image

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ (4)

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ (4)

Արաբերէնը մեծ բացական էր մեր դպրոցներուն մէջ եւս, ուր միայն սկզբունքով  գոյութիւն ունէր ան: Այս «սկզբունքով»-ը ըսելու  խաբուսիկ ձեւ մըն է, որ որեւէ իմաստ եւ բովանդակութիւն չունէր: Դասացուցակին վրայ նշանակուած էր ան՝ ճիշդ է, դասագիրք մըն ալ ունէինք մեր պայուսակներուն մէջ՝ ա՛յդ ալ ճիշդ է, սակայն այս բոլորին իմաստը չէինք ըմբռներ:  Մեզմէ առաջ այդ իմաստը չէին ըմբռներ իրենք՝ արաբերէնի ուսուցիչները, որ կրթական նախարարութիւնը կը տրամադրէր: Պետական պաշտօնեայի սուր հոտառութեամբ անոնք իսկոյն կ’անդրադառնային, որ կը գտնուէին բոլորովին խոպան դաշտի մը մէջ, ուր գրեթէ ընելիք չէր մնար իրենց, թող որ շատ ալ դժգոհ ըլլալու տպաւորութիւն չէին ձգեր. ուստի  մեղսակից համաձայնութեամբ մը թոյլ կու տային,  որ ուզածնիս ընենք, իրենք ալ իրենց կարգին զբաղումի ու ժամանցի միջոցներ կը գտնէին. արաբերէնի ուսուցչուհի մը ունէի, օրինակ,  որ դասարանին մէջ կանաչ լուբիա, անանուխ կամ ազատքեղ կը մաքրէր:

Եւ այսպէս տարիները հեզասահ կ’անցնէին, մեր արաբերէնի ուսուցիչներէն ոմանք հայերէն ալ կը սորվէին, հայ աղջիկ առնող ալ եղաւ, մինչ  մեր «արաբագիտութիւնը» յաւիտենական  տեղքայլի մէջ կը մնար:

Ոչ ոք դժգոհ էր  այս կացութենէն:

Եւ ինչո՞ւ դժգոհիլ,   ի՞նչ կար որ. գրեթէ բոլորս ալ մէկ-երկու տարիէն ուսումը պիտի ձգէինք ու մտնէինք շրջակայ  արհեստանոցներէն մէկը, ուր մեզմէ  շատեր արդէն բաւական ելեւմուտք ունեցեր ու կօշիկ մաշեցուցեր  էին  եւ ուր  իշխող լեզուն հայերէնն էր կամ թրքերէնը,  աւելի յաճախ այս վերջինը:

Կային ուրիշ, աւելի «հիմնաւոր» պատճաբանութիւններ եւս՝ ոմանք լսովի, ուրիշներ տեսովի.

–Ասի մեր երկիրը չէ, ի՞նչ պիտի ընենք իրենց լեզուն…

–Արդէն արաբերէնը կարեւոր լեզու մը չէ…

–Արաբները իրենք ալ արաբերէն չեն սորվիր…

–Մենք Հայաստան պիտի երթանք,  հոն արաբերէնը չ’անցնիր…

 

*   *   *

Բայց  մեր չար բախտէն այդ տարի արաբերէնի նոր ուսուցիչը յայտարարեց, որ ամէն աշակերտ  պարտի գրական  արաբերէնով  պատմութիւն մը սորվիլ ու պատմել ընկերներուն՝ ի՛ր ներկայութեան: Այս պահանջը լախտի այնպիսի հարուած մըն էր, որուն ազդեցութիւնը ամէնէն աւելի զգացողներէն մէկն ալ ե՛ս էի. ինչպէ՞ս կարելի էր չգիտցած լեզուովդ գոց սորվիլ ամբողջ էջ մը, թերեւս երկու էջ: Գրաբար սորվիլը աւելի դիւրին էր: Տակաւին կար զաւեշտական մասը. մե՛նք պիտի ընտրէինք  պատմութեան նիւթը:

Երկար տատամսումներէ, մտմտուքներէ ու  չկամութենէ ետք վերջապէս գտայ գրութիւն մը, որ երկու կատուներու պատմութիւնը ըլլալու էր, քանի խորագիրին վերեւ կը գտնուէին երկու կատուներ: Իսկ այդ խորագիր ըսուածն  էր՝ «Ալ ղարղազան ուալ ղարղազուն». մինչեւ հիմա ալ չեմ կրցած լուսաբանուիլ, թէ  ի՛նչ կը նշանակեն այս երկու բառերը՝ անո՞ւն են, ածակա՞ն են, մակդի՞ր են, ինչենի՞ են, ինչացո՞ւ են՝ գնա՛-հասկցի՛ր…

Եւ այնուհետեւ ինծի համար սկսաւ սպիտակ  գիշերներու, ծով համբերութեան, տանջանքի,   յուսահատութեան, անդուլ  ու անմիտ կրկնութիւններու անվերջանալի շարք մը, ուր  պէտք է քայլ առ քայլ նուաճէի գողգոթաս, որ սկիզբը բոլորովին անհասանելի կը թուէր, բայց ահա ժամանակին հետ կամաց-կամաց յաղթահարուեցաւ: Մինչեւ որ օր մըն ալ նկատեցի, որ կրնամ անսայթաք արտասանել մօտաւորապէս 35-40 տողանի այդ անիծեալ հատուածը: Ու սպասեցի՝ հոգէառ հրեշտակի փողին սպասողի  համակերպութեամբ, մինչեւ որ հասաւ կարգս:

–Պատմութիւն սորվա՞ծ ես,– օր մըն ալ հարցուց ուսուցիչս…

–Այո՜,– պատասխանեցի ինքնավստահ ու շէնշող շեշտով մը,  եւ առաջ անցնելով սկսայ…«Ալ ղարղազա՜ն ուալ ղարղազո՜ւն»:

Տպաւորութիւնը…շշմեցուցիչ էր:

Ոչ ոք ականջին կը հաւատար՝ ո՛չ ուսուցիչը, ո՛չ ընկերներս, ո՛չ ալ մանաւանդ   ե՛ս, որ թեւեր առած կը սաւառնէի գրական  արաբերէնի վերամբարձ ու դարձդարձիկ ոլորտներուն մէջ: Ձայնիս կ’ընկերանային ձեռքի շարժումներս՝ ա՛լ չեմ գիտեր ինչ ներդաշնակութեամբ…եւ ինչպէս կ’ըսեն՝ կը գերազանցէի՜ ինքզինքս:

–Աֆե՜յք,– «ապրի՛ս» կրցաւ արտասանել ուսուցիչս՝ դժուար սթափելով կրած տպաւորութենէն ու աւելցուց,– «աշրա ալա աշրա»,– այսինքն՝ «տասը տասի վրայ»:

Իսկ երբ կը պատրաստուէի յաղթական տեղս երթալ՝ աւելցուց.

–Յուսամ յաջորդն ալ այսպէս լաւ կը պատրաստես…

Յաջո՞րդ…ճի՛շդ ահա հո՛ս էր որ տառացիօրէն   փլայ ես իմ վրաս:

Ուրեմն յաջո՞րդ մըն ալ պիտի ըլլար…

Օ՜, ո՜չ, անկարելի՜  է, այդքան անարդարութիւն  չի կրնար պատահիլ:

Եւ չպատահեցաւ: Նոյն պահուն իսկ որոշեր էի, թէ ի՛նչ պիտի ընեմ:

Երկու ամիս սահած էր այն օրէն, երբ ուսուցիչս դա՛րձեալ  կանչեց զիս:

Եւ ես ամենայն հանդարտութեամբ ու ինքնավստահութեամբ սկսայ պատմել…«Ալ ղարղազա՜ն ուալ ղարղազո՜ւն»:

Ընկերներս անտարբեր մտիկ կ’ընէին, իսկ ուսուցիչս, որուն մերթ ընթ մերթ, աչքիս տակէն կը յառէի գողունի  նայուածքս, կը շփէր ճակատը, յօնքերը կը պռստէր, դիմագծերը կը ճմռթքէր, բան մը յիշելու զուր փորձեր կը կատարէր՝ առանց յաջողելու, բայց եւ այնպէս առանց ձեռնթափ ըլլալու, մինչեւ որ աւարտեցի հատուածը:

–Այս պատմութիւնը տեղ մը կարդացած եմ,– ըսաւ, բայց չեմ յիշեր՝ ո՛ւր:

Գլուխը օրօրեց, վերջին փորձ մըն ալ ըրաւ յիշելու, ապա աւելցուց «աֆեյք» մը, որ շատ սրտովը ըլլալ չէր թուեր,   յայտնեց նիշս ալ՝ «ութ տասի վրայ»,  նշանակեց  յուշատետրին մէջ, նշանակում մը…որ բաւական երկար տեւեց:

Տարեշրջանը կը մօտենար իր աւարտին, կը յուսայի, որ մէյ  մըն ալ պատմելու պարտաւորութիւն պիտի չներկայանայ այլեւս: Բայց հաշիւներս սխալ դուրս եկան, մինչեւ որ օր մըն ալ վերստին կանչուեցայ  ահեղ դատաստանին հաշիւ տալու:

Մտահոգ էի,– իսկ ուսուցիչին դէմքին վրայ կը նշմարուէր կասկածելի ու դաւադիր խաղաղութիւն մը,– չէի յաջողեր սկսիլ, կը տնտնայի,  կը վարանէի, բայց պէտք էր սկսիլ ու հանդիսաւորապէս սկսայ, եւ մինչ ան նայուածքը կ’ուղղէր յուշատետրին, ես գերագոյն ճիգով մը պարզեցի առագաստներսկ եւ՝

–«Ալ ղարղազա՜ն…»,– սակայն չհասցուցի շարունակել, երբ  խօսքս խլելով՝

–«ուալ ղարղազո՜ւն»,– աւարտեց փոխարէնս՝ ճիշդ իմ շեշտովս ու կշռոյթովս:

Եւ խլացուցիչ աղմուկով մը իջաւ վարագոյրը:

 

*    *    *

Այնուհետեւ երբեմնի 10-ին առջեւի  մէկը ջնջուեցաւ տետրակէն:

Սակայն այսքանով չփակուեցաւ հարցը: Զիս տարաւ տնօրէնին, որ Անդրանիկ Ծառուկեանն էր եւ որուն արաբերէնը իմինէն աւելի փայլուն չէր. ուստի կանչուեցաւ թարգման մը: Եւ ահա ուսուցիչը մանրամասն պատմեց եղելութիւնը:

Ես նկատեցի այն շատ նուրբ քմծիծաղը, որ գծագրուեցաւ Ծառուկըանի դէմքին վրայ եւ որուն ծանօթ էի մեր ամէնօրեայ շփումներուն բերումով, երբ վերահասու դարձաւ պատմութեան աւարտին…

– Շատ լաւ, ես հարկը կը տնօրինեմ,– հանգստացուց եւ արձակեց մեզ:

Եւ այնուհետեւ չեմ յիշեր, թէ որեւէ «տնօրինումի» առարկայ  դառնայի:

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com