image
Հրատապ լուրեր:

Մանուկներու օրհնաբանութիւնը

Մանուկներու օրհնաբանութիւնը

Կ՚ըսեմ ձեզի, եթէ ատոնք լռեն՝
այդ քարերը պիտի աղաղակեն
(Ղուկաս, 19.40)


Այս տարի Ղազարու Յարութեան տօնակատարութեամբ սկսած Աւագ շաբթուան նուիրական շրջանը, մեր եկեղեցւոյ եւ հաւատքի կեանքի ամենասուրբ շաբաթը, որուն գագաթնակէտն է Ս. Յարութեան տաղաւարը, դժբախտաբար հարկադրուած ենք տօնել փակ դռներու ետին։ Այս տօնակատարութեանց շարքը ոմանց համար կրնայ իմաստազրկուած նկատուիլ։ Իմաստազրկուած՝ անոր համար որ Աստուծոյ փառքին ընծայուած տաճարները փակուած են հաւատացեալ ժողովուրդի առջեւ։ Իմաստազրկուած՝ անոր համար որ Սուրբ Սեղանի մասնակցութիւնը անկարելի դարձած է։ Իմաստազրկուած՝ անոր համար որ մեր եկեղեցւոյ աւանդական արարողութիւնները շուքի տակ մնալու հարկադրանքին տակ կը գտնուին։

Բայց եկէք միասին մտածենք. իսկապէս կարելի՞ է որ սրբազան տօնակատարութիւնները իմաստազրկուած նկատել մեր մատնուած վիճակին պատճառաւ։ Բնականաբար այս հարցման պատասխանը գլխագիրով ՈՉ է։

Նուիրական շաբաթ մըն է Աւագ շաբաթը, որուն ընթացքին մեր ամէն մէկ քայլափոխը զուգահեռ կ՚ընթանայ Քրիստոսի Սուրբ Տնօրինութիւններու յիշատակութեանց հետ։ Յիշատակութիւններ, որոնք Քրիստոսի փրկագործ տնօրինութեանց հաղորդ դառնալու առիթ է։ Ուրեմն ինչ պայմանի մէջ ալ գտնուինք, այս տօնակատարութիւնները լուսաւոր փարոսներ են, մեր հոգեւոր կեանքը լուսաւորող։ Հետեւաբար մենք մեր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ ջանանք լաւագոյնս արժեւորել այս շրջանը եւ հաղորդ դառնալ իւրաքանչիւր օրուան իմաստին։

Ուրեմն եկէք այսօր միասնաբար ուղեւորուինք դէպի Սուրբ Քաղաք՝ Երուսաղէմ, Սուրբ Աւետարանի ճամբով հետեւելու Տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի Երուսաղէմ քաղաք մուտքի գըլ-խաւոր պատահարներուն։

Քրիստոսի Սուրբ Քաղաք մուտքը անօրինակ խանդավառութեան մթնոլորտ մը ստեղծած էր։ Մանուկներ, երիտասարդներ, ծերեր ճամբու վրայ իրենց զգեստները կը փռէին. արմաւենիի եւ ձիթենիի ճիւղերով կը դիմաւորէին Քրիստոսը, բարձրաղաղակ գոչելով. «Օրհնեա՜լ է այդ թագաւորը, որ կու գայ Տիրոջ անունով. Խաղաղութի՜ւն երկնքի մէջ եւ փառք բարձունքներու վրայ» (Ղուկաս, 19.38). «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին. Օրհնեա՜լ է ան, որ կու գար Տիրոջ անունով։ Օրհնութիւն բարձունքներու մէջ» (Մատթէոս, 21.9)։ Ժողովուրդը որ թագաւոր կը կոչէր Քրիստոսը, իսկութեան մէջ մարդոց երեւակայութեան մէջ պատկերացուցած յաղթական թագաւորներու հետ կապ չունէր։ Իր առջեւէն ընթացող հեծելազօրք ու զինուորներ չկային եւ մանաւանդ յաղթական ըլլալու հանգամանքը արդարացնող ձիու վրայ չէր հեծած Ան, այլ ընդհակառակը մուտք կը գործէր աւանակի մը վրայ հեծած։ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքով «ամբողջ քաղաքը դղրդեցաւ» (Մատթէոս, 21.10)։

Աշխարհի Փրկիչը երբ կը ծնէր, ծննդեան աւետիսը պատճառ դարձած էր, որ Հերովդէս ու անոր հետ ամբողջ Երուսաղէմը խռովէր։ Այս խռովքը ծագում կ՚առնէր գահազրկութեան երկիւղէն։ Սակայն այդ խռովքը, որ նաեւ դուռ բացաւ անմեղ մանուկներու կոտորածին, բանի մը չծառայեց։ Աստուծոյ փրկութեան ծրագրի գագաթնակէտը տակաւ առ տակաւ սկսաւ յառաջ գալ։ Հօր Աստուծոյ կամքով քայլ առ քայլ սկսաւ իրականանալ եւ մարդիկ երեք տարի բարեբախտութիւնը ունեցան լսելու Սուրբ Աւետարանի քարոզութեան։ Այս անգամ քաղաքը դղրդած էր, այն առումով որ դղրդիւնը կապուած էր գալիլիացի բոկոտն վարդապետի նկատմամբ ընծայուած ծայր աստիճանի բարձրամակարդակ պատիւի մը հետ, որով կը նսեմանար փարիսեցիներու ծանօթ դասակարգը։ Անհանգստութիւն մը, որ նաեւ զարմանք կ՚առթէր ու այդ զարմանքը կ՚արտայայտէին «կը տեսնէ՞ք թէ ոչ մէկ օգուտ կ՚ունենաք. Ահաւասիկ ամբողջ աշխարհը անոր ետեւէն գնաց» (Յովհաննէս, 12.19) ըսելով։

Այս խանդավառութեան առընթեր կար երեւոյթ մը, որուն հերոսներն էին՝ մանուկները։ Անոնց զիլ ձայներով արտասանուած «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին» բառերը, արդէն իսկ նսեմացած, ստուերի տակ մնացած փարիսեցիներուն, քահանայապետ եւ դպիրներուն բարկութեան դուռ բացած էր։ Չէին հանդուրժեր որ Քրիստոսը մեծարելու, յարգելու համար տղոց աղաղակներով լսելի դառնային իրենց ակնկալած Մեսիայի համար վերապահուած սաղմոսները։ Գուցէ իրենց այդ բարկութեան մէջ փորձած էին մանուկները լռեցնել։ Եւ Քրիստոսի մօտենալով իրենց բարկութիւնը յայտնեցին ու պահանջեցին, որ միջամտէր մանուկներու խանդավառութեան։ Իսկութեան մէջ Սաղսոսաց Գրքի բառերը կեանքի կը կոչուէին. «Մանկանց եւ կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր՝ քու թշնամիներուդ համար, որպէսզի թշնամին ու վրէժխնդիրը լռեցնես» (Սաղմոսք, 8.2)։ Քրիստոս, որ «Թոյլ տուէք մանուկներուն եւ մի՛ արգիլէք զանոնք որ ինծի գան, որովհետեւ երկնքի արքայութիւնը այդպիսիներուն է» (Մատթէոս, 19.14) ըսած էր, կրնա՞ր մանուկները յանդիմանել ու իրենց խանդավառութիւնը մարել, պարզապէս ընթացք տալու համար նախանձոտ անձերու պահանջին։ Քրիստոս իրաւ է որ յանդիմանեց, սակայն յանդիմանութիւն ընկալողները ոչ թէ մանուկները եղան, այլ՝ անոնք, որոնք մանուկները լռեցնել կ՚ուզէին. «Կ՚ըսեմ ձեզի, եթէ ատոնք լռեն՝ այդ քարերը պիտի աղաղակեն»։ Երուսաղէմի տաճարի քարերը վկայ եղած էին Քրիստոսի քարոզութեան։ Մարդիկ ականատես եղած էին Իր գործած հրաշքներուն։ Մանաւանդ իրենց հասած էր Քրիտոսի ներկայութեամբ ու խօսքով չորեքօրեայ մեռեալ Ղազարոսի յարութիւն առած ըլլալու լուրը։ Իսկութեան մէջ անոնք բաւ էր հասկնալու Քրիստոսի նկատմամբ ժողովուրդի ցուցաբերուած խանդավառ կեցուածքը։ Սակայն անոնք իրենց սրտերը կարծրացուցած ըլլալով, չէին կրնար հասկնալ ու թափանցել Քրիստոսի առաքելութեան փրկարար խորհուրդի իմաստին։ Կարծես անոնց կեցուածքին մէջ կ՚իրականանար Եսայեայ մարգարէութիւնը, որ ակնարկութիւն էր ժողովուրդի յամառութեան. «Լսելով պիտի լսէք, բայց պիտի չիմանաք, ու տեսնելով պիտի տեսնէք բայց պիտի չգիտնաք» (Եսայի, 6.9)

Քրիստոսի ժամանակակից մանուկներու խանդավառութիւնը թող խանդավառէ նաեւ մեզ։ Տրտմութեամբ համակուած մեր հոգեվիճակին լոյս սփռէ, կենդանութեան ջուր սրսկէ եւ մենք մեր բնակարաններուն մէջ ողջունենք Քրիստոսի գալուստը։ Օրուան սուրբգրային ընթերցումները բոլորիս համար վերածուին «Ովսաննա ի բարձունս» աղաղակներու։ Ապրինք Երուսաղէմի ժողովուրդին ապրած հոգեւոր երջանկութիւնը։ Յիսուս Քրիստոսը՝ մեր Փրկիչը խանդավառութեամբ ընդունինք մեր Երուսաղէմներուն՝ Աստուածային օրհնութեամբ կազմուած սուրբ ընտանիքներէն ներս։ Հրաւէր մըն է սա մանաւանդ մեր մայրերուն եւ հայրերուն։ Մեր զաւակները ձգենք որ Քրիստոսի մօտենան։ Այս տօնին կ՚ակնկալուէր, որ մեր մանուկները մասնակցէին մատուցուած Ծաղկազարդի Ս. Պատարագներուն ու աւարտին ստանային Եկեղեցւոյ օրհնութիւնը։ Իրաւ է, թէ բացառութիւնները յարգելով, ընդհանրապէս մատով համրուած թիւով մանուկներ ներկայ կ՚ըլլան այս արարողութեան, սակայն եկեղեցին ուրախ կ՚ըլլայ անոնց ներկայութեամբ։ Սիրելիներ, մանաւանդ այս օրերուն երբ երէցներու կարգին մանուկներ, պատանիներ եւս կը մնան փակ դռներու ետին, լաւ պիտի ըլլայ անոնց ներկայութեամբ կատարուած աղօթասացութիւնը։ Համացանցի վրայ կան աղօթքներ։ Միասնաբար ամփոփուելով կարդացէք զանոնք, որպէսզի դոյզն իսկ չափով անոնց կեանքէն ներս ներարկած ըլլաք Աստուծոյ սէրը, Անոր գթութիւնը, Անոր ողորմութիւնը, Անոր զօրութիւնը եւ մանաւանդ սորվին թէ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» եւ մենք, սիրով կ՚ենթարկուինք Իր հզօր կամքին։ Մեր զաւակները այս դժուարին պահերուն առտնին ուսուցման ծրագիրներուն, մանաւանդ այս շրջանին լաւ կ՚ըլլայ, որ անոնք ուսուցման ծրագրին առընթեր հաղորդ դառնան Աւագ շաբթուան եւ Սուրբ Զատկի իմաստին։ Եկեղեցին կ՚ակնկալէ, որ անոնք դառնան մանուկներ, որոնց բերանները Աստուծոյ փառքը կ՚երգեն։ Մի՛ արտօնէք, որ անոնք լռեն։ Մեր վաղեմի ընտանեկան յարկերու, տաճարներու, վարժարաններու քարերը վկաները եղած են մեր սրբութիւններու աւանդական պահպանման ոգիի դրսեւորումներու։ Ուստի անոնք կարողութիւն ունին խօսելու։ Մենք անոնց խօսքերուն լսելու փոխարէն, լսենք մեր զաւակներուն ձայնին, իրենց աւանդուած սուրբ գիտելիքներու արձագանգին։

Մեր բազմադարեան ալեհեր աշխարհը ո՜վ գիտէ քանի՛ անգամներ ինչպիսի դժուարին դէպքերու ականատեսը եղած է։ Մերօրեայ շրջանին այս ժահրի վարակը տակնուվրայ ըրաւ աշխարհաբնակ մարդկութեան առօրեան։ Մեր աղօթքն է, որ Աստուած իր հրաշագործ Աջին հովանիով ազատէ մարդկութիւնը այս ախտաւոր վիճակէն։ Երբ մեր առտնին աղօթաժողովին մէջ կը հետեւինք ու կ՚աղօթակցինք կատարուած արարողութեանց, կը կրկնենք Վեհափառ Հայրապետի արտասանած աղօթքին բառերը. «Բարերար եւ բազումողորմ Աստուած, ընդունէ մեր երկրպագութիւնը, եւ լսէ մեր աղաչանքները, որովհետեւ Քեզ ապաւինելով կ՚ակնկալենք առատ ողորմութիւնդ եւ անսպառ գթութիւնդ: Անսալով մեր աղաչանքներուն՝ բժշկութիւն պարգեւէ բոլոր հիւանդներուն, վարակէն ապաքինուող բոլոր անձերուն։ Հեռու վանէ վախն ու տագնապը անոնցմէ, որոնք բուժման ընթացքի եւ կամ մեկուսացման մէջ են: Պահէ ու պահպանէ իրենց ընտանիքներն ու բարեկամները եւ խաղաղութիւն պարգեւէ իրենց բոլոր սիրելիներուն»:

Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը ուրախութեան առիթ է։ Լսենք Սուրբ Գրքի բառերուն, ընդառաջելով ուրախանալու կոչին. «Այսօր Տիրոջ յաղթանակին օրն է. Եկէք ցնծանք եւ ուրախանանք։ Ո՜վ Տէր, եկուր փրկէ մեզ. Առաջնորդէ մեզ ո՜վ Տէր։ Օրհնեա՜լ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով։ …Տէրն է մեր Աստուածը, որ իր լոյսը տուաւ մեզի. …Դուն ես Աստուածս գոհութիւն քեզի. Աստուածս ես դուն, հազար փառք քեզի։ Գոհութիւն յայտնեցէք Տիրոջ՝ որովհետեւ բարի է, անոր սէրը յաւերժական է» (Սաղմոսք, 118 [117].24-28)։

Աստուած ընդունի մեր բոլորին աղօթքները, զորս կատարենք նմանելով մանուկներու, որոնք իրենց անմեղունակ սրտի փափաքներով կը ներկայանան իրենց Երկնաւոր Հօր։

Աստուածային օրհնութիւնը եւ հրաշագործ զօրութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից մեր բոլորին հետ ըլլայ. ամէն։

 

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

«Ժամանակ»/Պոլիս