image

Եւրոպայի այգին՝ փակ

Եւրոպայի այգին՝ փակ

1949 թուականին հիմնուած եւ համաշխարհային ճանաչում ունեցող աշխարհի ամենամեծ ծաղիկի պարտէզը՝ Քէօքէնհոֆը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ այս տարի գոցած է դռները: Պատճառը քորոնաժահրի համաճարակն է, որուն հետեւանքով ոչ միայն այս, այլեւ աշխարհի մէջ բոլոր հանրային այցելութեան վայրերը գոց են… Բայց ի տարբերութիւն այլ վայրերու, այս այգին այցելելու ժամկէտը հիմա է՝ գարնան այս օրերուն, երբ ծաղկանոցը հիասքանչ տեսք կ՚ունենայ:

Հոլանտայի մէջ գտնուող այս արքայական այգին ամէն տարի կը բացուէր մարտի կէսերէն մինչեւ մայիսի կէսերը։ Հոն կը տնկուին, կը խնամուին եւ այցելուներուն ի ցոյց կը դրուին աշխարհի ամենահեքիաթային ծաղիկները՝ հիրիկները, յակինթները, շուշանները, քրքումները եւ մանաւանդ՝ կակաչները, զորս տեսնելու միակ յարմար ժամանակը միշտ կը նկատուի ապրիլի կէսերը: Կակաչներուն ծաղկման շրջանին պարտէզը սովորաբար կ՚ընդունի մէկուկէս միլիոն այցելու, գարնան եկամուտները միջին հաշուով կը կազմեն 25 միլիոն տոլար:

…Այժմ այգիին կակաչները կ՚օրօրուին համացանցային պաստառներուն վրայ: Այգին գործի դրած է առցանց շրջագայութիւն դէպի ծաղկաստանի եւ Keukenhof Virtually Open անունով կայքէջին մէջ կարելի է տեսնել այս տարուան ծաղկային պատկերը՝ Եւրոպայի սիրտին մէջ:

Քէօքէնհոֆը ճանչցուած է նաեւ «Եւրոպայի պարտէզ» անունով. կը գտնուի հարաւային Հոլանտայի մէջ, Հարլեմէն հարաւ եւ Ամսթերտամէն հարաւ-արեւմուտք՝ Լիս քաղաքը։ Ըստ այգիի կայքէջի տուեալներուն, ամէն տարի պարտէզին մէջ կը տնկուի մօտաւորապէս 7 միլիոն գլուխ ծաղիկ, որ զբաղեցնէ 32 հեքթար տարածութիւն: Ամէն տարի գարնան ծաղկուն շրջանին պարտէզը միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ կ՚ընդունի եւ յատուկ ձեռնարկներ կը կատարուին այգիին ամենամեայ գարնանային բացման համար:

Այգիին հովանաւորը ժամանակին եղած է Հոլանտայի Եուլիանա թագուհին, որ կեանքէն հեռացած է 2004 թուականին: Անոր դուստրերը՝ Պէաթրիքսը, Իրէնը եւ Մարգարիտը 1950 թուականին այգիին առաջին այցելուներն էին։ Բեմադրիչ Պրինս Պերնարտ հոն նկարահանած է շատ եզակի շարժանկարներ։ Հոլանտական թագաւորական միւս ընտանիքները նոյնպէս այցելած են Քէօքէնհոֆ, անոնց հետ նաեւ՝ երկրի պատուարժան հիւրերը:

Այգիին ծաղկման շրջանը կը համընկնի Հոլանտայի ազգային տօնին՝ Թագուհիին կամ Թագաւորին ծննդեան օրուան, որ մինչեւ 2013 թուականը կը նշուէր ապրիլ 30-ին՝ Եուլիանա թագուհիին ծննդեան օրը: Թագուհիին մահէն ետք գահ բարձրացաւ անոր դուստրը՝ Պէաթրիքսը: Ան, ի յիշատակ իր մօր, չփոխեց Թագուհիին օրուան ամսաթիւը, իսկ երբ Պէաթրիքսը յօգուտ որդիին՝ Ուիլիմ Ալեքսանդրին հրաժարեցաւ գահէն, տօնը 2013 թուականէն ետք սկսաւ նշուիլ վերջինիս ծննդեան օրը՝ ապրիլի 27-ին։ Այդ օրը արքայական պարտէզը յատուկ ձեռնարկներ կը կազմակերպէ եւ բազմաթիւ ծաղիկներ կ՚ընծայէ թագաւորական ընտանիքին:

Այս տարի ջնջուած են բուրաստանի բոլոր ձեռնարկները եւ Հոլանտայյի մէջ թագաւորին օրը պիտի չնշուի ժողովրդական տօնախմբութիւններով, ինչպէս ամէն տարի՝ 1885 թուականէն սկսեալ, երբ Լիպերալ կուսակցութիւնը որոշած է հիմնել ժողովրդական միասնութեան օր։ Հոլանտացիները այդ օրը կը հագուէին նարնջագոյն հագուստ, որ երկրի արքայատոհմին ընտանեկան գոյնն է եւ ամբողջ երկրին մէջ ուրախ տօնախմբութիւններ կը կազմակերպէին: Տօնը ծանօթ է կազմակերպուող ազատ շուկաներուն շնորհիւ, ուր ամէն մարդ կրնայ փողոցին մէջ ազատ կերպով վաճառել իր ապրանքները։ Հոլանտական քաղաքներուն մէջ կը կազմակերպուէին համերգներ, փողոցային երաժիշտներն ու սովորական մարդիկ ի ցոյց կը դնէին իրենց անսովոր ունակութիւնները եւ տաղանդները… Հիմա ամէն մարդ տուները մտած է…

Այսօր Հոլանտան, ամբողջ աշխարհին հետ, կը պայքարի քորոնաժահրի համաճարակին դէմ: Ապրիլի կէսերուն տուեալներով՝ հոն 25 հազար վարակակիր կար եւ 2643 մահ, այս պատկերը ամէն օր կը փոխուի՝ թիւերը կ՚աւելնան: Կառավարութիւնը այստեղ նոյնպէս արտակարգ դրութիւն յայտարարած է վարակին տարածումը դանդաղեցնելու եւ վարակման շղթաները կոտրելու համար:

Բազմաթիւ աշխատողներ կը ջանան իրենց աշխատանքը տունէն կատարել, բայց Քէօքէնհոֆի այգին այն վայրերէն է, որուն աշխատողները չեն կրնար ծաղիկները հեռուէն խնամել: Շուրջ 1300 աշխատող զրկուած է աշխատանքէն եւ այգին կը խնամուի սակաւաթիւ մարդոց միջոցով, որոնք միայն կը ջրեն ծաղիկները՝ յոյսով, որ համաճարակի աւարտէն ետք կարելի ըլլայ կատարել այգիին բացումը: Անոնք այդ բացումը նախատեսած են 2021 թուականին:

Կակաչին, սմբուլին, հիրիկին, նարկիսին, վարդակակաչին, քրքմնածաղիկին, շուշաններուն եւ ուրիշ փնջածաղիկներուն ու սոխուկաւոր բոյսերուն հետ այգիին մէջ մօտաւորապէս հարիւր տեսակ ծաղիկ կ՚աճի, զբօսայգիին մէջ նաեւ 85 տեսակ ծառ կայ: Այգիին միայն ծառերուն ընդհանուր թիւը կը հասնի 2500-ի:

Քէօքէնհոֆ այգեստան-զբօսայգիին նախագիծը կազմած են Ժան Տէյվիտ Զոչեր եւ որդին՝ Լուիս Փոլ Զոչեր, այնպէս, որ այցելուն իւրաքանչիւր շառաւիղին վրայ բացատ մը կամ ովասիս մը գտնէ: Սիզամարգերուն, ծառուղիներուն, տաղաւարներուն եւ խնամուած դաշտերուն բուրաստանը իսկական դրախտի տպաւորութիւն կը թողու այցելողներուն… Հոն կրնան ընթրել՝ գեղեցիկ երաժշտութեան եւ լոյսերու տակ, սուրճ խմել, զբօսնել…

Ութ շաբաթ անդադար այստեղ կը ծաղկին ծիածանի զանազան գոյներով ծաղիկներ: Այգեպանները գործի կը լծուին սեպտեմբերին՝ առաջին ցուրտերը վրայ չհասած: Նոր սոխուկներու կողքին կը խնամուին նաեւ բազմամեայ արմտիքը, այգին ամէն տարի առիթի մը նուիրուած նոր ձեւաւորում կը ստանայ: Տարիներ առաջ, այգիին ձեւաւորումը նուիրուեցաւ հոլանտացի հռչակաւոր նկարիչ՝ Վան Կոկին: Անոր արուեստին գոյներով եւ պատկերած ծաղիկներով այգին արուեստի շունչ առած էր: Այգին իր զանազան տարիներու նիւթերը նուիրած է տարբեր երկիրներու՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան, Անգլիա, Գերմանիա եւ այլն, ծաղկային համադրումներ կատարած է Ողիմպիական խաղերու եւ այլ նշանաւոր իրադարձութիւններու առթիւ, իսկ այս՝ 2020 տար-ւան նիւթն էր «Գոյներու աշխարհը»:

Վարդակակաչը Հոլանտայի խորհրդանիշներէն է, այս ծաղիկը երկրին մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանացած է 17-18-րդ դարերուն: Տուեալներ կան, որ վարդակակաչը Եւրոպա տարուած է Օսմանեան կայսրութեան տարածքէն: Նախապէս զայն կը տնկէին արքաներու եւ հարուստներու այգիները, ապա լայն տարածում գտաւ շատ երկիրներու մէջ, բայց մանաւանդ Հոլանտան է, որ հինէն ի վեր վարդակակաչին առեւտուրը վերցնելով իր հսկողութեան տակ, ծաղիկը որդեգրած է իբրեւ երկրի ոչ պաշտօնական խորհրդանիշ: Վարդակակաչները բացի նիւթական օգուտ եւ հմայք բերելէ, նաեւ փրկած են երկիրը Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին. 1944-1945 թուականի ձմրան, երբ գերմանական զօրքերը Հոլանտայի նաւահանգիստները ծովային շրջափակման ենթարկած էին, երկրին մէջ սով սկսած է եւ այդ ժամանակ հոլանտացիները ստիպուած կերած են վարդակակաչի սոխուկներ:

2020 թուականին համար ընտրելով «Գոյներու աշխարհը» խորագիրը՝ նպատակ ունէին այգիին մէջ ցուցադրել մինչեւ հիմա պարտէզին մէջ գոյացած բոլոր գոյները: Այգիին բացումը չկատարուեցաւ, բայց հոլանտացիք ուրախ են, որ այս տարի կարողացան նշել իրենց սիրելի տօներէն մէկը՝ Կակաչի ազգային օրը: Համաճարակէն առաջ, յունուարին երկրին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Կակաչի օրը եւ այդ օրուայ համար մայրաքաղաքին մէջ կակաչներու այգի մը պատրաստուեցաւ, ուրկէ 200 հազար կակաչներ անվճար բաժնուեցան տօնակատարութեան մասնակիցներուն:

Համաճարակին սկզբը՝ մարտին, ողջ Հոլանտայի տարածքին ոչնչացուեցան միլիոնաւոր կակաչներ: Ծաղիկներուն ոլորտը առաջինն էր, որ համաճարակէն տուժեց ողջ աշխարհի տարածքին: Հոլանտայի մէջ ընտանեկան ագարակի տնօրէն Ֆրանք Վիթենպոկարտ ըսած է, որ ստիպուած է թափել 200 հազար կակաչ։ «Այդ մէկը իրապէս ցաւալի է: Այս տարի մենք շատ լաւ որակով կակաչներ ունէինք: Ես չկրցայ հետեւիլ, թէ ինչպէս կը փճացուին անոնք, այդ տեսարանը կարելի չէր տեսնել, ես հեծանիւս նստայ եւ հեռացայ, մինչ գործաւորները ոչնչացուցին ծաղիկները», ըսած է ան:

Հոլանտան կակաչ եւ այլ սոխուկաւոր ծաղիկներ կ՚արտածէ աշխարհի աւելի քանի հարիւր երկիրներ:

Royal FloraHolland-ի միջազգային վաճառքի գծով կազմակերպիչ Ֆրէտ վան Տոլի խօսքով, Հոլանտայի մէջ միայն վերջին մէկ ամսուայ ընթացքին ոչնչացուած է մօտաւորապէս 400 միլիոն ծաղիկ։ «Այս վարակը հարուածեց մեզ ճիշդ կակաչի վաճառքին ամենաեկամտաբեր ժամանակը: Եկամուտները նախորդ տարուայ համեմատ շատ ցած են», ըսած է Վան Տոլ:

Barendsen ծաղիկներու արտահանման ընկերութեան սեփականատէր Եան տէ Պուր յայտարարած է, որ կորսնցուցած է իր այս եղանակի եկամուտին 90 տոկոսը: Սովորաբար տարուայ այս շրջանին ան կ՚ունենայ վաթսուն ամբողջական ռոճիկով աշխատող, իսկ այժմ միայն ունի վեց:

Շատերուն համար վարդակակաչ աճեցնելը ոչ միայն եկամուտի աղբիւր է, այլ կիրք. անոնք ամէն գնով կ՚ուզեն պահել այդ ասպարէզը: Կառավարութիւնը միջոցներ ձեռնարկած է՝ յետագային որոշ վնասներ փոխհատուցելու: Ան համաճարակի այս օրերուն իր հոգածութեան տակ առած է ոչ միայն կակաչներու մշակման ասպարէզին մէջ ներգրաւուածները, այլ բոլոր այն մասնագէտները, որոնք Հոլանտայի տնտեսութիւնը, մշակոյթը եւ միւս ասպարէզները կը պահէին:

Հողմաղացներուն, ջրանցքներուն, զարմանալի այգիներուն եւ գեղատեսիլ գիւղերուն հետ երկիրը լի է թանգարաններով, որ կը ցուցադրեն երկրի նկարիչներուն հարուստ ժառանգութիւնը: Միջնադարեան դղեակներուն, քաղաքային կանաչ տարածքներուն կողքին, Հոլանտան հռչակուած է նաեւ մակընթացութեան վերահսկման համակարգով, զոր կոչած են ժամանակակից աշխարհի եօթ հրաշալիքներէն մէկը:

Այժմ Հոլանտան առցանց տիրոյթի վրայ կը ցուցադրէ իր այս ողջ հարստութիւնը՝ հպարտանալով նաեւ, որ երկրին բնակչութիւնը կը յարգէ համաճարակին պարտադրած օրէնքները եւ ոչ մէկ դժգոհութիւն ցուցաբերած է տունը մնալու պարտադրանքին: Կը նշուի նաեւ, որ երկրի բնակչութիւնը սովորաբար առողջ կը նկատուի, շատեր տեսած են, որ ձմրան պաղին նոյնիսկ պզտիկներու գլխուն գլխարկ չեն դներ: Մինչ համաճարակը կատարուած հարցումի մը արդիւնքով այս ազգաբնակչութեան 82 առ հարիւրը գոհ է իր կեանքէն, քանի որ օրուայ ընթացքին աւելի շատ դրական, քան բացասական ապրումներ կ՚ունենայ:

Հակառակ որ տեղւոյն բնակչութեան մեծ մասին այնքան ալ հաճելի չէ երկրին ոչ պաշտօնական անուանումը՝ Հոլանտան, որ կը հնչեցնեն դուրսէն եկածները, բայց անոնք սիրով կը պատասխանեն զբօսաշրջիկներու բոլոր հարցումներուն, վստահ են, որ համաճարակը կը մնայ ետին եւ Նետըրլանտներու զբօսաշրջային կեանքը նորէն կը վերակենդանանայ: Առանց ատոր Նետըրլանտները եւ ամբողջ աշխարհը առհասարակ, չափազանց տխուր է…

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս