը, հեքիաթ մըն էր, նախ՝ իր գրականութեամբ, յատկապէս «Նաւը լեռան վրայ»-ով, ապա «Տատրագոմի հարսը»-ով, ա՛լ չեմ թուեր «Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները», «Անցորդը եւ իր ճամբան», «Օրերի պսակը»  եւ «Հայրենիք ամսագիր»-ի մէջ  իր մնայուն ու այնքան  փնտռուած ներկայութիւնը, այլեւ  իր կեանքին առնչուող այն հազար ու մէկ  դրուագնեով ու Հայաստանէն իր հեռացումի պատումներով, որոնց մէջ  գիտէր այնքան  խորհուրդ  ու  համեմ  դնել, յատկապէս  իր ծանօթութեամբն ու ակնարկութիւններովը Լենինին, «որի հետ Ժընեւում աժան ճաշ էինք ուտում…Նրա մի նայուածքը, մի խօսքը բաւական էր, որպէսզի մարդ նետուի կրակի մէջ…», ապա բանտարկութիւնը Գերմանիոյ մէջ. «Միւնխենի բանտի տաժանելի օրերը եկան: Կախաղանի ուրուականը: Ու մէկ ու կէս տարի յետոյ, վերջին տեսակցութիւնը Լենինի հետ Փարիզում, Avenue d’Orléans-ի մի փոքրիկ սրճարանում, վերջին ճաշը…»:

Ասոնք այնպիսի  գործօններ էին, որոնք կը կլանէին,  կը հարբեցնէին, շնչասպառ կը դարձնէին արեւմտահայ ու մասնաւորաբար լիբանանահայ երկրպագուները՝ զանգուածայնացնելով (մասսայականացնելով) անոր վարկն ու հռչակը,  բայց եւ կը կազմէին յուշադրամին պայծառ ու փայլուն դիմերեսը միայն, մինչ անդին   կար  անոր դարձերեսը եւս՝ վանողական ու խրտչեցուցիչ:

 

*   *   *

Ծառուկեան,– որ այն ատեն ամուրի էր տակաւին,–  կը պատմէ, որ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար  իր այս կուռքին հետ՝ զայն կը հրաւիրէ մտերմիկ ընթրիքի մը, որ տեղի կ’ունենայ Ալեյի ամառանոցի իր օրին շատ գնահատուած մէկ ճաշարանին մէջ: Եւ լաւագոյն համադամներու կողքին՝ ան կ’ապսպրէ նաեւ իր ժամանակին ամենասուղ խմիչքը՝ ուիսկին,   որ անմատչելի էր հասարակ մահկանացուներուն:  Ինչպէս կը նկատենք,  ինքնին շատ ժուժկալ ապրելով հանդերձ՝ Ծառուկեան փորձած է առաւելագոյնը տալ Զարեանին:

Եւ ան մեծ գոհունակութեամբ ու ախորժակով կ’ուտէ ու կը խմէ:

«Այս բոլորը,– չի վարանիր աւելցնելու  Ծառուկեան,– ինծի արժեցին ուսուցչական ամբողջ ամսականս»:

Այս այն ժամանակն էր, ուր ան Աբգարեանի տնօրէնն էր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ծախսուածը ուսուցչական սովորական ամսական մը չէր, այլ տեսչական, որ քիչ մը աւելի էր: Բայց ահա միւս օրը  ասկէ-անկէ կ’իմանայ Զարեանի մէկ  «գնահատականը», թէ՝                   –Ծառուկեանը մի շատ անորակ  ուիսկի  խմցրեց:

Է՜հ, Ծառուկեան եղի՛ր եւ դիմացի՛ր այս բոլորին…

Օրին երկար քաշքշուեցաւ  այդ «անորակ ուիսկի»-ի  պատմութիւնը:

 

*   *   *

 

Այս գաղութն ու իր մտաւորականութիւնը, ներառեալ  իր ընթերցողներն ու  հիացողները, ամէն միջոցի դիմեցին՝ ընելով իրենց լաւագոյնը՝ ըստ արժանւոյն մեծարելու եւ  գոհացնելու համար Զարեանը, սակայն անոր  կենսագիրները եւ անոնք, որ ապրեցան իր մտերմութեան մէջ, միահամուռ, երբեմն ալ դառնութեամբ կը վկայեն, որ Զարեան դժգոհ մեկնեցաւ Լիբանանէն, դժգոհութիւն, յորում բացակայ չէր արհամարհանքը:

Շատ ցաւալի է:

Այդ օրերուն Զարեան, որ արդէն  70-ի դռները կը ծեծէր,  հաւանաբար չէր անդրադառնար, թէ սկսած էր իր մաշումը, ոչ անպայման ֆիզիքական,– սա ի՛ր կարգին,– այլ իմացական ու գեղարուեստական:  Որ այլեւս ամէն բան ըսած ու ըրած էր  ինք, եւ վարդագոյն նոր հորիզոններ չէին մնացած իր առջեւ:

Ու չպարզուեցան  անոնք:

Զարեան անկէ ետք ոչ մէկ ուշագրաւ գործ կրցաւ տալ, չկրցաւ նաեւ սփիւռքը լեցնել իր անձով ու իրեն յատուկ հմայքով, որ այլեւս անցեալին կը պատկանէր: Այս բոլորէն ետք իր առջեւ սկսեր էին ցամքիլ նաեւ եկամուտի աղբիւրներն ալ,  թող որ անոնք ոչ մէկ ատեն յորդ ու վարար  եղած էին:

