image

Տալի եւ Փիքասոյի ցուցահանդէսը մեծ թիւով այցելուներ կ՚ունենայ թանգարաններու վեաբացման առիթով

Տալի եւ Փիքասոյի ցուցահանդէսը մեծ թիւով այցելուներ կ՚ունենայ թանգարաններու վեաբացման առիթով

Անցեալ շաբաթ պաշտօնապէս վերաբացուեցան Երեւանի թանգարանները ու Ազգային Թանգարանին դիմաց պարզուեցաւ երկար հերթ մը այցելուներով, որոնք անհամբեր կը սպասէին տեսնելու Փապլօ Փիքասոյի եւ Սալվատոր Տալիի գործերը։ Հերթը Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն ընթացքին կ՚երկարէր մինչեւ Հանրապետութեան Հրապարակի միւս կողմը, եւ զօրաւոր ապացոյց մըն էր թէ մարդիկ անհամբեր կը սպասէին տուներէն դուրս գալու եւ դարձեալ մասնակից դառնալու բնականոն հասարակական կեանքի։

Ցուցասրահներէն ներս կը ցուցադրուին 260 գործեր Ռուս հաւաքիչ, մարդասէր-բարերար, եւ առեւտրական ՝ Ալեքսանտր Շաթրինի անձնական հաւաքածոյէն, որ նաեւ հիմնադիրն է «Ազգերու Արուեստը» Հիմնադրամին։ Երկու արուեստագէտներուն ողջ եղած ատենին չէ պատահած զոյգ ցուցահանդէս մը։

Երկուքը առաջին անգամ հանդիպած են 1926ին Փիքասոյի աշխատանոցին մէջ։ Փիքասոն, ըլլալով մեծաւորը, օգտակար հանդիսացաւ որպէսզի Տալին Ամերիկայ երթայ, եւ այս իրողութիւնը առանցքային դեր ունեցած է Տալիի ապագայի յաջողութեան մէջ։ Երկու արուեստագէտները յայտնի դէմքեր են 20րդ դարու կերպարուեստի եւ, հակառակ որ հանրային կերպով խորշում կը ցուցադրէին իրարու հանդէպ, իրականութեան մէջ գնահատած են, փոխադարձաբար, միւսին աշխատանքը։

260 գործերուն մէջ, (անստոյգ է թէ բնօրինակներ են թէ չէ եւ երբ հարցուցի պաշտօնեային ըսաւ կրնայ ըլլալ որ աշակերտներուն գործերն են կամ իրենց աշխատանոցներէն ելած արտադրանքներ), ներառուած են ստուարաթուղթի, վիմատիպի, խեցագործական եւ քանդակագործի յօրինումներ։

Նկատառելի է թէ ցուցադրուած գործերէն մեծամասնութիւնը Տալիին աշխատանքներն են։ Առաջին պատկերասրահը ցուցադրած է իր «Հրեշտակներ» շարքին պատկանող գործերը։ Այս շարքին պատկանող գործերուն մէջ արուեստագէտը օգտագործած է արագ խոզանակի հպումներ ու որպէս հիմնական գոյներու երանգակալ՝ իւրացուցած է կապոյտ, դեղին, նարնջագոյն եւ սեւ գոյները։ Տալիին աշխատանքներուն մէջ ակնյայտ է Քրիստոնէական բնաբաններ։

 Հեղինակին «Մարդկային Արատներ» շարքը կը պատկերէ հիմնական մարդկային տկարութիւնները օգտագործելով վառ գոյներ եւ հեգնանքով ընդելուզուած այլանդակ կերպարներ, որ կարծես խոշորացոյցի տակ կ՚առնեն մարդուն բնազդային եւ կրքոտ բնաւորութիւնը։ Որպէս բնաբան, գործերուն անուանումները կը իւրացուին հիմնական մեղքերէ, զոր օրինակ «Ագահութիւն», «Խանդ» եւ «Ցոփութիւն»։ Նաեւ ցուցադրուեր են «Մարդկային Անտառ»ին պատկանող գործերը, որոնք վիմագիր աշխատանքներ են, օգտագործելով դարձեալ աւելի պայծառ գոյներ եւ արտասովոր կերպարներ։ Այս գործերուն արտայայտութեան միջոցը իր արմատները կ՚առնէ Ֆրանսական բանաստեղծ, Անտրէ Պրէթօնէն, որ 1924ին հրատարակեց իր Manifestoes of Surrealism գործը որ ծնունդ տուաւ նոր avant-garde շարժումի մը, որ կը փորձէ շեշտել մարդու հոգեկան ներաշխարհը եւ անգիտակցութիւնը։ Surrealism-ի նուիրուած արուեստագէտները առանցքային դեր ունեցան հոգեվերլուծութեան մէջ, եւ պատճառ հանդիսացաւ որ համագործակցութիւն ստեղծուի ջղաբան՝ Սիկմոնտ Ֆրոյտին միջեւ։

 


 

Տալիին պղնձեայ քանդակագործութիւններն ալ ուշագրաւ են, զոր օրինակ «Յաղթական Փիղ»ը, «Սուրբ Յովհաննէսի Խաչելութիւն»ը, «Թռչնամարդ»ը, «Խխունջն ու Հրեշտակը» եւ զոյգ քանդակները՝ «Ժամանակի Պարը Անցեալ» եւ «Ժամանակի Պարը Ապագայ», որ գրպանի ժամացոյցը այլանդակուած կերպով կը ներկայացնեն։

Տալիէն նաեւ կարգ մը գծագրութիւններ կան զետեղուած։ Ընդհանուր առմամբ, ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ աւելի շատ Տալիին գործերը։ Փիքասոյէն ցուցադրուած են ստուարաթուղթի վրայ նկարուած «Երեւակայական Դիմանկարներ»ուն պատկանող գործերը, որոնք նոյնպէս հետաքրքիր ու գունաւոր աշխատաանքներ են։

Թանգարանը մինչեւ այս շաբթուայ վերջը երկարած է ցուցահանդէսը ու վստահ կրնայ ըլլալ այցելուն, որ գոհ պիտի մնայ այս իւրայատուկ ցուցադրութենէն։

 

 

Տարօն Պարոյր Հալլաճեան
Օգոստոս 26, 2020

Երեւան