image

Հայ պաշտօնեաներու եւ Կաթողիկոսի մը համար ողջմտութիւն չէ իրարու հակառակիլը

Հայ պաշտօնեաներու եւ Կաթողիկոսի մը համար ողջմտութիւն չէ իրարու հակառակիլը

«Քորոնա» ժահրի համավարակի ժամանակ, որ հարիւր հազարաւոր մարդոց կեանք կը խլէ ամբողջ աշխարհի մէջ, ներառեալ Հայաստանի մէջ,  եւ ամէնուր կաթուածահար կ՛ընէ տնտեսութիւնն ու հասարակական կեանքը, Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի հայկական համայնքներու  այս օրերու  ամէնէն մեծ  հակասութիւնը  դարձած  է  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ.ի յայտարարութիւնը եւ Հայաստանի տարբեր պաշտօնեաներու եւ լրատուական միջոցներու որոշ անդամներու կոշտ արձագանգը։

 

Ցաւօք, այսպիսի առճակատում մը անսպասելի չէր։ Հայաստանի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութիւն բերած Թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր, Հայաստանի եւ Սփիւռքի  մէջ  լարուած  մթնոլորտ  կը  տիրէ՝  կապուած  կառավարութեան  սատարողներու եւ դէմ արտայայտուողներու  միջեւ:  Թէեւ քաղաքական հարցերու մէջ հակառակ կողմեր ըլլալու մէջ ոչ մէկ սխալ կայ,  սակայն  առճակատումը այնքան բռնկած է, որ յաճախ կը հնչեն փոխադարձ վիրաւորանքներ, հայհոյանքներ եւ նոյնիսկ ֆիզիքական սպառնալիքներ, յատկապէս ընկերային  ցանցերու մէջ։ Հայկական լրատուական միջոցներու աւելի վաղ տուած  հարցազրոյցի մը մէջ ես յորդորած էի հայերը, որ պէտք չէ  իրենց համաձայն չեղողներուն հետ թշնամիներու պէս վարուին․․․: Ես ըսած էի,որ «մենք կրնանք անհամաձայն ըլլալ՝ առանց անհաճոյ ըլլալու»։

 

Հասկնալի է, որ հայերուն մեծ մասը նախորդ ղեկավարները դիտած է  իբրեւ հարստահարողներ, որոնց անարդար կառավարման ներքոյ հայ ժողովուրդը խիստ տուժած է։ Հարիւր հազարաւոր հայեր գաղթած են Ռուսիա, Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկա ոչ միայն տնտեսական դժուարութիւններու, այլեւ ընկերային անհաւասարութեան պատճառով: Հետեւաբար, ինչ որ չափով բնական է, որ հայերու մեծ մասը նման բացասական զգացումներ տածէր նախորդ վարչակարգերու նկատմամբ:

 

Այսուամենայնիւ, ես հայերուն կ՛առաջարկեմ կեդրոնանալ Հայաստանի տնտեսութեան վերականգնման վրայ, այլ ոչ թէ համակուիլ ատելութեամբ՝ մնացած ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Անոնք, որոնք հարստացած են պաշտօնական  դիրքի չարաշահմամբ, պէտք է կանգնին դատարանի առջեւ եւ արժանի պատիժ ստանան իրենց կատարած յանցանքներուն համար։

 

Անդրադառնալով ներկայ վէճի վերջին դրուագին՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս անցեալ շաբաթ յայտարարութիւն մը հրապարակեց «Նիւզ․ամ» կայքի վրայ՝ առաջարկելով փոփոխութեան ենթարկել նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը: Ահա Կաթողիկոսի յայտարարութեան գրութիւնը․

 

«Համավարակի ներկայ պայմաններու մէջ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը  տեսնենք, որ մասնաւոր ուշադրութիւն կը դարձուի ազատազրկման վայրերու մէջ գտնուող մարդոց վրայ,  ողջունելի քայլերու կը ձեռնարկուին՝ հասարակութեան համար վտանգ չներկայացնողներու ազատ արձակման եւ կամ խափանման միջոցներու փոփոխութեան՝ զերծ պահելու համար զանոնք վտանգաւոր այս վարակէն։ Նման հարցերու մէջ Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը խարսխուած է սիրոյ, խնամքի եւ գթասրտութեան աստուածային պատգամի վրայ, եւ այս առումով Մեր յորդորն է, որ հայրենի մեր իշխանութիւնները շարունակեն այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու նախաձեռնել։ Ինչ կը վերաբերի ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, հաղորդ ըլլալով նախագահի առողջութեան առնչութեամբ բժիշկներու մասնագիտական կարծիքներուն, կարեւոր կը համարենք, որ արդարադատութեան իրագործման հետ մէկտեղ ձեռնարկուին բոլոր կանխարգելիչ միջոցներն ու միջոցառումները, անոնց շարքին՝ խափանման  միջոցի  փոփոխութիւն՝ համավարակի  այս  շրջանին ապահովագրելու համար անոր առողջական վիճակը հետագայ բարդացումներէ»։

 

Յաջորդ օրը ՀՀ Ազգային Ժողովի  փոխ նախագահ, իշխող կուսակցութեան անդամ Ալէն Սիմոնեան իր ֆեյսպուքեան էջին մէջ  գրեց հետեւեալ կոշտ պատասխանը՝ Կաթողիկոսին.

 

«Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ն ըսած է, որ կարեւոր կը համարէ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի փոփոխումը: Ըսեմ, որ հազարաւոր ՀՀ քաղաքացիներ արդէն շատ երկար ժամանակէ ի վեր կարեւոր կը համարեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի փոփոխութեան հարցը: Կը կարծեմ` քաղաքացի Կտրիճ Ներսիսեան, որ տասնամեակներ շարունակ լռած է, լռած է, լռած է, այսօր` նոր իրավիճակի մէջ, ազատօրէն կրնայ դատարանին մէջ երաշխաւոր հանդիսանալ քաղաքացի Ռ. Քոչարեանի խափանման միջոցի փոփոխութեան համար, եւ այդ մէկուն համար դրամական բաւարար միջոցներ կը գտնուին»: 

 

Կաթողիկոսին արձագանգեց նաեւ վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեան։ Ան կտրուկ յայտարարեց, որ ՀՀ կառավարութիւնը մտադրութիւն չունի  մեկնաբանելու Վեհափառի «յոյսերն ու ցանկութիւնները»։ Մամուլի խօսնակը յիշեցուց նաեւ, որ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի ղեկավար Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեան երաշխաւորագիր ներկայացուցած էր գործարար Սամուէլ Մայրապետեանի համար, որպէսզի վերջինս ազատի բանտէն՝ Գերմանիա բուժման  մեկնելու  համար, իսկ յետոյ վերադառնայ Հայաստան, սակայն 2019 թուականի Յունուար ամիսէն ի վեր չէր վերադարձած։

 

Իրավիճակը աւելի բարդացաւ, երբ անցեալ շաբաթ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Երեւանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ,  արքեպիսկոպոս  Նաւասարդ  Կճոյեան Հայաստանի կառավարութեան կողմէ  մեղադրուեցաւ  խարդախութեան եւ դրամներու լուացման յանցանքով:  Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) յայտարարեց, որ արքեպիսկոպոս Կճոյեան գաղտնի համաձայնութեան եկած է հայ գործարարի մը հետ՝ երրորդ անձի  մը դէմ խարդախութիւն ընելու համար։ ԱԱԾը  յայտարարեց, որ Կճոյեանին պատկանած է ստուերային ընկերութեան 33 տոկոսը: Արքեպիսկոպոս Կճոյեանի փաստաբանը հերքեց այդ մեղադրանքը։

 

Էջմիածինը արձագանգեց՝ կոչ ընելով պետական պաշտօնեաներուն եւ լրատուական միջոցներուն՝ յարգելու արքեպիսկոպոս Կճոյեանի անմեղութեան կանխավարկածը:  Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը  նաեւ  «տարակուսելի»  կը  համարէ,  որ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը մեղադրանքներու մասին  յայտարարեց  մէկ օր անց այն բանէն ետք, երբ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կոչ ըրաւ փոփոխութեան ենթարկելու նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը։  Շարք մը բարձրաստիճան հոգեւորականներ նոյնպէս քննադատեցին այն պաշտօնատար մարդիկը, որոնք  յարձակած էին Կաթողիկոսի վրայ:

 

Յոյսով ենք, որ փոխադարձ մեղադրանքները կը դադրին,  երբ հայերը աւելի յարգալից վերաբերում դրսեւորեն իւրաքանչիւր անհատի խօսքի ազատութեան նկատմամբ՝ առանց վիրաւորելու անոնք, որոնք համաձայն չեն իրենց հետ։ Այն պահուն, երբ համավարակը շատ անմեղ կեանքեր կը խլէ, եւ Հայաստանի տնտեսութիւնը վտանգուած է, աւելի խելամիտ կ՛ըլլայ կեդրոնանալ մեր ազգին առջեւ ծառացած լրջագոյն խնդիրներու լուծման վրայ։

 

Եզակի  առցանց  քայլարշաւ Ապրիլ  24ին

Քանի որ շատ երկիրներու մէջ արգիլուած են  հանրահաւաքները,  HyeID  հասարակական  կազմակերպութիւնը կ՛առաջարկէ  այս տարի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու եզակի միջոց՝ առանց ձեր տուներէն դուրս գալու։ 

 

Ապրիլ 24ի շաբթուան ընթացքին կը խնդրենք, որ այցելէք  April24.hyeid.org  համացանցային կայքէջը  եւ սեղմէք  «միանալ»  կոճակը՝ ցոյց տալով  ձեր համաձայնութիւնը հետեւեալ յայտարարութեան․ «Մենք ստիպուած ենք մնալ տունը այս Ապրիլ 24ին, բայց մենք կը միանանք առցանց քայլարշաւին․․․: Մենք Արդարութիւն կը պահանջենք 1915ին Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած 1,5 միլիոն հայերու ցեղասպանութեան համար»։ Ձեր համաձայնութիւնը կը ցուցադրուի  պաստառին  պատկերուած  աշխարհի քարտէսի վրայ՝ նշելով իւրաքանչիւր երկրի մէջ առցանց քայլարշաւին միացած մարդոց թիւը:



Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան