image

Պսակաձեւ ժահրը մեր դռներո՛ւն է...

Պսակաձեւ ժահրը մեր դռներո՛ւն է...

Հայ լրագրողի մը արկածները, 27-3-2020)

 

Coronarius virus ad portam!!!

Պսակաձեւ ժահրը մեր դռներո՛ւն է...

 

***«Քսաններու խմբակը..որոշեցին արագօրէն շարժիլ»:

---Պէտք է ըլլայ որոշեց՝ եզակի, քանի  խմբակը   ենթական եզակի է:

Ենթակային հաւաքական գոյական ըլլալը պատճառ  չէ, որ բայը յոգնակի դրուի:

Խումբը որոշեց, բանակը արշաւեց, աշակերտութիւնը աւարտեց, ընտանիքը հանդիպեցաւ:

---արագօրէն շարժիլ

Շատ ծանր ոճ է, ինքնուրոյն կրկնաբանութիւն մը. արագ արդէն մակբայ է, ուրեմն կը բաւէ ըսել արագ շարժիլ, որ անհամեմատ աւելի բարեհունչ ու կոկիկ է, քան արագօրէն շարժիլ-ը, որ կը նմանի ծանրաշարժ ու ժանգոտած հրասայլի, որ... չի կրնար տեղէն շարժիլ:

Ուրեմն՝ «Քսաններու խմբակը որոշեց արագ ղարժիլ»:

 

***«Ժահրին հետ առնչուած իրավիճակ»

    «Տարածման  առնչուած իրավիճակ»

    «Ժահրին առնչուած կացութիւնը» (

---Այս երեքը  շարահիւսական հոմանիշներ են, որոնք պարտէին ունենալ նո՛յն կառոյցը:

Աւելորդ ու սխալ է առաջինին  հետ յետադրութիւնը:

Ճիշդ են մնացեալ երկուքը՝ առանց հետ-ի:

 

***«Ան ընդգծեց, որ որքան  արդիւնաւէտ  ըլլան որոշումները»:

---Ընթերցողը կը նկատէ, «որ որքան» զոյգին  խժալուրութիւնը: 

Մեր լեզուի քերականութիւնն ու ոճաբանութիւնը երկու միջոցներ կը դնեն խօսողին ու գրողին տրամադրութեան տակ, որպէսզի այսպիսի  կառոյցներ չաղարտեն հայերէնը:

ա) Հարցական բառ բովանդակող նախադասութիւնը կը սկսի թէ շաղկապով եւ ոչ թէ որ շաղկապով:

բ)  Երբ շաղկապին  յաջորդող բառը կը սկսի շաղկապին հետ համահունչ հնչիւնով մը կամ հնչիւնախումբով մը, պարտինք ընտրել ուրիշ՝ հոմանիշ շաղկապ մը:

Քանի  այս պարագային ունինք որքան հարցական դերանունը,  միւս կողմէ՝ շաղկապին յաջորդող բառը կը սկսի որ-ով, ուրեմն պարտինք վանել որ շաղկապը եւ ընտրել անոր հոմանիշ թէ շաղկապը:

Ուրեմն՝ «Ընթերցողը կը նկատէ, թէ որքան...»:

Այս էջը շարադրողը անտեղեակ է այս երկու միջոցներուն հաւասարապէս:

 

***«Տնօրէնը հաստատեց, որ ունի 38 վարակուած պարագայ»:

---Յանուն եզրաբանութեան ազնուացումին՝  կարելի չէ՞ արդեօք պարզապէս ըսել «վարակակիր»՝ փոխան «վարակուած պարագայ»-ի: Ուրեմն՝ «...որ ունի 38 վարակակիր»:

Մտածենք այս մասին:

 

***Տիապ  կոչ ուղղեց միայն անմիջական եւ շտապ պարագաներ ընդունելու»:

---Անմիջական-ը չի կրնար շտապ չըլլալ, իսկ շտապ-ը չի կրնար անմիջական չըլլալ:

Ասոնցմէ մէկը աւելորդաբանութիւն է, որովհետեւ զիրար կրկնող հասկացութիւններ են:  

Կրկնաբանութեան մնայուն ախտն է, որ կը հալածէ այս էջը եւ մեզ՝ընթերցողներս:

 

***Անձնական գրասենեակներ ունեցող բժիշկները պէտք է ենթարկուին որոշումներուն»:

---Գրասենեակ գոյականը յոգնակի կիրարկելու կարիք բացարձակապէս չկայ, սխալ ալ է:

Այսպէս կարելի ըլլար  գրել,– թերե՜՜՜ւս,– եթէ իւրաքանչիւր բժիշկ  10-20 գրասենեակ ունենար:

Կւ բաւէ ըսել՝ «Անձնական գրասենեակ ունեցող բժիշկները պէտք է ենթարկուին...»:

Աննախապաշար միտքով բաղդատեցէք երկու կառոյցները եւ պիտի նկատէք  առաջինին ճապաղութիւնը եւ երկրորդին ազնւութունը: 

Մեր լրագրողները կը տիրապետեն հայոց լեզուն յօշոտելու բազում միջոցներու, որոնցմէ մէկն ալ,– ոչ նսեմագոյնը,– այս անհարկի յոգնակիներն ու կրկնաբանութիւններն են, որոնց ժահրը  բուժուելու կամ  նահանջելու ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ:

 

***«Շարաֆ ընդգծեց, որ այս փուլին ընթացքին բոլորը պատասխանատու են»:

---Հայերէնի տրական հոլովը ընդհանրապէս  բաւարար է գործողութեան մը ժամանակը ցոյց տալու, քերականական եզրաբանութեամբ՝ ժամանակի պարագայի պաշտօն կատարելու: Ըստ այսմ ալ փուլին տրակաանը բաւարար էր  ակնկալուած միտքը արտայայտելու:

Այսինքն՝ «Այս փուլին՝ բոլորը պատասխանատու են»:

Նաեւ՝ «ժողովին զրուցեցինք»,– ո՛չ  «ժողովի ընթացքին»,  «երեկոյեան  կը հանդիպինք»,– ո՛չ «երեկոյեան ընթացքին», «դադարին մօտեցայ  իրեն»,– ո՛չ «դադարի ընթացքին»:

 

***«Նասիֆ Հըթթի հաստատեց, որ նախարարութիւնը  ամէն ջանք ի գործ կը դնէ արտերկրի լիբանանցիներուն, յատկապէս օտար երկիրներու մէջ լիբանանցի ուսանողներուն օժանդակութիւն հասցնելու, յատկապէս  այն ուսանողներուն, որոնք նիւթական  ծանր պայմաններու մէջ կը գտնուին»:

---Ինչպէս կը նկատէք, նոյն ժահրն է՝ կրկնաբանութեան ժահրը՝ յատկապէս...յատկապէս, որ կը հիւծէ մեր լեզուն,  կը լլկէ մեր  միտքը, կը սնանկացնէ մեր բառապաշարը:

Սակայն այս չէ բոլորը. կայ եւ աւելին՝ ան կը խողխողէ մեր տրամաբանութիւնը:

Հըթթիի որոշումին թիրախներն են  օտար երկիրներ գտնուող լիբանանցի ուսանողները՝  ընդհանրապէս  եւ նիւթական  ծանր պայմաններու մէջ գտնուող  ուանողները՝ մասնաւորաբար:

Արդ, երբ այս երկու դասակարգերուն պատկանող ուսանողներուն  համար կը կիրարկուի նոյն յատկապէս մակբայը,  ա՛լ ինչպէս կ’ուզենք, որ անոնք զանազանուին կամ ինչո՞վ  պիտի զանազանուին անոնք:

Այստեղ եւս նոյն ժահրն է՝ կրկնաբանութեան գերվարակիչ ժահրը, որ հանգիստ չի տար մեզի, տնկուած է մեր գլխուն վեվրեւ ու ամէն վայրկեան կը մրճահարէ մեր ուղեղները:

Որպէսզի զանազանութիւն մը դրուէր ուսանողներուն՝ ընդհանրապէս,  եւ չքաւոր ուսանողներուն  միջեւ ՝ մասնաւորաբար, ապա պարտէինք գործածաել երկու տարբեր մակբայներ, որոնց երկրորդը աւելի զօրաւոր ըլլար, քան առաջինը, այլ խօսքով՝ այդ երկու մակբայները ենթարկուէին  խօսքի աստիճանաւորումի օրէնքին:

Շատ պարզ է, սակայն պէտք էր մտածել այդ մասին. ահա ինչպէս՝

            «Նասիֆ Հըթթի հաստատեց, որ նախարարութիւնը  ամէն ջանք ի գործ կը դնէ արտերկրի լիբանանցիներուն, յատկապէս օտար երկիրներու մէջ լիբանանցի ուսանողներուն օժանդակութիւն հասցնելու, մասնաւորաբար այն ուսանողներուն, որոնք նիւթական ծանր պայմաններու մէջ կը գտնուին»:

            Մասնաւորաբար-ը կարելի է փոխարինել  մանաւանդ-ով ալ:

            Այս շարադրանքով՝ մենք ինչ-որ նախապատւութիւն մը տուած կ’ըլլանք «ծանր պայմաններու մէջ գտնուող ուսանողներուն»:

            Մասամբ փրկած կ’ըլլանք հայերէնի այնքան  վիրաւոր  վարկը եւս:

 

 armenag@gmail.com

 Արմենակ Եղիայեան