image

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ (6)

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ (6)

Հայրենադարձը բաւական բան փոխեց մեր կեանքին մէջ:

Առաջին կարաւանով, ինչպէս ըսի, մեկնեցաւ  մօրաքոյրս իր երկու զաւակներով, երկրորդով մեկնեցաւ հօրաքոյրս ալ իր չորս զաւակներով,– իսկ հօրս բոլոր ճիգերը, որ մենք եւս հայրենադարձուէինք, մնացին ապարդիւն՝ համակելով մեզ   զրկանքի այն խոր զգացումով, որ յատուկ էր բոլոր մնացողներուն: Ոչ մէկ հրաւէր ստացած էինք՝ ո՛չ կարմիր, ո՛չ դեղին, իսկ վերջին նաւը մէկ օրէն միւսը մեկնելիք էր, ինչպէս ափսոսանքով կը զեկուցէր հայրս:

Ահա այդ օրերէն մէկուն էր, որ երեկոյեան  եղբայրս տուն չվերադարձաւ:

Հօրս տագնապալի պրպտումներն ու հարցուփորձերը  ի վերջոյ պարզեցին,  որ ան գաղտագողի  նաւ բարձրացած էր ու խառնուած  հայրենիք վերադարձողներուն: Եւ ինք առաջինը չէր, որ կ’ընէր այս բանը, իրմէ առաջ ուրիշներ ալ դիմած  էին հայրենադարձի  այդ  միջոցին, եւ այդ նոյն օրը նմանապէս կային  դիմողներ, որոնցմէ մէկն ալ ինք էր:

Եղբօրս փախուստը եղաւ մեր ընտանեկան մեծագոյն ողբերգութիւնը, որ տարի մը ետք աւելի շեշտուեցաւ, երբ կանգ առաւ հայրենադարձը, եւ ուրեմն ընդմիշտ կորսուեցաւ  միանալու ամէն յոյս:

Ծնողքս վաղաժամ մեռան առանց տեսնելու իրենց զաւակը:

 

*   *   *


Այդ առաջին տարին հայրենադարձուեցաւ Աբգարեանի տնօրէնն ալ:

Յուշերուս մէջ ան կը ներկայանայ իր գեղեցիկ կերպարով, որ կը շեշտուէր  կրած փողկապով, անթերի արդուկուած զգեստով, որով զգալապէս կը զանազանուէր  շրջապատէն, այլեւ  ազնուական նիստուկացովը:

Յուշադրամի դիմերեսն է այս,  սակայն կայ անոր դարձերեսը  եւս:

Շատ  խոր հետք ձգած  է  մէջս անոր՝   ծեծելու սովորութիւնը:

Ան գրպանին մէջ գրեթէ միշտ կը կրէր  անուանացանկ մը, որ հայթայթած կ’ըլլար այս կամ այն ուսուցիչը եւ որուն մէջ արձանագրուած կ’ըլլային անունները՝ մինչեւ հիմա ալ չեմ գիտէր ի՛նչ յանցանքով ամբաստանուած աշակերտներու: Այդ ցանկը երեւան կ’ելլէր առաւօտեան  զբօսանքի աւարտին, բակին մէջ շարուելու առթիւ, կամ շաբաթ օրերը կէսօրուան ատենամարզանքին, որ կը սկսէր…ծեծով: Ապտակներն ու կիցերը անխնայ  կ’իջնէին «յանցաւորներու» դէմքին ու մարմնի որեւէ մէկ մասին: Ոմանք գետին կը տապալէին, սակայն  ան կը շարունակէր հարուածել:

Կը պատահէր, որ ցանկին մէջ գտնուէր անունը իր սեփական զաւակին  եւս,  որ Արա կը կոչուէր. սա իր կարգին կը կրէր նոյն պատիժը՝ առանց նուազագոյն զատողութեան, ընդհուպ գետինները տապլտկելով ու ենթարկուելով  հօրը յաջորդական  կիցերուն: Շատ կը զարմանայի, թէ մարդ ինչպէ՛ս  կը ծեծէ իր զաւակը:

Տնօրէնին կը հետեւէին գրեթէ բոլոր ուսուցիչները եւ ուսուցչուհիներն ալ:

Ինչպէս նախակրթարանի, այնպէս ալ մանկապարտէզի մէջ:

Այս աւանդոյթը մազաչափ չփոխուեցաւ անոր Հայաստան  մեկնումովը եւ   փոխարինումովը Արմէն Ղարիպով՝ 1946–51  տարիներուն, ուր ապտակներն ու կիցերը փոխարինուեցան…ամրակուռ գաւազաններով:

 

*   *   *


Ես միշտ հեգնական քմծիծաղով  կարդացած եմ Ռաֆֆիի  «Տէր Թոդիկ»-ը:

Այո՜, քմծիծաղով, որովհետեւ Տէր Թոդիկը, փոքրիկներու ներբաններուն տուած հարուածներովը,  շա՜տ  հեռու կը մնար, օրինակ՝ իմ  մէկ ուսուցիչէս, որ կը կոչուէր  Յակոբ Կարայակոբեան, որուն ձեռքէն անպակաս էր  գաւազանը՝ իբրեւ հինգերորդ անդամ, եւ որ յատուկ ապսպրուած կ’ըլլար դասընկերներէս  Յովհաննէս Թադէոսեանի ատաղձագործ հօրը. ան պէտք է ունենար 80սմ հասակ, 7սմ լայնք եւ 12մմ հաստութիւն, եւ կը ծառայէր  թուաբանութեան դասի բացատրութեան՝ գրատախտակին վրայ, եւ…մեր դաստիարակութեան:

Պատկերացուցէք խստաշունչ ձմեռ առաւօտներուն թերի սնած ու թերի հագուած մանուկներ ու պատանիներ, որոնք իրենց օրը կը սկսէին  այդ գաւազանի հարուածներով՝ լաւագոյն պարագային երկու, ընդհանրապէս չորս, երբեմն ալ վեց: Ան ճիւաղային թափով ու անողոքութեամբ  կ’իջնէր  առանց ատոր ալ կապուտցած ու դողացող ափերուդ, իսկ երբեմն ալ հակառակ կողմը՝ մատերուդ: Իսկ թէ ճիշդ ի՞նչ յանցանքի բերումով,– չեմ յիշեր  եւ այսօր, աւելի քան կէս դար անց,  մազ-մօրուք ճերմկցնելէ ետք  ալ, չեմ  կրնար պատկերացնել, թէ վերջին հաշուով ի՛նչ կրնային ըլլալ այդ «յանցանք» կոչուածները:

 

*   *   *


Գաւազանն ու ծեծը  սովորական էին օրուան մանկավարժական բարքերուն եւ հանրօրէն ընդունելի  թէ՛ աշակերտներուս  եւ թէ՛ մեր ծնողներուն համար: Մեր  պարագան ըմբռնելի է, սակայն չեմ յիշեր նաեւ որեւէ ծնող որ օր մ’օրանց  նախաձեռնէր ափ առնել դպրոցի դուռը եւ բողոքէր  զաւկին կերած ծեծին համար, որքան ալ դաժան ըլլար այդ ծեծը: Այնպէս որ դպրոցը աւարտելէս ետք գրեթէ այլեւս չէի մտածեր  անցեալի «գաւազանակիր»-ներու մասին, իսկ եթէ այս կամ այն առիթով պէտք ըլլար անդրադառնալ անոնցմէ մէկուն կամ միւսին, կը յաջողէի առանց դառնութեան, գրեթէ անտարբերութեամբ յիշել անոնց կերպարը, ինչպէս հիմա կը յիշեմ, անոնք կը կոչուէին Արմէն Ղարիպ, Յովհաննէս Թապաքեան, Տիգրան Տիգրանեան, Ռեբեկա Պայրամեան, Ազատուհի Մանանեան եւ ուրիշներ ալ:

Նոյնը չեմ կրնար ըսել, սակայն,  Յակոբ Կարայակոբեանին համար:

Ան թուաբանութեան լաւ ուսուցիչ  էր, սակայն այս բարեմասնութիւնը չէր յաջողեր մոռացութեան մատնել իր դաժանութիւնը, որպէսզի անտարբեր ձեռքով դարձնէի յուշերուս էջը, երբ գիտակցութեանս պաստառին վրայ յայտնուէր անոր մտապատկերը: Գերիշխողը միշտ մի՛ւսն էր, ա՛յն, որ կը զուգորդուէր գաւազանի բարձրացումին մինչեւ գլուխը, ապա աւելի վեր ու աւելի ետեւ, ընդհուպ մինչեւ կռնքը, հանդերձ դէմքին կրած փոփոխութիւններով՝ յօնքերուն պռստումը, շուրթերուն պրկումը, այտերուն լարումը. ասոնք բոլորը պահիկ մը կը լիցքաթափուէին ու կը հանդարտէին, երբ գաւազանը վայրագ շառաչունով իջնէր զոհի ձեռքին, բայց պահիկ մը միայն, մինչեւ որ վերագտնէր ուժերը,– քանի նիհար, վատուժ, ժամանակէն առաջ ծերացած ու հիւծած  մարդ էր,– եւ ապա  վերսկսելու համար:

 

*   *   *


Աբգարեանը աւարտելէս քանի մը տարի անց էր:

Անգամ մը հանդիպեր էի ելեկտրագործ զարմիկիս՝ սինեմա երթալու համար, երբ յայտնեց, որ պէտք է քառորդ ժամ մը հանդիպի ինչ-որ «յաճախորդի մը», պզտիկ նորոգութեան մը համար: Ուստի ընկերացայ իրեն: Քառանթինայի հիւղաւանին մէջ էր անոր տունը, Sleep-comfort-ին կից, երկյարկանի տախտակաշէն ու խարխուլ խրճիթ մը: Սկսանք բարձրանալ սանդուղէն: Վախով կը փոխէի քայլերս ու կը հանգչեցնէի ոտքս աստիճանին վրայ, որ կը ճռնչէր: Աւելի վախազդու էր բազրիքը, որ կը խաղար ամէն բռնելուս: Զղջացի գալուս, վերջին հաշուով ի՜նչ գործ ունէի, բայց նաեւ ի՜նչ գիտնայի, երբ դուռը բացուեցաւ ու դէմ-յանդիման եկայ…պարոն Կարայակոբեանին ու անոր երկու քոյրերուն. անոնք եռուորեակներ ըլլալ կը թուէին: Բնազդական սոսկում մը պատեց էութիւնս, որուն պատճառը մղկտացող ափերուս վերյուշը չէր այնքան, որքան մարդկային ու նիւթական այն խոր թշուառութիւնը, որ կը պարզուէր աչքերուս առջեւ:

Ինձմով զբաղելու առիթ չունեցան:

Ես նստած էի խեղճուկ սենեակի մը մէջ, ուր ամէն առարկայ մռայլ, մաշած ու վանողական էր, եւ այնպէս կը կարծէի, թէ առաստաղն ալ, սանդուղին ու բազրիքին օրինակով, փուլ պիտի գայ գլխուս: Ու տարուեցայ մտովի վերականգնելու այս մարդուն առօրեան. ուրեմն ամէն առաւօտ այս նոյն խախուտ աստիճաններէն կ’իջնէր ան՝ բռնելով նոյն երերուն բազրիքը: Կը քալէր մինչեւ Նոր Հաճըն, այսինքն՝ մօտաւորապէս 500 մեթր՝ առնելու համար հերթական հանրակառքը, վճարելով հինգ դահեկան, որմէ քիչ ետք պէտք է ետ իջնէր՝ դա՛րձեալ  նոյնքան մը քալելու համար, որպէսզի դպրոց հասնէր: Անձրեւային եղանակին ան պարտէր այս ամբողջ միջոցին կրել հովանոց մըն ալ՝ փորձելով շրջանցել ճամբու ցեխն ու լճակները մինչեւ դպրոց, ուր  իր աշակերտները,  նախաճաշի վերջին պատառը ծամելով, ժիր ու թեթեւ կը հասնէին մէկ շունչով: Երեկոյեան ան պէտք է հետեւէր հակառակ երթուղիին՝ ելլելու համար այս նոյն աստիճաններէն, բռնելով նոյն բազրիքը ու մտնելով այս նոյն անհրապոյր սենեակը,– ուր ես հիմա նստած էի,–  ու դիմաւորէր զոյգ քոյրերը:

Փղցկում մը կը զգայի կուրծքիս տակ եւ դժուար կը շնչէի:

Երբ վերջապէս եկաւ զարմիկս ու փրկեց կացութիւնը:

Ճամբան, ինչպէս շարժապատկերի ողջ տեւողութեան ալ, կը շարունակէի մնալ կրած ազդեցութեանս հողմապտոյտին մէջ, երբ կամաց-կամաց հարց մը իր ամբողջ տարողութեամբ ծագեցաւ մէջս ու փոթորկեց գիտակցութիւնս.

–Այս թշուառութեան հետեւանքը չէ՞ր արդեօք այն դաժանութիւնը, որ երկրորդ բնութեան մը պէս հաստատուեր էր  ուսուցիչիս մէջ ու  կը հալածէր զինք եւ որուն առաջին ու մեծ զոհը ի՛նք էր, ապա  շրջապատը եւ ի վերջոյ մե՛նք՝ աշակերտներս…

 

Արմենակ Եղիայեան 

armenag@gmail.com