image

Հայոց լեզուի ուսուցիչներս (6). Արմենակ Եղիայեան

Հայոց լեզուի ուսուցիչներս (6). Արմենակ Եղիայեան

   Ծառուկեանի մանկավարժական մեթոտը կը կայանար մեզ շատ խօսեցնելու եւ շատ գրել տալու մէջ, հաւանաբար  այս տեսակէտէ՝ ան կը հետեւէր Շանթի սկզբունքին, որ կ’ըսէ. «Խօսիլը խօսելով կը սորվինք, գրելը՝ գրելով»: Որքա՜ն պարզ ու  իմաստուն սկզբունք, որ հիմա այնքան ալ հետեւորդներ չունի կարծես, վասնզի մասնաւորաբար  գրել տալու սովորութիւնը սկսած է դուրս ձգուիլ մեր դպրոցներէն, ուրկէ ապագայ  ուսուցիչները, խմբագիրները,  քարտուղարները եւ ուրիշներ   կը վկայուին առանց  հայերէն շարադրած ըլլալու: Ուսոցիչները ժամանակ   չունին սրբագրելու,  իսկ  աշակերտները սիրտ չունին գրելու:    

            Միւս կողմէ՝ ան կը քաջալերէր արտադպրոցական ընթերցումը՝ թելադրելով ու  հայթայթեթով ընթերցանութեան նիւթեր: Եւ իրօք ալ կարճ ժամանակի մը մէջ մեզմէ  շատեր սկսան գիրք կարդալու համը առնել:

            Քանի մը ընկերներ կը կարդայինք ոչ միայն ուսուցիչին նշանակած գրականութիւնը, այլեւ...քիչ մը ուրիշ բաներ եւս, որոնց  մատակարարը այն տարիներուն զանազան գրատուներն էին:

            Ասոնց առաջինն էր  Նոր Հաճըն աւանի Սամի Կարոն, որ... սափրիչ էր ասպարէզով, եւ   սակայն իր փոքրիկ  խանութը լեցուցած էր  գիրքերով: Հերթական յաճախորդը կու գար սափրուելու,  եւ  Սամի Կարո մէկ կողմէ  անոր մազը կը կտրէր կամ մօրուքը կ’ածիլէր, միւս կողմէ  կը կատարէր գրական խորաթափանց  ու հմուտ վերլուծումը  գիրքի մըն ալ, մինչեւ որ համոզէր ենթական, որ անպայման  կարդայ զայն, եւ կը յաջողէր. յաճախորդը կը հեռանար գիրքով մը: Իսկ եթէ պատահէր, որ իր զբաղած պահուն  ուրիշ յաճախորդ մըն ալ մտնէր, «Դուն սա գիրքին աչք մը նետէ մինչեւ գործս վերջացնեմ»,–  կը յանձնարարէր,  եւ ան «աչք մը կը նետէր» ու այնքան կը խորանար, որ քիչ ետք իր կարգը կը մոռնար՝ թաղուած մնալով ընթերցանութեան մէջ. Սամի Կարո քիթին տակէն գոհունակ կը ծիծաղէր՝ կարթին ծայրը թպրտացող ձուկ տեսնող ձկնորսին պէս: Եւ քիչ ետք, երբ գործը կ’աւարտէր,  ան  ալ ի՛ր կարգին  գիրք մը առած կը մեկնէր: Ոմանք չէին վարաներ «Սամի Կարո ընթերցարան»  կոչելու անոր...«հաստատութիւնը»:

            Նոր Հաճընը իր մտաւորական գերակայութիւնը մասամբ կը պարտէր Սամի Կարոյին, մնացեալը պարտելով Սահակեան միջնակարգ վարժարանին եւ ասոր տնօրէնին՝ Բենիամին Ժամկոչեանին, որ իր ժամանակին միակ  լիբանանահայ վկայեալ մանկավարժն էր՝ լծակից ունենալով իր դասընկերը՝ Սեդրակ Զաւէնը՝ երկուքն ալ պսակաւոր   Խարբերդի Գերմանական ճեմարանի մանկավարժական բաժանմունքէն:

