image

Երկիրը Երկիր Է. Ռաֆֆի Տուտագլեան

Երկիրը Երկիր Է. Ռաֆֆի  Տուտագլեան

Տարուան աշխատանքները ամփոփելու եւ հաշուետուութիւնները պատրաստելու նպատակով, որոշած էինք մեր գրասենեակին մէջ ժողով մը գումարել մեր գործընկերներուն հետ։ Անոնք պիտի գային Հայաստանի տարբեր մարզերէն՝ օգտագործելով հանրային փոխադրութեան միջոցներ, մասնաւորաբար՝ փոքր հանրակառքեր (պաս), որոնք համեմատաբար աւելի աժան են եւ մատչելի բոլորին։

Մեր գործընկերները պարտաճանաչ եւ ճշդապահ երիտասարդ մասնագէտներ են, որոնց հետ արդէն իսկ քանի մը տարի շարունակաբար կ՛աշխատինք համայնքային զարգացման, հաշմանդամութեան իրաւունքներուն, ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ (HIV/AIDS) կանխարգիլման եւ այլ ծրագիրներու իրագործման համար։ Այդ օրը, սակայն, ի զարմանս մեզի, բոլորն ալ ուշացումով հասան գրասենեակ։

– Ի՞նչ անենք, Երեւանում ընդդիմադիրների հանրահաւաք էր, էդ պատճառով էլ աւտոբուսները չէին աշխատում։ Թաքսիստներին էլ վախեցրել էին, դէպի մայրաքաղաք երթեւեկութիւնը էլի՛ սառեցրել էին,- բացատրեց Գիւմրիէն եկած Արմինէն, երբ հետաքրքուեցանք ուշացման պատճառներուն մասին։

Այդպէս եղած է մի՛շտ։ Ամէն անգամ, երբ ընդդիմադիրները հանրահաւաքներ կազմակերպած են Երեւանի մէջ, իշխանութիւնները ցոյցերու բազմամարդ ըլլալը կանխելու նպատակով՝ այս կամ այն ձեւով կասեցուցած են շրջաններէն Երեւան եկող հանրային փոխադրութիւնը։ Մեր ժողովի օրը, նոր Սահմանադարութեան հանրաքուէին ընդդիմացողները՝ ՈՉի կողմնակիցները, ցոյց կազմակերպած էին, իսկ տուժողը եղանք մենք ու մեր աշխատանքները, քանի որ իշխանութիւնները դարձեալ դիմած էին հակառակորդներու հանրահաւաքները ձախողեցնելու հերթական քայլին։

– Երկիրը երկիր չի է՛հ, ո՛չ ընդդիմադիրն ա մի բան, ո՛չ էլ դիմադիրը, սաղից էլ զզուել ենք արդէն,- պոռթկաց Վանաձորէն եկած Արտակը։

Եւ սկսաւ անխուսափելի վէճը՝ երկրի վիճակին եւ հին ու նոր սահմանադրութիւններուն մասին։ Բաւական երկար վիճելէ ետք, որոշեցինք երկիրը երկիր ըլլալու կամ չըլլալու հարցին քննարկումը շարունակել ճաշի ընդմիջումին, եւ կեդրոնացանք մեր աշխատանքներուն վրայ։

Ճաշի դադարին, որոշեցի մեր գործընկերները տանիլ «Լահմաճուն Կայծ» ճաշարանը, որուն տէրերը Սուրիոյ պատերազմէն փախչելով՝ Երեւանի մէջ բացած էին արագ սնունդի այս փոքր ճաշարանը, որ դարձած էր արեւելեան ճաշերու սիրահարներու նախընտրած վայրերէն մէկը։ Համայնքային զարգացման մեր ծրագիրներէն մէկը կը նպատակադրէ սփիւռքեան գաղութները կապել Հայաստանի շրջաններու համայնքներուն հետ, գիտելիքներու եւ հմտութիւններու փոխանակման առաջադրանքով։ Երիտասարդ գործընկերներս այս ճաշարանը տարի, որպէսզի անոնք տեսնեն Հայաստան եկած՝ թէկուզ եւ փախստական սփիւռքահայերը, եւ ծանօթանան անոնց ստեղծած յաջող գործերուն։ Ճաշարանէն ներս մտանք եւ առաջին բանը, զոր մեր գործընկերները նշմարեցին, պատին վրայ տեղադրուած հսկայ գրութիւնն էր՝ «ԵՐԿԻՐԸ ԵՐԿԻ՛Ր Է»…

– Արա՛, ամբողջ օրը գոռում գոռգրում էինք՝ երկիրը երկիր չի՛, հլա մի հատ նայէք էստեղ եւ տեսէք ի՞նչ են գրել,- ըսաւ Արտակ՝ զարմացած ու բացատրութիւն պահանջող հայեացք մը նետելով վրաս։

Բացատրեցի, որ ճաշարանին տէրերը սուրիահայեր են, պատերազմէն փախչելով եկած են հոս եւ իրենց ճակատագիրը անիծելու կամ Եւրոպաները ապաստան փնտռելու փոխարէն՝ փոքրիկ գործի մը սկսած են եւ տքնաջան աշխատանքով յաջողած ու դարձած Երեւանի ամէնէն աւելի փնտռուած արագ սնունդի վայրերէն մէկը։

– Լսի՛, Արտակ, հասկացա՞ր էս պատմութեան իմաստը։ Իմաստը էն ա, որ եթէ բոլորս տքնաջան աշխատենք, էս երկիրը երկի՛ր կ՛ըլնի,- ըսաւ Իջեւանէն եկած սակաւախօս Հայկօն։

Ծիծաղեցանք ու վայելեցինք «Կայծ»ին եփած ծոթրինով հացն ու համեղ մսաշոտը՝ մոռնալով դիմադիրն ու ընդդիմադիրը, ՈՉն ու ԱՅՈն։

Սուրիահայերու յաջող գործերուն կ՛անդրադառնանք յաջորդ նամակով։

 

Գրեցէ՛ք ինծի:

 rafdoud@aol.com

 

«Ասպարէզ»                                                                              Րաֆֆի Տուտագլեան