image

Վեհան Պետիրեանի անթառամ յիշատակին

Վեհան  Պետիրեանի  անթառամ  յիշատակին

 Պէյրութի «Արարատ»էն կը կարդանք

 

«Սուրբ Էջմածինի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի ընտանիքը ցնծութեան օր մը ապրեցաւ 7 Փետրուար 2010-ի Կիրակին: Տօնական զգայնութիւնը համակած էր բոլորի սրտերն ու հոգիները` ի տես կէսդարեայ բեղուն գործունէութեանը Համախմբումիս, որ ահա քայլ կը նետէր յաջորդ 50-ամեակէն ներս, վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով, հանդէպ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի»։

Ահա այսպիսի հպարտ ու շէնշող գրութեամբ Ողբ. Վեհան Մելիտոնեան Պետիրեան կ՚արտայայտէր իր զգացումները ու կր կատարէր նկարագրականը Համախմբումին յիսնամեայ յորելենական հանդիսութեան:

Արդարեւ, Վեհան Պետիրեանը եղաւ հաւատքի ու նուիրաբերման իսկական տիպար մը հանդէպ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, որուն անսասանութեան համար ան նուիրաբերեց բազում տասնամեակներ որպէս անդամ ու ապա վարչական Սուրբ Էջմածինի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբուին: Աւելի քան երեք տասնամեակ ան վարեց վարչութեան ատենադպրուհիի պաշտօնը, որ ան կատարեց մեծ նուիրումով ու անսակարկ սիրով, մինչեւ իր վերջնական մեկնումը Միացեալ Նահանգներ, միանալու իր միակ որդւոյնª Վարուժանին:

Վեհանը եղաւ կրթական մշակ ու աւելի քան հինգ տասնամեակ հայոց լեզուն ջամբեց ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց Երկրորդական Վարժարանին, ու ապա Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճին մէջ: Դարուհիէն ներս, ըլլալով իր աշակերտուհիներէն մին, տարբեր առանցք կը զգենուր իր իւրայատուկ դասաւանդութիւնը, բանաստեղծութիւններու ամբողջական վերլուծումներն ու բանաստեղծութեանց ոգին, որոնք այնքան ամուր կը դրոշմուէին աշակերտութեանց հոգիներուն մէջ: Մինչեւ օրս կը մտաբերեմ այն ջանքը, որ կը տանէր կարենալ մեր հոգիներէն ներս թափանցելու համար£

Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի բառերով ըլլալու անմեղ, լիքը սիրով ու հաւատով անսասան, ու վառ յոյսերով նայելու դէպի հայոց ապագան` տեսնելու համար Լուսաւորչի անմառ Կանթեղը: Իւրաքանչիւր անգամ որ կþայցելեմ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, մտքովս կ՚այցելեմ Վեհանի դասապահը ու կը մտաբերեմ Բանաստեղծներու Իշխան Վահան Թէքէեանի ՙԵկեղեցին Հայկական՚ը, մեզ դիմաւորող իր հիւրընկալ գաւիթը, հեռուն կանգնած իր լուռ խորանը, գուլայ-գուլայ խունկերը, ալեխռով աղօթքները, բոմբիւն զանգերն ու յաղթական երգը: Վեհանը իր բացատրութիւններով տուած էր բանաստեղծին Հայկական Եկեղեցւոյ խորհուրդ խորհինը, որ այլեւս կարելի չէր երբեք մոռնալ ու հանել մեր սիրտերէն:

Վեհանին հետ որպէս ուսուցիչ-աշակերտ մեր յարաբերութիւնը պիտի փոխուէր շնորհիւ Ս. Էջմիածնայ Տիկնանց Համախմբումին, ու պիտի դառնայինք վարչական գործակիցներ: Մոնրէալ տեղափոխուելէս ետք անցնող տարիներուն Պէյրութ այցելութիւններուս, ուխտագնացութեան համազօր էր այցելութիւնս Ս. Էջմիածնայ Կրօնասիրաց Համախմբումի վարչութեան ժողովներուն, ու հաղորդուիլ վարչութեան ատենապետուհիներ` Ողբ. Անգինէ Տանձիկեանի, Ողբ. Միմի Յարութիւնեանի, Անահիտ Տանձիկեանի, ատենադպրուհի Վեհան Պետիրեանի եւ սիրասուն վարչականուհիներուն տարած երախտաշատ աշխատանքներուն: Անցնող տարիներուն որքան ոգեւորութեամբ անոնք դիմաւորած էին Թորոնթոյի կողքին Մոնրէալի մէջ հիմնումը «Ս. Էջմիածնայ Կրօնասէր Մայրերու» մասնաճիւղին:

Վեհանին մահը պատճառ դարձաւ, որ անգամ մը եւս կատարեմ իմ ուխտագնացութիւնը ու այս անգամ փոխան ֆիզիքական այցելութեան` էջ առ էջ թերթատելու, կարդալու եւ վերահաղորդուելու վաթսուն տարիներու անխոնջ աշխատանքը Համախմբումին` ամփոփուած երեք երախտաշատ հատորներուն մէջ. Ա. հատորը նուիրուած Համախմբումին հիմնադրութեան քսանհինգ ամեակին (1959-1984), խմբագրուած Վեհանի ամուսնոյն, բանաստեղծ ու պատմաբան Ողբ. Լեւոն Վարդան Պետիրեանի կողմէ, երկրորդ հատորը` տասնամեայ գործունէութիւնը (1984-1994) խմբագրուած Թորոս Թորանեանի կողմէ, իսկ երրորդ հատորը` դարձեալ քսանհինգամեայ գործունէութիւն` (1995-2014) խմբագրուած այժմու ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանի կողմէ:

Վերջին երկու հատորներու թերթատումս առիթ ընծայեց ոչ միայն վերյիշելու այն բազում նուիրեալ աշխատանքը, որ Կրօնասիրացը հետեւողական կերպով տարած է ի նպաստ Ս. Էջմիածնայ Մայր Տաճարի անսասանութեան աշխատանքին, այլեւ Ս. Էմիածնայ ջահը յաջորդ սերունդին փոխանցելու իր վեհ աշխատանքին, որուն աւելի քան երեսուն հինգ տարիներ շարունակաբար Վեհանը բերած է իր անխոնջ ու անսակարկ նուիրումը, իր անոյշ ժպիտով, իր աշխոյժ գործունէութեամբ եւ առաւելաբար ձեռնարկները շէնցնող իր խանդավառ հանդիսավարութիւններով եւ մտաւորական գրչով:

Յուզումնախառն զցացումներով համակուած յիշատակի այս գրութիւնը թող ըլլայ ծաղկեպսակը քու շիրիմիդ, սիրելի Վեհան, համաշխարհային համաճարակի առթած այս ճգնաժամին, երբ անհնար եղաւ քեզ սիրող հարազատներուդ ու անհամար աշակերտութեան ներկայութեամբ տալու մեր վերջին հրաժեշտը, այլ նման գրութիւններով յայտնելու մեր երախտիքը այն նուիրաբերումին, որ առանց սակարկութեան ընծայեցիր ազգիդ ու Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին:

Խունկ ու աղօթք յիշատակիդ:

Թող հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի եւ անմոռաց Վեհան:

 

  Գրեց՝

  Սիլվա  Ճիկէրեան  Մանկասարեան

 «Արարատ»