image

Հայկական կեանք մը

Հայկական կեանք մը

«Եկուր այս Պրն. Սերոբեանէն վազ անցիր։ Ռաֆֆի ըսէ»։

Երկրային մեր կեանքերուն մէջ եթէ կան ընտանիքը եւ անոր հաղորդականութիւնը, բայց կան նաեւ բարեկամները ու բարեկամութիւնը, որոնք կը լիցքաւորեն մեր էութիւնը։ Եթէ բարեկամութիւնը կրնայ ըլլալ կարճ ու տակաւին երկար, բայց եւ որ կուտայ իմաստ եւ ապրելու խթան։

Պրն. Ռաֆֆի (Ռաֆայէլ) Սերոբեանի հետ մեր ընտանեկան ծանօթութիւնը ունէր նոյն այդ բարեկամութեան հիմքը եւ որ կտրած էր բաւական երկար ճամբայ։ Երկար որովհետեւ կար Հալէպը, եթէ մէկ կողմէ իր ծննդավայրը բայց իմ ալ ծնողացս տունը, որ զիս ջերմօրէն կապած է ու մինչեւ այսօր։ Մեր այս բարեկամութիւնը ճոխացած է Պէյրութ, Նիու Ժտէյտէ թաղամասին մէջ։ Հոն ուր Պրն. Սերոբեանը կը բանեցնէր իր լուսանկարչական ասպարէզ-արուեստը եւ ես կ՚ապրէի հոն։

Նիու ժտէյտէն մէկ կողմէ եղաւ դրացիութիւն կերտող շրջան բայց նաեւ աւելին։ Իսկ աւելին՝ յաճախակիօրէն իր լուսանկարչական խանութի իմ այցելութիւններն էին։ Նկատի ունենալով որ աշխատանքային ասպարէզս լեցուն էր ու մինչեւ այսօր ճամբորդութիւններով, ստիպուած էի յաճախ նկարուիլ ճամբորդելիք իմ երկրներու մուտքի արտօնագիրներ ստանալու համար։ Այս յաճախակի եւ կրկնուող գործընթացը մղեց Պրն. Սերոբեանին ընելու համար իր վճիռ-կարգադրութիւնը. «Հրայր այս վերջին նկարիդ պատճէնը քովս պահեմ։ Ասկէ ետք երբ որ պէտք ունենաս նկարի կ՚արտատպենք եւ այս ձեւով վերջ տանք այս ետեւ-ետեւի եւ շատ առագ կրկնուող նկարուելու գործին»։

Բայց չէ որ սփիւռքահայ ենք եւ մեր հայուն ճակատագիրն է եղեր մէկ երկրէ միւսը տեղափոխուիլը։ Պրն. Սերոբեան գոցեց իր լուսանկարչական խանութը եւ անցաւ Կիպրոս՝ միանալու համար իր երկու զաւակներուն։ Եւ երբ իմ ալ աշխատանքային նստավայրս փախադրուեցաւ Նիկոսիա, Նիու Ժտէյտէի այսպէս ըսած «ընդհատուած» մեր բարեկամութիւնը շարունակուեցաւ Կիպրոսի մէջ։

Կիպրոսի մէջ աւելիով ջերմացաւ մեր բարեկամութիւնը, քանի ընտանեկան մնացեալ անդամները նաեւ միացան եւ կերտեցինք հայկական մէկ մեծ ընտանիքներու բոյն մը որ շատ գեղեցիկ էր։ Մեր բարեկամութիւնը լեցուեցաւ հանդիպումներով, ընտանեկան հաւաքներով, եւ համեմուեցաւ ճաշասեղանի շուրջ ստեղծուած ուրախ տրամադրութիւններով։ Բայց կար տակաւին աւելին։

Սփիւռքահայ մեր «ճակատագրուած» երթը, որ պիտի շարունակուէր։ Պրն. Սերոբեանը եւ տիկինը՝ Ազատ, յաճախ պիտի գային Քուէյթ՝ ժամանակ անցնելու իրենց դուստրին Ռուզանին հետ, որ իր ամուսնոյն եւ ընտանիքին հետ Քուէյթ կ՚ապրի։ Եւ իմ ալ աշխատանքային գործունէութիւններուս մէկ կարեւոր կայքը Քուէյթը ըլլալով, մեր հանդիպումները հոն ալ շարունակուեցան։

Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ, Նիկոսիա եւ Քուէյթ։

Իւրաքանչիւրս իր «հայկական կեանքեր»ու ստեղծած ուղիներուն մէջէն ու երեւի ատոնցմով վիճակուած պիտի հանդիպէինք դարձեալ ու պիտի շարուակէինք եւ կերտէինք մեր բարեկամութիւնը։ Ճակատագրուած թէ այլ, այդ բարեկամութիւնը շատ հաճելի էր։

Մեր բարեկամութիւնը Պրն. Սերոբեանին հետ ունէր նիւթեր, որոնց մասին պիտի զրուցէինք։ Նիւթեր Հալէպէն ու Պէյրութէն եւ որ կը շարունակուէր Նիկոսիա եւ մինչեւ Քուէյթ։ Ապրած ու ապրող կեանքեր էին, որոնց մասին կը զրուցէինք։ Մարդոց ու փորձառութիւններու մասին։ Հալէպի իրավիճակներէն մինչեւ Պէյրութ ու Կիպրոսի իրականութիւնները։ Իսկ այդ իրականութիւններուն մէջ կային նաեւ ազգային մտահոգութիւնները եւ մարտահրաւէրները։ Եւ ազգային նիւթերուն մէջէն կը տեսնէի Պրն. Սերոբեանին ապրած փորձը եւ այդ փորձին մէջէն իր ձեռք ձգած հաւատարմութիւնը։ Եթէ մէկ կողմէ կային ուրախ նիւթերը, բայց նաեւ տխուրը։ Յաջող օրերու տրամադրութիններէն մինչեւ ձախողը։ Դժուառ թէ դիւրին։ Վերջապէս, հայկական կեանքեր են, չէ՞։ Ու տակաւին սփիւռքահայ փորձառութիւններ։ Եւ մենք բոլորս ցեղասպանութենէ ճողոպրած սերունդներ՝ երկրորդ, երրորդ ու տակաւին չորրորդ։ Բայց չէ որ բոլորս ալ կը կրենք ցաւը։ Հայու եւ հայկական կեանքին ցաւը։

Պրն. Սերոբեանը հայն էր, որ ապրած էր ու կ՚ապրէր հայուն ցաւը։ Եւ իր կեանքի երկար ճամբան լեցուն էր այդ բոլոր փորձառութիւններով։ Հայն էր Պրն. Սերոբեանը՝ իր ազգային անշեղ նկարագրով եւ գիծով։ Ունէր իր ազգային եւ միութենական համոզմունքը եւ անով կերտած էր իր ինքնութիւնը։ Բայց հայն ու հայութիւնը իրեն համար վեր էին ամէն սակարկութենէ։ Համոզուած հայուն ապրելու գրաւականով ան իր ու տակաւին ընտանիքի կեանքը կերտած էր նոյն այդ տեսլականով։ Եւ այդ տեսլականը ապրեցաւ ու ապրեցուց մինչեւ վերջ։

Մեր բարեկամութիւնը ջերմ էր եւ մօտիկ։ Եւ այդ ջերմութեան ու մօտիկութեան մէջէն չուզեցի զինք Ռաֆֆի կոչել։ Պահեցի Պրն. Սերոբեանը։ Եւ կը զգայի, թէ իւրաքանչիւր Պրն. Սերոբեան ըսելուս հետ՝ մեր բարեկամութեան կամուրջը աւելիով կ՚ամրանար եւ կ՚ուժեղանար եւ այդ բարեկամութեան հոգին աւելի կ՚ապրէր։ Եւ այս իրականութիւնները մեր հաղորդակցութիւնը աւելի կ՚ամրապնդէին ու կը դարձնէին հաճելի, մտերմիկ եւ յատուկ։

Կիրակի, 17 Մայիսին, Պրն. Սերոբեանին սիրտը կեցաւ բաբախելէ։ Բայց այդ իր միայն ֆիզիքական սիրտն էր։ Կար ու կը մնար իր հոգեկան սիրտը։ Այն հոգեկան սիրտը, որ կերտած էր Պրն. Սերոբեանի հայկական կեանքը։ Իսկ Հայկական կեա՞նքը։ Հայը հայութեամբ եւ հայկականօրէն ապրելու իրականութեան մէջն է։

Պրն. Սերոբեան կերտեց բայց նաեւ ապրեցաւ հայկական կեանք մը։ Եւ հայկականը իր ամբողջութեանը մէջ։ Հայկականը իր քրիստոնէական հաւատքով՝ հայուն եւ Հայաստանի ու ազգային ինքնութեամբ ու տակաւին դաստիարակութեամբ։ Եւ իր հայկական կեանքը ու անոր դաստիարակութիւնը կը շարունակուի այսօր իր զաւակներուն կեանքերուն եւ անոնց ընձեռնած ազգային բոլոր գործունէութիւններուն մէջէն։

Պրն. Սերոբեան ապրեցաւ հայկական կեանք մը։ Իսկ ես ալ հետը ապրեցայ եւ երկար տարիներու վրայ այդ հայկական կեանքին բարեկամութիւնը։ Կեանք մը, բարեկամութիւն մը, որ չի մեռնիր։ Բայց կ՚ապրի։

Եթէ պիտի կարօտնամ Պրն. Սերոբեանին հետ իմ բարեկամութիւնս, բայց կայ ինծի համար ապրող եւ ապրեցնող մէկ լաւ յիշատակ՝ Պրն. Սերոբեանին հետ մեր բարեկամութեան յիշատակը։ Հայկական կեանքը։ Եւ հայկական կեանքեր կերտելով է, որ հայը կը շարուակէ ապրիլ։

Յարգանք Պրն. Սերոբեանին ապրած հայկական կեանքին։ Հայկական կեանք մը, որ կ՚ապրի եւ կ՚ապրեցնէ։ Եւ որ նաեւ կը շարունակուի։

 

Դոկտ. Հրայր ճէպէճեան