image

Ձօն՝ Դպրեվանքի Հիմնադրութեան 90 ամեակին. Խորհէ եւ մտիր. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան

Ձօն՝ Դպրեվանքի Հիմնադրութեան 90 ամեակին. Խորհէ եւ մտիր. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան

Նոր իմն Մովսիսեան ծաղկեալ գաւազանով իր ժողովուրդը անապատի ճամբով Մայրեաց երկիր առաջնորդող Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսի աստուածաօծ կամքով պարուրուած, Արմաշեան Դպրեվանքէն շրջանաւարտ Բաբգէն Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի լուսամիտ տեսիլքով սաղմնաւորուած, դարձեալ Արմաշեան դպրեվանքէն շրջանաւարտ` ուսումնատենչ ոգին մարմնաւորող Շահէ Եպիսկոպոս Գասպարեանի յանձնառութեամբ կեանքի կոչուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Դպրեվանքը  բազմահարիւր աշակերտներ դիմաւորած է իր շէնքի մուտքին արձանագրուած այս երկու խորիմաստ բառերով` «ԽՈՐՀԷ եւ ՄՏԻՐ»:

Համալսարաններ որքան որ կը մասնաւորուին իրենց ջամբած մասնագիտացեալ բարձր գիտութեամբ, նաեւ ուշագրաւ են իրենց նշանաբաններով, այսպէս`

Օքսֆորտի համալսարանը որդեգրած է` «Տէրը իմ լոյսս է».
Գոլոմպիա համալսարանը` «Քու Լոյսովդ պիտի տեսնենք լոյսը».
Հարվըրտ համալսարանը` «Ճշմարտութիւն».
Փրինսթըն համալսրանը` «Աստուծոյ պաշտպանութեամբ պիտի ծաղկինք».
Եէյլ համալսարանը` «Լոյս եւ Ճշմարտութիւն».
Ֆորտհըմ համալսարանը` «Իմաստութիւն եւ Գիտութիւն»:

Եւ ահա 1930 թուականին կեանքի եւ յոյսի եռամեծար ջահակիրները Հայոց ցեղասպանութեան մոխիրներէն վերյառնած Փիւնիկի կերպարով Լոյսի նոր Օրրան` Անթիլիասի Դպրեվանքի ճակտին դրոշմեցին «Խորհէ եւ Մտիր» խորախորհուրդ նշանաբանը, հրաւիրելով որ լոյսի, իմաստութեան, գիտութեան ու ճշմարտութեան փնտռտուքի ծարաւ աշակերտը գիտակից յանձնառութեամբ մտնէ նուիրական այս յարկէն ներս: Վստահաբար նախակրթարանէն շրջանաւարտ պատանին երբ ափ կ՛առնէ Դպրեվանք, հեռու ծնողական անմիջական խնամքէն, բացարձակապէս ատակ չէ ըմբռնելու այս նշանաբանին անհուն խորքը, սակայն Դպրեվանքը Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ եկեղեցական ու աշխարհական ուսուցիչներու ծնողական գուրգուրանքով առլցուն` ամբողջ ութը տարիներ մարմնով, մտքով ու հոգիով սնուցանելէ ետք աշխարհէն եկած դեռատի մանուկները, աշխարհին կը վերադարձնէ` որպէս չափահաս երիտասարդներ, որպէսզի առաջնորդեն աշխարհը դէպի Աղբիւրը լոյսին:

Այս հասկացողութեամբ, Դպրեվանքը ամէն բանէ առաջ իւրաքանչիւր սանի համար նոր ընտանիք մը եղած է եւ կը մնայ որպէս այդպիսին, աւելի ընդարձակ յարաբերական կեանքով ու պատասխանատուութիւններով, աստիճանաբար պատրաստելով զանոնք ազգի մեծ ընտանիքին մէջ որոշադրիչ դերակատարութիւն ունենալու: Այո՛, ամբողջութեամբ նո՛ր Ընտանիք մը, որ անդրանցնելով ընթացիկ ընտանիքի ինքնաբաւութեան նեղ սահմաններով շրջափակուած հասկացողութիւնը, սաները կը պատրաստէ ընդգրկելու ծանօթն ու անծանօթը, նմանն ու աննմանը, սիրելին եւ ոչ սիրելին, հաւասար կերպով զանոնք առաջնորդելով Աստուծոյ ընտանիքի մաս կազմելու գիտակցութեան:

Դպրեվանքը ընտանիք մը ըլլալով հանդերձ, է՛ մարդակերտման նուիրական հոգեմտաւոր կրթաօճախ մը: Ո՛չ մէկ կասկած որ իւրաքանչիւր դպրոց կոչուած է կերտելու մանուկին միտքն ու նկարագիրը: Դպրեվանքի իւրայատկութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ դասարանի մէջ ստացուած ուսումը ընդարձակուելով մատենադարանի մէջ գրքերու մտերմութեամբ, օծուելով եկեղեցւոյ մէջ աղօթքով ու խունկով, եւ ջրդեղուելով եկեղեցական սուրբերու ու ազգային հերոսներու տօնախմբութիւններով, ուսանողին ամբողջ էութիւնը կը պարուրէ հրաշալի զօրութեամբ մը: Ան կը քալէ նիւթականացած աշխարհի մէջ անանձնական մղումներով ու ոգեղէնի տուայտանքով: Կ՛ապրի ներկան` շնչելով անցեալի թարմութիւնը, իմաստաւորելու ապագան: Կը զրուցէ ժամանակակիցներու հետ, խորհրդածելով անցեալի տիտաններու եւ թեւածելով գալիք սերունդներու հետ:

Այս ուղղութեամբ, Դպրեվանքի քայլերգի հետեւեալ խօսքը լաւագոյնս կը բնորոշէ անոր քուրայէն դուրս եկած բիւրեղեայ հոգիներու տեսլականը.- «Կրօնի հուրն եւ ազգի սէր`զուգեակ իղձեր սերտ եւ սեռն ներշնչումի մեր հոգւոց»: Այո՛, Դպրեվանեցիի կեանքին զոյգ բեւեռները կը կազմեն Քրիստոսով բոցավառած հաւատքի հուրն ու ազատատենչ Հայկ նահապետով հրկիզուած ազգին սէրը, որ առաւել եւս կենսաւորուեցաւ եւ տոկուն դիմագիծ ստացաւ Ղեւոնդներու ու Վարդաններու «վասն Հաւատոյ եւ վասն Հայրենեաց» գոյապայքարով, եւ որպէս խորհուրդ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով, կը կերտէ ու կը պայծառակերպէ մանաւանդ իւրաքանչիւր դպրեվանեցիի ինքնութիւնը եւ կը բանայ անոր առջեւ անծայրածիր հորիզոններ` ծառայելու «որպէս մշակ առանց ամօթոյ» (Բ Տիմ 2․15):

Տեսլականի կողքին Դպրեվանքի այլ առանձնայատկութիւնը եղած է այն, որ մեր օրերուն դպրեվանեցիին անհատականութիւնը փորձառական կեանքով կը կազմաւորէր` հետեւելու դասարանային տետրակի կողքին տպուած «Դպրեվանեցիի առօրեայ կեանքի տասնաբանեայ»ին, որոնցմէ մէկ քանին կը մէջբերեմ.- «Եղիր մաքուր եւ կանոնաւոր», «Խնամք տար այն բոլոր առարկաներուն, որ ձեռքիդ տակ  են եւ կարգ ու կանոնով պահէ զանոնք: Ամէն առարկայ իր տեղը դիր», «Որեւէ գործ լաւ սկսէ եւ լաւ վերջացուր: Խելք եւ սիրտ դիր գործերուդ մէջ», «Գիտցիր վայրկեաններուդ յարգը», «Զուարթ եղիր», «Մի՛ զբաղիր ուրիշներու  թերութիւններով, ճանչցիր քու թերութիւններդ, «Վստահ եղիր ամէն գործի մէջ», եւ այլն: Անձնական փորձառութեանս պրիսմակէն դիտելով, խոր երախտագիտութեամբ կը հրճուիմ ո՛չ միայն յիշելով, այլեւ ցարդ հետեւելով գործնական այս պատուէրներուն: «Տասնաբանեայ»ի կողքին աստիճանաբար սաներուն կը վստահուէին համեստագոյնէն մինչեւ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութիւններ: Ինչ կը վերաբերի ստանձնած պաշտօններուս ընդմէջէն ձեռք ձգած անփոխարինելի փորձառութեանս, արդարեւ անգնահատելի է: Այսպէս` լուացարաններու մաքրութեան, հանդերձապահութեան, գրենական պիտոյից հոգատարութեան, տեսուչի սրճեփութեան, դպրապետութեան, լուսարարապետի ու մատենադարանապետի օգնականի պաշտօնները լաւագոյնս թրծած են յետագայի  աւելի վսեմ ծառայութեան ոգին, սորվեցնելով որ ընտիր կամ արհամարհելի պաշտօններ չկան, այլ բոլորն ալ պիտանի են ընկերութեան յառաջդիմութեան համար: Երբ ամենայն գիտակցութեամբ եւ ուրախ սրտով լաւագոյնս կատարենք մեր ստանձնած պարտականութիւնը, պաշտօնը չէ որ մեզ կը բարձրացնէ, այլ մե՛նք կ՛իմաստաւորենք պաշտօնը. նաեւ կը ճշմարտուի Տէրունական խօսքը, թէ «Ով որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ է` մեծին մէջ ալ հաւատարիմ է»  (Ղկ 16․17 ):

Եւ վերջապէս` Դպրեվանքը ծառայութեան կողքին բացառիկ դարբնոց մըն է նաեւ անձնուուիրութեան ոգիին, եւ դարբինները եղած են նոյնքան անձնուրաց ուսուցիչներ, որոնք գիտակցելով թէ կը պատրաստեն ո՛չ միայն զարգացած երիտասարդը, այլ` վաղուան Հովիւը, Դաստիարակը, Դպրապետը, հասարակական գործիչը եւ այլ ասպարէզներու մէջ գլխագիր Մարդը, արուեստագէտի մը բծախնդրութեամբ կը քանդակեն Քրիստոնեայ Հայու անկորնչելի արժէքները մատղաշ հոգիներուն մէջ: Երախտապարտ աշխատանք մը պիտի ըլլար պատշաճ հատոր մը ընծայել գերագոյն յարգանքի արժանի այս խոնարհ հերոսներուն, որոնցմէ կ՛ուզեմ առանձնացնել մէկ քանին որոնք գործեցին ու անցան, սակայն անջինջ կնիք ձգեցին մեր պատանի հոգիներուն վրայ: Մեր սերունդի դաստիարակներու ոսկեայ օղակին մաս կը կազմեն Գարեգին եպիսկոպոս Սարգիսեանը, որ գիտէր խանդավառել ու ներշնչել պատանի հոգիները` որպէսզի ամենայն վստահութեամբ սաւառնին գիտութեան անհունին մէջ, Արտաւազդ Եպիսկոպոս Թրթռեանը` որ Մատենագրութեան սիրով կը յագեցնէր ծարաւ հոգիները, Մեսրոպ Վարդապետ Աշճեանը` որ ո՛չ մէկ ճիգ կը խնայէր դասարանային մեթոտիկ աշխատանքներով ու արտադասարանային ծրագիրներով կազմաւորելու վաղուան ղեկավարը, Զարեհ Վարդապետ Ազնաւորեանը` որ իր օրինակելի վարքով նախանձախնդրութեան կը մղէր իտէալով սաղմնաւորուած մատղաշ հոգիները, Պրն. Բիւզանդ Եղիայեանը` որ բազմատաղանդ վաստակին առընթեր ցմահ իր աշխատասիրութեամբ կը քաջալերէր ընթերցասիրութիւնը, Պրն. Խորէն Գաբիկեանը` որ հիացում կ՛առթէր իր հանրագիտարանային ծանօթութեամբ, Պրն. Մուշեղ Իշխանը` որ հոգեբանութեան եւ մանկավարժութեան դասապահերով կը կռանէր մարդոց հետ յարաբերելու արուեստը, Պրն. Եդուարդ Տասնապետեանը` որ Հայ լեզուի հանդէպ իր պաշտամունքով բծախնդրութիւն կը պարտադրէր Ոսկեղնիկին հանդէպ, Պրն. Գէորգ Գանտահարեանը` իր հերթին Դպրեվանքի շրջանաւարտ, որ հայրական ժպիտով ու հոգածութեամբ բացը կը գոցէր ծնողական գուրգուրանքին: Օղակը անվերջանալի է այն քաղցր յուշերուն որոնցմով Դպրեվանեցիներու կեանքը կազմաւորուած ու հարստացած է, եւ որոնք որպէս անկողոպտելի ժառանգ`  մաս կը կազմեն անոնց էութեան եւ ինքնութեան:

 

Խորհէ Եւ Մտիր    

Դպրեվանքի ճակտին արձանագրուած այս նշանաբանր չի վերջանար Դպրեվանքի կեանքով, այլ ցմահ կ՛առաջնորդէ եկեղեցական կամ աշխարհական ասպարէզ ընդգրկող որեւէ շրջանաւարտ կամ կիսաւարտ դպրեվանեցին` խոհականութեամբ առնելու իր պարզ կամ ճակատագրական բնոյթ ունեցող քայլը, եւ մտնելու կեանքի խորախորհուրդ ծոցը` Արարչին օրինակով ստեղծագործելու Բարին, Գեղեցիկն ու Վսեմը:

 

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Առաջնորդ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի