image

Զօհրապէն դիմանկարներ

Զօհրապէն դիմանկարներ

Հայ մեծանուն գրող, փաստաբան եւ քաղաքագէտ Գրիգոր Զօհրապի գլուխգործոցներու մէջ առաձնայատուկ տեղ ունին անոր ստեղծած դիմանկարները: Գրիգոր Զօհրապի գրականութեան բոլոր ուսումնասիրողները անոր գեղարուեստական ժառանգութեան մէջ գրողի նորավէպերէն յետոյ ամենաարժէքաւորը միշտ կը նկատեն իր ստեղծած գրական դիմանկարները՝ այսօր արդէն դասական դարձած այն գործերը, որոնք երբեք ձանձրոյթ չեն պատճառեր ընթերցումի ժամանակ: Դիմանկարներ շարքին մէջ Գրիգոր Զօհրապ պատկերած է իր ժամանակաշրջանի նշանաւոր դէմքերը՝ բանաստեղծ, գիտնական, հրապարակագիր, խմբագրապետ, հոգեւորական, բժիշկ, մանկավարժ եւ ուրիշներ, որոնք այս կամ այն դրուագով գրաւած են գրողի ուշադրութիւնը: Ան չէ խնայած իր տաղանդը՝ բնորոշելու իր կողքին ապրող այն մարդիկը, որոնք պատմութեան մէջ մտած են նաեւ Զօհրապի գրականութեան շնորհիւ: Շատ մը գրականագէտներ զուգահեռներ գծած են Զօհրապի կերտած դիմանկարներու եւ Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային ջոջեր»ու միջեւ՝ երկու գրողներն ալ դնելով արեւմտահայ գրական դիմանկար կերտողներու պատուանդանին վրայ, իբրեւ գրական դիմանկարի անգերազանցելի վարպետներ: Նկատի ունենանք, որ կան որոշ դիմանկարներ կը կրկնուին թէ՛ Պարոնեանի, թէ՛ Զօհրապի մօտ: Զօհրապի դիմանկարները օրին կազմած են պոլսահայ մամուլի զարդը, յետագային տեղ գտած են գրողի գիրքերուն մէջ: Այսպէս, «Ծանօթ դէմքեր» խորագրի ներքոյ ան կը ներկայացնէ նշանաւոր դէմքեր. օրինակ՝ ուսուցիչ եւ մտաւորական Խաչատուր Միսաքեանը, Բիւզանդ Քէչեանը, Եղիա Տէմիրճիպաշեանը, Յակոբ Գուրգէնը, Սիպիլը, Արփիար Արփիարեանը, Թոմաս Թէրզեանը, Կարապետ Գարագաշը, Յովսէփ Եուսուֆեանը, Գերաշնորհ Օրմանեանը, տքթ. Տաղաւարեանը, Վահան Վարդապետ Տէր-Մինասեանը, Յարութիւն Մրմրեանը, Հրանդ Ասատուրը, Ռեթէոս Պէրպէրեանը:

«Անծանօթ դէմքեր» խորագրի ներքոյ Գրիգոր Զօհրապ նկարագրած է Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան երբեմնի սքեմաւոր, ապա բժշկութեան վարդապետ, նաւատորմի բժիշկ, Առողջապահական ժողովի ու կայսերական խորհուրդի անդամ տքթ. Գաբրիէլ Սեւեանը՝ իրեն յատուկ սուր լեզուով եւ փաստաբանական մօտեցմամբ փնտռելով եւ գտնելով լաւ յատկանիշներ, բայց վատը նշմարելով, չէ վարանած եւ խօսած է նաեւ այդ մասին:

«Մոռցուած դէմքեր» խորագրի տակ Զօհրապի նկարագրած հերոսը Օգսէն Խօճասարեանն է: Ժամանակին «մեծ խմբագրապետի» համարում ունեցած Օգսէն Խօճասարեան յետագային մոռացութեան մատնուած էր եւ Զօհրապ անոր մահէն տասնհինգ տարի վերջ փորձած է յիշեցնել անոր ունեցած ծառայութիւնները:

Իսկ ահաւասիկ, «Անհետացած դէմքեր» խորագրով հայ մեծ գրող Գրիգոր Զօհրապ նկարագրած է Յովհաննէս Նուրեանը՝ դիւանագէտ, Պետական խորհուրդի անդամ, Երկրագործական դրամատան կառավարիչ, հանրային գործիչ: Նուրեանի մահ-ւան առթիւ (1900 թ.) Գրիգոր Զօհրապ այդ գրութիւնը յանձնած է «Մասիս» հանդէսի խմբագիր Տիգրան Արփիարեանին, բայց վերջինս իր իսկ խոստովանութեամբ, վախցած է գրաքննութենէն չէ համարձակած տպագրել: Տարիներ ետք միայն Զօհրապ Նուրեանի դիմանկարի վերանայած տարբերակը հրատարակած է «Ազատամարտ»ի մէջ: Կը ներկայացնենք «Անհետացած դէմքեր» խորագրի ներքեւ զօհրապեանական միակ հերոսը.

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՆՈՒՐԵԱՆ

Գլուխը վեր բռնած մարդ մը, միշտ վեր բռնած, սովորական մահկանացուի հետ չշփոթուելու ջանքով մը. բարձր հասակին վրայ լանջքը դուրս կը պոռթկայ, հրաւէր կը կարդայ, վրադ յարձակելու պէս ձեւեր կ՚առնէ։ Ամէն բան ոյժ ու խստութիւն կը բուրէ այս մարմնին վրայ, պատերազմիկ ոյժ՝ որուն ինքնավստահ հանգամանքը մէկ նայուածքով աչքի կը զարնէ իսկոյն։

Գործի մէջ ու խօսքի մէջ, տունը կամ դուրսը անփոփոխ ու միակտուր կը գտնես զինքը. հին ատենի ասպետ՝ կամ դարավերջիկ բռնաւոր՝ որ իր զէն ու զարդէն չի մերկանար, օրուան ոեւէ մէկ ժամուն յանկարծակիի չգալու համար։

Ոյժի, կորովի այս արտայայտութիւնը մարմնէն աւելի գլուխէն կուգայ, մեծ ու իշխող զանգուած, ալեւորած վերջերը -բարձր սարերու ալեւորումովը - որ յօժարութեամբ, դիւրութեամբ, վերջերը՝ քիչ մը տաղտուկով, կը տանի դեռ մանուածապատ խորհուրդներու ու վրդովուած խղճմտանքի մը ծանր բեռը։

Փողոցին մէջ կանոնաւոր, գրեթէ զինուորական քալուածք մը՝ որ կը ճնշէ կոխած հողը, ջանալով կարծես իր գարշապարին դրոշմը աղէկ մը տեղաւորցնել, կամ ցոյցի քալուածք մը՝ չմատնելու համար հոգեկան պարտասումը։

Ձայնին մէջ երբեմն մեղմութիւն մը՝ որ դիմացինին զիջում մը ընելու ծանուցումը վրան կը կրէ։ Խօսուածքը՝ ամենէն հանճարեղը, ամենէն խորունկը եւ ամենէն նուրբը, սպառնալիքով ու գգուանքով խմորուած, խունկի բուրումներով, վարդի փայփայումներով օծուած, բայց նաեւ սուրերու շկահիւններով, թնդանօթներու որոտումներով շինուած սէնֆօնի, հիանալի ներդաշնակութիւն՝ որ զքեզ կը հմայէ բայց չի համոզեր։ Մարդիկ կան որոնք անուշութեամբ կը նուաճեն դիմացինը. Նուրեան անոնցմէ չէր։ Այս մեծ ոյժը դիմացինը կրնար ընկճել, երբե՛ք անձնատուր ընել։

***

Ահա՛ նկարագիրը մարդուն՝ որ մեր հասարակութեան գործերը իր անսահման ակնկալութիւններուն համար բացուած միակ ասպարէզն համարած էր։ Իր բովանդակ կեանքը յարատեւ ճիգ մը եղած էր ազգին աղէտները շահագործել, այնպիսի սկզբունքներու կոչում ընելով՝ որոնք ամենէն զարհուրելի ոճիրները արդարացնելու համար յեղյեղուած են միայն։ Զէյթունի ապստամբութիւնը, Հայոց ջարդը 96-ին, իր կեանքին երկու ահաւոր ու արիւնոտ էջերը պիտի կազմեն։

Յովհաննէս Նուրեան հասարակային գործերու մէջ ամէն խորհուրդ ու աջակցութիւն արհամարհող կամքով մը յառաջացեր էր, միս մինակը, իր գիտցած կերպովը, որ ափսո՜ս, ամենէն մաքուրը եւ ազնիւը չէր, հարթելով ճամբուն դժուարութիւնները։

Եւ ահա օրին մէկը, սահմանադրական արշալոյսի ծագումէն շատ առաջ, այդ ճամբան հետզհետէ անձկացեր, նեղցեր էր. իր պաշտած միակ Աստուածը՝ Բռնապետութիւնն ալ երես դարձուցեր էր իրմէ։ Ազգը, Արփիարին ձեռքովը ապտակեր էր զինքը։ Ամէն կողմէն անհաշտ ատելութիւններու մթնոլորտի մը մէջ մնացեր էր։ Ոչ իսկ Բերայի Թաղական խորհուրդի անդամ. հեռու ամէն հանրային գործունէութենէ։

Ու այս անխոնջ ու աննկուն մարդը, մինակութեան այս ժամուն, յոգնութիւնը կը զգար անցեալին։ Իր ճամբուն՝ բոլոր երկայնքին վրայ յարուցած զայրոյթի աղաղակները, որոնք իր ականջը չէին հասած թերեւս, հիմա որոշ ու յստակ կերպով կուգային իրեն եւ զարմացած ապշութեամբ կ՚իմանար, իմանալ կը սկսէր, որ ինքը էապէս համակրելի մարդ, ամենէն բուռն հակակրութիւնը մարմնացուցած էր իր անձին վրայ։ Իրեն հետ, կամ աւելի ուղիղ խօսելով, իրեն պէս աշխատողներուն դէմ՝ հասարակութեան զգացած զայրոյթն ու նողկանքը, միմիայն իր անունին, իր համբաւին վրայ կը ծանրանային, այն տոկուն լաստին պէս՝ որ ամէն բեռ կը տանի առանց ընկղմելու։

***

Գրկել մը կայ այնքան բուռն՝ որ գրկողին վայրկեան մը շունչ առնել թող չի տար։ Յովհաննէս Նուրեանի հանրային գործերու հետամտութիւնը քիչ մը ասոր կը նմանէր։ Իր ամէն գործին մէջ՝ բոլորանուիրութիւն մը, գաղափարի մը միայն ծառայել եւ ամէն բան ստորադասել մը կար այդ գաղափարին. խառնուածքի խըն-դիր է ասիկա. քիչ մըն ալ ասպարէզի անձկութեան. պզտիկ հասարակութեան մը պզտիկ պէտքերու հետ զբաղիլն է որ ա՛լ աւելի մեծ հոգերու դիմագրաւելու կարող ոյժին հետ՝ պատշաճ համեմատութիւն մը չ՚առներ երբեք։

Երեւակայեցէ՛ք առաջնակարգ խնջոյքներ պատրաստելու կարող խոհարար մը, ապարանքներու փափկաճաշակներուն գոհացում տուող արուեստաւոր որ էսնաֆ մարդու տան մէջ կերակուր եփելու կոչուած ըլլայ դիպուածով։ Իր պատրաստած կերակուրը կրնայ համադամ մը ըլլալ. բայց ի՜նչ օգուտ որ այդ տունին կարագի ու հաւկիթի տարեկան բոլոր պաշարը կը վատնէ։

Յովհաննէս Նուրեան մեր հասարակութեան մէջ պահպանողական ոգին իսկ էր, ազնուապետական պահանջումներով լծորդուած։ Միշտ կը յիշէր որ ամիրայի ու անոնց լաւագոյնին, Պէզճեանին շառաւիղն էր։

***

Հեռուն գտնուող առարկայի մը մօտեցածիդ չափ այդ առարկան կը մեծնայ աչքիդ. անորոշ ու տարտամ կէտը՝ զոր անծայրածիր հորիզոնէն կը նշմարէիր, քովը հասնելուդ՝ իր բարձրութեանը անակնկալ չափովը զքեզ կ՚ապշեցնէ։ Մարդոց մէջ ճիշդ հակառակն է ասոր. հազուագիւտ են անոնք՝ որ իրենց մօտենալուդ՝ կրնան հեռուանց նշմարուած համեմատութիւններնին պահել. Նուրեան այդ սակաւաթիւններէն մէկն էր։

Ամէն արժանիքի տէր մարդոց պէս՝ դասակարգերու կուսակից էր ան։ Եւ ասոր համար ի սպառ անհպելին մնաց իրեն այն բանը՝ որուն կարօտը եւ անձուկը քաշեց սակայն իր բոլոր գործունէութեան երկար շրջանին մէջ, Ժողովրդականութիւնը։ Իր սրտին մեծ ցաւը մնաց ասիկա մինչեւ վերջը։ Տարօրինա՜կ բան, որ շատերուս համար մեծ դաս մը կը պարունակէ իր մէջ, այս կորովի անձնաւորութիւնը իր բովանդակ կեանքին մէջ արհամարհած ու անարգած այդ բանին կարօտովը տոչորեր էր շարունակ, առանց յայտնի ընելու։ Այն ցնցոտիներու մէջ պլլուած պչրուհին, այն պապուկ կինը՝ որ ստորին՝ բայց ստուար դասերուն համակրանքը կը կոչուի՝ միշտ երես դարձուցեր էր իրմէ, նուազագոյն արժանիքի տէր մարդոց ժպտելու համար։

Եւ եկո՛ւր տես որ՝ բոլոր ուրիշ յաջողութիւններէն, թաւիշէ պատմուճաններու, մուշտակէ վերարկուներու փերեւետումէն, վուշէ ճերմակեղէններու կամ բեհեզէ ներքնազգեստներու շրշիւններէն աւելի՝ այդ մուրացիկ կնկան աղտոտ լաթերը ախտավարակ հրապոյր մ՚ունէին իր աչքին։ Այդ երես դարձուիլը իր վերջի տարիներուն միակ մտատանջութիւնն էր. ամէն ջանք կ՚ընէր ատոր անիրաւութիւնը ապացուցանելու համար։ Հիմա որ երիտասարդութեան տարիներուն վերադառնալը հնարաւոր չէր ալ, անցեալին պատմութիւնովը սփոփուիլ կ՚ուզէր, իր փափաքին չհասած սիրահարի մը պէս։ Ունայն ճիգ՝ որ ազգային անէծքի մը պէս ամէն տեղ զինքը հետապնդող հալածանքը չէր կրնար զինաթափ ընել։ Եւ յանկարծ արցունքի կաթիլ մը կը շողար իր աչքերուն մէջ. այո՛, արցունքի կաթիլ մը, որ սրտէն կը բղխէր՝ ապառաժի սորսորող վճիտ ու պայծառ ջուրի մը պէս։

***

Իր ձայնը հանրութեան մէջ երբեք համակիր արձագանգ մը չունեցաւ. սիրուած ատենաբանը չէր ան. իր խիզախ խառնուածքին կը պարտէր այդ անյաջողութիւնը։ Շեշտի անկեղծութիւն մը կայ՝ որ կեղծիքներուն ամենէն վտանգաւորն է. հասարակութիւնը իրեն պատշաճեցուցած էր այս ծանր վճիռը։ Եւ սակայն խօսակցութիւնը այս մարդուն՝ անհաւասարելի կերպով հրապուրիչ, հազար տեսակ ցայտումներով, անակնկալներով դրուագուած էր։

Աղուոր խօսելու գաղտնիքը իրն էր ու կը վախնամ որ իրը պիտի մնայ։

Սովորութիւնն էր իր գտնուած ժողովներուն մէջ պարապ ու ոչինչ մարդոց հետ գործակցիլ. իր անհատականութիւնը աւելի վեր հանելու հնա՞րք մըն էր արդեօք ասիկա, աղուոր կնոջ մը պէս՝ որ իր փայլը չնսեմացնելու համար՝ իրմէ տգեղին հետ պտըտելու կ՚ելլէ փողոցը։ Օր մը դիտողութիւն ըրի իրեն։

-Այդ պարապ անձերը իրենց օգուտը ունին, պատասխանեց ինծի, ոչ թէ ինծի՝ այլ հասարակութեան համար. միեւնոյն գործը՝ որ մէկ անձէ մը պիտի բղխի, միշտ թերի ու սխալ մտածուած բան մը պիտի նկատուի, ութ կամ տասը անձի որոշումով մը հաստատուած՝ հասուն դատողութեամբ մը արտադրուածի դրոշմը կը ստանայ եւ վստահութիւն կը ներշնչէ։ Պատշգամներու տակ եւ իբրեւ թէ անոնց բեռը տանելու համար դրուած գեղեցիկ մարմարէ քանդակուած քարեր՝ քոնսոլներ կը տեսնես միշտ։ Այդ քարերը, պատշգամին հաստատութեան տեսակէտով, օգուտ մը չունին. ոչ ոք պիտի համարձակի սակայն այդ պատշգամին վրայ ելլել եւ հոդ կենալ, երբ օդին մէջ կախուած տեսնէ զայն, առանց ո եւ է նեցուկի, մինչդեռ այդ մարմարի քարերը իրեն վստահութիւն կը ներշնչեն. աչքի վստահութիւն՝ որ մտքինին չափ էական բան մըն է։

Ուրիշ օր մը, խօսքը մեր ազգայիններուն իրենց վիճակին անգիտակցութեանը վրայ էր։

-Յանցանքը, ըսաւ մեր տուներուն մէջ գտնուող հայելիներունն է թերեւս, որոնք զմեզ իրականէն աւելի մեծ կը ցուցնեն։

Ու այսպէս ժամերո՜վ. ամենէն նրբամիտ ու հանճարեղ նմանութիւններով կը պատկերացնէր իր խօսքը։

***

Իր կեանքին պէս իր մահն ալ ուժգին ու սաստիկ բան մը եղաւ։ Զինքը շանթահարող հիւանդութիւնը անոր գլխուն վրայ յարձակեցաւ, ճիշդ այն տեղը, ուր իր մեծ կարողութիւնը զետեղուած էր եւ սիրտն ու հոգին անգամ հաստատուած կը թուէին։

Մահը՝ սովորական ու գռեհիկ հիւանդութիւններու յամեցումներէն՝ վերջին ստորնացումէն հեռու պահեց զինքը. մէկ քայլափոխով կեանքէն մահը անցաւ անիկա։

Իրեններուն համար հարկաւ բաղձալի բան մը պիտի ըլլար՝ որ զինքը զարնող հարուածէն վերջն ալ դեռ ապրէր ան գոնէ քանի մը տարի, նոյն իսկ կաթուածահար, նոյն իսկ թոթովելով լեզուն՝ սուր ու խայթիչ՝ զոր այնքան ճարտարօրէն գործածեց, նոյն իսկ խոնարհած՝ գլուխը, զոր այնքան ատեն վեր բռնած էր։

Իր ճակատագիրը չուզեց ասիկա եւ իրաւունք ունէր չուզելուն։

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս