image

Աղօթք Առ Աստուա՞ծ Թէ՞ Առ Բարերար. Աւետիս Ռազմիկ

Աղօթք Առ Աստուա՞ծ Թէ՞ Առ Բարերար.  Աւետիս Ռազմիկ

Ամէն տեսակի մրցակցութեան մասին իմացած էինք, բայց եկեղեցաշինութեան մրցակցութեան շուրջ՝ ոչ: Այս, մօտա կը թուի ըլլալ:

Գեղակերտ եկեղեցիներ կառուցելու թափ մը առած է վերջերս, որ ակամայից մեզի կը յիշեցնէ մեր պատմութեան այն խոտելի երեւոյթը, երբ աւատապետներ թէ նախարարական տուներ աւելի կը մտահոգուէին եկեղեցիներով՝ քան հաւատացեալներով, կը սիրէին վանքեր՝ քան ամրոցներ, կ'ուզէին տեսնել աւելի եկեղեցականներ՝ քան ռազմիկներ:

Ոչ ոք կրնայ հարցականի տակ առնել հոգեւոր տուներու կարեւորութիւնը հայրենիքի թէ հայագաղութներու մէջ. ոչ մէկ խծբծանք արդարացի է անոնց հասցէին՝ որոնք հաւատքի զօրութենէ մղուած կը ցանկան եկեղեցի կառուցել տալ. անընդունելի է փնովել բարերար մը, եթէ անբասիր մտօք եւ բարի սրտով աղօթատեղի կը սարքէ:

Սակայն, եկեղեցիներու օծման արարողութիւնները, անոնց անուանակոչումները, քարոզչութեան բնոյթն ու անոնց պերճակերտ արտաքինը ակամայից շփոթել կու տան՝ թէ անոնք Աստուծոյ տունե՞ր են թէ՞ կազմակերպուած ցուցադրութիւններ՝ (շօ-show) հեղինակութիւն շինելու եւ բազուկ ցոյց տալու. ընտրապայքարներու նպատա՞կ կը հետապնդեն թէ՞ մարդոց մէջ հաւատք կը փորձեն սերմանել:

Գիտենք, թէ եկեղեցին ունի երկու իմաստ: Առաջին՝ հաւատացեալ հաւաքականութիւնը, որ ո՛ւր որ ալ ըլլայ, ինչպիսի՛ պայմաններու մէջ ալ գտնուի, ի՛նչ համեստ կացութեան մէջ ալ ապրի, եթէ համախմբուի եւ փառաբանէ զԱստուած, հաղորդակցուի Անոր հետ՝ հոգեւոր զօրութեամբ եւ որդեգրէ քրիստոնէավայել վարք ու բարք՝ կը դառնայ եկեղեցի. կարեւորը մարդն է ու իր հոգին: Երկրորդ՝ այն կառոյցը, հոգեւոր երդիքը, որուն հոգեպարար եւ վեհացնող կամարներուն տակ հաւատացեալը կրնայ ծունկ մը աղօթք մրմնջել, լղարիկ մոմ մը վառել, խունկ ծխել ու վերանալ առ Աստուած: Ուրեմն՝ առանց առաջինին՝ հաւատացեալներու, երկրորդը՝ կառոյցը՝ լոկ շինութիւն է՝ ճարտարապետական ինքնատիպ յղացքով ու հարթաքանդակներով, խոյակներով ու սրբապատկերներով, իր ազդեցիկ արտաքինով եւ վեհանիստ շուքով:Արդ, ո՞րն է առաջնային, մա՞րդը թէ՞ քարը: Առանց հաւատացեալի ի՞նչ իմաստ ունի շինութիւնը:

Վերջերս Սեւան (Սբ. Հրեշտակապետաց) եւ Արտաշատ (Սբ. Յովհաննէս) քաղաքներուն մէջ նորակերտ եկեղեցիներուն օծման արարողութեանց մասնակիցներուն շքեղ ինքնաշարժերուն ցուցահանդէսը, պաշտօնատար անձանց շքերթը, արարողակարգային տօնահանդէսները պահ մը մտածել կու տան, թէ բարերարներ (դուք հասկցէք օլիկարխներ, չինովնիկներ, պետական բարձր պաշտօնեաներ) բաւականի՜ն հեռու են ժողովուրդին «տարտ ու ցաւ»էն, քանի նոյն օրերուն ժողովուրդը կը տագնապէր Հայաստանի ելեկտրուժին թանկացումներուն հետեւանքներով, առաւել աւազախրող տնտեսական կացութեամբ, օրապահիկի կարօտ քաղաքացիներու տուայտանքներով:

Մարդ կը տարուի երկու մտորումներով:

Առաջին. ժողովուրդին յուսալքութեան պատճառով ահագնացող հայրենալքումին ի տես, որո՞ւ համար են եկեղեցիները: Տակաւին անցեալ ամիս Նուպարաշէնի (Սբ. Նահատակաց), Երեւանի (Սբ. Աննա) եկեղեցիներու բացման արարողութեանց կողքին, Երեւանի մէջ նոր եկեղեցւոյ (Սբ. Նահատակաց) հիմնարկէքը արդեօք քաղաքական եւ բարոյական դիրքի ու հեղինակութեան նուաճման պինդ լծակնե՞ր են, թէ՞ բարեպաշտութեան անսքող արտայայտութիւններ:

Ահա ցատկ մը դէպի պատմական անցեալ:

Հայկական ճարտարապետութեան գլուխ-գործոցը, անվիճարկելիօրէն Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցին կը հանդիսանայ. միջազգային մասնագէտներու իսկ հաւաստումներով: Կատարելատիպ ստեղծագործութիւն մը՝ Մանուէլ ճարտարապետին մտայղացմամբ եւ շինութեամբ: 915-921 թուականներուն կառուցուած եկեղեցին խորքին մէջ արդիւնքն է այդ ժամանակաշրջանին Արծրունի-Բագրատունի մրցակցութեան: Գագիկ Արծրունիի յանձնարարութեամբ վեր խոյացած եկեղեցին նպատակ կը հետապնդէր Արծրունեաց տոհմին հզօրացման եւ նկրտումներուն՝ ընդդէմ Բագրատունիներու: Եկեղեցին պիտի հրապուրէր կաթողիկոսը, Աղթամարը պիտի դառնար կաթողիկոսանիստ եւ այդպիսով Արծրունիներ ձեռք պիտի ձգէին բարոյական եւ քաղաքական ազդեցիկութիւն՝ իրենց դիրքերը ամրապնդելու՝ յաչս ժողովուրդին: Հետեւաբար, այդ հոյակերտը, որ ցայսօր հիացմունք կը պատճառէ այցելուներուն, կեանքի կոչուած է սեփական փառքի եւ տոհմական գահի նկատառումներով: Իրենց հերթին, Բագրատունիներ որպէս հակադարձութիւն, լայն թափով զարկ տուին եկեղեցաշինութեան Անիի, Կարսի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ:

Արդեօ՞ք կը կրկնուի պատմութիւնը:

Ի՞նչ եղան վերոնշեալ տաճարները: Պարզորոշ է՝ ամայացում: Այսօր Սուրբ Խաչը կարօտն ունի աղօթողի եւ պատարագի:

Երկրորդ. ի հարկէ, անյարիր է թելադրել բարերարի մը, թէ ինչի՞ վրայ պէտք է ծախսէ իր գումարը. սա իր անձնական եւ սրտաբուխ հայեցողութեան կը վերաբերի: Անփափկանկատութիւն է միջամտութեան որեւէ փորձ: Սակայն, արդեօ՞ք ժողովուրդը աւելի գործարաններու, աշխատատեղիներու, հիւանդանոցներու, կոկիկ մանկապարտէզներու կարիքը չունի այս օրերուն: Յումպէտս մսխումները ապարդիւն պերճանք չե՞ն, երբ ժողովուրդը կիսաքաղց, չնչին աշխատավարձերով իր գոյութիւնը կը քաշքշէ եւ այն ալ ղեկավարութեան աչքերուն դիմաց:

Ժողովուրդը հաց կ'ուզէ, ղեկավարութիւնը քար կու տայ:

Հողը մարդ կ'ուզէ, բարերարը եկեղեցի կու տայ:

Նորաթուխ եկեղեցաշէն բարերարները, կ'ենթադրեմ, որ քիչ-շատ եթէ ծանօթ ըլլային Աստուածաշունչին, աւելի հեզ եւ խոնարհ կեցուածք պիտի ունենային: Քրիստոս կը թելադրէ.- աջ ձեռքիդ տուածը, ձախը թող չիմանայ: Բայց, հայրենի բարերարները ամբողջ քարոզչական ցանցեր ի գործ կը դնեն գովասանքի եւ թմբկահարութեան համար: Հեռուստակայան մը կայ՝ զուտ փառաբանութեան ծառայող. «Տըժվըժիկ»ին պատմութիւնը կրկնօրինակող: Ֆէյսպուքեան լայքեր կը բանին՝ այս կամ այն մեծատունին արարքները փրփրաբերան շռայլող: Ինչքա՜ն հեռացած ենք քրիստոսաշունչ ոգիէն ու պատգամէն:

Իսկ փորձա՞ծ էք պրպտել մերօրեայ բարերարներուն կենսագրական գիծերը: Ասկէ 25 տարիներ առաջ, խորհրդային օրերուն, միջին մակարդակի մարդիկ էին անոնք՝ բոլորին նման, հաւասարութեան պայմաններուն: Ո՞վ կը յանդգնէր ինքզինք նիւթապէս առաւել փքուռոյց ցոյց տալու: Ամենափոքր բիզնեսմենը որպէս «սպեկուլանտ» կը դատապարտուէր:

Աւելի ուշ, նորելուկ հարուստները ինչպէ՞ս լիացան ու դարձան բարեգործ, բարեգութ, նախաձեռնող շինարար: Յստակ է, երկիրէն ու ժողովուրդէն 100 առին եւ մէկ մասը վերադարձնելով՝ եղան մեծահոգի, լիաբուռն եւ երկնառաք բարերարներ, եկեղեցաշէն առաքեալներ:

Իսկ որո՞նք են իսկական բարերարները:

Այս օրերուն կը կարդամ մեծ ուսուցչապետ, տնօրէն Բենիամին Ժամկոչեանի յուշերու հատորը (2010-ին հրատարակուած), որուն սկիզբները կը նկարագրէ 1900-ականներուն իր «ճաշակած» Մեզիրէի (Խարբերդի մօտ) Գերմանական Որբանոցին պայմանները, դաժան կեանքը հայ որբուկներուն: Էջ 65-ին մէջ ան կը գրէ.-

«Ուրկէ՞ կու գար այս Հաստատութեան դրամը: Խումբ մը քրիստոնեայ Գերմաններ ընկերութիւն մը կազմած էին: Ասոնք Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Տանիմարքայի, Շուէտի ու մերձակայ երկիրներու դիմելով բարերարներ կը ճարէին, որոնք մէկ կամ աւելի որբեր կ'որդեգրէին: Որդեգիրներուն համար անհրաժեշտ գումարները տալէ ետք՝ երբեմն գուլպայ, թաշկինակ, Ծնունդի յատուկ նուէրներ կը ղրկէին:

Բարերարներուն մէջ կային աղքատներ, որոնք լուացարարութեամբ շահուած ապրուստի միջոցներէն խնայելով՝ դրամ կը ղրկէին»:

Ուրեմն, Հայաստանի նորաշէն եկեղեցիներուն մէջ մեր աղօթքները որո՞ւ ուղղենք՝ առ Աստուա՞ծ թէ՞ առ բարերար:

Աւետիս Ռազմիկ    

«Արարատ»  Պէյրութ