image

Թուրքիոյ մէջ իրարանցում՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Կիւլենի նամակին պատճառով

Թուրքիոյ մէջ իրարանցում՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Կիւլենի նամակին պատճառով

Անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ մէջ մեծ բանավէճ մը ծագեցաւ այն բանէն ետք, երբ էրտողանամէտ թրքական իսլամիստական «Կերչեք Հայաթ» («Իրական Կեանք») ամսագիրը յայտարարեց, որ վիճայարոյց թուրք Իմամ Ֆեթուլլահ Կիւլեն 6 Մայիս 1965ին նամակ մը գրած է՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Նամակը ներառնուած է ամսագրի 176 էջնոց յատուկ թիւին մէջ, որ կը պատկանի իշխանամէտ «Ենի Սաֆաք» թերթի խմբագրական խումբին, եւ որ կը  պատկանի Թուրքիոյ նախագահի փեսային ընտանիքին։ 

Կիւլենի հետ համագործակցութեան համար «Կերչեք Հայաթ»ի յօդուածը նաեւ կը մեղադրէ Սթամպուլի գլխաւոր ռաբբի Իսահակ Քահլեւան, յոյն ուղղափառ պատրիարք Բարդուղիմէոսը, հայոց նախկին պատրիարք Շնորհք Գալուստեանը, ԿՀՎն  (CIA), ՆԱԹՕն, սիոնիստները, Հիլըրի Քլինթընը, Հռոմի Պապ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը եւ նախկին թուրք ղեկավարներ Իսմեթ Ինոնուն, Պիւլեթ Էճեւիթն ու Սուլէյման Տեմիրելը։

Կիւլեն 1999ին փախած է Միացեալ Նահանգներ։ Այնուհետեւ ան եւ նախագահ Էրտողան դարձան թշնամիներ՝ երկարատեւ համագործակցութենէ ետք, որուն ընթացքին Էրտողան օգտագործեց Կիւլենի կապերն ու աղբիւրները՝ իշխանութեան գալու համար։ Թուրքիոյ մէջ 2016ին տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք, Էրտողան Կիւլենը մեղադրեց յեղաշրջման գլխաւոր կազմակերպիչը ըլլալու յանցանքով։ Էրտողան բանտարկեց եւ աշխատանքէ արձակեց Կիւլենի տասնեակ հազարաւոր հետեւորդները։ Այդ ժամանակէն ի վեր Էրտողան բազմիցս խնդրած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն՝ Կիւլենը յանձնել Թուրքիոյ, ուր, անկասկած, մահ կը սպառնայ անոր։ Միացեալ Նահանգներ մերժած է Էրտողանի դիմումները: Նոյնիսկ Թուրքիայէն դուրս ապրողները, որոնք կը մեղադրուէին Կիւլենի հետ շփման մէջ ըլլալու յանցանքով, առեւանգուած են Էրտողանի գաղտնի գործակալներուն կողմէ եւ ետ բերուած Թուրքիա՝ կոշտ մեղադրանքներու դէմ յանդիման դրուելու համար:

Այս պայմաններուն մէջ, երբ էրտողանամէտ ամսագիրը Կիւլենի հետ շփման մէջ ըլլալու յանցանքով մեղադրեց Թուրքիա ապրող կրօնական փոքրամասնութիւններու առաջնորդներն ու ուրիշներ, վերջիններս իրաւացիօրէն անհանգստացան իրենց ֆիզիքական գոյութեան եւ կրօնական ու մշակութային հաստատութիւններու վրայ հնարաւոր յարձակումներու կապակցութեամբ:

Ինչ կը վերաբերի թրքական ամսագրի մէջ հրապարակուած Կիւլենի նամակին՝ ուղղուած Հայոց նախկին պատրիարքին, ապա անիկա մինչեւ օրս քանի մը անգամ հրապարակուած է թրքական լրատուական միջոցներու կողմէ։

Ահա հատուածներ Կիւլենի 6 Մայիս 1965ի նամակէն․ «Մանկութեանս տարիներուն եւ աշխատանքի բերումով ես ճանչցած եմ հայ ընտանիքներ եւ անհատներ։ Ես չեմ դադրիր անիծելէ Մեծ Ցեղասպանութիւնը, զոր 1915ին գործադրուեցաւ հայերու դէմ։ Գիտեմ, որ սպանուածներուն եւ կոտորուածներուն մէջ շատ յարգուած մարդիկ եղած են, որոնց յիշատակին առջեւ ես յարգանքով կը խոնարհիմ։ Մեծ վիշտով կ՛անիծեմ Մեծ Մարգարէ Քրիստոսի որդիներուն կոտորածը՝ տգէտ անհատներու կողմէ, որոնք իրենք իրենց կը կոչեն մահմետականններ»։

Թրքական ամսագիրը յայտնած է, որ ի պատասխան՝ Շնորհք պատրիարք շնորհակալութիւն յայտնած է Կիւլենի՝ յայտարարելով, որ երկրին պէտք են վերջինիս պէս քարոզիչներ. «Մենք կը հաւատանք, որ եղբայրական կապերը անխախտ կը մնան մեր սուրբ երկրին մէջ, ուր կան Ձեզի պէս պատուարժան եւ արդարամիտ քարոզիչներ»:

