image
Հրատապ լուրեր:

Ուրիշներուն կարծիքը

Ուրիշներուն կարծիքը

Մարդ որքան որ փափաք ունի ուրիշներուն սէրը եւ յարգանքը վայելելու, ա՛յնքան ալ պէտք է զգուշանայ անոնց ատելութեանը եւ զզուանքին նշաւակ ըլլալէ։ Ասիկա «համակրական հասկացողութեան» հարց մըն է, քանի որ կեանքի մէջ սէրն ալ, ատելութիւնն ալ բնական զգացումներ են, թէեւ սէրը՝ բաղձալի, իսկ ատելութիւնը՝ անբաղձալի՛։

Ուստի, մարդ պէ՛տք է գիտնայ, թէ երկուքին մէջ ալ վտա՛նգ կայ։ Անոնք որ շարունակ ուրիշներէ գովեստ եւ գնահատում կ՚ակնկալեն եւ կը պահանջեն, կրնան օր մը զիրենք գովողներուն գերին դառնալ եւ անոնց քմահաճոյքին գերին ըլլալ։ Ասիկա, կերպով մը, երախտագիտութեան շահագործո՛ւմն է, մոլին դառնալ գովասանքներու եւ ամբողջ կեանքը գովաբանուելու եւ փառաբանուելու ընթացք մը համարել։

Իսկ անոնք որ ուրիշներու ատելութեանը կ՚ենթարկուին, վտա՛նգ կայ որ անոնց թունալից թշնամական հարուածներուն տակ ընկճուին եւ ճզմուին՝ կեանքը վերածելով դժոխքի մը…։

Արդարեւ, կեանքի մէջ, ամէն ատեն չափաւորութիւնը պէտք է նախընտրել, եւ խուսափիլ ամէն չափազանութենէ եւ ծայրայեղութենէ։

Պարզութեան մէջ է, որ չափաւորութիւն կայ, քանի որ պարզութիւնը պատշաճութիւն կ՚ենթադրէ. պատշաճ կերպով կանոնաւորել բոլոր զգացումները, զսպել կիրքերը, որպէսզի աշխարհի բաներուն գործածութիւնը եւ կամաւոր աղքատութեան հոգիին հակադրուող հարստութիւններուն, փառասիրութիւններուն փարումը չշեղեցնեն մարդս սիրոյ կատարելութեան հետապնդումէն։

«Երանի՜ հոգիով աղքատներուն» (ՄԱՏԹ. Ե 3)։

Երանութիւնները կը յայտնեն դասաւորում մը երանութեան եւ շնորհքի, գեղեցկութեան եւ խաղաղութեան։ Ուստի, Յիսուս կը ներբողէ աղքատներուն տրուած ուրախութիւնը, քանի որ անոնց է Արքայութիւնը։ (ՂՈՒԿ. Զ 20)։

Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի կ՚ըսէ. «Աստուածային Բանը մարդկային հոգիին կամովին խոնարհութիւնը եւ հոգիով հրաժարումը կը կոչէ.- հոգիով աղքատութիւն, իսկ Առաքեալը Աստուծոյ աղքատութիւնը մեզի օրինակ կու տայ երբ կ՚ըսէ.- Աղքատացաւ մեզի համար. (Բ. ԿՈՐՆ. Ը 9)»։

Ճշմարիտ երջանկութեան բաղձանքը կ՚ազատագրէ մարդը այս աշխարհի ինչքերուն, ճոխութեան անչափ փարումէն եւ զայն կը կատարելագործէ Աստուծոյ տեսութեան եւ երանութեան մէջ։

Եւ դարձեալ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի կ՚ըսէ. «Աստուած տեսնելու Խոստումը կը գերազանցէ ամէն երանութիւն։ Աստուածաշունչին լեզուով, տեսնելը՝ ունենալ է։ Աստուած տեսնողը, արդէն ընդունած է ամէն բարիք, զոր կարելի է պատկերացնել»։

«Աստուծոյ Ծարաւ»ը կը յագեցուի յաւիտենական կեանքի ջուրով. (ՅՈՎՀ. Դ 14)։

Արդարեւ, կատարելութեան ճանապարհին վրայ, Հոգիին «Փեսան Աստուծոյ» հետ կատարեալ հաղորդութեան կոչումը կը յայտնուի անոր՝ որ զԻրենք կը լսէ. (ՅԱՅՏ. ԻԲ 17)։

Այս մասին, ահաւասիկ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Հոն պիտի ըլլայ իսկական փառքը, հոն ո՛չ ոք պիտի գովուի սխալմամբ կամ շողոմանքով. ճշմարիտ պատիւները ո՛չ պիտի մերժուին արժանաւորներուն, ո՛չ ալ պիտի տրուին անարժաններուն, արդէն ո՛չ մէկ անարժան պիտի յաւակնի հասնիլ հոն՝ ուր միայն արժանաւորները պիտի ընդունուին։ Հոն պիտի թագաւորէ ճշմարիտ խաղաղութիւնը, հոն ո՛չ ոք հակառակութեան պիտի հանդիպի, ո՛չ իր անձին կողմէ, ո՛չ ալ ուրիշներուն կողմէ։ Առաքինութեան վարձատրութիւնը նոյնինքն Աստուած պիտի ըլլայ, Ինք որ առաքինութիւնը մարդուն տուաւ եւ Ինքզինքն ալ անոր վարձատրութիւն խոստացաւ, Ան լաւագոյն եւ մեծագոյն վարձատրութիւնն է, որ կրնայ գոյութիւն ունենալ։ - Ես պիտի ըլլամ անոնց Աստուածը եւ անոնք պիտի ըլլան իր ժողովուրդս։ (ՂԵՒ. ԻԶ 12)։ Այս է նաեւ իմաստը առաքեալին խօսքերուն.- Որպէսզի Աստուած ըլլայ ամէն ինչ ամէնին մէջ. (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 28)։ Ան պիտի ըլլայ վախճանը մեր բաղձանքներուն, զԻնք զմայլանքով պիտի դիտենք անվերջ, պիտի սիրենք առանց յագենալու, պիտի գովաբանենք առանց յոգնութեան։ Եւ այս պարգեւը, այս սէրը, այս զբաղումը, ապահով, բոլորին հասարակաց պիտի ըլլան, ինչպէս յաւիտենական կեանքը»։

Արդարեւ «չափաւորութիւն»ը եւ «պարզութիւն»ը էական պայմաններն են առողջութեան, յաջողութեան։ Կրօնքն ալ, բանականութիւնն ալ, բարոյականն ալ այսպէս կը պահանջեն։

Այս պայմանները եւ պահանջները ամենէն սերտ կապ ունին, աղերս ունին մարդուս մարմնական եւ թէ հոգեկան գոյապահպանման եւ գոյատեւման հարցին հետ։ Մարդուս արիւնը, մկանները, ջիղերը, մէկ խօսքով ընդհանուր բնախօսական կազմուածքը չափաւոր եւ պարզ սնունդի մը իւրացումով աւելի՛ կորովի, աւելի՛ պինդ, աւելի՛ յարմար է որեւէ ծառայութեան։

Զեղխութիւնը եւ անժուժկալութիւնը մարդկային ամէն մարզի եւ յարաբերութեան մէջ, կը թունաւորեն ընդհանուր կազմուածքը, վատախտարակ կ՚ընեն մարդը եւ անընդունակ՝ ազնիւ եւ բարձրագոյն մտածութիւններու եւ գործերու։

Պարզութիւնը եւ չափաւորութիւնը անկեղծ եւ անխարդախ կեանքի մը անհրաժեշտ պայմաններն են։ Ուստի, հոն ուր պարզութիւն կայ, հոն կեղծիք չկա՛յ։ Ինչո՞ւ համար բարեկամութիւններ կասկածելի կը դառնան եւ տեսակ մը ձեւակերպութենէ անդին չեն անցնիր։ Որովհետեւ բարեկամութեան հիմը չեն կազմեր անկեղծ սէրը, պարզ նկարագիրը, արդարութիւնը՝ որ ինքնին չափաւորութիւն կ՚ենթադրէ եւ չափաւորութեան խորհրդանի՛շն է, այլ բարեկամութիւնը հաստատուած է շահու եւ նկատումի վրայ, որոնք բարդութիւններ կը ստեղծեն մարդուս կեանքին եւ փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Մինչդեռ պարզութեան եւ չափաւորութեան վրայ հաստատուած բարեկամութիւններ զօրաւոր են եւ տեւակա՛ն։

Եւ դարձեալ, ինչո՞ւ «ընտանեկան կեանք»ի տխուր դէպքեր հետզհետէ կը ծաւալին տուներու մէջ։ Որովհետեւ կեանքի մէջ պարզութիւնը, չափաւորութիւնը, կեանքի դառնութիւններուն դէմ արդարակշիռ մաքառումը կը պակսին հետզհետէ։

Տուներու՝ ընտանիքներու դրախտային անուշութիւնը կը քշուի կը տարուի օտարոտի պերճանքի ըմբռնումներէ, կիրքերէ, շահերէ, չափազանցութիւններէ եւ անիմաստ ծայրայեղութիւններէ…

Եւ այսպէս, կեղծիքը կ՚եղծանէ բարքերը, որովհետեւ նիւթական շահերու կորուստը անդարմանելի կը նկատուի, եւ անոր սիրոյն կը զոհուին ամենէն նուիրական սկզբունքները…։

 

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ժամանակ»/Պոլիս