            Երկրորդ մը կը գտնէինք  Հաճընէն քիչ մը անդին, բժ.  Չորպաճեանի դարմանատան անկիւնը, երրորդ մը՝ Սիմոն Հովիւեանը, Նոր  Մարաշի մուտքին:

            Սակայն ահա  մեր շրջապատին մէջ, Ծերանոցի ճամբուն վրայ, հաստատուեցաւ կամ թերեւս մենք նոր յայտնաբերեցինք չորրորդ մը՝ Գոբուշեանը, որ իր գիրքերուն քանակով ու տեսականիով  կը գերազանցէր միւս  բոլորը:

                                                            *   *   *

            Այո՜, գիրք վարձու տուողները կը վխտային, սակայն կը վխտայինք ընթերցողներս ալ, որ երբեմն երկուքով, նոյնիսկ երեքով  կը կարդայինք նոյն գիրքը: Այսպէս էր կարգը, քանի  մէկ կողմէ՝ անձնական գրադարան ունենալու մշակոյթը տակաւին մուտք գործած չէր մեր բարքերուն մէջ, միւս կողմէ՝  մարդիկ գիրք գնելու համար բաւարար դրամ ալ չունէին: Եւ ինչո՞ւ գնէինք, երբ 25 դահեկանով (8 սենթ) կարելի էր  որեւէ  գիրք կարդալ ու  վերջ:

            Մանաւանդ որ ամէն ինչ կը գտնէինք Գոբուշեանի քով.  հայ գրողներու գործերու լայն հաւաքածոյէն բացի անոր քով կը գտնէինք եւրոպական ողջ գրականութիւնը՝ իր բոլոր ենթատեսակներով՝ հայերէն թարգմանուած: Մինչեւ հիմա ալ չեմ կրցած ըմբռնել, թէ ովքե՛ր եղած էին եւ ե՛րբ այդքան գրականութիւն թարգմանողները: Շատ խոր տպաւորած է զիս «Տ’Արգոս»-ը, որ թարգմանիչի մը ծածկանունն էր. Աստուա՜ծ իմ, ո՞վ կրնար ըլլալ այս առասպելական հայը, որ այսքան գիրք թարգմանած էր, ո՞ւր եւ ե՞րբ հասցուցած էր այդ բոլորը ընել:

            Եւ ինչե՜ր ըսես չկային Գոբուշեանի    գրացանկին մէջ. մէկ կողմէ՝ «Թշուառները», միւս կողմէ «Փարիզի գաղտնիքները», ասդին՝ «Երեք հրացանակիրները», անդին՝ «Նիւ Եորքի գաղտնիքները», Շուշանեանի ու Ալեքսանդր Տիւմայի վէպերը, առանց մոռնալու «Քամելիազարդ կինը», «Մանոն Լեսքո»-ն, «Փերայի գեղեցկուհին», «Հառաչանքի կամուրջը»,  «Վրէժ» (չորս հատոր), «Թափառական հայը», «Թափառական հայու որդին», «Աւազակապետը», «Վանականը» եւ, եւ, եւ...

            Ցանկը շատ երկար էր,  մեր ախորժակը՝ անսահման:

            Սակայն  քսակները...պարապ:   

            Իւրաքանչիւր հատորի համար շաբաթական  25 դահեկան վարձը  այնքան ալ դիւրին ճարելի գումար մը չէր: Բայց ահա մեր բերնէն կտրելով  ընթերցանութեան կը յատկացնէինք զայն: Սակայն այստեղ ալ անլուծելի հարցեր կը ծագէին: Ես երկու, առաւելագոյնը երեք օրէն կը յաջողէի աւարտել հատորի մը ընթերցումը եւ իսկոյն կը ներկայանայի պարոն Գոբուշեանին, որ մանրկեկ, շատ պզտիկ աչքերով մարդ մըն էր, գլխուն վրայ ամառ-ձմեռ կը կրէր  հնամաշ ու ճմռթկուած béret  մը, իսկ  դէմքին վրայ միշտ ունէր գոհունակ արտայայտութիւն  մը, որուն գաղտնիքը չէինք ըմբռներ:

            Ան սիրալիր կը դիմաւորէր  մեզ, կը փորձէր ժպտիլ ալ, կը քաջալերէր իմ եւ նմաններուս ընթերցասիրութիւնը, կը հետաքրքրուէր յաճախուած դպրոցով, հայերէնի ուսուցիչին անձով ու  այլ մանրամասնութիւններով: Կարդացուած գիրքը կը ստանձնէր ու ինք կը թելադրէր, թէ «հիմա, անկէ ետք, ի՛նչ գիրք պէտք է կարդայինք», եւ հմուտ վաճառականի պէս վար կը բերէր զայն դարաններէն մէկուն վրայէն, այն անթիւ դարաններուն, որոնք վերէն վար կը ծածկէին բնակարանի սենեակներուն ու անցքերուն բոլոր տեսանելի պատերը՝ յորդելու աստիճան:

            Չէր վարաներ երբեմն ալ եսդ շոյելու.

            –Այս գիրքը ամէն մարդու չեմ տար, բայց քեզի կու տամ կոր...        

            Այս բոլորը շատ լաւ էին, բայց կար...մնացեալը՝ ամէնէն դժուարը:

            Ան տոմարը կը բանար, մարգարտաշար ձեռագիրովը հատիկ-հատիկ կ’արձանագրէր նոր գիրքին անունը, ապա եգիպտական քուրմի մը պէս անշարժ  կը նայէր աչքերուդ  եւ     կը սպասէր...որ վերստին վճարես:

            – Բայց, պարո՛ն Գոբուշեան, չէ՞ որ երկու օր առաջ վճարեցի:

            – Այո, տղա՛ս,– կը պատասխանէր քնքշութեամբ, գոգցես՝ կարեկցանքով,–  բայց ան միւս գիրքին համար էր, այս մէկը նոր է, պէտք է ասոր համար ալ վճարես: Եթէ կ’ուզես, տա՛ր նոյն գիրքը եւ երեք-չորս օրէն  վերադարձու՛ր, իրաւունքդ է, առարկութիւն մը չունիմ...

            Որքա՜ն վեհանձն էր:

            Կարդացուած գիրքը տանէինք՝ ի՞նչ ընէինք եւ յետոյ՝ երեք-չորս օր ինչպէ՞ս մնայինք առանց կարդալու: Եւ ահա գառնուկի պէս կը վճարէինք 25 մը եւս, ինչ որ բոլորովին կը սնանկացնէր մեզ՝ զրկելով այնքան երազուած կարկանդակէ մը կամ պաղպաղակէ մը, որոնք  դժուար կը ճարուէին այն օրերուն,  ա՛լ չեմ ըսեր շարժապատկերէ, որուն երեսը չէինք կրնար տեսնել:

            Ասով հանդերձ՝ թող հոգին լոյսերու մէջ պառկի:

            Հակառակ այդ բոլորին՝ հայոց լեզուի ինքնուրոյն ուսուցիչ մըն ալ ի՛նք եղաւ, նախ շնորհիւ իր անհամար գիրքերուն, ապա այն ցուցմունքներուն,  որ կու տար, եւ վերջապէս  այն հազարումէկ պատմութիւններուն, որոնք կը վերաբերէին իր կեանքի անցած-գացած տարիներուն եւ հիմա  հաճոյքով, մեծ ընկերոջ մը համբերութեամբ ու գորովով  կը պատմէր մեզի՝ «ի պէտս զառածելոցս», որպէսզի «բան մը սորվիք»,–  ինչպէս  կ’եզրակացնէր զգալի գոհունակութեամբ  ու համոզումով:

            armenag@gmail.com                                                                    Արմենակ Եղիայեան