Կիւլենի՝ 1965ի ենթադրեալ նամակը տպագրուած է դեղնագոյն թուղթի վրայ, որ կը թուի ըլլալ հաւաստի։ 2013ին, Միացեալ Նահանգներ գտնուելու պահուն Կիւլեն հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը եւս, ուր կ՛ըսուէր. «Իթթիհատականները սխալ քաղաքականութիւն վարած են: Մեզի կը մնայ սրբագրել իթթիհատականներու սխալ քաղաքականութիւնը: Այդ իսկ պատճառով մենք պէտք է շատ լաւ երկխօսութեան մէջ ըլլանք հայերու եւ միւս ազգերու հետ։ Յանուն երկխօսութեան, մենք պէտք է ամէն կարելիութիւն օգտագործենք լաւագոյն ձեւով»։

Լաւ նորութիւնը այն է, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու համայնքներու կրօնական առաջնորդները համարձակութիւնը ունեցած են խստօրէն քննադատելու թրքական ամսագիրը։ Հայոց պատրիարքարանը յայտարարութիւն տարածած է, ուր «ափսոսանք կը յայտնէ Շնորհք պատրիարքի հասցէին հնչեցուած կեղծ մեղադրանքներուն համար: Մամուլի ազատութեան քողի տակ այսպիսի գրութիւններ ցաւ կը պատճառեն մեզի եւ կրնան ահաւոր հետեւանքներ ունենալ: Այս զրպարտութիւնները մտահոգիչ են Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանի եւ հայ համայնքին համար: Ցեղապաշտական դրսեւորումները, ինչպէս որեւէ այլ տեղ, այնպէս ալ այս երկրին մէջ նկատուող, անկարելի կը դարձնեն անոնց հետեւանքներէն խուսափիլը…: Նման անհիմն ցեխարձակումը մեզի համար անընդունելի է: Մենք կը հաւատանք, որ պատկան մարմինները կը սանձեն այս անարդարութիւնը եւ յոյսով ենք, որ կանոնները կը կիրարկուին՝ անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկելով հեղինակներու դէմ»:

Յոյներու ուղղափառ պատրիարքարանը եւս դատապարտեց  թրքական ամսագիրը՝ հրապարակուած տեղեկութիւնը անուանելով «ամբողջովին կեղծ եւ կողմնակալ…: Այս պնդումներու հրապարակումը քրիստոնեաներու, հրեաներու եւ մահմետականներու շրջանին մէջ անհանգստութիւն կ՛առաջացնէ եւ յատկապէս լուրջ ու անպատասխանատու է, քանի որ կը քայքայէ մեր ժողովուրդին միասնութիւնը…: Նման տեղեկութիւն մը չափազանց վտանգաւոր է եւ կրնայ պատճառ դառնալ ցեղապաշտական ու անհանդուրժողական վտանգաւոր գործողութիւններու: Տիեզերական պատրիարք Բարդուղիմէոս շատ դառնացած ու վրդոված կը զգայ ինքզինք առաջադրուած մեղադրանքներուն համար՝ հակառակ մեր երկրի բարօրութեան համար ի գործ դրած ջանքերուն»:

Սթամպուլի հրէական համայնքը նոյնպէս քննադատեց թրքական ամսագիրը․ «Մենք կը դատապարտենք խտրականութիւնն ու սադրանքները, որոնց համար պատճառ դարձան այդ հրապարակումները՝ մեր գլխաւոր ռաբբիին դէմ անհիմն մեղադրանքներով հանդերձ: Այս ատելութեան հրապարակումները կը վնասեն Թուրքիոյ: Մեր կողմէ, մենք յոյսով ենք, որ անյապաղ կը վերականգնի ճշմարտութիւնը ատելութեան այդ հրապարակումներուն դէմ`ճիշդ տեղեկատուութեան եւ իրաւական միջոցներով, քանի որ այդ բոլորը կ՛ազդեն մեր Թուրքիոյ վրայ, որուն ամբողջական մասը մենք ենք»:

Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլան անդրադարձաւ նոյն այդ բանավէճին խորհրդարանէն ներս՝ հետեւեալը գրելով երկրի փոխ նախագահ Ֆուաթ Օքթայի․ «Մի՞թէ Թուրքիոյ նախագահին մօտիկ կանգնած լրատուական միջոցներուն կողմէ պարբերաբար օգտագործուող ատելութեան արտայայտութիւնները չեն կրնար յանգեցնել ատելութեան վրայ հիմնուած յանցագործութիւններու»:

Ես կը փափաքէի եզրափակել երեք հիմնական կէտերով.

1) Ֆեթուլլահ Կիւլեն Էրտողանի դաշնակիցն էր, նախքան վերջինիս կողմէ իր բռնապետական ​​լիազօրութիւնները հաստատելը: Էրտողանի մօտիկ կանգնած հրատարակութիւնները, փոքրամասնութիւններու կրօնական առաջնորդները եւ ուրիշները մեղադրելու փոխարէն, առաջին հերթին պէտք է մեղադրեն Էրտողանը՝ Կիւլենի հետ իր երկար տարիներու համագործակցութեան համար․․․

2) Եթէ Կիւլենի նամակը հաւաստի է, ապա ան ոչ մէկ վատ բան ըրած է։ Ան պարզապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը: Էրտողանն է, որ պէտք է մեղադրուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով ստելուն համար․․․

3) Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու համայնքները կը սարսափին թրքական ամսագրի յօդուածէն, որովհետեւ գիտեն, որ Թուրքիոյ մէջ կան շատ ծայրայեղականներ, որոնք կը դիմեն սարսափելի բռնութիւններու՝ ընդդէմ հայերու, ասորիներու, յոյներու, հրեաներու եւ քիւրտերու: Անոնց վախը արդարացուած է: Այս փոքրամասնութիւններու համայնքներու առաջնորդները արժանի են գովասանքի՝ թրքական ամսագրի մէջ լոյս տեսած սպառնալից յօդուածին դէմ համարձակօրէն խօսելնուն համար։

 

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան