image

Հայոց Լեզուի Ուսուցիչներս (8)

Հայոց Լեզուի Ուսուցիչներս (8)

Հանրակառքի գանձիչը ցոյց տուաւ  Grand-théâtre-ը,  որուն կից երկրորդ մուտքի առաջին յարկի դուռն էր փնտռածս: Զայն առջեւս բացողը եղաւ մանրակազմ, սեւերու մէջ կորած համակրելի մամիկ մը, որ Ծառուկեանի մայրն էր:  Յանձնեցի պայուսակը, որուն կարծես կը սպասէր:

–Հիմա կու գայ,– ըսաւ ու մտաւ քովնտի դուռէ մը:

Շատ փոքրիկ ու ժուժկալ նախասենեակ մըն էր, ուր կը գտնուէի: Այնտեղ տեսայ պզտիկ գրասեղան մը, աթոռ մը եւ տիւան մը:

Քանի մը վայրկեան անց  երեւցաւ Ծառուկեան՝ լայն ու առինքնող ժպիտով մը, որուն ծանօթ էի եւ որը քաջալերեց, որ ինքս ալ ժպտիմ ու ցոյց  տամ հրճուանքս:

Կը թուէր,  թէ պէտք է  մեկնէր,  քանի արդէն ածիլուած, հագուած  ու պատրաստ էր:

Գոհացաւ քանի մը տարտամ հարցումներով,  բայց  յանկարծ փոխեց  նիւթը.

–Ի՞նչ պիտի ընես յառաջիկայ տարի,– հարցուց:

Պարզեցի այն զանազան ընտրութիւնները, որոնք կը ներկայանային:

Շատ լաւ հասկացաւ, որ անոնցմէ ոչ մէկը սրտովս էր:

–Իսկ քու ուզածդ ի՞նչ է,– հարցուց  հաւանաբար որոշ շփոթով մը:

–Կ’ուզեմ Ճեմարան երթալ,– ըսի վճռական՝ ընթացք տալով թաքուն ու երբեք չխոստովանուած երազի մը:

Յանկարծ դէմքը պայծառացաւ  ի լուր այս յայտնութեանս:

–Իրապէս  կ’ուզե՞ս,– շեշտեց   հարցումը:

Եւ հաստատական պատասխանիս վրայ՝ «շատ լաւ, նստի՛ր»,–  մռմռաց քիթին տակէն, ապա  ինք ալ նստաւ սեղանին   առջեւ, դարակը քաշելով հանեց թուղթ մը ու ծրար  մը եւ շարադրեց նամակ մը: Դրաւ զայն ծրարին մէջ, վրան հասցէագրեց ու դառնալով ինծի ըսաւ.

–Այս նամակը  կը տանիս Շթորա՝ պարոն Սիմոն Վրացեանին կը յանձնես:

Ու մանրամասն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պիտի գտնէի  հասցէատէրը, որուն անունը ոչինչ կ’ըսէր ինծի: Միւս օրը հանրաշարժով հասայ Շթորայի հրապաարակէն  150 մ.  անդին գտնուող թիթեղաշէն խանութը եւ ուղղուեցայ դէպի խանութպանը, որ նստած էր բոլորովին խորերը: Ներկայացուցի խնդրանքս:

Ան տեղէն փութով ելաւ, կարծես ինծի կը սպասէր,  եւ թեւէս բռնելով՝ «եկո՛ւր»,– ըսաւ դէպի դուրս՝ մայթին վրայ ելլելով: Եւ ցոյց տուաւ մօտաւորապէս 50մ անդին, ճամբուն հանդիպակաց կողմէն քալող երեք տղամարդ. «Մէջտեղի բարձրահասակն է պարոն Վրացեանը»,– ըսաւ գոհունակ շեշտով մը եւ աւելցուց, որ «շատ բարեւներ ընեմ պարոն Ծառուկեանին»:

Հասայ խումբին ու կտրեցի առաջքը՝ յանձնելով ծրարը  Վրացեանին, որ առաջին անգամն է կը տեսնէի. պարթեւահասակ, ալեխառն մազերով, հաստապակեայ  ակնոցով ու թեթեւօրէն երերուն՝ 70-նոց շատ պատկառազդու անձնաւորութիւն մը, որ աչքին գրեթէ փակցուց  նամակս, ապա զայն երկարեց ուղեկիցներէն աջակողմեանին.

–Գառնի՛կ, Էս նամակը կարդա՛,– ըսելով:

Քանի մը քայլ ետ գացի ու սպասեցի:

Ուրեմն ես հիմա, Պեքաայի հովիտի անսահման տարածութեան մէջ, դէմ-յանդիման կը գտնուէի Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան վարչապետներէն մէկուն. Աստուա՜ծ իմ, երա՞զ էր, հեքիա՞թ էր, առասպե՞լ էր… ինչպէ՞ս հաւատալ:

Ընթերցումի աւարտին բաներ մը խօսեցան, յետոյ ինծի նշան ըրաւ  նոյն ուղեկիցը, որ մօտենամ,   եւ բացատրեց.

–Հինգշաբթի Ճեմարան կու գաս, որպէսզի մուտքի քննութեան ծրագիրը  ստանաս ու պատրաստուիս: Աշնան քննութիւն պիտի անցընես:

Այսքան արագ, այսքան պարզ ու դիւրին: Ու բաժնուեցանք:

 

*   *   *

Հետագային Ծառուկեանի յուշերուն մէջ՝ «Մեծերը եւ միւսները», կարդացի հետեւեալ ծանօթութիւնը. ուրեմն ճիշդ տարի մը առաջ, այինքն՝ 1952-ի ամառը,  Վրացեան Ճեմարանի ի նպաստ կը ձեռնարկէ հանգանակութեան մը Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին՝ ամէնուրեք հետը ունենալով Ծառուկեանը՝ որպէս  պատգամախօս: Արդիւնքը կը գլէ-կ’անցնի բոլոր նախատեսութիւնները, ուր մեծագոյն դերը կը վերագրուի պերճախօսութեանը Ծառուկեանին[1],  որ աւելի քան  ամիս մը սիրայօժար կը նուիրուի այս հանգանակութեան՝ մերժելով նիւթական ամէն վարձատրութիւն: Փոխարէնը՝ իրեն իրաւունք կը տրուի ամէն տարի պահելու սան մը:

Ուրեմն ե՛ս   էի այդ տարուան  իր ընտրեալը:

Նշանակուած հինգշաբթին  ուղղուեցայ Ճեմարան, որուն տեղն ալ չէի գիտեր,  գտայ  պարոն Գառնիկը, որ Բանեան կը կոչուէր, ստացայ ծրագիրը եւ քանի մը ուրիշ թելադրանքներ ու հեռացայ:

Ամառը նոր կը սկսէր, եւ ես, քիչ մը շատ լրջութեամբ,– կ’ենթադրեմ,– նուիրուեցայ մուտքի քննութեան պատրաստութեան: Այստեղ էր որ առաջին անգամ  կը կարդայի, թէ մենք ունեցած ենք գրողներ, որոնք կը կոչուէին Գրիգոր պատուելի Փեշտիմալճեան, Տէրոյենց պատուելի,– որ կարծեմ հարիւրի չափ գիրք գրած էր[2],– պուետ  Խաչատուր  Միսաքեան, Ստեփան Ոսկան, Յարութիւն Մրմրեան եւ…սոյնպիսիք: Օրին այնքան ինկայ այս բոլորին վրայ, որ ահա այս պահուս  առանց որեւէ աղբիւրի կը շարունակեմ հեշտութեամբ յիշել անոնց անունները:

Հօրս՝ զիս ատաղձագործ տեսնելու ցանկութիւնները յօդս ցնդած էին, մայրս գոհ էր, որ «ուզածիս պէս կ’ընեմ ամէն բան», Եղիա Նաճարեան իր կարգին հաշտուեցաւ  այս կացութեան հետ:  Կը մնար…վանքը, ուր պաշտօնապէս քննութիւն տուած էի:

Յուլիսի երկրորդ կէսին էր, կը կարծեմ, երբ մեր տունը մտաւ Գնէլ վ. Ճերեճեանը, որ այն ատեն  երիտասարդ ու շատ սիրուած մէկ միաբանն էր Կիլիկեան աթոռի: Բոլորս ալ շուարած էինք, մասնաւորաբար գեղջուկ մայրս, որ չէր գիտեր ի՛նչ պիտի ընէր. խեղճին ձեռքը-ոտքը բռնուեցաւ,– ինչպէս կ’ըսեն: Հայր սուրբը անշուշտ նման կացութիւններու փորձառութիւնը ունէր, ուստի  չերկարեց իր այցելութիւնը, «եկած եմ յայտնելու, որ քննութեան յաջողած ես, ուրեմն պէտք է պատրաստուիս»,– ըսաւ ու ելաւ՝ առանց սուրճի մըն ալ սպասելու:  Հաւանաբար նոյնպիսի այցելութիւններ տուաւ նաեւ միւս երեք ընկերներուս, որոնք  նոյն շրջանին մէջ կը բնակէին:

Ասի այնպիսի կացութիւն մըն էր, որուն մասին կարելի  չէր  չմտածել…նիւթական պատճառներով: Որքան ալ Ճեմարան իբրեւ սան ընդունուէի, այսուհանդերձ ան բաւական հարցերու առջեւ կը դնէր  զիս.  երթեւեկը, գիրքերս, սնունդս, հագուստս, գրպանի ծախսս՝ թէկուզ շատ համեստ, ու տակաւին շատ ուրիշ անակնկալներ, որոնց տակէն  դժուար թէ ելլելու կարող ըլլար հայրս: Փոխարէնը՝  վանքը ասոնց գրեթէ բոլորէն զերծ կը կացուցէր զիս, միւս կողմէ, ինչպէս կը վկայէր դասընկերս, «ան ալ իսկական երկրորդական վարժարան մըն էր…»:

Իրիկունը՝ հօրս  գործէն վերադարձին,  նստանք ժողովի:

–Ես չեմ ուզեր, որ վանք մտնես, յանկարծ վարդապետ կ’ըլլաս ու անէծքի տակ կը մտնեմ,– կանխեց հայրս:

Ան կ’ակնարկէր քահանայ մեծհօրս, որ ոչ ես ճանչցած էի, ո՛չ ալ ինք. ան մահուան անկողինին մէջ պարտք դրած էր   հարազատներուն վիզին, որ այնուհետեւ իր գերդաստանէն  հոգեւորականի  սքեմ կրող  չըլլայ:

–Մեծը կորսնցուցի, աս ալ պիտի չկորսնցնեմ,– իր կարգին պատճառաբանեց մայրս՝ ակնարկելով  եօթը տարի առաջ Հայաստան փախած եղբօրս:

Ուրեմն հարցը վճռուած էր:

Այսպէսով անջնջելի գիծ մըն ալ վանքին վրայէն քաշեցինք. իսկ  թէ այդ գիծէն ի՞նչ շահեցաւ կամ  կորսնցուց Կիլիկեան աթոռը,– թող ապագայ պատմաբանները  որոշեն:

 

*   *   *

Աշնանամուտին մէկ անգամ եւս Գնէլ վարդաապետ հանդիպեցաւ:

Յետմիջօրէ մըն էր, բակին մէջ մայրս ցորեն կը ծեծէր, երբ  դուռը հրեց ու ներս մտաւ  ան: Եւ առանց նստելու՝ յայտնեց, թէ ճիշդ ո՛ր օրը պէտք է ներկայանայի վանք: Ու ձգեց-գնաց: Այս ալ…իր   կարգին:

Արդէն հասած էր մուտքի քննութեանս օրը, որուն անհամբեր կը սպասէի:

Անակնկալ էր. քննութիւն յանձնելու եկած էին երեք  դասընկերներ եւս:

Այժմ կը մնար յաղթահարել վերջին մտահոգութիւն մըն ալ. պիտի յաջողէի՞ քննութեան, իսկ եթէ այո,  ապա ո՞ր դասարանը պիտի նստէի:  Ահա այս մտմտուքներով ալ   դիմաւորեցի հոկտեմբերը՝  Ճեմարան վերամուտի   առաջին օրը, ուր ամբողջ աշակերտութիւնը  ներկայ էր՝ հիներն ու  նորերը, որոնց անունները եւ կարգը մէկ-մէկ կը յայտարարէր  պարոն Բանեան՝ կազմելու համար համապատասխան դասարանները:

Սրտատրոփ կը սպասէի, երբ  անունս նշուեցաւ 7-րդ դասարանի ցանկին մէջ, ինչ որ ազգային նախակրթարանէ եկողներուն համար բարձրագոյնն էր:

Այսպէս սկսաւ  ճեմարանականի  առաջին օրս, որ պիտի տեւէր հինգ տարի:

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com

 

 

[1] Այդ օրերուն շատ կը խօսուէր խորհրդապատկերի մը մասին, որուն դիմած էր Ծառուկեան իր առաքելութեան ընթացքին՝ ակնարկելով  դպրոցէ զուրկ ու բարեկեցիկ ամերիկահայերուն. «Ձեր կովը լեցուն ծիծերով կաթ ունի, սակայն հորթ չունի կերակրելու, իսկ մենք հորթ ունինք, որ մայր չունի կաթ տալու. ուրեմն վստահ եմ, որ հաճոյքով պիտի ուզէք   ձերինին կաթը  նուիրել մեր որբ հորթին»:

[2] Այս տողերը շարադրած պահուս, պահ մը մտածեցի, թէ կրնամ,– սխալ տպաւորութեան մը տակ,–  չափազանցուած թիւ մը այսպէս առաջ քշել, ուստի  որոշեցի ճշդում մը կատարել. առ այս դիմեցի Յ. Օշականի «Համապատկեր»-ին,  ուր կ’ըսուի, թէ ան գրած է…150 գիրք: