image
Հրատապ լուրեր:

Մեր Տիկինը

Մեր Տիկինը

 

Ճեմարանական յուշեր Ջահակիրէն...

Մեր Տիկինը

(Տիկ. Գոհար Տէր Յովհաննէսեան)

Զանգը կ'ուշանար:
Յանկարծ՝ տինկ, տինկ, տինկ:
Ակամայ ու անխուսափելի ժպիտ մը բոլոր դէմքերուն վրայ.
- Տիկի՞նը:
Ոհ, ո՛չ:
Չէ՛, ո՛չ Տիկինը, բայց «անոր զանգակը»: Դարձեալ «ան» էր ինչպէս միշտ : Մեր Տիկինն էր , որ եկաւ ազատելու մեզ մեր նեղ վիճակէն: Չէ՞ որ իր զանգակն էր հնչողը, ուրեմն ինքն էր: Մեզի համար այդ զանգակի հնչիւնը անկարելի էր լսել առանց զինք տեսնելու, պատկերացնելու մեր աչքերուն առջեւ...
Երբ իրագործուեցաւ մեր երազը, եւ մենք փոխադրուեցանք Ճեմարանի «Հին շէնքը», «մեծերուն» շէնքը, Տիկինը, որ կը գտնուէր հոն, մեզի համար հսկիչ մը չէր այլեւս, այլ՝ խորհրդանիշ մը...
Մենք ծանօթ էինք Տիկինին մեր մեծ ընկերներէն, որոնք ներկայացուցած էին զայն մեզի, մտերմացուցած անոր շունչին «Ջահակիր»-ի ընդմէջէն:
«Ջահակիր»-ները մեզի կը պատմէին Տիկինին հեքիաթը, անոր երկար ծառայութիւնը Ճեմարանին, անոր ընկերակցութիւնը Շանթին, Աղբալեանին: Ճեմարանի առաջին օրերէն Տիկինը կը կոչէին «Ճեմարանի հոգին», «հարազատ ճեմարանականը»:
Մեր ընկերները մեզի կ'աւետէին անոր բարութիւնը, վեհանձնութիւնը, ներողամտութիւնը, գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը. Մայր մըն է,- կ'ըսէին:
Կ'երգէին Տիկինին պաշտելի ժպիտը, անուշ խօսքերը. կ'ըսէին. «Հմայիչ Տիկինը», «Տիկինը կախարդ է, անոր հոգին իջած է երկինքներէն...»
Այո՛, այս բոլորը գիտէինք, լսած էինք, կարդացած. սակայն չէինք տեսած, չէինք ճանչցած:
Տեսանք Տիկինը, ճանչցանք, ան դարձաւ «մե՛ր Տիկինը» նաեւ:
Տեսանք մենք ալ զինք «մէջտեղի կանաչ սեղանին ետեւ կեցած, քովը՝ մաշած զանգակը, իր մէկ կողմ ծռած կոթով»:
Այո՛ մաշած էր զանգակը, նաեւ՝ մեր Տիկինը: Ծռած էր զանգակին կոթը, ինչպէս կորացած էր Տիկինին կռնակը: Ի˜նչ փոյթ, մեզի համար «այդ» չէ՞ր Տիկինը...
Երկուքն ալ անբաժան, հաւատարիմ, երկար ծառայութիւն մատուցած էին Ճեմարանին, կողք-կողքի ու հինցած տարուէ տարի... Զանգակը դառնալով Տիկինին խորհրդանիշը, իսկ Տիկինը՝ Ճեմարանի խորհուրդը:
Մեր նախորդներուն համար Ճեմարանը աներեւակայելի էր առանց Տիկինին, իսկ այժմ մեզի համար, զանգակը... առանց Տիկինին...
Զգացինք անոր հոգիի խոր բարութիւնը, ներողամտութիւնը:
- Չե՞ս ամչնար, ա՛յ տղայ, կ'ըսէր խիստ շեշտ մը տալով ձայնին երբ աշակերտ մը դուրս ելած ըլլար դասարանէն: Բայց արդէն, Տիկինը դասարան կը մտնէր անոր հետ ու կը բարեխօսէր ուսուցչին.
- Այս անգամ թող մտնէ, անգամ մըն ալ չի կրկներ, կ'ըսէր նայելով տղուն յաղթական ու քիչ մըն ալ յանդիմանական նայուածքով մը, որ կարծես ըսել կ'ուզէր.
- Դէ՛, գնա՛, չմոռնաս ըսածս...
Մեզի՝ աղջիկներուս, կը պատուիրէր.
- Աստիճաններէն պատին քովէն ելէք եւ իջէք:
Աւելի պատշաճ էր...
Պզտիկ նրբութիւններուն հանդէպ շատ զգոյշ էր Տիկինը, բծախնդիր: Կամաց մը կը կանչէր աշակերտուհին եւ ցած ձայնով ու խորհրդաւոր շեշտով մը՝
- Սա գոգնոցդ քիչ մը երկարէ:
Եւ կամ՝
- Վաղը աս կարմիր ժապաւէններդ ալ մի՛ դներ:
Իրապէս «մայր» մըն էր մեր Տիկինը: Միշտ պատրաստ օգնութեան հասնելու ամէն ձեւով, մանաւանդ իր «ասփրոյի տուփով»...
Մենք միայն մէկ տարի վայելեցինք իր ներկայութիւնը: Այդ մէկ տարուան մէջ ոչ միայն գտանք մեր ընկերներուն Տիկինը, այլ ունեցանք «մեր» իրապէս «Հմայիչ Տիկինը»:
Ան հեռացաւ իր գործէն, բայց ո՛չ Ճեմարանէն: Գնաց Պարսկաստան, գալ մեզ այցելելու համար ամէն ամառ: Ամէն այցելութեան մենք կը վերագտնէինք «մեր Տիկինը» իր գլխուն ետեւը հաւաքած սպիտակ մազերու կոյտով, իր ակնոցներով, հաստ գուլպաներով ու սեւ մեծ պայուսակով: Ան մեզ կ'ողջունէր ու կ'օրհնէր իր ճմռթկուած ձեռքով ու մեղմիկ ժպիտով...
Անցեալ տարի այլեւս չեկաւ. այս տարի պիտի չգայ: Կ'ըսեն, թէ հեռացեր է այս աշխարհէն: Թերեւս: Բայց ան չի կրնար բաժնուիլ մեր հոգիներէն ու հեռանալ մեր մտքէն.
- Տի՛նկ, Տի՛նկ, Տի՛նկ:
Իր զանգակն է, որ կը հնչէ ու պիտի հնչէ մի՛շտ, թարմացնելով մեր մէջ իր անմար յիշատակը...

Շողիկ Յովսէփեան (Գ. լսարան) Ջահակիր, Փետրուար 1967