image

Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը անգամ մը եւս կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը անգամ մը եւս կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

24 Ապրիլ 2020ին Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը երկրորդ տարին ըլլալով ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: 19 Ապրիլ 2019ին ժամանակաւոր կառավարութիւնը հանդէս եկած էր համանման ճանաչմամբ:

 

Թէեւ այդ ճանաչումը կրնայ զարմացնել շատերը, քանի որ հազիւ թէ Լիպիա ապրող հայ մը գտնուի, սակայն, այսուհանդերձ, կան աշխարհաքաղաքական պատճառներ՝ նման քայլ մը առնելու համար։ 2012էն ի վեր, Լիպիոյի առաջնորդ Մուամմար Քազաֆիի տապալումէն եւ սպանութենէն ետք, երկիրը մնայուն կռիւներու մէջ էր միմեանց դէմ պայքարող ռազմական տարբեր խմբաւորումներու հետ՝ Լիպիան կառավարելու համար:

 

Լիպիոյ պաշտօնապէս ճանչցուած կառավարութիւնը սահմանափակուած է ծովափնեայ Թրիփոլիի եւ Միսրաթայի շրջակայքը, մինչդեռ Լիպիոյ տարածքի մեծ մասը գրաւուած է ժամանակաւոր կառավարութեան կողմէ՝ ռազմական առաջնորդ Խալիֆա Հաֆթարի գլխաւորութեամբ։ Ներքին քաղաքացիական պատերազմը զգալիօրէն ընդլայնուած է Լիպիոյ ներքին գործերու արտաքին տէրութիւններու միջամտութեան պատճառով։ Թուրքիան եւ Քաթարը կ՛աջակցին Կեդրոնական Կառավարութեան՝ իսլամական զինեալներով եւ ռազմական արհեստագիտութեամբ, իսկ Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները (ԱՄԷ) կ՛աջակցին ժամանակաւոր կառավարութեան:

 

Լիպիոյ մէջ հակադիր կողմերու երկիրները նաեւ ներգրաւուած են դիւանագիտական ​​բախումներու ու լրատուական պատերազմներու մէջ։ Անցեալ ամիս Սէուտական Արաբիան յայտարարեց, որ կ՛արգելափակէ մուտքը դէպի թրքական լրատուական գործակալութիւններ եւ կայքեր: Իր հերթին, Թուրքիա արգելափակեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Էմիրութիւններու լրատուական միջոցները։ Աւելին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կը սատարէ «Մահմետական եղբայրներուն», իսկ Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս եւ ԱՄԷ դէմ են «Մահմետական եղբայրներուն»: Եգիպտոս եւ Թուրքիա տարաձայնութիւններ ունեցած են այն պահէն ի վեր, երբ «Մահմետական եղբայրներու» կողմնակից Եգիպտոսի նախագահ Մուհամմէտ Մորսի, որուն կ՛աջակցէր Թուրքիա, տապալեցաւ 2013ին: Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա եւ ԱՄԷ իրենց քաղաքացիներէն խնդրած են պոյքոթել թրքական արտադրանքը եւ ուղեւորութիւնները դէպի Թուրքիա:

 

Այս տարածաշրջանային եւ ներքին տարատեսակ ցնցումները նպաստած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան Արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարութեան կողմէ, 24 Ապրիլ 2020ին։ Ահա յայտարարութեան գրութիւնը․

 

«Մենք այսօր կը յիշենք Թուրքիոյ կողմէ հայ բնակչութեան ցեղասպանութիւնը, որ կը զուգադիպի ամէն տարուան 24 Ապրիլին։ Լիպիոյ պետութիւնը այս տարելիցը կ՛ոգեկոչէ Կառավարութեան 2019 թուականի թիւ 238 որոշումով, որ այդ օրը հաստատած է իբրեւ վերյիշելու ազգային օր։

Թուրքիոյ յանցաւոր գործողութիւնները ընդդէմ հայ ժողովուրդին՝ հրկիզմամբ, կանխամտածուած սպանութեամբ, բռնի տեղահանութեամբ եւ աստուածային օրէնքներուն հակասող այլ նողկալի գործողութիւններով՝ յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ, եւ զայն պէտք է ճանչնալ ու պաշտօնապէս ներողութիւն հայցել հայ ժողովուրդէն եւ հատուցել ջարդերով պայմանաւորուած անոր կրած ցաւերուն համար, որոնք չեն կրնար ջնջուիլ հայերու եւ ամբողջ աշխարհի յիշողութենէն։ Երբ մենք կը դատապարտենք մարդկայնութեան հետ որեւէ աղերս չունեցող այս յանցագործութիւնը, մենք կրկին կոչ կ՛ընենք աշխարհի երկիրներուն՝ ճանչնալ այս նողկալի ոճրագործութիւնը։

Այսօրուան Թուրքիոյ կառավարութիւնն է, որ իր նոր իրավիճակին մէջ յանցագործութիւններ կը գործէ աշխարհի ժողովուրդներու դէմ՝ կոպտօրէն միջամտելով անոնց ներքին գործերուն։ Թերեւս այն, ինչ որ ան իրականացուցած է երէկ՝ հրթիռներով եւ անօդաչու սարքերով ռմբակոծելով Թարհունա քաղաքը (Լիպիա)՝ սպաննելով երեխաները, տարեցները եւ կիները, ոչնչացնելով մարդասիրական շարասիւնները, սնունդն ու բժշկական օգնութիւնը, վառելիքի տակառները՝ վարձկաններ բերելով եւ ահաբեկիչներուն աջակցելով՝ յանցագործութիւններ են, որոնք կ՛աւելնան մարդոց դէմ ուղղուած այլ յանցագործութիւններու թրքական շղթային վրայ եւ կը հաստատեն՝ Էրտողանի  ամբարտաւանութեան աստիճանն ու միջազգային բոլոր օրէնքներու եւ չափանիշներու անտեսումը անոր կողմէ»։

 

19 Ապրիլ 2019ին Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը իր արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցով համանման յայտարարութիւն տարածած էր, ուր ըսուած է.

 

 «Ժամանակաւոր կառավարութիւնը Մարտ ամսուն պաշտօնապէս ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ:

24 Ապրիլ 1915ին օսմանեան իշխանութիւնները հաւաքեցին, ձերբակալեցին եւ տեղահանեցին Կոստանդնուպոլիսէն (ներկայիս Սթամպուլ), Անգարայի շրջան, 235էն 270 հայ մտաւորականներ եւ համայնքի ղեկավարներ, որոնց մեծամասնութիւնը վերջիվերջոյ սպաննեցին:

Ասոր յաջորդեց կիներու, երեխաներու, տարեցներու եւ հիւանդներու տեղահանութիւնը՝ մահուան երթերով դէպի սուրիական անապատ։  Զինուորական ուղեկցորդներու կողմէ քշուող տեղահանուածները զրկուած էին սնունդէ եւ ջուրէ եւ պարբերաբար կ՛ենթարկուէին թալանի, բռնաբարութեան եւ սպանդի։

Ցեղասպանութեան զոհերու վերջնական թիւը կը կազմէ 1․5 միլիոն մարդ»։

 

Զարմանալի չէ, որ Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, քանի որ այդ մէկը կը ծառայէ իր հակաթրքական քաղաքական օրակարգին: Աւելի զարմանալի կ՝ըլլար, եթէ այդպիսի յայտարարութիւն կատարուէր հակառակ իր շահերուն:

 

Բոլոր երկիրները կը սպասարկեն իրենց ազգային շահերը: Հայաստանի կառավարութիւնը եւս պէտք է նոյն կերպ վարուի: Լիպիան լաւ օրինակ է: Արդէն երկրորդ տարին ըլլալով անոր ժամանակաւոր կառավարութիւնը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ի՞նչ եղած է Հայաստանի կառավարութեան արձագանգը։ Մենք տեղեակ չենք այդ կապակցութեամբ որեւէ հանրային մեկնաբանութեան մասին: Արդեօք ճիշդ չէ՞ր ըլլար, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս գար յայտարարութեամբ՝ ողջունելով Լիպիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Օր մը ժամանակաւոր կառավարութիւնը կրնայ դառնալ Լիպիոյ օրինական, ճանչցուած կառավարութիւնը: Հիմա պահն է, որ Հայաստան բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատէ Լիպիոյ հետ։ Քանի որ Թուրքիա իր շրջափակմամբ եւ հակահայկական տնտեսական ու դիւանագիտական ​​ջանքերով կը մեկուսացնէ Հայաստանը դրացիներէն, իբրեւ պատասխան՝ Հայաստան պէտք է համագործակցի աջակից երկիրներու հետ եւ մեկուսացնէ Թուրքիան իր կարելիութիւններուն ներած չափով։

 

Լաւ յարաբերութիւններ հաստատելով Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան հետ՝ Հայաստան կրնայ նաեւ սերտացնել իր յարաբերութիւնները Եգիպտոսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ եւ բարեկարգել գոյութիւն չունեցող իր յարաբերութիւնները Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան հետ։ Վստահ եմ, որ այդ երկիրները կը գնահատեն Հայաստանի կառավարութեան մեկնած բարեկամական ձեռքը:

 

 Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան