image

Ժանտախտէն մինչեւ քորոնաժահրը

Ժանտախտէն մինչեւ քորոնաժահրը

Այս օրերուն հարցը կամ հարցերուն հարցը. «Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ աշխարհը քորոնավարակի համաճարակէն ետք»:

Բազմաթիւ կանխատեսումներ կը յանգին մէկ ընդհանուր եզրակացութեան՝ աշխարհը նոյնը պիտի չըլլայ եւ ակնառու մեծ փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուի: Ռուս վերլուծաբան, հրապարակախօս Միխայիլ Պոժարսքկին իր վերլուծութիւններէն մէկուն մէջ, օրեր առաջ, յիշատակած է աշխարհահռչակ տնտեսագէտ, Մասաչուսեցի փորձագիտական կաճառի (MIT) գիտնական Տարօն Աճէմօղլուի եւ Շիքակոյի համալսարանի գիտնական, բրիտանացի քաղաքագէտ Ճէյմս Ա. Ռապինսընի «Պետութիւնները ինչո՞ւ կը ձախողին» գիրքին այն հատուածը, ուր երկու հեղինակները կը խօսին ժանտախտի համաճարակէն ետք ստեղծուած աշխարհին մասին: Ան զուգահեռներով անդրադարձած է Աճէմօղլուի եւ Ռապինսընի նկարագրած իրողութեան եւ այսօրուայ իրականութեան: Աճէմօղլու եւ Ռապինսըն գիրքին մէջ նկարագրած են, թէ ինչպէս ժանտախտի հետեւանքով Եւրոպայի բնակչութիւնը երկու անգամ պակսեցաւ եւ ատկէ ետք, Արեւմտեան եւ Հիւսիսային Եւրոպայի մէջ ապրող գիւղացիները՝ տեսնելով, որ գիւղացիական ուժը աւելի պահանջուած դարձած է, իրենց պահանջները դրին իշխանութիւններուն առջեւ:

Այդ պահանջներէն էր, օրինակ՝ գիւղացիները աւելի շատ վճարուին եւ անոնց աւելի ազատութիւններ տրուին: Հակառակ որ գիւղացիական որոշ ապստամբութիւններ ճնշուեցան, բայց գիւղացիները ի վերջոյ հասան իրենց նպատակին, սակայն Եւրոպայի ոչ բոլոր հատուածներուն մէջ գիւղացիները կրցան համախմբուիլ եւ թեթեւցնել իրենց հոգերը: Ռուս վերլուծաբանը կը նկատէ, որ աշխարհը, համաճարակէն ետք, կարծես պիտի երթայ այս ճանապարհով՝ տեղ մը դրական, տեղ մը բացասական ազդեցութիւն ձգելով աշխարհի վրայ: Միջնադարեան այդ ժանտախտի հետեւանքով աշխարհի մէջ ի յայտ եկած են զանազան ընկերային, կրօնական եւ տնտեսական շարժումներ, որոնք մեծ հետք ձգած են Եւրոպայի եւ աշխարհի պատմութեան մէջ:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը օրին անդրադարձած է պոլսահայ աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուի եւ Շիքակոյի համալսարանի գիտնական, բրիտանացի քաղաքագէտ Ճէյմս Ա. Ռապինսընի «Պետութիւնները ինչո՞ւ կը ձախողին» գիրքին: Այսօր, շահեկանութեան համար կը ներկայացնենք «Ժանտախտով ստեղծուած աշխարհը» բաժինը՝ արեւմտահայերէնով: Հեղինակները կը համեմատեն Արեւելեան եւ Արեւմտեան Եւրոպաներուն մէջ ժանտախտէն ետք ստեղծուած իրականութիւնները:

*

1346-ին այտուցային ժանտախտը՝ Սեւ մահը, հասաւ Տօնի գետաբերանը, Սեւ ծովու ափին գտնուող Տանա քաղաքը: Ժանտախտը եկաւ Չինաստանէն՝ փոխանցուելով առնէտներու վրայ ապրող լուերուն միջոցով: Ժանտախտը բերին անդրասիական առեւտրային մեծ զարկերակով՝ Մետաքսի ճանապարհով շրջագայող առեւտրականները: Ճենովացի առեւտարականներուն շնորհիւ լուերը, ժանտախտին հետ շուտով Տանայէն տարածուեցան ամբողջ միջերկրածովեան տարածքաշրջանը: Ժանտախտը 1347-ին սկզիբը հասած էր Կոստանդնուպոլիս:

1348-ի գարնան կը տարածուէր Ֆրանսայի, Ափրիկէի հիւսիսը եւ մոյկ մը յիշեցնող իտալական թերակղզիէն կը հասնէր դէպի վեր: Ժանտախտը սրբեց իր անցած ճանապարհի բնակչութեան կէսը: Իտալացի գրող Ճովանի Պոկաչչոն իտալական Ֆլորանս քաղաքին մէջ տեսած է ժանտախտին «գալուստը»: Յետագային ան վերյիշած է.

«Մարդկային ամբողջ իմաստնութիւնն ու հնարամտութիւնը ի վիճակի չէին ատոր դէմ դնել… Ժանտախտը սկսաւ զարհուրելի եւ տարօրինակ ձեւով եւ ի ցոյց դրաւ իր աւերիչ հետեւանքները: Անիկա չէր արտայայտուեր նոյն ձեւով, ինչպէս որ յայտնուած էր Արեւելքի մէջ, ուր ակնյայտ մահուան գոյժը քիթէն արիւն հոսիլն էր: Հակառակը, ատոր վաղ ախտանիշը, յառաջացումն էր որովայնին վրայ կամ թեւերուն տակը ուռեցքներու, որոնց մէկ մասը հաւկթաձեւ էր, իսկ մնացեալը՝ մինչեւ խնձորի չափի կը հասնէին: Յետագային հիւանդութեան ախտանիշները փոխուեցան եւ շատեր իրենց թեւերուն, ազդրերուն եւ մարմնի ուրիշ մասերուն սկսան սեւ բշտիկներ եւ այտուցներ տեսնել… Այս հիւանդութեան դէմ բժիշկներու խորհուրդներն ու դեղամիջոցին ուժը անզէն ու ապարդիւն էին: Մեծ մասամբ մահը վրայ կը հասնէր մեր նկարագրած ախտանիշներու յայտնուելէն մինչեւ երեք օր ետք»:

Անգլիոյ մէջ մարդիկ գիտէին, որ ժանտախտը կու գար իրենց ուղղութեամբ եւ տեղեակ էին իրենց սպասող ճակատագրին: Էտուըրտ Գ. թագաւորը 1348-ի օգոստոսի կէսերուն արքեպիսկոպոս Քենթըրպերացիէն խնդրեց աղօթքներ կազմակերպել եւ բազմաթիւ եպիսկոպոսներ եկեղեցիներուն մէջ ընթերցելու համար նամակներ գրեցին քահանաներուն, որպէսզի օգնեն մարդոց՝ վերահաս արհաւիրքին դիմակայելու: Պաթի եպիսկոպոսը՝ Ռալֆ Շրուզպերացին, իր քահանաներուն գրեց հետեւեալը. «Ամենակալ Աստուածը որոտ, կայծակ եւ այլ պատիժներ կը ղրկէ իր գահէն՝ խոցելով իր որդիները, որոնց մեղքերը կ՚ուզէ քաւել: Հետեւաբար, քանի որ Արեւելքէն աղէտի համաճարակը հասած է մեր դրացի թագաւորութիւն, մեծ է վտանգը, որ եթէ չաղօթենք անդադար եւ նուիրումով, այդ նոյն արհաւիրքը կը թողու իր թունաւոր ճիւղերը այս թագաւորութեան մէջ, կը տապալէ եւ կուլ կու տայ բնակիչները: Այս պատճառով բոլորս պէտք է քաւութեան խնդրանքով դիմենք Տիրոջ եւ սաղմոսներ ըսենք»:

Չօգնեց: Ժանտախտը արագ վրայ հասաւ եւ սրբեց Անգլիոյ բնակչութեան գրեթէ կէսը:

Նման աղէտները հասարակութեան հաստատութիւններուն վրայ կրնան հսկայական ազդեցութիւն ունենալ: Սպասելին տեղի ունեցաւ եւ մարդոցմէ շատեր խելագարեցան: Պոքաչչոն կը նշէ, թէ ոմանք կը պնդէին, որ այս ահաւոր չարիքէն հեռու մնալու անթերի միջոց է գինեմոլութիւնը, կեանքը լիովին վայելելը, երգելով ուրախ թափառիլը, մոլութիւններուն կարելի եղած չափով յագուրդ տալը եւ կատարուող երեւոյթները մեծ կատակի պէս արհամարհելը… Ան կը գրէ. «Եւ ասիկա կը պարզաբանէ այն հանգամանքը, թէ ինչու հիւանդութենէն ապաքինած կիները յետագային առաքինի չէին՜:

Բայց ժանտախտը միջնադարեան եւրոպական հասարակութեան մէջ նաեւ հասարակական, տնտեսական եւ քաղաքական յեղափոխութիւններ բերաւ:

14-րդ դարուն վերջը Եւրոպան աւատապետական էր: Հասարակութեան կազմակերպման այս ձեւը յառաջացաւ Հռոմէական կայսրութեան անկումէն ետք Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ: Այդ հասարակարգը հիմնուած էր թագաւորին եւ անոր ստորադասուած աւատատէրերուն միջեւ ենթակայական յարաբերութիւններուն վրայ: Գիւղացիութիւնը ստորին խաւն էր: Հողը կը պատկանէր թագաւորին, որ զինուորական ծառայութիւններու դիմաց զայն կը յանձնէր աւատատէրերուն: Այնուհետեւ, աւատատէրերը հողը կը բաժնէին գիւղացիներուն եւ ատոր դիմաց գիւղացիները պարտաւոր էին կատարել լայնածաւալ անվճար աշխատանք, ենթարկուիլ տոյժերու եւ վճարել հարկեր: Գիւղացիները, որոնք իրենց կախեալ (servile) վիճակին պատճառով կը կոչուէին սերֆեր (serfs), կցուած էին հողին եւ առանց աւատատիրոջ թոյլտուութեան ի վիճակի չէին տեղաշարժիլ: Աւատատէրը ոչ միայն հողին տէրն էր, այլ նաեւ՝ դատաւորը, երդուեալ ատենակալներուն ժողովը եւ ոստիկանութիւնը: Ատիկա շատ կորզող համակարգ մըն էր, որուն մէջ հարստութիւնը կը հոսէր դէպի վեր՝ բազում գիւղացիներէն դէպի սակաւաթիւ աւատատէրերը:

Ժանտախտին պատճառով յառաջացած աշխատուժի մեծ պակասը ցնցեց աւատապետական կարգին հիմքերը: Ատիկա գիւղացիները դրդեց փոփոխութիւններ պահանջելու: Օրինակ, Էյնշամ աբբայութենէն ներս գիւղացիները պահանջեցին, որ նուազեցուին տոյժերը եւ անվճար աշխատանքը: Անոնք ստացան իրենց ուզածը եւ նոր պայմանագիրը կը սկսէր հետեւեալ հաստատմամբ. «1349-ին տեղի ունեցած համաճարակին կամ մահացութեան ժամանակ կալուածին մէջ մնաց հազիւ երկու վարձակալ, որոնք կալուածը լքելու ցանկութիւն յայտնեցին, եթէ եղբայր Նիքոլաս Ափթոնացին չկնքէր անոնց հետ նոր պայմանագիր»: Պայմանագիրը կնքուեցաւ:

Էյնշամի մէջ կատարուածը տեղի ունեցաւ ամէնուր: Գիւղացիները սկսան ազատիլ պարտադիր աշխատանքէն եւ աւատապետերուն հանդէպ ունեցած բազմաթիւ պարտաւորութիւններէն: Ամսականները բարձրացան: Կառավարութիւնը փորձեց վերջ տալ այս գործընթացին եւ 1351-ին ընդունեց Աշխատաւորներու հրամանագիրը, որ կը նախատեսէր.

«Քանի որ մարդոց եւ մանաւանդ աշխատողներուն ու ծառաներուն մեծ մասը մահացած էին համաճարակէն, ոմանք տեսնելով տէրերուն դժուարութիւնները եւ ծառաներուն սակաւութիւնը, չեն ուզեր ծառայել առանց լրացուցիչ աշխատավարձի… Նկատի առնելով մանաւանդ հողագործներու եւ նման աշխատաւորներու պակասով պայմանաւորուած ծանր հետեւանքները՝ մենք անհրաժեշտ համարեցինք հրահանգել, որ մեր Անգլիոյ թագաւորութեան իւրաքանչիւր տղամարդ եւ կին պարտաւոր է ծառայել զինք կանչողին եւ պարտաւոր է ընդունիլ միայն այն ամսականը, պարգեւատրումը կամ հատուցումը, որոնք կը վճարուէին ծառայութեան վայրին մէջ՝ Անգլիոյ մէջ մեր գահակալութեան 20-րդ տարուան ընթացքին»: (Էտուրտ Գ. թագաւորը գահին նստաւ 1327-ի յունուար 25-ին, այսինքն յղումը 1347-ին է կամ նախորդ հինգ կամ վեց տարուայ ընթացքին):

Փաստօրէն, հրամանագիրը կը փորձէր հաստատել մինչեւ Սեւ մահը վճարուող ամսականները: Անգլիական վերնախաւը կը մտահոգէր մէկ աւատապետի կողմէ միւսին սակաւաթիւ գիւղացիները հրապուրելու փորձերուն «գայթակղութիւնըե»: Որպէս լուծում, առանց գործատուի արտօնութեան աշխատանքը լքելու համար բանտարկութիւնը պատիժ սահմանուեցաւ:

Եթէ ոեւէ մէկուն ծառայութեան ներգը-րաւուած հնձուորը, գերանդիաւորը, այլ աշխատաւորը կամ ծառան, անկախ կարգավիճակէն կամ դրութենէն, առանց արտօնութեան կամ առանց հիմնաւոր պատճառի լքէ ծառայութիւնը մինչեւ պայմանաւորուած ժամկէտին աւարտը, կ՚ենթարկուի բանտարկութեան պատժին եւ ոչ ոք… այլեւս պէտք չէ վճարէ կամ արտօնէ վճարել ոեւէ մէկուն աշխատավարձ, պարգեւատրում կամ հատուցում՝ աւանդաբար վճարուածէն աւելի:

Սեւ մահի հետեւանքով սկսած՝ հաստատութիւններուն եւ ամսականներուն փոփոխութիւնները կանգնեցնելու անգլիական պետութեան փորձերը ձախողեցան: 1381-ին բռնկեցաւ գիւղացիական ապստամբութիւն, եւ ապստամբները Ուոթ Թայլըրի գլխաւորութեամբ գրաւեցին նոյնիսկ Լոնտոնի մեծ մասը: Հակառակ որ անոնք վերջը պարտուեցան, իսկ Ուոթ Թայլըր ենթարկուցաւ մահապատիժի, այնուամենայնիւ գործաւորներուն հրամանագիրը կիրարկելու փորձեր չեղան: Աւատապետական աշխատանքային ծառայութիւնները հետզհետէ պակսեցան, Անգլիոյ մէջ սկսաւ ձեւաւորուիլ ներառական աշխատանքային շուկայ եւ ամսականները սկսան աճիլ:

Ժանտախտը, հաւանաբար, տարածուեցաւ աշխարհի մեծ մասը եւ ամէնուր մահացաւ գրեթէ նոյնքան բնակիչ: Այսպէսով, ժողովրդագրական ազդեցութիւնը Արեւելեան Եւրոպայի մէջ նոյնն էր, ինչ որ էր Անգլիոյ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ: Առկայ հասարակական եւ տնտեսական ուժերը նոյնպէս նոյնն էին: Աշխատուժը չէր բաւարարեր եւ մարդիկ կը պահանջէին իրաւունքներու ընդլայնում: Բայց Արեւելքի մէջ կը գործէր աւելի հզօր եւ հակասական տրամաբանութիւն: Մարդոց պակասը, ներառական աշխատանքային շուկայի պայմաններուն ներքոյ, կը նշանակէր աւելի բարձր աշխատավարձ: Բայց այդ պայմաններուն մէջ աւատապետերը ա՛լ աւելի շահագրգռուած էին պահպանել գիւղացիներուն կախեալ վիճակը եւ կորզող աշխատանքային շուկան:

Ինչպէս Գործաւորներուն հրամանագիրէն կ՚երեւի, Անգլիոյ մէջ նոյնպէս կար այս դրդումը, սակայն գործաւորները իրենց փափաքածը ստանալու համար բաւարար իշխանութիւն ունէին: Արեւելեան Եւրոպայի մէջ այդպէս չէր: Ժանտախտէն ետք արեւելքի հողատէրերը սկսան մեծ տարածքներ զաւթել եւ ընդլայնել իրենց տիրոյթները, որոնք ատկէ առաջ արդէն կը գերազանցէին Արեւմտեան Եւրոպայի աւատատէրերուն հողերը: Քաղաքները աւելի թոյլ էին, սակաւ բնակչութեամբ, եւ իրաւունքներու ընդլայնման փոխարէն աշխատողներուն իրաւունքները կը սահմանափակուէին:

Արդիւնքները ակնյայտ դարձան մանաւանդ 1500 թուականէն ետք, երբ Արեւմտեան Եւրոպան սկսաւ սպառել արեւելեան մասին մէջ արտադրուող գիւղատնտեսական ապրանքները՝ ցորենը, հաճարը եւ մսամթերքը: Ամսթերտամ ներկրուող ցորենին 80 տոկոսը կու գար Էլպա, Վիսթուլա եւ Օտրա գետերու հովիտներէն: Հոլանտաներուն հետզհետէ աճող առեւտուրին կէսը կը կատարուէր Արեւելեան Եւրոպային հետ: Արեւմուտքի մէջ արեւելեան հողատէրերը հետզհետէ կ՚ընդլայնէին աշխատուժին հանդէպ իրենց իշխանութիւնը պահանջարկի աճին համընթաց առաջարկը աւելցնելու համար: Այդ մէկը ստացաւ «ճորտատիրութեան երրորդ ալիք» անուանումը եւ միջնադարեան իր առաջին դրսեւորումներէն կը զանազանուէր աւելի մեծ ճնշումներով: Հողատէրերը կը բարձրացնէին իրենց վարձակալներու կողմէն գանձուող հարկերը եւ կը կորզէին համախառն արտադրութեան կէսը:

Լեհական Կորչին քաղաքին մէջ 1533-ին հողատիրոջ համար կատարուած ամբողջ աշխատանքը վճարովի էր, սակայն 1600-ին աշխատանքին կէսը պարտադրուած էր եւ անհատոյց: Արեւելեան Գերմանիոյ Մեքլենպուրկ քաղաքի աշխատողները 1500-ին կը կատարէին տարեկան ընդամէնը քանի մը օրուայ անհատոյց աշխատանք, սակայն 1550-ին այդ մէկը դարձաւ շաբթական մէկ օր, իսկ 1600-ին՝ շաբթական երեք օր: Աշխատողներուն երեխաները ստիպուած էին քանի մը տարի հողատիրոջ համար անհատոյց աշխատիլ: Հունգարիոյ մէջ հողատէրերը 1514-ին ամբողջութեամբ տիրեցին հողին՝ իւրաքանչիւր աշխատողին օրէնքի ուժով պարտադրելով շաբթական մէկ օր անհատոյց աշխատանք: 1550-ին ատիկա դարձաւ շաբթական երկու օր, իսկ դարավերջին՝ երեք: Այս կանոններուն ենթարկուող ճորտերը այդ ժամանակ կը կազմէին գիւղական բնակչութեան 90 տոկոսը:

Հակառակ որ 1346-ին Արեւմտեան եւ Արեւելեան Եւրոպաներուն միջեւ տարբերութիւնները քիչ էին քաղաքական եւ տնտեսական հաստատութիւններուն առումով, 1600-ի դրութեամբ ատոնք երկու զանազան աշխարհներ էին: Արեւմուտքի մէջ աշխատողները աւատատիրական պարտաւորութիւններէն, տոյժերէն ու կարգաւորումներէն ազատ էին եւ հետզհետէ կը դառնային աճող շուկայական տնտեսութեան անկիւնաքարը: Արեւելքի մէջ անոնք նոյնպէս ներգրաւուած էին նման տնտեսութեան մէջ, սակայն արեւմուտքի սնունդը եւ գիւղատնտեսական ապրանքները արտադրող ճնշուած ճորտերու կարգավիճակին մէջ: Այդ տնտեսութիւնը շուկայական էր, ոչ՝ ներառական:

Հաստատութիւններու այս տարամիտումը իրավիճակի մը հետեւանքն էր, որուն մէջ այդ տարածքներուն միջեւ տարբերութիւնները, սկզբնական շրջանին, չնչին կը թուէին: Արեւելքի մէջ հողատէրերը աւելի լաւ կազմակերպուած էին: Պատմական տեսակէտէն ասոնք փոքր տարբերութիւններ էին, սակայն երբ Սեւ մահը ցնցեց աւատատիրական կարգերը, արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ այս փոքր տարբերութիւնները տեղի բնակիչներու կեանքին եւ հաստատութիւններուն զարգացման յետագայ ուղիին վրայ մեծ հետեւանքներ ունեցան:

Սեւ մահը բեկումնային փուլի լաւ օրինակ է. իրադարձութիւն մը կամ հանգամանքներու զուգորդում, որ կը խախտէ հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող տնտեսական կամ քաղաքական հաւասարակշռութիւնը: Բեկումնային պահը երկսայրի սուր է, որ կարող է կտրականապէս փոխել պետութեան հետագիծը: Մէկ կողմէն ան կրնայ բանալ կորզող հաստատութիւններու շղթայէն ձերբազատելու ճանապարհը եւ կարելի դարձնել աւելի ներառական հաստատութիւններու ստեղծումը՝ ինչպէս Անգլիոյ մէջ, միւս կողմէն կրնայ աւելի ամրապնդել կորզող հաստատութիւններու ձեւաւորումը, ինչպէս Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ճորտատիրութեան երկրորդ ալիքին ժամանակ:

Պատմութեան եւ բեկումնային փուլերուն կողմէ տնտեսական եւ քաղաքական հաստատութիւններուն ուղին յղկելու գործընթացին ըմբռնումը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ աղքատութեան եւ հարստութեան ակունքներուն վերաբերեալ աւելի ամբողջական տեսութիւն ստանալ: Աւելի՛ն, այդ մէկը հնարաւորութիւն կու տայ բացատրել աշխարհին մէջ ներկայ իրավիճակը եւ թէ ինչո՛ւ որոշ պետութիւններ անցում կատարած են դէպի ներառական տնտեսական եւ քաղաքական հաստատութիւններ, իսկ միւսները՝ ոչ:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս

(Թուայնացուց եւ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԺԱՄԱՆԱԿ)