image

Հերքելով «Քորոնա» ժահրին պատճառած ճգնաժամը՝ Էրտողան կը վտանգէ 80 միլիոն թուրքերու կեանքը

Հերքելով «Քորոնա» ժահրին պատճառած ճգնաժամը՝ Էրտողան կը վտանգէ 80 միլիոն թուրքերու կեանքը

Աշխարհը կտրուկ կերպով փոխուած է վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին՝ մահացու «Քորոնա» ժահրի անսպասելի տարածման պատճառով: Ամբողջ աշխարհի տարածքին հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ մեկուսացած են իրենց տուներուն մէջ՝ վախնալով շփուիլ ոեւէ մէկուն հետ, որ կրնայ վարակակիր ըլլալ:

Բռնակալական քանի մը պետութիւններու ղեկավարներ չշտապեցին արձագանգել ժահրին՝ հերքելով, որ այդ մէկը լուրջ խնդիր է իրենց երկիրներուն մէջ: Ի վերջոյ, քանի որ հետզհետէ աւելի ու աւելի մարդիկ կը վարակուէին, այդ ղեկավարները վերջապէս գիտակցեցան եւ անյապաղ սկսան միջոցներու ձեռնարկել, իրենց ժողովուրդը պաշտպանելու համար:

Նման անպատասխանատու ղեկավարներէն մէկը Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանն է: Ամերիկեան ձեռնարկութիւններու հիմնարկի գիտաշխատող Մայքըլ Ռուպին 16 Մարտ 2020ին ծաւալուն յօդուած մը գրեց The National Interest երկշաբաթաթերթին մէջ՝ «Մոլախաղ 80 միլիոն կեանքերու հետ․ ինչո՞ւ Էրտողան կը ստէ «Քորոնա» ժահրի մասին» խորագրով։

Ռուպին վկայակոչեց Փիթզպըրկի համալսարանի բժշկական դպրոցի թուրք մանկաբոյժ, սրտանօթային վիրաբոյժ Էրկին Քոչեըլտըրըմը, որ գրութեան մը մէջ նկարագրած էր՝ «կեղծիքներ են թրքական կառավարութեան պնդումները՝ ստուգման արդիւնաւէտ գործիքի ստեղծման մասին»։

Թէեւ Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարը ի սկզբանէ հերքեց, որ Թուրքիոյ մէջ առկայ են «Քորոնա» ժահրի դէպքեր, վարակի տարածման մասին լայն տարածում գտած պնդումներէն ետք թրքական իշխանութիւնները ձերբակալեցին տեղեկատուները։ 64 թուրքեր եւս բանտարկուեցան կեղծ եւ սադրիչ տեղեկութիւններ տարածելու մեղադրանքով։ Աւելին, պետական վերահսկողութեան տակ գտնուող թրքական մամուլի խորհուրդի անդամները պնդեցին, որ «թրքական ծինը վարակազերծ կը դարձնէ թուրքերուն մեծամասնութիւնը», յայտնեց Ռուպին։

Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի բացակայութեան մասին Էրտողանի ստախօսութիւնները Ռուպին վերագրած է անոր «ամբարտաւանութեան եւ տգիտութեան վտանգաւոր միացման․․․: Աւելի մեծ դրդապատճառ կրնայ ըլլալ վախը: Թէեւ Թուրքիոյ ժողովրդագրութիւնը կը փոխուի յօգուտ Էրտողանի, քանի որ Թուրքիոյ Անաթոլիոյ կեդրոնական տարածքէն պահպանողական ընտանիքներու թիւը կ՛աճի՝ կեդրոնական Սթամպուլի եւ  միջերկրական ծովու ափերուն ապրող եւրոպականացած թուրքերու համեմատութեամբ, սակայն տնտեսութիւնը կը խարխլուի: 2010ին Էրտողան խոստացաւ, որ 2023 թուականին՝ Թուրքիոյ հարիւրամեակին, Թուրքիա պիտի դառնայ աշխարհի տասը տնտեսութիւններէն մէկը: Նոյնիսկ նախքան «Քորոնա» ժահրը, Թուրքիա յաջողակ կ՛ըլլար մնալով լաւագոյն քսանեակի մէջ, քանի որ փտախտը, ընտանեվարութիւնը, քաղաքական միջամտութիւնը գործարարութեան մէջ եւ համատարած անարդիւնաւէտ կառավարումը միացած են՝ յօդս ցնդեցնելով Թուրքիոյ տնտեսութեան մասին վստահութիւնը»։

Էրտողանի կողմէ Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման մասին քողարկման միւս պատճառը՝ զբօսաշրջութեան ճարտարարուեստի փլուզման վախն է։ «2018ին Թուրքիոյ զբօսաշրջութիւնը կազմած է մօտաւորապէս 30 միլիառ տոլար: Ուղիղ տարի մը առաջ, Էրտողան խոստացաւ, որ Թուրքիա պիտի հիւրընկալէ 50 միլիոն զբօսաշրջիկ՝ այդ ցուցանիշը բարձրացնելով առնուազն 20 տոկոսով: Ասոր աւելցուցած՝ Թուրքիոյ 12 միլիառ տոլարի ներդրումը Սթամպուլի նոր օդանակայանին, որ կ՛ակնկալուի ըլլալ ամէնէն մեծը աշխարհի մէջ եւ ուր, ըստ լուրերուն, Էրտողան եւ իր ընտանիքը մեծ ներդրումներ կատարած են։ Կը թուի, թէ Էրտողան փորձած է թերագնահատել «Քորոնա» ժահրի մասին զեկոյցները, որպէսզի խրախուսէ զբօսաշրջային տոլարներու շարունակական հոսքը: Այսպէսով ան կը ձգտէր ոչ միայն յիմարացնել ռուսերը, եւրոպացիներն ու ամերիկացիները, այլեւ վտանգել անոնց կեանքը: Ի դժբախտութիւն Թուրքիոյ, ամէնէն սուղ գինը պիտի վճարեն թուրքերը, քանի որ Թուրքիա կը սպառնայ դառնալ վարակի յաջորդ մեծ օճախը։ Թուրք բժիշկի մը գնահատումով, թուրքերու մինչեւ 60 տոկոսը ներկայիս կրնայ վարակուած ըլլալ եւ, որ Էրտողան կը  դանդաղեցնէ ստուգումը՝ կանխելով աղէտի չափերուն բացայայտումը։ Մահերը անխուսափելի էին, սակայն Էրտողանի խարդախութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, իր երկրին մէջ պատճառ կը դառնայ հարիւր հազարաւոր նոր մահերու, որոնք կ՛աւելնան Թուրքիոյ մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող տասնեակ դէպքերուն, սակայն անոնց մասին պաշտօնապէս չի հաղորդուիր»։

Իրավիճակը աւելի սրելով, ինչպէս շարք մը այլ երկիրներու մէջ, թրքական հանրութիւնը կեղծ բուժումներ յօրինած է «Քորոնա» ժահրին դէմ: Նազլան Էրթան Al-Monitor կայքին մէջ գրած է, որ թուրքերը այժմ կ՛ապաւինին կանեփին եւ ոչխարի միսով խաշին՝ սարսափելի վարակին դէմ պայքարելու համար։

 «Ենի Աքիթ» օրաթերթի յայտնի իսլամիստ սիւնակագիր Ապտուրահման Տիլիփաք կը կարծէ, որ կանեփը «կրնայ լուրջ խոչընդոտ ստեղծել վարակի համաշխարհային տարածման համար»: Տիլիփաք, որը Թուիթըրի մէջ ունի 700 հազար հետեւորդ, մօտաւորապէս վեց անգամ աւելի՝ քան իր թերթին տպաքանակը, նաեւ կոչ ըրած է իր թուրք ընթերցողներուն՝ խուսափիլ արտասահմանեան պատուաստանիւթերու ստացումէն, քանի որ անոնք կրնայ ըլլալ  պարունակեն ամլացման միջոցներ՝ այդ պատուաստանիւթերը կապելով արիական դաւադրութեան հետ։

Աւելին, երբ թուրք փրոֆեսըր մը առաջարկեց «քելլէ փաչայով» (ոչխարի գլխու միսով խաշ) բուժումը, բազմաթիւ թուրքեր խռնուեցան ճաշարաններու մօտ՝ խաշը գերադասելով ընկերային հեռաւորութենէն։ «Քորոնա» ժահրի բռնկումը յանգեցուցած է «քելլէ փաչայի» պահանջարկի կտրուկ աճին», հաղորդած է «Հիւրիեթ», 16 Մարտին։ «Լրատուական յօդուածներէն ետք, աճած են «քելլէ փաչայի» պատուէրները, ինչպէս ճաշարաններու, այնպէս ալ դուրս տարուող», ըսած է Իզմիրի կեդրոնը գտնուող «Իզմեթ Ուստա» յայտնի ճաշարանի մատուցողը։

«Այս բոլոր միջոցները, սկսած՝ ձեր կոկորդը քացախով մինչեւ որեւէ տեսակի ապուրով լեցնելը, անօգուտ են», ըսած է Վարակիչ հիւանդութիւններու ոչ կառավարական ընկերակցութեան նախագահ Մեհմեթ Չէյլան NTV լրատուականին, 16 Մարտին։ «Ասոնք գիտական չեն եւ պէտք չէ տարածուին (լրատուական միջոցներով կամ բերնէ-բերան)».

Բարեբախտաբար, վերջին օրերուն շրջադարձային վերաբերում տեղի ունեցած է թուրք պաշտօնեաներու մօտեցման մէջ, ժահրին նկատմամբ: Անոնք այժմ կոչ կ՛ուղղեն բնակչութեան մնալ տունը ինքնամեկուսացման մէջ՝ վարակներէ խուսափելու համար: Յոյսով եմ, որ ձեռք առնուած միջոցները շատ ուշացած չեն եւ միլիոնաւոր թուրքեր արդէն իսկ վտանգի մէջ չեն: «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած 1236 վարակուածներու եւ մահուան 30 դէպքերու մասին յայտարարուած թիւերը չեն ցոլացներ իրական պատկերը:

Այս ճգնաժամային պահուն բոլորին կը մաղթենք քաջառողջութիւն՝ անկախ ազգութենէն, կրօնքէն կամ մորթի գոյնէն: Յոյսով ենք, որ այս վնասակար հիւանդութիւնը անխուսափելիօրէն կ՛օգնէ մարդոց եւ ժողովուրդներուն մերձենալու՝ անտեսանելի ընդհանուր թշնամիին դէմ միացեալ ուժերով պայքարելու համար:

 

Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան