image

Թաղում առանց մահազդի. Երգիծաբան Յակոբ Պեքարեանի լուսաւոր յիշատակին.Յակոբ Նալպանտ

Թաղում  առանց  մահազդի. Երգիծաբան Յակոբ Պեքարեանի լուսաւոր յիշատակին.Յակոբ Նալպանտ

 

Լուսաւոր եւ վեհ հոգիիդ խաղաղութիւն՝ մեծ երգիծաբան  
   

  Հալէպահայ բանաստեղծ՝ Յակոբ Նալպանտ կը գրէ ՝

 

Կիրակի՝ 30 Օգոստոսին, Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հալէպահայ կրթական մշակ եւ տաղանդաւոր երգիծաբան՝ Յակոբ Պէքարեանը:

Սփիւռքահայ մամուլի տարբեր հանդէսներու եւ թերթերու մէջ՝ պարոն Պէքարեան իր սուր, հմուտ երգիծաբանի փորձառութեամբ մեզ ցոյց կու տար մեր կեանքի եւ սփիւռքահայ յատուկ կենցաղի մանրամասները, անոնք ենթարկելով սուր ու օգտաշատ քննատադտութեան:

Մեծ վարպետը գիտէր իր մատնացոյց  արիւնահոսող եւ ծորացող բազմաթիւ եւ բազմապիսի վէրքերուն վրայ:

Յակոբ Պէքարեան սփիւռքահայ երգիծական գրականութեան վերջին յիսնամեակի ամենամեծ ներկայացուցիչներէն մէկն էր, որուն տեղը շատ դժուար պիտի լեցուի: Ան երգիծական դժուարագոյն ժանրի վերջին մոհիկաններէն էր եւ յիրաւի իր արժանի տեղը պիտի գրաւէ սփիւռքահայ երգիծաբաններու՝ Օտեանի եւ Պարոնեանի կողքին, եւ անոր մահը այնքան նման էր իր շատ սիրելի Յակոբ Պարոնեանի մահուան, մինակ եւ լուռ ու մունջ եւ լրիւ մեկուսացած վիճակի մէջ:

Հալէպը առանց քու գրիչիդ եւ երգիծանքիդ պիտի դառնայ աւելի չոր եւ աւելի անհետաքրքիր՝ սիրելի  Յակոբ Պէքարեան:

Լուսաւոր եւ վեհ հոգիիդ խաղաղութիւն՝ մեծ երգիծաբան, որ մեր դէմքերուն վրայ անթիւ ժպիտներ գծեցիր եւ մեր ուղեղներուն եւ հոգիներուն խորքերուն մէջ այդքան հարցման նշաններ եւ լուծումներ նետեցիր:

Դուն դեռ շատ երկար պիտի ապրիս կերտածդ տիպարներուն եւ պատմուածքներուն ընդմէջէն, որոնք ամէն ժամանակներու համար ստեղծուած կերպարներ են, իսկ գրողը կը մահանայ այն ժամանակ, երբ իր կերտած տիպարներն ալ օր մը խառնուելով մոռացութեան մրրիկներուն, կը գաղթեն մեր էութեան եւ յիշողութեան տեսադաշտէն:

 

Յակոբ Նալպանտ- Տլտլեան

Հալէպ