image
Հրատապ լուրեր:

Լեզուական ծուղակներ (4)

Լեզուական ծուղակներ (4)

 

            Արդի արեւմտահայուն առջեւ լարուած մնայուն ծուղակ կը հանդիսանայ  արեւելահայերէնը, մէկ կողմէ՝ նոյնինքն այս բարբառին մէջ յառաջացած լեզուական աղաւաղումներու, միւս կողմէ՝ ռուսերէնէ ներածուած ու իրենց հերթին  արտածուած  օտարաբանւթիւններու պատճառով: Այսպիսին է արդի արեւմտահայ գրողին կացութիւնը մասնաւորաբար  1900-ական թուականներէն սկսեալ, յորում կը զուգադիպին Հայաստանի անկախութիւնն ու...համացանցի  ընդհանրացումը եւ որոնք  բազմապատկեցին արեւելահայերէնի հետ մեր առօրեայ շփումի առիթները:

            Ասոնք միասնաբար պիտի կոչենք արեւելաբանութիւն:

            Առեւելահայ-արեւմտահայ շփումները միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են պատմականօրէն, սակայն անցեալին  արեւելաբանութիւնները այս յաճախականութիւնը  չեն ունեցած,  ոչ ալ  արեւմտահայ մտաւորականութիւնը   այսքան խոցելի լեզուամտածողութիւն  ունեցած է, որքան հիմա: Ուրեմն  նպաստաւոր զոյգ պայմանները առկայ են  անյագուրդ  ընդօրինակելու  նման արեւելաբանութիւնները:           

            Ստորեւ նմուշներ:

*  *  *

              ***«Հայրապետման բերման ենթարկուեցաւ արգիլուած  զէնք ու զինամթերք պահելու համար»:

            Եթէ իրապէս առողջ է մեր մէջ արեւմտահայ լեզուազգացողութիւնը, անմիջապէս  պիտի անդրադառնանք, որ անհեթեթ նախադասութիւն մըն է բերուածը, այլ խօսքով՝ բառային լղրճուկ մը: Ինչո՞ւ...

            Որովհետեւ համար  յետադրութիւնը անորոշ դերբային տրական հոլովին հետ  ցոյց կու տայ նպատակ մը. օրինակ՝

            ---Աղջիկները աղբիւր գացին՝ ջուր բերելու  համար:

            ---Մշակը պարտէզ իջաւ՝ ծառերը յօտելու համար:

            ---Փոքրիկը սենեակը մեկուսակաւ՝ դասերը սերտելու համար:

            ---Ոճրագործը դարան մտաւ՝  զոհը դարպասելու համար:

            Այս  բոլորին մէջ համար-ը փոխարինելի է նպատակով յետադրութեամբ. օրինակ՝ «Աղջիկները աղբիւր գացին՝ ջուր բերելու նպատակով»:

            Ծանօթ.– Կարելի  է նոյն միտքը արտայայտել մի՛այն տրական հոլովով. այսպէս՝ «Աղջիկները աղբիւր գացին՝ ջուր բերելու»: Ուրեմն՝ առանց  համար եւ նպատակով բառերուն:

            Արդ, այս օրինակներուն թելադրանաքով՝ մէկը  կրնա՞յ բերման ենթարկուիլ...արգիլուած «զէնք ու զինամթերք պահելու նպատակով». Ըլլալիք բա՞ն է այս.  ասոնք անյարիր, անհամատեղելի,   անհեթեթ գաղափարներ են:

            Եւ նման  կառոյցներ շատ յաճախ  բառացի կը մտնեն արեւմտահայ թերթին մէջ ու կը հրամցուին արեւմտահայ ընթերցողներուն՝ «արանց եւ կանանց, ծերոց եւ տղայոց եւ ամենայն չափու  հասակի հաւատով  եւ սրբութեամբ ի հայ լեզուս դաւանելոց»:

            Մինչդեռ տարրական տրամաբանութիւնը պիտի թելադրէր, որ ոչ մէկ իշխանութիւն քաղաքացի մը բերման կ’ենթարկէ զէնք ու զինամթերք  «պահելու նպատաակով»: Հայաստանի իշխանութիւնները...նմանապէս: Ուրե՞մն... այստեղ կայ արեւմտահայ լեզուամտածողութեան հետ անյարիր կառոյց մը, որ կը բացատրուի հետեւեալ իրողութեամբ:

            Համար + տրական հոլով անորոշ դերբայ  կառոյցը արդի արեւելահայերուն համար երկիմաստ է. ան կրնայ հաւասարապէս նշանակել՝

            ա) Հայրապետեան բերման ենթարկուեցաւ, որպէսզի   արգիլուած զէնք ու զինամթերք պահէ  (ինչ որ անհեթեթ է ու վանելի):

            բ) Հայրապետեան բերման ենթարկուեցաւ, որովհետեւ  զէնք ու զինամթերք պահած է (ինչ որ ճիշդ իմաստն է ու ցոյց  կու տայ բերման բուն պատճառը):

            Արդ, եթէ արեւմտահայ  լրագրողը  արթուն ըլլայ,– եթէ ըլլայ...,–  վերը  բերուած նախադասութիւնը պիտի  թարգմանէ ըստ բ. նշանակութեան, այսինքն՝ ...որովհետեւ զէնք ու զինամթերք պահած է:

            Շարահիւսօրէն  մենք սկզբնական  պարզ  նախադասութիւնը վերածեցինք բարդ ստորադասական նախադասութեան, որ  մտածողութեան աւելի ամբողջական ու պայծառ  արտայայտութիւն է: Այսուհանդերձ  գրողը ազատ է նաեւ  պահելու  այդ նախադասութեան պարզ կառոյցը, սակայն  վերածելով զայն արեւմտահայերէնի. որ  ահաւասիկ՝

            «Հայրապետեան բերման ենթարկուեցաւ արգիլուած զէնք ու զինամթերք պահելուն համար»:

            Մեր առաջարկածին եւ արեւելահայերէնին միջեւ ամբողջ տարբերութիւնը յօդ մըն է՝ պահելուն,   յօդ մը, որ ամբողջութեամբ կը փոխէ խօսքին իմաստը, յօդ մը, որ նպատակը պատճառի կը վերածէ, որով օժտուած է արեւմտահայերէնը եւ որմէ զրկուած է արեւելահայերէնը:

            Արեւելահայերէնը չի կրնար ըսել՝  «պահելուն համար»:

            Լեզուն կը մերժէ նման կիրարկութիւն մը:

            Կրնայ միայն ըսել՝ «պահելու համար», որ հաւասարապէս պատճառ ու նպատակ ցոյց կու տայ: Իսկ թէ միջին արեւելահայը (միայն միջի՞ն...) ինչպէ՞ս կը յաջողի ամէն անգամ ճիշդ կողմնորոշուիլ այս երկուքին միջեւ,– իսկական առեղծուած մըն է: Քանի որ խօսքին իմաստը միշտ չի  թելադրեր նման զանազանութիւն մը:

            Խնդրեմ, փորձեցէ՛ք զանազանել՝

            «Վարպետը    X  տոլար  ստացաւ  տունը նորոգելու համար»:

            Այդ գումարը ստացաւ՝

            ա) Որպէսզի  գայ ու  նորոգէ՞  տունը,

            բ) Թէ՞ որովհետեւ արդէն նորոգած  է  զայն:

            Ոչինչ կ’օգնէ ճիշդ կողմնորոշուելու:

*  *  *

            ա) Մերժելի կառոյց

            «Ան բերման ենթարկուեցաւ արգիլուած զէնք ու զինամթերք պահելու համար»:

            բ)  Ընդունելի կառոյցներ

            «Ան բերման ենթարկուեցաւ արգիլուած զէնք ու զինամթերք պահելուն համար»:

            «Ան բերման ենթարկուեցաւ արգիլուած զէնք ու զինամթերք պահելուն պատճառով»:

            «Ան բերման ենթարկուեցաւ, որովհետեւ  արգիլուած զէնք ու զինամթերք պահած է»:

                                                                                   *  *  *

            Ցաւալի է, որ այս սխալ կառոյցը արդէն բաւական ճամբայ կտրած է մեր  մէջ՝ երբեմն  շատ, երբեմն քիչ,  սակայն  ամէն տէղ է ան:

            Ահա նորագոյն նմուշ մը.

            ---Սուրիա Թուրքիան կը մեղադրէ՝ ահաբեկիչներուն  աջակցելու համար:

            Անշուշտ կը գուշակէք նախադասութեան միտք բանին, կամ թէ կը գուշակէք, որովհետեւ այլապէս ալ կամ այլ աղբիւրէ արդէն  ծանօթ էք քաղաքական տուեալ իրողութեան:

            Արդ, այս նախադասութիւնը ոչ միայն կը բովանդակէ վերը յիշուած թերութիւնը, այլ աւելի թաքուն, աւելի խոր թերութիւն մըն ալ, որ հետեւեալն է. նախադասութեան մը դիմաւոր բայը եւ դերբայը ենթադրուած են ունենանլ նո՛յն ենթական: Լեզուական այս  անզանցելի օրէնքին վրայ հիմնուելով՝ պիտի ըսենք, որ մեղադրողը եւ աջակցողը...նոյն ենթական է (պէտք է ըլլա՛յ): Ուրեմն՝ «Սուրիան կը մեղադրէ Թուրքիան, Սուրիան կ’աջակցի ահաբեկիչներուն»...ահա ա՛յս է բերուած օրինակին քերականական իմաստը եւ մեծ...անհեթեթութիւնը:

            Մինչդեռ անկիւնի մսավաճառն ալ գիտէ, որ մեղադրողը Սուրիա՛ն է, իսկ ահաբեկիչներուն աջակցողը Թուրքիա՛ն է: Կը մնայ, որ այդ մսավաճառը բարեհաճի այս տողերը շարադրող խմբագիրին...հայերէն  մտածել սորվեցնել:

 

armenag@gmail.com

Արմենակ Եղիայեան