Բայց եւ այնպէս հարկ էր կրել անէծքներու մեծագոյնը՝  պահպանել գոյութիւնը…

Եւ առ այս՝ ան աչքերը ուղղեց դէպի Հայաստան, ճիշդ  այնպէս, ինչպէս իրմէ առաջ ըրած էին  Զապել Եսայեանն ու Աւետիք Իսահակեանը եւ ճիշդ նո՛յն պայմաններուն մէջ:

 

*  *  *

1965-ին  էր, Երեւանի մէջ:

Արմէնիայի ճաշարանէն իջեր էի գետնայարկը, ուր տեղական շատ համով  պաղպաղակ կը վաճառուէր:

Առանձին նստած կը ճաշակէի, երբ ներս մտաւ սլացիկ հասակով, շատ կոկիկ հագուած, թիթեռեայ կարմիր  փողկապով,   մազերը խնամքով սանտրուած, 80-նոց  պատկառելի  ծերունի մը, որ շատ կը յուշէր անգլիացի կուշտ ու ինքնագոհ ազնուականի դասական   կերպարը:

Ու բազմեցաւ դէմս՝ ծայրայեղօրէն կիրթ շարժումներով  եւ «կարելի՞ է» հարց տալէ ետք:

Գաւաթ մը կոնեակ ապսպրեց ու սկսաւ խմել  շատ պզտիկ   ու  զգուշաւոր  ումպերով, կարծես կը վախնար բաժակը շրթունքին դպցնելու, ու տակաւին հարց էր, թէ դպցնելէն ետք ալ իրապէս բան մը կ’երթա՞ր կոկորդէն վար:

Ոչինչ կ’ըսէր, ոչինչ կը համարձակէի ըսել:

Կը տիրէր ծանր ու անհաճոյ լռութիւն մը:

Սակայն որդ մը կը խառնշտկէր ուղեղս. «Ես այս մարդը պիտի ճանչնամ»,– կը մտածէի ու չէի յաջողեր կողմնորոշուիլ, երբ յանկարծ բոլորովին ինքնաբուխ մղումով մը հարցուցի.

–Ներողութիւն, դուք Կոստան Զարեա՞նն էք…

–Այո՜,– հաստատեց մեղմ ժպիտով մը, որ բնաւ չէր նմաներ օրին իր երեսը լուսաւորող կրակին: Մարած ու խեղճացած էր ձայնը եւս:

Է՜հ, անկէ ի վեր ի՜նչ ջուրեր ըսես  չէին անցած կամուրջին տակէն:

Եւ որ գլխաւորն է՝ «Նաւը լեռան վրայ»   վէպի վերանայուած հրատարակութիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, ըստ ոմանց՝ հեղինակին կամքով, ըստ ուրիշներու՝ անոր կամքէն անկախ, ինչ որ աւելի հաւանական է[2]:

Ճիշդ այն, որ Սնապեան պիտի կոչէր  «Աւազախրած նաւը»՝ աչքի առաջ ունենալով այն բոլոր զեղչումները, յաւելումները  եւ բնագրային փոփոխութիւնները, որոնք տեղ գտեր էին եւ որոնց ամբողջական ցանկը 175 էջանի հատորով մը հրատարակեց  ան  տարի մը առաջ, չհաշուած տակաւին  այն դաժան պայքարը,  որ շղթայազերծեց Զարեանի դէմ՝ հաւատարիմ աջակից ու զինակից ունենալով համագիւղացի  Եդուարդ Պոյաճեանը:

Եւ Սնապեան-Պոյաճեան զինակցութեան շղթայազերծածը մէկ նուաստացուցիչ  օղակն էր միայն  համասփիւռքեան այն վարակիչ   պայքարին, որ կը շարունակէր ամէն  կողմէ  մղուիլ վերանորոգ թափով  ու կիրքով: Իր ազատութեամբ արբշիռ արեւմտահայ գորշ մտաւորականութիւն մը  շատ երկար հաճոյացաւ գրողական բարոյականի (éthique)  դասեր տալու՝ խորհրդային ստրկացուցիչ պայմաններուն մէջ իր կեանքի մայրամուտին հասած երբեմնի հսկային[3], որուն առջեւ ոչ մէկ բաց դուռ մնացած էր:

*   *   *


–Գո՞հ էք Ձեր պայմաններէն,– հարցուցի բան մը ըսած ըլլալու համար եւ հոգեկան ճմլումով մը, նաեւ շատ շուտ զղջալով  տուած հարցումիս համար:

Ստացայ  տարտամ պատասխան  մը, որ յայտնապէս կ’անհանգստացնէր զինք:

Յետոյ  փութաց  աւելցնելու.

–Անցած օր Վայոց ձորի մէկ գիւղը գացեր էինք: Մեզ հիւրասիրող գիւղացիներուն մէջ, կը պատկերացնէ՞ք,  կը գտնուէին այնպիսիներ, որոնք ծանօթ էին իմ գրականութեան, կարդացեր էին գործերս եւ ազատ կ’արտասանէին անոնցմէ հատուածներ:

Սիրած խաղալիքը գտած մանուկի մը ուրախութիւնը կար ձայնին մէջ:

Արդարանալու եւ մխիթարուելու ձեւ մը:

Եւ ինչո՞ւ չէ:

 

Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com

 

[1] Ծնած է Շամախի, Պաքուի մօտիկ, 1885-ին:

[2] Զարեանի կտակը. «Իմ գրած վէպը այն է, ինչ որ տպուած է արտասահմանում  և իմ մահից յետոյ, երբ արտատպեն, թող միանգամայն անտեսեն երկրորդ հրատարակութիւնը»:

[3] Մարկ Նշանեան չի վարանիր «պատանդ» անուանելու  զայն: